Զարինջայի Սուրբ Խաչ Եկեղեցին

ՄԱՐԻ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

Արագա­­ծոտ­­նի մար­­զի Թա­­լին քա­­ղաքէն 13 քմ Հիւ­­սիս-արեւ­­մուտք՝ քար­­քա­­­րոտ հար­­թա­­­վայ­­րին կը տա­­րածո­­ւի Զա­­րին­­ջա գիւ­­ղը։ Այն ժա­­մանա­­կին Անի մայ­­րա­­­քաղա­­քի բնա­­կիչ­­նե­­­րու ամա­­ռանոց­­նե­­­րէն մէ­­կը կը հա­­մարո­­ւէր։ Գիւ­­ղի Հիւ­­սի­­­սային բլրա­­կին վեր կը խո­­յանայ Սուրբ Խաչ եկե­­ղեցին, որ կարմրա­­գոյն տու­­ֆով կեր­­տո­­­ւած ըլ­­լա­­­լու պատ­­ճա­­­ռաւ, կը կո­­չուի նաեւ Կար­­միր վանք։

Անի-Շի­­րակ ճար­­տա­­­րապե­­տական դպրո­­ցին պատ­­կա­­­նող այս հո­­յակերտ կա­­ռոյ­­ցը չու­­նի շի­­նարա­­րական ար­­ձա­­­նագ­­րութիւն կամ յի­­շատա­­կու­­թիւն։ Սուրբ Խաչն իր վրայ կը կրէ վաղ միջ­­նա­­­դարին բնո­­րոշ ճար­­տա­­­րապե­­տական տար­­րեր ու յար­­դա­­­րանք։ Այդ հա­­շուի առ­­նե­­­լով՝ մաս­­նա­­­գէտ­­նե­­­րը այն կը թո­­ւագ­­րեն 7-րդ դա­­րով, իսկ ճար­­տա­­­րապետ Ար­­մէն Ղա­­զարեանը կը յստա­­կեց­­նէ կա­­ռուցման ժա­­մանա­­կը՝ 7-րդ դա­­րի 30-ական թո­­ւական­­ներ, երբ Հե­­րակլ կայ­­սեր վերջնա­­կան յաղ­­թա­­­նակէն ետք բիւ­­զանդա­­կան զօր­­քը պարսկա­­կան եր­­կու ար­­շա­­­ւանքնե­­րու ժա­­մանակ կանգ առած է Շի­­րակ՝ իր հետ ու­­նե­­­նալով գե­­րու­­թե­­­նէն ազա­­տագ­­րո­­­ւած Տե­­րու­­նա­­­կան խա­­չը։ Ամե­­նայն հա­­ւանա­­կանու­­թեամբ տե­­ղական իշ­­խա­­­նը՝ Ար­­շա­­­րու­­նի­­­քի եւ Շի­­րակի տէր Ներ­­սեհ 3-րդ Կամ­­սա­­­րակա­­նը, կայսրէն Տե­­րու­­նա­­­կի խա­­չի մա­­սունք խնդրած է, որու հիմ­­քի վրայ կա­­ռու­­ցած է Ս. Խաչ եկե­­ղեցին։

Այն կա­­ռու­­ցո­­­ւած է կարմրա­­գոյն տե­­ղական տու­­ֆի սրբա­­տաշ քա­­րերէն, որոնց երես­­նե­­­րուն առ­­կայ են բազ­­մա­­­թիւ վար­­պե­­­տան­­շաններ։ Առա­­ւել տա­­րածո­­ւածը «Մ» տա­­ռով վար­­պե­­­տի նշանն է, որ եկե­­ղեց­­ւոյ ներ­­քին եւ ար­­տա­­­քին տար­­բեր հա­­տուած­­նե­­­րուն կը կրկնո­­ւի աւե­­լի քան քսան ան­­գամ։ Ան նաեւ գրիչ է՝ ար­­ձա­­­նագ­­րութեան փո­­րագ­­րիչ։

Սուրբ Խա­­չը ու­­նի խա­­չաձեւ յօ­­րինո­­ւածք, որու արե­­ւելեան խա­­չաթե­­ւին՝ աւագ խո­­րանին կից, դուրսէն աւե­­լացո­­ւած է Հիւ­­սի­­­սային աւան­­դա­­­տու­­նը։ Եկե­­ղեցին ի սկզբա­­նէ ու­­նե­­­ցած է եր­­կու մուտք՝ արեւմտեան (եղած է գլխա­­ւորը) եւ հա­­րաւա­­յին։ Յե­­տագա­­յին արեւմտեան շքա­­մուտքը սրբա­­տաշ քա­­րերու շար­­քե­­­րով փա­­կուած է։

Եկե­­ղեցին կը պսա­­կուի ու­­թա­­­նիստ թմբու­­կով եւ հով­­հա­­­րաձեւ ցած­­րա­­­գագաթ վե­­ղարով։ Ըստ Ար­­մէն Ղա­­զարեանի՝ այդ հով­­հա­­­րաձեւ վե­­ղարի յօ­­րինո­­ւած­­քի նա­­խատիպն է, որ կը կրկնէ Տի­­րոջ Գե­­րեզ­­մա­­­նի ծած­­կը Երու­­սա­­­ղէմի Ս. Յա­­րու­­թիւն տա­­ճարին մէջ։

Նիս­­տե­­­րը կը բա­­ժանո­­ւին մի­­մեանցմէ ոլո­­րուն ակօս­­նե­­­րով, մշա­­կուած բարձր կի­­սասիւ­­նե­­­րով, որոնք աւար­­տո­­­ւելով պարզ ուղղան­­կիւն աբակ­­նե­­­րով, հիմք կը հան­­դի­­­սանան թմբու­­կի քի­­ւի հա­­մար։ Ամէն մի նիս­­տը եզ­­րե­­­րով մշա­­կուած է տա­­փակ եւ կարճ որմնա­­սիւ­­նե­­­րով, որոնց՝ 7-րդ դա­­րին բնո­­րոշ խո­­յակ­­նե­­­րու վրայ առ­­կայ են որմնան­­կարներ։ Վեր­­ջիններս չու­­նին ճշգրիտ թո­­ւագ­­րութիւն։ Սա­­կայն որմնան­­կարչա­­կան արո­­ւես­­տին առա­­ւել հե­­տաքրքրու­­թիւն կը ներ­­կա­­­յաց­­նէ ոլո­­րուն սիւ­­նե­­­րու առ­­կա­­­յու­­թիւնը։ Ըստ մաս­­նա­­­գիտա­­կան հե­­տազօ­­տու­­թիւննե­­րու՝ նշո­­ւած ձե­­ւը ոչ թէ ճար­­տա­­­րապե­­տական ոճի զար­­գացման ար­­դիւնք է, այլ քրիս­­տո­­­նէական պատ­­կե­­­րագ­­րութեան՝ սրբան­­կարչու­­թեան կա­­րեւոր նմոյշ։ Ոլո­­րուն սիւ­­նե­­­րու նմա­­նօրի­­նակ ձե­­ւեր կը հան­­դի­­­պին ուշ ան­­տիկ եւ վաղքրիս­­տո­­­նէական այնպի­­սի յու­­շարձան­­նե­­­րուն, ինչպի­­սիք են՝ Ապա­­միայի. Մա­­րիա Մա­­ջիորէ բա­­զիլի­­կայի, Հռո­­մի Սբ. Կա­­լիս­­տո­­­յի ստոր­­գետնեայ դամ­­բա­­­րան­­նե­­­րուն (4-րդ դար), Ռա­­վեն­­նա­­­յի Մաք­­սի­­­միանո­­սի ամ­­բիոնի քան­­դակնե­­րուն (6-րդ դար)։

7-րդ դա­­րէն 21-րդ դար հա­­սած այս հո­­յակերտ կար­­միր գե­­ղեց­­կուհին մինչ օրս ալ ան­­տարբեր չի թող­­ներ եւ ոչ ոքի։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ