Օրինական զանցառութիւնը սրբագրելու նոր առիթ

Անօրի­նու­­թեան եր­­կա­­­րատեւ պատ­­մութիւն մըն է Պո­­մոն­­թիի Մխի­­թարեան Վար­­ժա­­­րանի շէն­­քի սե­­փակա­­նու­­թեան նիւ­­թը։ Գնո­­ւած շէն­­քը տա­­րիներ ետք գրա­­ւուած էր պե­­տու­­թեան կող­­մէ եւ վե­­րադար­­ձո­­­ւած իր նա­­խորդ տի­­րոջ ժա­­ռան­­գորդնե­­րուն։

Սահ­­մա­­­նադ­­րա­­­կան Ատեանը դպրո­­ցի վար­­չութեան 2019 թո­­ւակիր դի­­մու­­մը վեր­­ջա­­­պէս որո­­շու­­մի մը բե­­րաւ եւ յայտնեց թէ պե­­տու­­թեան գրա­­ւու­­մով ոտ­­նա­­­կոխո­­ւած է սահ­­մա­­­նադ­­րութեան սե­­փակա­­նու­­թեան մա­­սին 35-րդ յօ­­դուա­­ծը։ Դա­­տարա­­նը իր այս որո­­շու­­մին մէկ օրի­­նակն ալ ու­­ղարկած է անօ­­րէն որո­­շու­­մի վճի­­ռը կա­­յաց­­նող 13-րդ Հիմ­­նա­­­կան Իրա­­ւական Ատեանի դա­­տավա­­րու­­թիւնը վերսկսե­­լու պա­­հան­­ջով։

Սահ­­մա­­­նադ­­րա­­­կան Ատեանը մեր­­ժած է նաեւ դի­­մող կող­­մի հա­­տուցման պա­­հան­­ջը։

Այս վեր­­ջին զար­­գա­­­ցու­­մէն ետք 16 Դեկ­­տեմբեր ուրբաթ օր, վար­­ժա­­­րանի մէջ կա­­յացաւ մամ­­լոյ ժո­­ղով մը։ Արհ. Գե­­րապայ­­ծառ Լե­­ւոն Զէ­­քիեանի ներ­­կա­­­յու­­թեամբ կա­­յացող մամ­­լոյ ժո­­ղովին բա­­ցու­­մը կա­­տարեց վար­­ժա­­­րանի տնօ­­րէն Գա­­րեգին Պար­­սա­­­մեան։ Ան գո­­հու­­նա­­­կու­­թիւն յայտնեց 14 տա­­րուայ օրի­­նական պայ­­քա­­­րին բե­­րած այս նո­­ւաճու­­մին հա­մար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ