Զարմանազան «Բարե՛ւ։»ով կը սկսի։

ՆԱՐՕՏ ՏԱՊԱՆԵԱՆ

Երբ որ մէ­կու մը ծա­նօթա­նանք, իրա­րու հետ ծա­նօթա­ցած լե­զուն յա­ճախ կը մնայ մեր ընդհա­նուր հա­ղոր­դակցման լե­զուն։ Զար­մա­նազա­նի առա­ջին տա­րիս Լի­բանա­նէն, Յու­նաստա­նէն, Ֆրան­սա­յէն ու նոյ­նիսկ Պո­լիսէն եկող ըն­կերնե­րուս հետ ծա­նօթա­ցած ատեն այսպէս եղաւ։ Այ­լեւս լա­ւագոյն ըն­կերներս դար­ձող այս մարդկանց հետ դեր հա­յերէն կը հա­ղոր­դակցիմ։ Միակ ընդհա­նուր լե­զուն արեւմտա­հայե­րէն եղող Զար­մա­նազան ամառ­նա­յին լե­զուա­կան ճամ­բա­րը մաս­նա­կից­նե­րուն եւ իրենց ջեր­մօ­րէն «Բա­րե՛ւ։» ըսե­լով դի­մաւո­րող ու­ղե­կից­նե­րուն հան­դիպմամբ կը սկսի։ Աշ­խարհին չորս կող­մէն եկող ու­ղե­կից­ներ եւ մաս­նա­կից­ներ ամէն տա­րի La Chapelle-d’Abondance կը հան­դի­պին ու Զար­մա­նազա­նը միաս­նա­բար կրկին կը կա­ռու­ցեն։

Զար­մա­նազան մաս կազ­մե­լէս սկսեալ տե­սայ որ Զար­մա­նազա­նեան աշ­խարհէն ներս, հա­յերէ­նը հա­ղոր­դակցու­թեան եւ ար­տա­յայ­տո­ւելու գոր­ծիք մըն է ու ոչ անոր տի­րապե­տելու մա­կար­դա­կէ կա­խեալ ըլ­լա­լով գնա­հատե­լիք հմտու­թիւն մը։ Ու­ղե­կից­նե­րը, մաս­նա­կից­նե­րուն լե­զուի տի­րապե­տելու մա­կար­դա­կին չնա­յած, զի­րենք կը քա­ջալե­րեն իրենց զգա­ցումնե­րը եւ մտա­ծումնե­րը արեւմտա­հայե­րէն ար­տա­յայ­տե­լու եւ ասի­կա ընե­լու առանց անձկու­թեամբ սխալ մը ընե­լու եւ կամ քննա­դատուելու։ Նաեւ լե­զուի մի­ջոցաւ փո­խան­ցո­ւող իմաս­տը ամ­բողջ մաս­նա­կից­նե­րու հա­մար աւե­լի հա­սանե­լի դարձնե­լու նպա­տակով ամէն տե­սակ լաս­տակ (scaffolding) ար­դէն իսկ մե­զի հա­մար պատ­րաստո­ւած էր։ Թարգմա­նու­թեան եւ կամ լե­զուն պար­զեցնե­լու դի­մելու տեղ, մեր կար­ծի­քը ար­տա­յայ­տե­լու, հար­ցում հարցնե­լու, բա­ցատ­րութիւն մը տա­լու, պա­րելով, եր­գե­լով, գծե­լով, գրե­լով եւ կամ դե­րասա­նութեամբ ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու ատեն այս լաս­տակնե­րէն կրնա­յինք օգ­տո­ւիլ որ­քան որ պէտք ու­նէինք։ Հե­տեւա­բար իբր մաս­նա­կից շատ աւե­լի ըն­դունո­ւած կը զգա­յի։ Ինչպէս որ կը կար­դա­յի, կը գրէի, կ՚ար­տա­յայ­տո­ւէի, այնպէս մաս կը կազ­մէի։ Ու միեւ­նոյն ժա­մանակ բնա­պահ­պանման, քա­ղաքա­կանու­թեան եւ կամ գե­ղարո­ւես­տի պատ­մութեան պէս զա­նազան նիւ­թե­րու մէջ առա­ջին ան­գամ հա­յերէն լե­զուով խո­րանա­լէ մեծ հա­ճոյք կը ստա­նայի։

Գրե­թէ բո­լորս ար­դիական աշ­խարհի մա­սին յա­ճախ մեր ապ­րած երկրի ինքնիշ­խան լե­զուով կը կար­դանք, այդ լե­զուով կը գրենք, ատոր մա­սին ինչ որ գի­տեն այդ լե­զուով կը սոր­վին։ Իսկ հա­յերէ­նը աւե­լի շատ տան մէջ, եթէ հայ­կա­կան դպրո­ցի աշա­կերտ եղած ենք ու­րեմն նաեւ դա­սարա­նէն ներս կը գոր­ծա­ծենք։ Իսկ Զար­մա­նազա­նը Արեւմտա­հայե­րէնը նպա­տակա­յար­մար ու հա­ճելի հա­ղոր­դակցու­թեան գոր­ծի­քի մը կը վե­րածէ։ Ու­ղե­կից­նե­րը լե­զուին գե­ղարո­ւես­տա­կան, փի­լիսո­փայա­կան, ամէ­նօրեայ եւ ու­րիշ ամէն տե­սակ գոր­ծածման յար­մար վայր մը կը պատ­րաստեն։ Լե­զուն կը յայտնո­ւի զա­նազան շրջարկնե­րուն, օրի­նակ րա­փի կռիւ մը, ճա­շարա­նի կա­նոն­նե­րու ցան­կը եւ կամ ստի­պողա­կան չե­ղող բժշկա­կան գոր­ծո­ղու­թեան մը պատ­ճա­ռաւ յա­ւիտե­նապէս դեղ առ­նե­լու վրայ բա­րոյա­գիտա­կան զրոյց մը։

Վեր­ջին մի քա­նի տա­րուը­նէ ի վեր Զար­մա­նազան մաս կը կազ­մեմ իբր ու­ղե­կից ուր լե­զուն ամէն օր արթննա­լէ սկսեալ մեզ կը շրջա­պատէ եթէ ոչ նաեւ մեր երազ­նե­րու մէջ։ Մեր օրը կը սկսի օրո­ւան հա­մար միասին պատ­րաստուելու ծա­ռայող կարճ աշ­խա­տանոց­նե­րով։ Ետ­քը մեծ սրա­հի մը մէջ կը հա­ւաքո­ւինք որ­պէսզի մաս­նա­կից­նե­րուն նա­խորդ օրը պատ­րաստած օրա­կան լրա­թեր­թը միաս­նա­բար կար­դանք։ Մաս­նա­կից­նե­րը մէկ օր առաջ սե­նեակ սե­նեակ կը պտտեն ու կը հա­ւաքեն վեր­ջին լու­րե­րը, մաս­նա­կից­նե­րու կար­ծիքնե­րը եւ կոր­սո­ւած ապ­րանքի մը փնտռտու­քի յայ­տա­րարու­թիւնը որ­պէսզի միաս­նա­բար կար­դանք ասոնց մա­սին Զար­մա­նազա­նի լրա­թեր­թի մէջ։

Ու­ղե­կից­նե­րու հա­մար մաս­նա­կից­նե­րուն մաս­նակցու­թիւնը եւ առանց ու­րիշնե­րու գա­ղափար­նե­րու պար­տադրո­ւելու ստեղ­ծա­գոր­ծե­լը առաջ­նա­հեր­թութիւն ու­նին։ Մաս­նա­կից­նե­րուն բազ­մա­թիւ ու­նա­կու­թիւննե­րու1, անձնա­կան հե­տաքրքրու­թիւննե­րու եւ տար­բե­րու­թիւննե­րու հա­մեմատ զա­նազան աշ­խա­տանոց­ներ կը ծրագ­րո­ւին։ Ու­ղե­կից­նե­րը նոյնպէս այս անձնա­կան տար­բե­րու­թիւննե­րու ու­շադրու­թեամբ աշ­խա­տանոց­նե­րը ան­գամ մըն ալ աչ­քէ կ՚անցնեն։ Լրա­թեր­թին պատ­րաստո­ւած աշ­խա­տանո­ցը այս անձնա­կան տար­բե­րու­թիւննե­րու յար­գե­լով ծրագ­րո­ւած աշ­խա­տանոց­նե­րէն մէկ հատն է եւ ասոր պէս զա­նազան նիւ­թե­րով բազ­մա­թիւ աշ­խա­տանոց կը գտնո­ւի։

Ու­ղե­կից­նե­րը, աշ­խա­տանո­ցի պա­րու­նա­կու­թե­նէ կա­խեալ ըլ­լա­լով մաս­նա­կից­նե­րուն կը ներ­կա­յաց­նեն լե­զուի հա­զուա­գիւտ օրի­նակ­նե­րը ժո­ղովրդա­կան եր­գե­րով, պա­րերով, նկար­նե­րով, հե­քեաթ­նե­րով, շու­տա­սելուկնե­րով, գի­տու­թեան գիր­քե­րու եւ կամ գրա­կան հան­դէսնե­րու գրու­թիւննե­րով։ Ամ­բողջ վայ­րը մաս­նա­կից­նե­րու մի­ջեւ պա­հանջ մը կը ստեղ­ծէ հա­յերէ­նը հասկնա­լու եւ զա­նազան նպա­տակ­նե­րով՝ օրի­նակ խա­ղալով, եր­գե­լով, քա­փոէյ­րա2 ընե­լով, միաս­նա­բար կար­դա­լով եւ կամ գե­ղեց­կութեան մա­սին կար­ծիք մը ար­տա­յայ­տե­լով լե­զուն գոր­ծա­ծելու։ Հե­տեւա­բար կարգ մը մաս­նա­կից­ներ կիրք ու պէտ­քութիւն կը զգան իրենց հա­մար կա­րեւոր բա­ները առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով հա­յերէ­նով ար­տա­յայ­տե­լու, ու­րիշ լե­զուով մը ար­տա­յայ­տո­ւելու տեղ։ Արեւմտա­հայե­րէնով մե­զի նոր հո­րիզոն­ներ յայտնա­բերող Զար­մա­նազան ամառ­նա­յին լե­զուա­կան ճամ­բա­րի մա­սին աւե­լի ման­րա­մասն տե­ղեկու­թիւննե­րը այս յղու­մի մի­ջոցաւ կրնաք գտնել։

1 Gardner’s Multiple Intelligences

2 Քա­փոէյ­րան պրա­զիլիական մար­տա­րուեստ է։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ