Ես եւ թեթաս՝ Մաշթալի ճամբան

ՍԱՂԱԹԵԼ ՊԱՍԻԼ

(Տարբերակ21)

Տանս առ­­ջեւն եմ։ Վճռա­­կան, ու­­ժեղ ու նոյն ժա­­մանակ փա­­փուկ եւ մեղմ ձեռք մը կը սեղ­­մէ ձեռքս. թե­­թայիս ձեռքն է։ Քիչ առաջ որո­­շեց, որ զիս այ­­գի տա­­նի կամ ինչպէս որ մին­­չեւ հի­­մա կը սի­­րեմ ըսել՝ մաշ­­թալ։ Գի­­տեմ, որ եր­­կու առա­­ջարկ պի­­տի տայ, բայց կը սպա­­սեմ կոր, որ հարցնէ, ու ես ալ ընտրեմ։ Հրա­­շալի է այն զգա­­ցու­­մը, որ ինչ-որ մէ­­կը քե­­զի ընտրե­­լու առիթ կու տայ, ու դուն կ՛ընտրես։

«Սա­­ղօ՛, սի­­րելիս, պստի՞կ մաշ­­թալ եր­­թանք, ոչ թէ մե՞ծ»։

Ի հար­­կէ, այս ընտրու­­թեան առ­­ջեւ իմ փոք­­րիկ երե­­ւակա­­յու­­թիւնս կը սկսի նկար­­ներ ցու­­ցադրել եւ արագ հա­­մեմա­­տու­­թիւն ընել։

Փոք­­րիկ մաշ­­թա­­­լը աղ­­քա­­­տիկ է.ծե­­րուկնե­­րու հա­­ւաքա­­ծու, երեք հատ մուտք՝ թե­­թեւ զա­­ռիվար­­նե­­­րով, ուր կրնա­­յինք վա­­զել, քա­­նի մը հատ ջու­­րի պուլպու­­լակ ու վերջ։ Միակ գրգռիչ պատ­­կե­­­րը, որ կրնար ընտրու­­թիւնս շե­­ղել դէ­­պի այս մաշ­­թա­­­լին կող­­մը, մայր մուտքին առ­­ջեւ՝ Հի­­լալ Ահ­­մա­­­րի հի­­ւան­­դա­­­նոցին կող­­մէն տե­­ղաւո­­րուած՝ հա­­մով-հա­­մով բա­­ներ ծա­­խող ամ­­մո­­­ներն են՝ պու­­շար ծա­­խող ամ­­մոն, վար­­դա­­­գոյն ղազ­­զալ-պա­­նաթի ամ­­մոն, խա­­շած եւ խո­­րոված պե­­լիլան, կա­­նաչ հըմ­­մուսը, շատ սի­­րած կա­­նաչ խնձո­­րը՝ թաթ­­խո­­­ւած կար­­միր շա­­քարի մեջ...

Ապաու, շատ գրգռիչ է, բայց չէ, չէ, մեծ մաշ­­թա­­­լի ընտրու­­թիւնը աւե­­լի ճիշդ է։ Պատ­­մութեան վեր­­ջը երբ որ հաս­­նինք, վստահ եմ՝ դուք ալ պի­­տի հա­­մոզո­­ւիք։

«Սա­­ղօ՛, Սա­­ղօ՛, որո­­շէ՛ տղաս, կ՛ու­­շա­­­նանք կոր»,- կ՛ըսէ թե­­թաս։

Ու­­րա­­­խու­­թեամբ ու վստա­­հու­­թեամբ կը յայ­­տա­­­րարեմ. «Մեծ մաշ­­թալ, թե­­թա՛»։

Ու արագ մը կ՚անցնինք փո­­ղոցը դէ­­պի Մե­­տինաթ Մա­­լահիի պա­­տը։ Թե­­թայիս վճռա­­կան ու մեղմ ձեռ­­քէն կը ձեր­­բա­­­զատիմ ու երեք վայրկեան­­նոց ազա­­տու­­թիւն մը ձեռք կը բե­­րեմ մին­­չեւ յա­­ջորդ փո­­ղոցը։ Վա­­զելով կ՚ուղղո­­ւիմ դէ­­պի պա­­տին ան­­հասկնա­­լի անցքե­­րը, աչքս անցքին վրայ կը դնեմ ու կը վա­­յելեմ Մե­­տինաթ Մա­­լահիի ամե­­նասի­­րած խաղս՝ էլեքթրիք օթո­­ները։ Մէկ, եր­­կու, երեք... խաչ­­մե­­­րու­­կին քովն ենք՝ Կա­­զիեթ Շամսն է, ու թե­­թային ու­­ժեղ ու փա­­փուկ ձեռ­­քը կրկին ազա­­տու­­թիւնս կը ձեր­­բա­­­կալէ։

Կա­­մաց-կա­­մաց կը շա­­րու­­նա­­­կենք քա­­լել մին­­չեւ Մա­­հաթըթ Պաղ­­տա­­­տի խաչ­­մե­­­րու­­կը։ Քա­­նի մը կօ­­շիկի խա­­նութ, քա­­նի մը հա­­գուստի խա­­նութ, մին­­չեւ որ հաս­­նինք Համ­­պըրկըր Գաու­­սի եւ Ֆա­­լաֆէլ Մը­­շուա­­րի քով։ Քիթս կը գրգռո­­ւի հո­­տերէն, երե­­ւակա­­յու­­թիւնս նոյնպէս։ Փորձ մը կ՛ընեմ թե­­թային ձեռ­­քէն ազա­­տելու, բայց կար­­ծես թե­­թաս ալ երե­­ւակա­­յու­­թիւնս կար­­դաց ու հասկցաւ. «Չէ՛ տղաս, չէ՛։ Ասոնք ամէ­­նը զի­­պիլ են։ Երբ որ վե­­րադառ­­նանք, ես քե­­զի հա­­մով սեն­­տո­­­ւիչ­­ներ կը պատ­­րաստեմ»։ Ան­­շուշտ քա­­նի մը տա­­րի յե­­տոյ հասկցայ, որ թե­­թայիս հա­­մար ամէն դուրսի ու­­տե­­­լիքը զի­­պիլ է, չ՛ու­­տո­­­ւիր։ Առա­­ւել, որ հու­­նարլը տի­­կինը ամէն ինչ պէտք է տու­­նը պատ­­րաստէ։

Կը շա­­րու­­նա­­­կենք մեր ճամ­­բան մին­­չեւ յա­­ջորդ ան­­կիւնը։ Գան եա Մա­­գան խա­­նու­­թի պաղ­­պա­­­ղակի գոր­­ծի­­­քը կը ժպտի դէմ­­քիս։ Քիչ մը ձայն կը հա­­նեմ՝ պատ­­գամ հասցնե­­լու թե­­թայիս կամ­­քին։ Փո­­ղոցը կ՚անցնինք, դէ­­պի Նա­­խիլ սրճա­­րանին ան­­կիւնը, որ նոյնպէս հրա­­շալի պաղ­­պա­­­ղակ ու­­նի։ «Մմմմ, շատ հա­­մով է, թե­­թա», – փորձ մը եւս կ՛ընեմ թե­­թային հետ։ Թե­­թան մե­­սիճը կը հասկնայ, բայց խո­­րամանկ դի­­ւանա­­գէտի մը նման դան­­դաղ-դան­­դաղ կ՛ըսէ. «Սա­­ղօ՛, եթէ խօսքս մտիկ ընես ու քիչ վերջ խա­­ղավայ­­րը զիս չյոգ­­նեցնես, վե­­րադար­­ձին քե­­զի պաղ­­պա­­­ղակ կ՚առ­­նեմ»։ Պա­­հը օգ­­տա­­­գոր­­ծե­­­լով մէկ ան­­գա­­­մէն կ՛ըսեմ. «Այո, այո, թե­­թա, բայց Գան եա Մա­­գանի­­նէն շո­­քոլա–հա­­լիպ պաղ­­պա­­­ղակը»։

Վեր­­ջա­­­պէս հա­­սանք մուտքին։ Այստեղ հա­­մով-հա­­մով բա­­ներ ծա­­խող ամ­­մո­­­ներ չկան։ Տա­­րիներ յե­­տոյ հասկցայ, որ իրենց ներ­­կա­­­յու­­թիւնը այստեղ կա­­պուած է շըր­­թա­­­յին՝ ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րուն որո­­շու­­մին հետ։ Եթէ դա­­սաւո­­րեցին ու հա­­մաձայ­­նե­­­ցան, կը կե­­նան, թէ ոչ՝ չեն կե­­նար։ Ար­­դէն ներսն ենք, մէկ ան­­գա­­­մէն կ՚ուղղո­­ւինք դէ­­պի ձախ, ուր իմ սի­­րած ու իմ սե­­րունդիս շատ մը փոք­­րիկնե­­րուն սի­­րած ճո­­ճանակ­­ներն են եւ սահ­­նակնե­­րը։ Արագ քայ­­լե­­­րով կը շա­­րու­­նա­­­կենք դէ­­պի ձախ ու քա­­րէ շի­­նու­­թեան մը կը հան­­դի­­­պինք։ Հո­­տերէն յայտնի է, որ թո­­ւալէթն է, բայց կեան­­քին մէջ թե­­թան ին­­ծի չձգեց հոս մտնեմ. միշտ պի­­պիշս ինչ-որ ծա­­ռի ետե­­ւը կ՛ընէի։ «Թե­­թա փի­­փի ու­­նիմ, թո­­ւալէթ եր­­թանք»։ «Հոս ըրէ՛, Սա­­ղօ, ծա­­ռին ետե­­ւը։ Ադ թո­­ւալէ­­թը աղ­­տոտ է, զի­­պիլ է»։

Վեր­­ջա­­­պէս հա­­սանք իմ սի­­րած տեղս։ Թե­­թան սի­­րոյ եւ քնքշու­­թեան կա­­պը կ՛ար­­ձա­­­կէ, ձեռքս կը ձգէ ու ցած ձայ­­նով կը փսփսայ. «Խաղ­­ցի՛ր, տղաս, բայց ու­­շա­­­դիր եղի՛ր»։ Խեն­­թի պէս կը սկսիմ վա­­զել օրօ­­րոցէ օրօ­­րոց, սահ­­նա­­­կէ սահ­­նակ։ Ու­­ժերս փաս­­տե­­­լու հա­­մար կ՛ընտրեմ ամե­­նէն եր­­կար սահ­­նա­­­կը։ Աս­­տի­­­ճան­­նե­­­րը կը բարձրա­­նամ ու սա­­հելով կ՚իջ­­նեմ աւազ­­նե­­­րու մէջ։ Գի­­տեմ, որ թե­­թան զիս կը դի­­տէ կոր։ Յան­­կարծ ձայ­­նը կը լսեմ. «Ու­­շա­­­դի՛ր, տղաս, մաք­­րէ՛ վրադ, ամէ­­նը աւազ եղար։ Մա­­մադ մե­­զի տուն պիտ չձգէ մտնենք»։ Կը շա­­րու­­նա­­­կեմ խեն­­թութիւնս՝ գիտ­­նա­­­լով, որ մաշ­­թա­­­լի այս մա­­սը մայ­­րա­­­մու­­տին պի­­տի գո­­ցուի։ Թե­­թայիս ձայ­­նը նո­­րէն կը լսո­­ւի. «Սա­­ղօ՛, չա­­նօթե­­ցա՞ր։ Եկո՛ւր, սեն­­տո­­­ւիչ­­ներդ կեր։» Կը վա­­զեմ դէ­­պի թե­­թաս ու կ՚առ­­նեմ յա­­տուկ ին­­ծի հա­­մար պատ­­րաստո­­ւած, կլոր փաթ­­թուած եր­­կու սեն­­տո­­­ւիչ­­նե­­­րը. մէկ հա­­տը՝ լո­­լիկի ջուր նա­­նայով եւ ոչ կծու պղպե­­ղով, ու մի­­սը՝ թե­­թայիս պատ­­րաստած զահ­­թա­­­րը։ Հա­­ճոյ­­քով կը խմեմ թեր­­մո­­­սիս ջու­­րէն ու կը պատ­­րաստո­­ւիմ վե­­րադառ­­նա­­­լու խա­­ղավայր։ Թե­­թաս նոյն դի­­ւանա­­գիտա­­կան ձե­­ւով կ՛ըսէ. «Տղա՛ս, մթնցաւ, պէտք է տուն վե­­րադառ­­նանք»։ «Դեռ քիչ մը եւս, թե­­թա՛, դեռ կա­­նուխ է»։ Նոյն դի­­ւանա­­գիտու­­թեամբ թե­­թաս կ՛ըսէ. «Չէ՛ տղաս, չէ՞ որ պաղ­­պա­­­ղակ պի­­տի առ­­նենք»։ Յանձնուեցայ. «Այո՛, այո՛ թե­­թա, եալ­­լա՛»։

Վե­­րադար­­ձի ճամ­­բուն վրայ ենք, Գան եա Մա­­գանի խա­­նու­­թի հինգ թուղթնոց շո­­քոլա-հա­­լիպ պաղ­­պա­­­ղակը ձեռքս է, թե­­թան ին­­ծի կը նա­­յի, ձեռ­­քը՝ քլի­­նեքս, որ­­պէսզի յան­­կարծ չկաթկթեց­­նեմ գա­­զակիս վրայ։ Ես ալ՝ ամ­­բողջ կեդ­­րոնցումս լե­­զուիս վրան է, կը փոր­­ձեմ կոր շուտ լզել, որ­­պէսզի հաս­­նիմ պաղ­­պա­­­ղակին ամե­­նաշատ սի­­րած մասս՝ պրշա­­նի վա­­րի ան­­կիւնը։ Հա, ըսեմ, որ մին­­չեւ այ­­սօր պաղ­­պա­­­ղակին այդ մա­­սը ամե­­նասի­­րած մասս է։ «Արա՛գ կեր, Սա­­ղօ՛, արա՛գ կեր ադ զի­­պիլը, վրադ կը թա­­փես կոր, ա՛ռ աս քլի­­նեք­­սը...»

…Այ­­սօր այստե­­ղէն՝ Շո­­ւէտէն, ուր կան աշ­­խարհի ամե­­նէն գե­­ղեցիկ ու հրա­­շալի ան­­տառնե­­րը, պար­­տէզնե­­րը եւ այ­­գի­­­ները, կա­­րօտով կը յի­­շեմ մաշ­­թա­­­լը եւ այդ ու­­ժեղ եւ նոյն ժա­­մանակ փա­­փուկ ու մեղմ ձեռ­­քը, որ սահ­­մա­­­նագ­­ծե­­­լով ման­­կա­­­կան խենթ ազա­­տու­­թիւնս՝ սէր, վստա­­հու­­թիւն, կա­­յու­­նութիւն ու կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւածու­­թիւն կը պար­­գե­­­ւէր ին­­ծի։ Յա­­ճախ այդ ձեռ­­քե­­­րու ար­­ժէ­­­քին կը գի­­տակ­­ցինք միայն կորսնցնե­­լէն ետք։ Ըստ երե­­ւոյ­­թին, ասի­­կա կեան­­քի ճամ­­բուն թաք­­նո­­­ւած օրէնքնե­­րէն մէկն է

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ