ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Որբը երբ է խնդացեր

Ազգայ­նա­կանը հի­ւանդ է, ազ­գայնա­կանու­թիւնը հի­ւան­դութիւն

Սուտ է, եւ մեծ սուտ է այդ հի­ւան­դութիւ­նը իր ազ­գը սի­րելով նկա­րագ­րել։ Ազ­գայնա­կանու­թեան մէջ սէր չկայ, այլ կայ ատե­լու­թիւն ու­րի­շի հան­դէպ։

Այս ընդհան­րացման լոյ­սին տակ կա­րելի է հաս­տա­տել թէ թուրք ազ­գայնա­կանու­թիւնը հիմ­նո­ւած է ու­րիշնե­րու հան­դէպ ատե­լու­թեան վրայ։

Վեր­ջին 150 տա­րուայ պատ­մութեան մէջ այդ ատե­լու­թե­նէն մե­ծագոյն բա­ժինը ստա­ցած են արաբ­նե­րը։ Թուրքե­րը որ­քան ատեն որ հիացու­մով ձգտե­ցան արեւմտեան քա­ղաքակրթու­թեան, այդքան խզե­ցին իրենց կապը արաբ աշ­խարհի հետ։ Ար­հա­մարե­ցին հսկայ մշա­կոյթ մը եւ ան­տե­սեցին անոր պատ­մա­կան նշա­նակու­թիւնը։

Եթէ ոչ հա­սարակ ժո­ղովուրդի առու­մով, վեր­նա­խաւը գե­րադա­սեց ինքզինք միշտ նո­ւազեց­նե­լով իր կրօ­նակի­ցը։ Սկսե­լով Առա­ջին Աշ­խարհա­մար­տէն, արաբ­նե­րու Օս­մա­նեան պե­տու­թեան դէմ տա­րած ազա­տատենչ պայ­քա­րը ըն­կա­լեց իբ­րեւ դա­ւաճա­նու­թիւն։ Այս մեր­ձե­ցու­մը մին­չեւ օրս վառ կը մնայ թուրք ազ­գա­յանա­կանի են­թա­գիտակ­ցութեան մէջ։ Այս ընդհա­նուր պատ­կե­րը որոշ չա­փով փո­խուե­ցաւ վեր­ջին 20 տա­րինե­րուն, երբ երկրի ղե­կավա­րու­մը ստանձնեց նա­խագահ Էր­տո­ղանի գլխա­ւորած քա­ղաքա­կան ու­ժը։

Այստեղ կա­րեւոր դե­րակա­տար դար­ձաւ կրօ­նի գոր­ծօ­նը։ Ար­դա­րու­թիւն եւ Զար­գա­ցում կու­սակցու­թեան իշ­խա­նու­թեան տա­րինե­րուն ուսման հա­մակար­գէ ներս կա­րեւոր փո­փոխու­թիւններ կա­տարո­ւեցան ի նպաստ արա­բերէն լե­զուի զար­գացման։ Սա­կայն այս մեր­ձե­ցու­մը սահ­մա­նուած մնաց միայն կրնա­կան ըն­կա­լումնե­րով։ Մշա­կու­թա­յին գետ­նի վրայ նոյն թա­փով շա­րու­նա­կեց արաբ ցե­ղի դէմ ատե­լու­թիւնը։

Այ­սօր երբ եր­կի­րը կը տա­ռապի տնտե­սական ճգնա­ժամով, նա­խագահ Էր­տո­ղան բազ­մանդամ պա­տուի­րակու­թիւնով մը յայտնո­ւած է ծո­ցի եր­կիրնե­րու շե­մին։ Ան յոյս ու­նի թէ քա­նի մը մի­լիար տո­լար ապա­հովե­լով պի­տի կա­րենայ շրջա­նային վար­չութիւննե­րու ընտրու­թեան ըն­դա­ռաջ կրկին ան­գամ ամ­րացնել իր աթո­ռը։ Որոշ յատ­կութիւններ կը պա­հան­ջէ քա­ղաքա­կան գոր­ծիչ կո­չու­մը։ Օրի­նակի հա­մար ձեր­բա­զատո­ւած պի­տի ըլ­լաս ամօ­թի զգա­ցու­մէն։ Դիւ­րաւ պի­տի հեր­քես, այն ինչ որ տա­կաւին եր­կու օր առաջ բարձրա­ձայ­նած էիր ամ­բո­խի դի­մաց։ Այս բո­լորը ընե­լու պա­հուն վա­րանու­մի ոչ մէկ նշոյլ պի­տի յայտնո­ւի դէմ­քիդ վրայ։ Բա­րեբախ­տա­բար Թուրքիոյ քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րը օժ­տո­ւած են այս յատ­կութիւննե­րով ո՛չ միայն այ­սօր, այլ պատ­մութեան բո­լոր ժա­մանակ­նե­րուն։

Իսկ մի­թէ միայն Թուրքիո՞յ քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րը։ Ան­շուշտ որ ոչ։ Թուրքիոյ քա­ղաքա­կան միտ­քի ետին կայ օս­մա­նեան դի­ւանա­գիտու­թիւնը։ Իսկ անոր ետին Բիւ­զանդիոնի եւ եթէ շա­րու­նա­կենք յե­տադարձ ակ­նարկը դի­րաւ պի­տի հաս­նինք մին­չեւ Հռո­մի կայսրու­թիւն։

Երա­նի թէ հա­սարա­կական դաս­տիարա­կու­թիւնը սահ­մա­նուած մնար ըն­տա­նեկան կրթու­թեամբ։ Մայ­րա­կան խրա­տը չա­րիք չի ցան­կար։ Ի զուր չէ թէ բա­նաս­տեղծ Մեհ­մետ Աքիֆ քա­ղաքակրթու­թիւնը կը բնու­թագրէր միայն մէկ ատա­մը մնա­ցած գա­զանի կեր­պա­րով։ Գա­զանի այդ միակ ակ­ռան բա­ւարար է հա­մաշ­խարհա­յին բա­րիքը յօ­շոտե­լու հա­մար։

Այս բո­լորը կը մտա­բերենք Ար­ցա­խի հան­րա­պետու­թեան նա­խագահ Արա­յիկ Յա­րու­թիւնեանի իբ­րեւ պայ­քա­րի ծայ­րա­յեղ մի­ջոց իր երկրի մայ­րա­քաղաք Ստե­փանա­կեր­տի՝ Վե­րած­նունդ հրա­պարա­կի վրայ նստա­ցոյ­ցի դի­մելու լու­րե­րը լսե­լով։

Այ քեզ ՄԱԿ, այ քեզ Եւ­րո­միու­թեան Մար­դու Իրա­ւունքնե­րու Դա­տարան, Այ քեզ հա­մաշ­խարհա­յին մարդկու­թիւն։ Եթէ մայրս ողջ մնար եւ կար­դար այս տո­ղերը, վրայ պի­տի բե­րէր «Որ­բը երբ է խնդա­ցեր» ըսելով։