Կարօ Փայլան հաշիւ կը պահանջէ

Քանի կը մօ­տենայ ընտրու­թեան թո­ւակա­նը, հա­մեմա­տաբար կ՚աւել­նայ դա­ւադ­րութիւննե­րու հա­ւանա­կանու­թեան մա­սին մտա­հոգու­թիւննե­րը։ Նա­խըն­թաց շա­բաթ Ֆե­ներ­պահչէ եւ Պե­շիք­թաշ մար­զա­կումբնե­րու մրցումնե­րու ըն­թացքին երկրպա­գու­ներ վան­կարկե­ցին կա­ռավա­րու­թեան հրա­ժարու­մը պա­հան­ջե­լով։ Բո­ղոքի այս ցոյ­ցի իբր պա­տաս­խան այս խումբե­րը հար­կադրուեցան հիւ­րա­խաղե­րու ըն­թացքին իրենց երկրպա­գու­նե­րու մար­զա­դաշտ մտնե­լու ար­գելքին։

Իսկ այս շա­բաթա­վեր­ջին Ամի­տայի խումբը հիւ­րա­խաղի մաս­նակցե­լու հա­մար ժա­մանած էր Պուրսա։ Այստեղ Պուրսա­յի թի­մի երկրպա­գու­նե­րը հիւր խումբի իջե­ւանած հիւ­րա­նոցի մուտքէն սկսե­լով մին­չեւ մար­զա­դաշտ շատ ծանր հա­լածանքներ տե­ղացու­ցին Ամետսփո­րի ֆուտպո­լիստնե­րուն եւ վար­չա­յին­նե­րու հաս­ցէին։ Բռնու­թիւնը շա­րու­նա­կուե­ցաւ նաեւ մար­զա­դաշ­տէ ներս, երբ խա­ղի ըն­թացքին հա­զարա­ւոր իրեր կը շպրտէին խա­ղացող­նե­րու վրայ։ Մրցման աւար­տին յար­ձա­կումնե­րը շա­րու­նա­կուե­ցան նաեւ հիւր խումբին տրա­մադ­րո­ւած սե­նեակէն ներս։

Այս բո­լորի մա­սին երես­փո­խան Կա­րօ Փայ­լան հարցմնա­գիր մը ուղղեց նա­խագա­հի բան­բեր Ֆո­ւաթ Օք­թա­յին, հարց տա­լով թէ ի՞նչ կը կան­խա­տեսեն այս պա­տահար­նե­րու դէմ կան­խա­միջոց­նե­րու չձեռ­նարկող կու­սա­կալի եւ ապա­հովու­թեան ու­ժե­րու հան­դէպ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ