Թուրք թատրոնի հիմնադիր Յակոբ Վարդովեանի (Կիւլլիւ Եագուպ) զաւակը Նէճիպ Աշքըն

ԼԱՐԱ ԹԱՇ

1962 Թո­­ւակա­­նի Օգոս­­տո­­­սի վեր­­ջերն է, ծա­­նօթ ջու­­թա­­­կահար Նէ­­ճիպ Աշ­­քը­­­նի երաժշտա­­կան գոր­­ծունէու­­թեան 55 ամեակին առ­­թիւ յո­­բելե­­նական մի­­ջոցա­­ռում մը կը կանզմա­­կեր­­պո­­­ւի Հար­­պիէի բա­­ցօթեան թատ­­րո­­­նին մէջ։ Յա­­կոբ Այ­­վազ մի­­ջոցառ­­ման աւար­­տին իր մտե­­րիմ բա­­րեկամ թա­­տերա­­գիր ու դե­­րասան Կա­­լիպ Ար­­ճա­­­նի ըն­­կե­­­րակ­­ցութեամբ կ՚այ­­ցե­­­լէ Նէ­­ճիպ Աշ­­քը­­­նը իր Փեն­­տի­­­քի բնա­­կարա­­նին մէջ։

Այ­­վազ Աշ­­քը­­­նի բնա­­կարա­­նը նկա­­րագ­­րած պա­­հուն կը նշէ թէ պա­­տերը զա­­նազան արո­­ւես­­տա­­­գէտ­­նե­­­րու լու­­սանկար­­նե­­­րով զար­­դա­­­րուած էր, որոնց մե­­ծագոյնն էր Յա­­կոբ Վար­­դո­­­վեանը։

Վար­­դո­­­վեան ծնած է 1840-ին Պե­­շիք­­թաշ թա­­ղը եւ աւե­­լի ծա­­նօթ է Կիւլլիւ Յա­­կոբ անու­­նով։ Ան Օս­­մա­­­նեան Թատ­­րո­­­նի հիմ­­նա­­­դիրը կը հա­­մարո­­ւի։ 1868-ին այդ ժա­­մանա­­կի կա­­րեւո­­րագոյն դե­­րասան­­ներ Սե­­րով­­բէ Պենկլիեան եւ Մար­­տի­­­րոս Մնա­­կեանի հետ հիմ­­նած է «Օս­­մա­­­նեան Թատ­­րոն» թա­­տերա­­խումբը։

Այս խումբը նա­­խահայ­­րը կը հա­­մարո­­ւի 1914-ին հիմ­­նո­­­ւած Տա­­րիւլ Պե­­տաիի, որ 1934-ին պի­­տի դառ­­նար «Իսթան­­պուլի Քա­­ղաքա­­պետա­­կան Թատ­­րոն»։

Բազ­­մա­­­թիւ հայ դե­­րասան­­նե­­­րու կող­­քին Ահ­­մետ Նէ­­ճիպ, Ահ­­մետ Ֆե­­հիմի նման մահ­­մե­­­տական դե­­րասան­­ներ ալ առա­­ջին ան­­գամ այս թա­­տերա­­խումբի բե­­մին վրայ յայտնո­­ւած անուններ եղան։ 1882-ին Օս­­մա­­­նեան Պա­­լատ ըն­­դունո­­ւող Կիւլլիւ Յա­­կոբ կրօ­­նափոխ ըլլա­­լով որ­­դեգրած էր Մեհ­­մետ Եագուպ անու­­նը։

Նէ­­ճիպ Աշ­­քըն Մեհ­­մետ Եագու­­պի եւ Այ­­շէ Հու­­րիէ հա­­նըմի որ­­դին ըլ­­լա­­­լով ծնած է 1900 թո­­ւակա­­նին։ Թէեւ հա­­զիւ 1,5 տա­­րեկան էր հայ­­րը մա­­հացաւ, բայց ան հե­­տեւե­­ցաւ հօ­­րը ճա­­նապար­­հին եւ ու­­սումը շա­­րու­­նա­­­կեց պա­­լատա­­կան երաժշտա­­նոցի մէջ։ 11 տա­­րեկան էր, երբ յա­­ջողու­­թեանմբ կա­­տարեց Մեն­­տելսո­­նի ջու­­թա­­­կի քոն­­ցերդը եւ փաս­­տեց իր երաժշտա­­կան ու­­նա­­­կու­­թիւնը։ Առա­­ջին Աշ­­խարհա­­մար­­տի տա­­րինե­­րուն հիւ­­րա­­­համերգնե­­րով հան­­դէս կու գայ Եւոր­­պա­­­յի զա­­նազան բե­­մերու վրայ, գլխա­­ւորու­­թեամբ Փա­­րիզի։ Հան­­րա­­­պետու­­թեան հռչա­­կու­­մէն ետք նախ կը հաս­­տա­­­տուի Իս­­թանպուլ եւ ապա Ան­­գա­­­րա։ Թուրքիոյ մէջ արեւմտեան դա­­սական երաժշտու­­թեան տա­­րած­­ման գոր­­ծի առու­­մով կա­­րեւոր ներդրում ու­­նե­­­ցող Նէ­­ճիպ Իս­­թանպու­­լի Ռա­­տիօկա­­յանի Սե­­նեկա­­յին նո­­ւագա­­խումբի հիմ­­նադրու­­թեան առաջ­­նորդը եղած է։

Նէ­­ճիպ Պէ­­յի եւ Կնոջ Էմի­­նէ Նե­­զահաթ հա­­նըմի որ­­դին Եու­­ճել Աշ­­քըն եւս աւար­­տե­­­լով երաժշտա­­նոցի դաշ­­նա­­­մու­­րի բա­­ժինը, աւար­­տած է նաեւ գիւ­­ղատնտե­­սու­­թեան ֆա­­կուլտե­­տը։ Եիւ­­ճել Աշ­­քըն 1999 եւ 2007 թո­­ւական­­նե­­­րու մի­­ջեւ վա­­րած է Վա­­նի Հա­­մալ­­սա­­­րանի տե­­սու­­չի պաշ­­տօ­­­նը։ Ան 27 Մա­­յիս 2007 թո­­ւակա­­նին «Ռա­­տիքալ» թեր­­թի մէջ հրա­­տարա­­կուած հար­­ցազրոյ­­ցի մը ըն­­թացքին կ՚ըսէ «Մեծ հայ­­րս իբ­­րեւ Կիւլլիւ Յա­­կոբ անու­­նով ծա­­նօթ Յա­­կոբ Վար­­դո­­­վեանն էր, որ կրօ­­նափոխ ըլ­­լա­­­լով ըն­­դունած էր Եագուպ անու­­նը։ Հպարտ եմ որ իր թոռն եմ, բայց իմ մէջ հայ­­կա­­­կան պատ­­կա­­­նելու­­թիւն մը չեմ զգար։ Վե­­րադառ­­նանք գրու­­թեան սկզբնա­­մասին եւ «Քու­­լիս»ի էջե­­րէն հե­­տեւին Յա­­կոբ Այ­­վա­­­զի գրած­­նե­­­րուն.

Մէ­­կէն կը հարցնեմ իրեն.

-Ինչպէ՞ս կ՚ըլ­­լայ որ դե­­րասա­­նի մը զա­­ւակ ըլ­­լա­­­լով եւ այդ շրջա­­նակին մէջ ալ ապ­­րե­­­լով հան­­դերձ դե­­րասա­­նու­­թեան չէք մօ­­տացած։

Թե­­թեւ ժպիտ մը կ՚ու­­րո­­­ւագ­­ծո­­­ւի դէմ­­քին վրայ ու կ՚ըսէ.

-Շատ փոքր տա­­րիքէս, երբ տա­­կաւին պա­­լատի նո­­ւագա­­խումբի ու­­սա­­­նող­­նե­­­րէն էի, երբ մե­­ծանուն դե­­րասա­­նու­­հի Էլի­­զա Պին­նէ­­­մէճեանի կող­­քին դեր մը ստանձնե­­ցի ու բեմ ելայ։ Մէ­­կու­­կէս տա­­րեկան էի երբ ող­­բա­­­ցեալ հայրս կորսնցու­­ցեր եմ։ Այնպէս որ այդ շրջա­­նակին ան­­ծա­­­նօթ մնա­­ցի եւ ար­­դէն փոքր տա­­րիքիս մեծ հա­­կում ու­­նէի դէ­­պի երաժշտու­­թիւն։

-Ձեր երեք զա­­ւակ­­նե­­­րէն մէ­­կը գո­­նէ կը հե­­տեւ՞ի երաժշտու­­թեան։

- Ես ընդդի­­մացայ միշտ իրեն այդ փա­­փաքին։ Իմ ճամ­­բէս քա­­լելը միշտ վտան­­գա­­­ւոր էր իրենց հա­­մար։ Եւ ին­­չո՞ւ, երբ օր­­ինակը իրենց աչ­­քին առ­­ջեւ է։ Նո­­ւագը ին­­ծի ի՞նչ կեան­­քի ապա­­հովու­­թիւն բե­­րաւ որ։ Գլուխս խո­­թելու բնա­­կարան մը ան­­գամ չեմ կրցած ու­­նե­­­նալ։ Ո՞վ կը հե­­տաքրքրո­­ւի մեզ­­մով։

6 տա­­րեկա­­նին զին­­քը կ՚առաջ­­նորդեն Միւ­­զի­­­քայի Հիւ­­մա­­­յուն, որ­­պէս ու­­սա­­­նող շատ փոքր տա­­րիքէն հա­­կումներ ցոյց կու տայ երաժշտա­­կան աս­­պա­­­րէզի հան­­դէպ։

Քա­­նի մը տա­­րիներ՝ բա­­ւական եղան իր ձիր­­քե­­­րը ցոյց տա­­լու հա­­մար։ Հա­­զիւ 11 տա­­րեկան կար, երբ նո­ւագեց Մեն­­տը­­­լսնի ջու­­թա­­­կի քօն­­չէրթոն։ Այս յա­­ջողու­­թիւնը նպաս­­տեց իրեն եւ մուտք գոր­­ծեց պա­­լատ։

(«Քու­լիս» թիւ 376 15 Օգոս­տոս 1962)

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ