Փոքրամասնութիւններու իրաւունքները հանրապետութեան դարադարձին

Հրանդ Տինք հիմ­­նարկը 2023 թո­­ւակա­­նի Նո­­յեմ­­բե­­­րի 17-18-ին Իս­­թանպուլ, հիմ­­նարկի կեդ­­րո­­­նատե­­ղիին մէջ կը կազ­­մա­­­կեր­­պէ «Փոք­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րու իրա­­ւունքնե­­րը հան­­րա­­­պետու­­թեան հա­­րիւ­­րա­­­մեակին» խո­­րագ­­րով մի­­ջազ­­գա­­­յին գի­­տաժո­­ղով մը։ Գի­­տաժո­­ղովը նպա­­տակ ու­­նի հա­­մակող­­մա­­­նի քննել Թուրքիոյ ապ­­րող ազ­­գա­­­յին, կրօ­­նական եւ լե­­զուա­­կան փոք­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րուն պատ­­կա­­­նող ան­­ձանց իրա­­ւունքնե­­րը, անոնց առ­­ջեւ ծա­­ռացած խնդիր­­նե­­­րը ու այդ խնդիր­­նե­­­րու լու­­ծումնե­­րը։

Գի­­տաժո­­ղովի առանցքա­­յին թե­­մանե­­րէն է տար­­բեր երկրնե­­րէ ներս փոք­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րու իրա­­ւունքնե­­րու եւ փոր­­ձա­­­ռու­­թեան պատ­­մա­­­կան եւ հա­­յեցա­­կար­­գա­­­յին զար­­գա­­­ցու­­մը. Փոք­­րա­­­մաս­­նութեան իրա­­ւական հաս­­կա­­­ցու­­թիւնը, որ պատ­­մա­­­կանօ­­րէն ձե­­ւաւո­­րուած է Եւ­­րո­­­պայի կրօ­­նական հա­­մայնքնե­­րու իրա­­ւունքնե­­րու պաշտպա­­նու­­թեան օրի­­նակով, տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին բազ­­մա­­­թիւ վե­­րափո­­խումնե­­րու են­­թարկուելով. Ազ­­գայնա­­կանու­­թեան աճին զու­­գա­­­հեռ, «փոք­­րա­­­մաս­­նութիւն» հաս­­կա­­­ցու­­թիւնը ընդլայ­­նո­­­ւած եւ վե­­րաիմաս­­տա­­­ւորո­­ւած է՝ նե­­րառե­­լով ազ­­գա­­­յին եւ լե­­զուա­­կան փոք­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րը. Վեր­­ջին տա­­րինե­­րուն ոչ միայն կը կա­­րեւո­­րուի փոք­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րու պաշտպա­­նու­­թիւնը, այ­­լեւ անոնց հզօ­­րաց­­ման անհրա­­ժեշ­­տութիւ­­նը։ Այս առու­­մով տար­­բեր երկրնե­­րու ու տա­­րածաշրջան­­նե­­­րու տար­­բեր փոր­­ձա­­­ռու­­թիւններ ձե­­ւաւո­­րուած են եւ անոնցմէ որոշ­­նե­­­րը օրի­­նակ դար­­ձած այլ եր­­կիրնե­­րու հա­­մար. Այս թե­­մայի ներ­­քեւ կը քննար­­կո­­­ւին այնպի­­սի հար­­ցեր, ինչպի­­սիք են «փոք­­րա­­­մաս­­նութիւն» հաս­­կա­­­ցու­­թեան սահ­­մա­­­նու­­մը, անոր փո­­խակեր­­պումնե­­րը, այդ փո­­խակեր­­պումնե­­րու հիմ­­նա­­­քարե­­րը, ինչպէս նաեւ անոնց տար­­բե­­­րու­­թիւննե­­րը՝ ըստ կի­­րառ­­ման եր­­կիրնե­­րու.

Գի­­տաժո­­ղովի երկրորդ առանցքա­­յին թե­­ման Թուրքիոյ փոք­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րու իրա­­ւունքնե­­րու զար­­գա­­­ցումն ու յա­­ռաջա­­ցած խնդիր­­ներն են։ Ըլ­­լա­­­լով Օս­­մա­­­նեան կայսրու­­թեան փլու­­զումէն ետք ստեղ­­ծո­­­ւած ազ­­գա­­­յին պե­­տու­­թիւննե­­րէն մէ­­կը՝ Թուրքիան 1923 թո­­ւակա­­նի Լո­­զանի պայ­­մա­­­նագ­­րի ստո­­րագ­­րումով ըն­­դունած է երկրի յոյն, հայ եւ հրեայ հա­­մայնքնե­­րուն պատ­­կա­­­նող ան­­ձե­­­րը՝ որ­­պէս փոք­­րա­­­մաս­­նութեան, իրա­­ւունքնե­­րու մի­­ջազ­­գա­­­յին երաշ­­խի­­­քը։ Թէ­­պէտ Լո­­զանի պայ­­մա­­­նագի­­րը հիմ­­նա­­­կանին կրօ­­նական հա­­մայնքնե­­րը կը սահ­­մա­­­նէր որ­­պէս փոք­­րա­­­մաս­­նութիւն, ասո­­րինե­­րը՝ չնա­­յած ոչ մահ­­մե­­­դական ըլ­­լալնուն, թուրք/քուրդ ալե­­ւինե­­րը, որոնք հա­­մեմա­­տաբար մեծ թիւ կը կազ­­մեն եւ նաս­­տո­­­րեան­­նե­­­րը չեն ըն­­դունո­­ւած որ­­պէս կրօ­­նական փոք­­րա­­­մաս­­նութիւններ։

Հա­­մագու­­մա­­­րին կա­­րելի է հե­­տեւիլ այ­­ցե­­­լելով Հրանդ Տինք Հիմ­­նարկի Անա­­րատ Յղու­­թիւն շէն­­քը, նա­­խապէս ար­­ձա­­­նագ­­րուելով հա­­մացան­­ցի էջի մի­­ջոցաւ։ Բա­­ցի այդ զե­­կոյցնե­­րը պի­­տի սփռո­­ւին Հրանդ Տինք Հիմ­­նարկի հա­­մացան­­ցի պաշ­տօ­նական էջի կամ «Եու­թուպ»ի միջոցաւ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ