Երկրաշարժի աղէտեալներու զօրակցութեան ժողով, աղօթք եւ աղէտեալներու հետ հանդիպում

Քահ­րա­ման­­մա­­­րաշի Փա­­զար­­ճըք գա­­ւառա­­կի կեդ­­րո­­­նով պա­­տահած ահա­­ւոր երկրա­­շար­­ժի աղէ­­­տեալ­­­նե­­­­­­­րու հա­­­մար աշ­­­խա­­­­­­­տանքնե­­­րը մեծ թա­­­փով կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուին։

Ն.Ա.Տ. Սա­­­հակ Բ. Սրբա­­­զան Պատ­­­րիարք Հօր հրա­­­ւէրով 14 Փետ­­­րո­­­­­­­ւար 2023, Երեք­­­շաբթի, ժա­­­մը 16.00-ին Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­րանի դահ­­­լի­­­­­­­ճին մէջ աղէ­­­տի օժան­­­դա­­­­­­­կու­­­թեան յանձնա­­­խումբը ժո­­­ղով գու­­­մա­­­­­­­րեց։ Նո­­­րին Ամե­­­նապա­­­տուու­­­թեան կող­­­քին ներ­­­կայ էին Հոգշ. Տ. Յո­­­վակիմ Աբղյ. Սե­­­րով­­­բեան, Արժ. Տ. Գրի­­­գոր Աւ. Քհնյ. Տա­­­մատեան, Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ու­­­զունեան եւ Արժ. Տ. Շիր­­­վան Քհնյ. Միւրզեան, ինչպէս նաեւ Գա­­­ւառի Տե­­­սուչ՝ Արժ. Տ. Աւե­­­տիս Քհնյ. Թա­­­պաշեան եւ Յոյն Ուղղա­­­փառ Եկե­­­ղեցիէն Արժ. Տ. Տի­­­միթ­­­րի Քհնյ. Մա­­­յօղ­­­լու։

Ժո­­­ղովը բա­­­ցուե­­­ցաւ մեր Հո­­­գեւոր Պե­­­տին աղօթ­­­քով։ Ապա Պատ­­­րիարք Հայ­­­րը բա­­­ցատ­­­րեց ժո­­­ղովի նպա­­­տակը։ Ինչպէս ծա­­­նօթ է, ահա­­­ւոր երկրա­­­շար­­­ժի պա­­­տահած օրն իսկ սկսած էին աղէ­­­տի գօ­­­տիի ժո­­­ղովուրդին զօ­­­րակ­­­ցութեան եւ օժան­­­դա­­­­­­­կու­­­թեան աշ­­­խա­­­­­­­տանքնե­­­րը եւ մեծ թա­­­փով կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուէին։ Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­կան Աթո­­­ռոյ Ըն­­­կե­­­­­­­րային Օժան­­­դա­­­­­­­կու­­­թեան Յանձնա­­­խումբի հո­­­վանիին ներ­­­քեւ կազ­­­մո­­­­­­­ւած Օժան­­­դա­­­­­­­կու­­­թեան Յանձնա­­­խումբը ար­­­դէն կա­­­րելին կ’ընէր։ Այս առու­­­մով, կա­­­տարո­­­ւած ու ծրագ­­­րո­­­­­­­ւած աշ­­­խա­­­­­­­տանքնե­­­րու մա­­­սին տե­­­ղեկու­­­թիւն տա­­­լու հրա­­­ւիրո­­­ւեցաւ Խա­­­չիկ Ճա­­­նէլ, որ ման­­­րա­­­­­­­մասն բա­­­ցատ­­­րեց թէ ինչպի­­­սի աշ­­­խա­­­­­­­տանք տա­­­րած են մին­­­չեւ այ­­­սօր։ Անոնք, նկա­­­տի առ­­­նե­­­­­­­լով գա­­­ւառ­­­նե­­­­­­­րէն եկած խնդրանքնե­­­րը, կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պած եւ օժան­­­դա­­­­­­­կու­­­թիւն ղրկած էին Մա­­­լաթիա, Հա­­­թայի զա­­­նազան կող­­­մե­­­­­­­րը՝ Վա­­­քըֆ­­­գիւղ, Իս­­­կենտէ­­­րուն, Ան­­­թա­­­­­­­քիա, Սա­­­ման­­­տաղ եւ Ալ­­­թը­­­­­­­նէօզիւ։ Ըստ տրո­­­ւած տե­­­ղեկու­­­թեան, այ­­­սօր ճամ­­­բայ պի­­­տի ել­­­լէր Ատըեամա­­­նի օգ­­­նութիւ­­­նը։ Եւ մեր եկե­­­ղեցի­­­ներու աղ­­­քա­­­­­­­տախ­­­նամնե­­­րու հա­­­մագոր­­­ծակցու­­­թեամբ օժան­­­դա­­­­­­­կու­­­թեան ար­­­շա­­­­­­­ւը կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուի անհրա­­­ժեշտ հա­­­գուստե­­­ղէնի, ու­­­տեստե­­­ղէնի եւ զա­­­նազան գոյ­­­քե­­­­­­­րու հա­­­ւաքով։ Կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուի նաեւ Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­րանի հո­­­վանիին ներ­­­քեւ սկսած նիւ­­­թա­­­­­­­կան օժան­­­դա­­­­­­­կու­­­թեան հա­­­ւաքը։

Յայտնո­­­ւեցաւ նաեւ, որ աղէ­­­տեալ­­­ներ, որոնք փա­­­փաքե­­­ցան մի­­­ջոց մը հե­­­ռանալ իրենց ծննդա­­­վայ­­­րէն Օժան­­­դա­­­­­­­կու­­­թեան Յանձնա­­­խումբի նա­­­խաձեռ­­­նութեամբ փո­­­խադ­­­րո­­­­­­­ւեցան քա­­­ղաքս եւ ար­­­դէն հա­­­մայնքի 86 երկսեռ ան­­­դամնե­­­րը հա­­­սած են Ստան­­­պուլ։

Սրտի խօս­­­քով հան­­­դէս եկաւ Հա­­­թայի եկե­­­ղեցի­­­ներու հո­­­վիւ եւ գա­­­ւառի տե­­­սուչ Արժ. Տ. Աւե­­տիս Քհնյ. Թա­­պաշեան, որ խոր յու­­զումով իր ու իրեն վստա­­հուած հա­­մայնքնե­­րու շնոր­­հա­­­կալու­­թիւնը բե­­րաւ։ Տէր Հայ­­րը, որ­­պէս կեն­­դա­­­նի վկայ, ներ­­կա­­­յացուց աղէ­­տի գօ­­տիի մեր ժո­­ղովուրդի վի­­ճակը։ Ան, երկրա­­շար­­ժի սար­­սա­­­փելի ժա­­մերէն ետք ապ­­րո­­­ւած­­նե­­­րը եւ այժմու վի­­ճակը եւս պատ­­մեց։ Տէր Հայ­­րը փառք տո­­ւաւ, որ այ­­սօր դեռ կ’ապ­­րին, քա­­նի երկրա­­շար­­ժի գօ­­տիին վրայ զգա­­ցած էին մա­­հուան շունչը։

Սրտի խօս­­քով հան­­դէս եկաւ նաեւ Յոյն Ուղղա­­փառ Եկե­­ղեցիէն Արժ. Տ. Տի­­միթ­­րի Քհնյ. Մա­­յօղ­­լու, որ երեք օր աղէ­­տի գօ­­տիին մէջ էր եւ այնտե­­ղի տպա­­ւորու­­թիւննե­­րը պատ­­մեց ներ­­կա­­­ներուն։ Ան, իր ու իր հա­­մայնքին ան­­խառն շնոր­­հա­­­կալու­­թիւնը եւ երախ­­տա­­­գիտու­­թիւնը յայտնեց, քա­­նի Հա­­յոց Պատ­­րիար­­քութեան օժան­­դա­­­կու­­թիւնը կը հաս­­նէր նաեւ տեղ­­ւոյն Յոյն ուղղա­­փառ հա­­մայնքին։

Հար­­ցումնե­­րէ եւ առա­­ջարկնե­­րէ ետք, Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնն ու ներ­­կա­­­ներ շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն յայտնե­­ցին կա­­տարո­­ւած աշ­­խա­­­տանքնե­­րուն հա­­մար։ Մեր Հո­­գեւոր Պե­­տը ըսաւ թէ պա­­հը հա­­մագոր­­ծակցու­­թեան, զօ­­րակ­­ցութեան ու օժան­­դա­­­կու­­թեան պահն է եւ հա­­մայնքի իւ­­րա­­­քան­­չիւր ան­­դամ պար­­տի մաս կազ­­մել տա­­րուած աշ­­խա­­­տանքնե­­րուն իր ոյ­­ժե­­­րուն նե­­րած չա­­փով, իր կա­­րողու­­թեան հա­­մաձայն։

Ժո­­ղովը աւար­­տին հա­­սաւ աղօթ­­քով։

Ժո­­ղովէն ան­­մի­­­ջապէս ետք, հո­­գեւոր հայ­­րեր Ս. Աս­­տո­­­ւածա­­ծին Աթո­­ռանիստ Մայր Տա­­ճար առաջ­­նորդե­­ցին մեր Հո­­գեւոր Պե­­տը, ուր հա­­ւաքո­­ւած էին զա­­նազան շրջան­­նե­­­րէ քա­­ղաքս հա­­սած աղէ­­տեալ­­ներ։

Այստեղ նախ ճա­­շու ժամ, ապա երկրա­­շար­­ժի ըն­­թացքին իրենց կեան­­քե­­­րը կորսնցու­­ցած մեր հա­­մայնքի ան­­դամնե­­րուն հա­­մար հո­­գեհանգստեան կարգ կա­­տարո­­ւեցաւ։

Աղօ­­թասա­­ցու­­թեան աւար­­տին իր հայ­­րա­­­կան խօս­­քով հան­­դէս եկաւ Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը, որ ցաւ յայտնեց երկրա­­շարժ կո­­չուած մեծ աղէ­­տին գոր­­ծած աւե­­րին ու մեր ժո­­ղովուրդին կրած մեծ ցա­­ւին հա­­մար։ Նաեւ վշտակ­­ցութիւն յայտնեց պա­­տահած մա­­հերուն հա­­մար։ Մեր Հո­­գեւոր Պե­­տը յի­­շեցուց աս­­տո­­­ւածա­­շունչի այն խօս­­քը, որ կ’ըսէ. «Արե­­ւու լոյ­­սին տակ ամէն ինչ իր ժա­­մանա­­կը ու­­նի. ծնե­­լու ժա­­մանակ եւ մեռ­­նե­­­լու ժա­­մանակ…»։ Հի­­մա ապ­­րե­­­լու, վե­­րապ­­րե­­­լու ժա­­մանակն է։ Պատ­­րիարք Հայ­­րը ըսաւ թէ մարդ շատ բան կրնայ կորսնցնել, սա­­կայն եր­­բեք պէտք չէ կորսնցնէ իր հա­­ւատ­­քը, յոյ­­սը եւ սէ­­րը։ Հի­­մա յոյ­­սով ապ­­րե­­­լու, վե­­րապ­­րե­­­լու ժա­­մանակն է։

Ապա Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը աղէ­­տեալ­­նե­­­րը հրա­­ւիրեց Պատ­­րիար­­քա­­­րան՝ զրու­­ցե­­­լու հա­­մար։

Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը Պատ­­րիար­­քա­­­րանի դահ­­լի­­­ճին մէջ ըն­­դունեց աղէ­­տեալ­­նե­­­րը։ Մեր Հո­­գեւոր Պե­­տը նախ շեշ­­տեց, որ կը գտնո­­ւին բո­­լորիս տան՝ պատ­­րիար­­քա­­­րանի եր­­դի­­­քին տակ եւ հոգ չէ թէ աղէ­­տի պատ­­ճա­­­ռաւ, սա­­կայն բա­­րով եկած են։ Հա­­մայնքի եւ Պատ­­րիար­­քա­­­կան Աթո­­ռոյ հա­­կիրճ պատ­­մութիւ­­նը տա­­լէ ետք, Պատ­­րիարք Հայ­­րը իր սի­­րոյ ու հայ­­րա­­­կան խօս­­քը ուղղեց ներ­­կա­­­ներուն եւ ըսաւ թէ Պատ­­րիար­­քը, Պատ­­րիար­­քա­­­կան Աթո­­ռը եւ հա­­մայնքը միշտ իրենց հետ է։ Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը ըսաւ որ աղօ­­թող է բո­­լորին հա­­մար եւ ամէն մարդ կը ջա­­նայ բա­­ներ մը ընել, որ­­պէսզի բու­­ժեն աղէ­­տեալ­­նե­­­րու վէր­­քե­­­րը եւ դար­­մա­­­նեն իրենց հո­­գեկան ցնցումնե­րը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ