16-ամեայ տարելիցի առթիւ վերյիշումներ ու հաստատումներ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թիւնը ոճի­րի գոր­ծո­ւած 19 Յու­նո­ւար 2007 թո­ւակա­նէն այս կողմ կը պա­հէ Թուրքիոյ քա­ղաքա­կան օրա­կար­գի վրայ իր կա­րեւոր տե­ղը։ Ոճի­րէն տա­րի մը անց մեկ­նարկող ոգե­կոչ­ման մի­ջոցա­ռումնե­րը բա­ցի հա­մավա­րակի պար­տադրած եր­կու տա­րինե­րու ար­գե­լափա­կու­մէն, մին­չեւ օրս կը շա­րու­նա­կուին բազ­մա­հազար մաս­նակցու­թիւնով։ Այս տա­րի ալ երկրի տար­բեր քա­ղաք­նե­րէն լսումներ կը հաս­նին Հրանդ Տին­քին եւ անոր պաղ­քա­րին ձօ­նուած մամ­լոյ յա­յատա­րարու­թիւննե­րու կամ դահ­լի­ճային մի­ջոցա­ռումնե­րու։

Նոյ­նիսկ կա­րելի է ըսել որ փակ սրահ­նե­րու մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւած ասու­լիսնե­րու շար­քը օրեր առա­ջուց սկսած են եւ կը շա­րու­նա­կուին 19 Յու­նո­ւարին յա­ջոր­դող օրե­րուն եւս։ Գի­տենք որ ոգե­կոչ­ման այս բնոյ­թի կազ­մա­կեր­պութիւննե­րը սահ­մա­նուած չէ Թուրքիայով եւ Մոն­րէալէն Պեր­լին, Փա­րիզէն Լոս Ան­ճէլս կամ Երե­ւան աշ­խարհի տար­բեր քա­ղաք­նե­րուն մէջ յի­շատակ­ման ծրա­գիր­ներ կ՚իրա­կանա­նան։

Ոչ առա­ջինն է, ոչ ալ վեր­ջի­նը

Հրանդ Տինք Թուրքիոյ մէջ իր գրած­նե­րուն պատ­ճա­ռաւ սպան­նո­ւած առա­ջին լրագ­րողն չէր։ Երկրի այս տե­սակի յան­ցա­գոր­ծութիւննե­րու պատ­մութիւ­նը բա­ւակա­նին հա­րուստ է։ Մա­մու­լի ուղղած այդ յար­ձա­կումնե­րու միակ են­թա­կանե­րը լրագ­րողնե­րը կամ սիւ­նա­կագիր­նե­րը չեն եղած։ Ան­ցեալին սպա­նուած են նաեւ իբ­րեւ թի­րախ ցոյց տրո­ւած թեր­թե­րու գրա­շար­նե­րը, տպա­րանի աշ­խա­տող­նե­րը, ցրո­ւիչ­նե­րը եւ նոյ­նիսկ ըն­թերցող­նե­րը։ Մեր երի­տասար­դութեան տա­րինե­րէն կը յի­շենք ցե­ղապաշտ խմբակ­նե­րու Իս­թանպու­լի Հա­մալ­սա­րանի շրջա­կայ­քը, յատ­կա­պէս ալ «Քիւլլիւք» սրճա­րանի մօ­տակայ­քը փո­ղոցէն անցնող մար­դիկ լոկ իրենց ձեռ­քին տակ պա­հած թեր­թին պատ­ճա­ռաւ խոշ­տանգե­լու երե­ւոյթնե­րը։ Այ­սօր իսկ այդ տե­սակի երե­ւոյթնե­րուն հան­դի­պիլ կա­րելի է ազ­գայնա­կան­նե­րու մե­ծամաս­նութիւն կազ­մած թա­ղերէ ներս։ Փո­խուա­ծը միայն թեր­թե­րու անուններն են։ Ան­ցեալին «Եէնի Օր­թամ», «Փո­լիթի­քա» կամ «Տե­մոք­րաթ» թեր­թե­րու փո­խարէն այ­սօր «Եէնի Եաշամ», «Էվ­րենսել» կամ «Պիր­կիւն»ի նման թեր­թե­րու ըն­թե­ցող­ներն են որ յար­ձա­կումնե­րու կ՚են­թարկո­ւին։ Յի­շենք որ ան­ցեալին, օրո­ւայ վար­չա­պետի մատ­նա­ցոյց ընե­լով հրկի­զուած էր «Էօզ­կիւր Կիւնտեմ» թեր­թի խմբագ­րութիւ­նը։

Ազ­գայնա­մոլ կամ ազ­գա­սէր

Ան­կախ մա­մու­լի ուղղո­ւած այս յար­ձա­կումնե­րու հե­ղինակ­նե­րը իրենք զի­րենք կը ներ­կա­յաց­նեն ազ­գա­սէր ըլ­լա­լով։ Աւե­լի վաղ ան­ցեալին Սե­րթէլ ամո­լին հրա­տարա­կած «Թան» թեր­թի դէմ կա­տարո­ւած յար­ձա­կու­մի հե­ղինակ­նե­րէն ոմանք տա­րիներ վերջ հա­սարա­կու­թեան կը ներ­կա­յանա­յին ձա­խակող­մեան ըլ­լա­լով։

Հան­րա­պետա­կան շրջա­նի բո­լոր ալե­կոծո­ւած հա­տուած­նե­րուն կը տես­նենք թեր­թի մը կամ հե­ռուստա­կայա­նի մը յար­ձա­կու­մի են­թարկման, թա­լան­ման եւ բռնօ­րէն առգրաւ­ման օրի­նակ­նե­րուն։ Մար­դիկ ին­չո՞ւ հա­մար այսքան փոր­ձանքա­բեր աշ­խա­տանք մը կ՚որ­դեգրեն, պա­տաս­խա­նը պարզ է, իրենց միտքն ու ձայ­նը լսե­լու դարձնե­լու հա­մար։

Ար­դա­րեւ Հրանդ Տինքն ալ թրքե­րէնով լոյս տես­նող հայ թերթ մը հրա­տարա­կելու մղո­ղը նոյն գոր­ծօնն է։ Թուրք քա­ղաքա­կան միտ­քը իր ձեռ­քին ու­նե­ցած մա­մու­լի մի­ջոցաւ անխնայ կը հա­լածէր ու կը նա­խատէր հա­յու ինքնու­թիւնը։ Հրան­դը «Ակօս»ը հրա­տարա­կելով յայ­տա­րարեց որ դաշ­տը այդքան ալ դա­տարկ չէ։ Ան­ցեալին ան հան­դի­պած ենք շատ խի­զախ դի­մադ­րութիւննե­րու։ Այս պա­հուն կը յի­շենք Զա­ւէն Պի­պէրեանի «Նոր Օր» թեր­թի սիւ­նակնե­րէն աղա­ղակող «Ալ կը բա­ւէ» խո­րագ­րեալ յօ­դուա­ծը։ Ինչ որ այդ յօ­դուա­ծի աղա­ղակը լսած էին միայն հա­յերէն ըն­թե­ցող­նե­րը եւ ոս­տի­կանու­թեան յա­տուկ ծա­ռայու­թեան գոր­ծա­կալ­նե­րը։ Հե­տեւան­քը եղած էր Պի­պէրեանի կրկին ան­գամ ձեր­բա­կալու­թիւնը եւ ապա եր­կի­րը լքե­լու հար­կադրու­թիւնը։

Թրքե­րէնով հայ թերթ

Հրանդ Տին­քի թրքե­րէնով հաղ թերթ մը հրա­տարա­կելու որո­շու­մին ետին ձայ­նը երկրի հա­սարա­կու­թեան լսե­լի դարձնե­լու մար­մա­ջը կար։ Աւան­դա­կան հա­յերէն թեր­թե­րը թէ անըն­թեռնե­լի էին երկրի լայն հա­սարա­կու­թեան հա­մար եւ թէ անոնք յետ­ցե­ղաս­պութեան հո­գեբա­նու­թեան մէջ շատ աւե­լի զուսպ ար­տա­յայ­տո­ւելու սկզբունքը իւ­րա­ցու­ցած էին։ Իրենց հա­մար շատ աւե­լի կեն­սա­կան էր Մես­րո­պատառ մա­մու­լի իր գո­յու­թիւնը պա­հելը։ անոնք քաջ գի­տէին թէ գործող կա­ռավա­րու­թեան որո­շումնե­րը քննա­դատել կը նշա­նակէ նաեւ պե­տու­թեան դէմ ճա­կատիլ։ Այս տրա­մադ­րութիւ­նով սահ­մա­նուած թեր­թե­րէն կա­րելի չէ աւե­լին ակնկա­լել։

Դի­մադ­րութեան յաղ­թա­նակը

53 տա­րուայ ապ­րումնե­րուն մէջ միշտ անար­դա­րու­թեան դէմ ձայն բարձրա­ցու­ցած Հրան­դի ըն­տա­նեկան եւ մտե­րիմ շրջա­նակի մէջ վա­յել­ցուցած էին «խենթ» ածա­կանը։ Ան չէր կրնար իր ժո­ղովուրդին հան­դէպ կա­տարո­ւած անար­գանքնե­րու դի­մաց լռու­թիւն պա­հել։ 1996-ի գար­նան «Ակօս»ի հրա­տարա­կու­թե­նէն ետք այս նոր թեր­թի ար­ծարծած նիւ­թե­րը սկսան զբա­ղեց­նել նաեւ ըն­թերցող­նե­րու լայն զան­գո­ւած ու­նե­ցող թեր­թե­րու սիւնակները։

Հրանդ իր թեր­թի սիւ­նակնե­րուն մէջ մեծ աղ­մուկ բարձրա­ցու­ցած էր Պո­մոն­թիի Մխի­թարեան Վար­ժա­րանի առգրաւ­ման դի­մաց։ Ան այս առ­թիւ օրա­կար­գի բե­րած էր նաեւ Թուզլա­յի Քամբ Ար­մէն ճամ­բա­րի պատ­մութիւ­նը եւ հա­սարա­կու­թեան ներ­կա­յացու­ցած «1936-ի յայ­տա­րարա­գիր» անու­նով ծա­նօթ խնդի­րը։

Թեր­թի այդ գրու­թիւննե­րը պատ­ճառ եղան որ վար­ժա­րանի ծնող­նե­րը եւ վար­չութիւ­նը դի­մեն ան­նա­խադէպ մի­ջոցի մը։ Անոնք խու­ժե­ցին դպրո­ցին պար­տէ­զը եւ մօտ եր­կու շա­բաթ գրաւ­ման տակ պա­հեցին ար­գելք ըլ­լա­լով շէն­քի կա­հոյ­քին դուրս բեր­ման։ Այդ օրե­րուն լրագ­րողներ եւ զա­նազան հե­ռուստա­կայան­ներ յա­ճախ այ­ցե­լեցին դպրո­ցի բա­կը եւ կա­տարո­ւած անի­րաւու­թիւնը տե­սանե­լի դար­ձուցին ամ­բողջ երկրին։ Ուսման տա­րեշրջա­նի կի­սամեայ ար­ձա­կուրդի օրե­րուն պա­տահած այս դէպ­քի գոր­ծիչնե­րը փոր­ձե­ցին բո­լոր հայ­կա­կան դպրոց­նե­րէ ներս ու­սումը խան­գա­րելու։ Ըստ ծրագ­րո­ւածի դպրոց­նե­րը ար­ձա­կուրդի աւար­տին պի­տի բա­նային իրենց դռնե­րը, ու­սուցչաց կազ­մը պատ­րաստ պի­տի ըլ­լար իր պաշ­տօ­նին վե­րեւ, բայց աշա­կեր­տութիւ­նը պի­տի մեր­ժէր դպրոց եր­թալ յայ­տա­րարե­լով թէ կը զօ­րակ­ցին Պո­մոն­թի Մխի­թարեան Վար­ժա­րանի աշա­կեր­տութեան։ Այս զար­գացման լսե­լի դառ­նա­լէն վերջ Իս­թանպու­լի կու­սա­կալու­թիւնը յայ­տա­րարեց որ Մխի­թարեան եւս պի­տի շա­րու­նա­կէ իր առա­քելու­թիւնը։ Այս լու­րը հա­սած պա­հուն Հրանդ Տինք եւս դպրո­ցի պար­տէզն էր եւ կը յի­շեմ այն մեծ ոգե­ւորու­թիւնը, որ ապ­րած էինք միաս­նա­բար։ Իս­կոյն դա­սարան­ներ փո­խադ­րո­ւեցան պար­տէզ շպրտո­ւած նստա­րան­նե­րը, գրա­տախ­տակնե­րը, գրա­սեղան­նե­րը եւ դպրո­ցը պատ­րաստ եղաւ յա­ջորդ օր աշա­կերտներ ըն­դունե­լու։

Նման դի­մադ­րութեան փորձ մըն ալ ապ­րե­ցանք Հրանդ Տին­քի մա­հէն ետք։ Այս ան­գամ ալ վե­րահա­սու եղանք թէ քան­դիչ սար­քեր սկսած են փլել Քամբ Ար­մէ­նի շէն­քե­րը։ Հրան­դի մա­հէն ետք կազ­մուած «Նոր Զար­թօնք» երի­տասար­դա­կան շար­ժումի գոր­ծիչնե­րը իս­կոյն փու­թա­ցին Թուզլա­յի ճամ­բա­րը եւ յա­ջողե­ցան կա­սեց­նել փլու­զումը։ Անոնք եւս գրա­ւեցին տա­րած­քը եւ այս անօ­րինու­թիւնը «Ակօս»ի հրա­տարա­կու­թիւննե­րով տե­սանե­լի դար­ձաւ ամ­բողջ երկրի հա­մար։ Այդ պա­հէն ետք Քամբ Ար­մէ­նի տա­րած­քը գրա­ւող երի­տասար­դութիւ­նը վա­յելե­ցին հա­մատա­րած զօ­րակ­ցութիւն մը։ Կը յի­շեմ այն խո­րիմաստ պա­հը, երբ Թուզլա­յի նա­ւաշի­նու­թեան գոր­ծա­րանի բա­նուոր­ներ աշ­խա­տան­քէ ազա­տուե­լէ ետք հա­ւաքա­բար այ­ցե­լեցին գրա­ւեալ տա­րած­քը եւ իրենց զօ­րակ­ցութիւ­նը յայտնե­լէ, բա­ցի այդ պա­հուն հա­ւաքած գու­մա­րը տրա­մադ­րե­ցին երի­տասարդնե­րուն, անհրա­ժեշտ կեն­սա­կան ծախ­սե­րու դի­մագ­րաւման հա­մար։

Ապա եր­կու ան­գամ քա­ղաքի կեդ­րո­նական հա­տուա­ծի մէջ «Նոր Զար­թօնք»ի տղա­քը կազ­մա­կեր­պե­ցին եր­թեր, որոնք վա­յելե­ցին զօ­րակ­ցողնե­րու մեծ մաս­նակցու­թիւնը։

Այս բո­լորէն ետք քա­ղաքա­կան կու­սակցու­թիւննե­րու Թուզլա­յի մաս­նա­ճիւղնե­րու միաս­նա­կան ջան­քե­րով ապա­հովո­ւեցաւ փլուզման կա­սեցու­մը։

Այս եր­կու օրի­նակ­ներն ալ ան­նա­խադէպ էին հայ իրո­ղու­թեան մէջ, որոնք կա­տարուեցան շնոր­հիւ «Ակօս»ի հրա­տարա­կու­թիւննե­րուն ար­ժա­նացած ար­ձա­գան­գին։

Վտան­գա­ւոր ան­կեղծու­թիւն

Հրանդ Տինք Թուրքիոյ պե­տական հա­մակար­գի դի­մաց լուրջ սպառ­նա­լիք մը դար­ձած էր իր ան­կեղծու­թեան շնոր­հիւ։ Ան բա­ցի «Ակօս»ի հրա­տարա­կու­թիւննե­րէ, սկսած էր յա­ճախ ներ­կա­յանալ հե­ռուստա­հաղոր­դումնե­րու ըն­թացքին։ Զա­նազան հա­ղոր­դա­վար­ներ Հրան­դը կը հրա­ւիրէին հայ­կա­կան խնդրի մա­սին վի­ճելու պե­տու­թեան պաշ­տօ­նական պատ­մութիւ­նը իւ­րա­ցու­ցած ակա­դեմա­կան­նե­րու հետ։

Հրանդ իր խօս­քով կը տպա­ւորէր ոչ միայն իր զրու­ցա­կիցը, այլ բազ­մա­միլիոն հե­ռուստա­դիտող­նե­րը։ Զգու­շօ­րէն կ՚ընտրէր բա­ռերը եւ կը խու­սա­փէր զրու­ցա­կիցը խրտչեց­նե­լէ։ Կը պատ­մէր իր ժո­ղովուրդի Գող­գո­թան, օրի­նակ բե­րելով սե­փական ըն­տա­նիքի պատ­մութիւ­նը։ Հե­ռուստա­դիտո­ղը Հրան­դի ան­ձին մէջ կը տես­նէր իս­կա­կան մար­դը իր բո­լոր զգա­ցակա­նու­թեամբ։ Հա­մոզիչ էր Հրան­դը եւ այս ալ անոր կը շնոր­հէր զան­գո­ւածա­յին հա­մակ­րանք։

Դա­ւադ­րութեան դէմ խօս­քին ու­ժը

Երբ հրա­ւէր ստա­ցած էր Գա­րատե­նիզ Թեք­նինք հա­մալ­սա­րանի ու­սա­նող­նե­րէն Տրա­պիզո­նի մէջ ելոյթ ու­նե­նալու հա­մար, բա­րեկամ­ներ զգու­շա­ցու­ցած էին զինք։ Դա­ւադ­րութիւն մը կրնար պա­տահել։ «Եթէ հրա­ւիրած են պէտք է եր­թամ» ըսած էր Հրանդ ու վեր­ջա­կէտ դրած իրեն ուղղո­ւած զգու­շա­ցումնե­րուն։ Վե­րադար­ձին իր­մէ լսած եմ թէ հա­մալ­սա­րան մտնե­լէ ան­մի­ջապէս ետք նկա­տած է կարգ մը խմբակ­նե­րու իրեն դէմ բո­ղոքի մի­ջավայր մը պատ­րաստե­լու ծրա­գիրը։

«Ես սո­վորա­կան կեր­պով սկսայ պար­զել իմ միտ­քե­րը, ինչպէս կ՚ընեմ այս տե­սակի բո­լոր հան­դի­պումնե­րուն։ Աւար­տին պատ­մե­ցի հայ­րե­նի երկրի կա­րօտով Սե­բաս­տիա, իր ծննդա­վայ­րը այ­ցե­լած ու ապա հոն մա­հացած կնոջ պատ­մութիւ­նը։ Խօսքս աւար­տե­ցի –Այո, մենք հա­յերս աչք ու­նինք այս հո­ղերու վրայ։ Աչք ու­նինք որով­հե­տեւ մեր ար­մատնե­րը հոս են։ Աչք ու­նինք, բայց մի վախ­նակ ոչ թէ շալ­կել տա­նելու հա­մար, այլ գալ ու այս հո­ղերուն տակ թա­ղուե­լու հա­մար-։ Այս խօս­քե­րէն վերջ դահ­լի­ճը այնպէս որո­տըն­թոց ծա­փահա­րու­թիւնով մը ցնցո­ւեցաւ որ ոչ ոք պի­տի հա­մար­ձա­կէր դա­ւադ­րա­կան բնոյ­թի խօսք մը ար­տա­սանե­լու»։

Հրան­դի այդ ելոյ­թը աւե­լի վերջ «Ջու­րը գտաւ իր հու­նը» խո­րագի­րով ծա­նօթ դար­ձաւ շա­տերուն հա­մար։

Հրան­դի հա­մոզե­լու կա­րողու­թեան ակ­նարկող շա­տեր ոճի­րէն ետք կը պնդէին թէ եթէ ոճ­րա­գոր­ծը նա­խապէս քա­նի մը նա­խադա­սու­թիւն փո­խան­ցած ըլ­լար իր զո­հին հետ, չէր կրնար այդ չար արար­քը գոր­ծել։

Ան­ցեալէն դէ­պի այ­սօր

Հրան­դի սպա­նու­թե­նէն 16 տա­րի անց, երբ յե­տադարձ ակ­նարկ մը սե­ւեռենք, պի­տի տես­նենք թէ մտա­ւորա­կանու­թեան ուղղո­ւած կո­տորա­ծը նոյն թա­փով կը շա­րու­նա­կուի։ Թուրք Բժիշկնե­րու Կա­ճառի նա­խագահ Շեպ­նեմ Քո­րուր Ֆին­ճանճը եր­կո­ւու­կէս տա­րի բան­տարկու­թեան դա­տապար­տուեցաւ իր մաս­նա­գիտու­թեան շրջա­նակ­նե­րէ ներս կար­ծիք յայտնե­լուն պատ­ճա­ռաւ։ Ըն­կե­րաբան Փնար Սե­լեք երեք ան­գամ ան­պարտ հռչա­կուե­լէ ետք կրկին ան­գամ ձեր­բա­կալ­ման պա­հան­ջի հետ դէմ­յանդի­ման կը գտնո­ւի։ Սե­լահատ­տին Տե­միր­թաշ եւ Օս­ման Քա­ւալա ի դէմ ԵՄԻԱ-ի վճիռ­նե­րուն կը շա­րու­նա­կեն ճա­ղերու ետին ազա­տազրկո­ւած մնալ։ Հրան­դէն ետք սպան­նո­ւեցաւ Տի­յար­պե­քիրի Փաս­տա­բան­նե­րու կա­ճառի նա­խագահ, մար­դու իրա­ւունքնե­րու պաշտպան Թա­հիր Էլ­չի։ Այդ ոճիրն ալ ար­խիւնե­րու թղթա­պանակ­նե­րուն մէջ տե­ղադ­րո­ւեցաւ իբ­րեւ հե­ղինա­կը ան­յայտ սպա­նու­թիւն։

Պե­տու­թեան խո­րունկ
պատ­մութիւ­նը

Հրանդ Տին­քի սպան­նութեան կա­րեւո­րագոյն անդրա­դարձնե­րէն մէկն ալ տե­ղի ու­նե­ցաւ մահ­մե­տակա­նացո­ւած հա­յերու մօտ։ Հա­մարեա 100 տա­րուայ ու­րա­ցու­մէ մը ետք նախ­նի­ներուն հայ ինքնու­թեան գի­տակ­ցող բազ­մա­թիւ ան­ձեր սկսան վե­րադառ­նալ դէ­պի իրենց նախ­նեաց ինքնու­թեան։ Այս առու­մով բազ­մա­թիւ դի­մումներ կա­տարո­ւեցան Թուրքիոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րան, հայ առա­քելա­կան եկե­ղեց­ւոյ կա­մար­նե­րուն ներ­քեւ մկրտո­ւելու պա­հան­ջով։ Ցա­ւօք նշենք թէ Պատ­րիար­քա­րանը անոնց մե­ծամաս­նութիւ­նը մեր­ժեց խու­սա­փելու հա­մար պե­տական շան­թա­հարու­մէ։ Այդ իմաս­տով կա­տարո­ւած իւ­րա­քան­չիւր դի­մում սար­սափ կը պատ­ճա­ռէր հո­գաւո­րակա­նաց դա­սուն, չըլ­լայ որ իրենց ուղղուի «մի­սեոնա­րու­թեան» մե­ղադ­րանք։

Այդպէս ըլ­լա­լով հան­դերձ Հրան­դի մա­հէն ետք կեան­քի կո­չուած հա­յրենակ­ցա­կան միու­թիւննե­րը կը փոր­ձեն գո­հաց­նել իրենց հա­մաքա­ղաքա­ցինե­րու այս տե­սակի պա­հանջնե­րը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ