Ճանչնանք մեր բառերը (1)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

armenag@gmail.com

1. Արօր եւ արօր(իկ)

Են­­­թադրե­­­լի է, թէ ամէն արեւմտա­­­հայ կը ճանչնայ արօր բա­­­ռը՝ իբ­­­րեւ երկրա­­­գոր­­­ծա­­­­­­­կան սարք, նոյ­­­նիսկ եթէ տե­­­սած չըլ­­­լայ զայն. այս պա­­­րագա­­­յին ի մտի ու­­­նիմ լի­­­բանա­­­նահա­­­յը, որուն կեան­­­քին մէ­­­ջէն շատ շուտ վե­­­րացաւ արօ­­­րը, որ ան­­­ցած դա­­­րու կէ­­­սերուն այնքան տա­­­րածո­­­ւած էր Պե­­­քաայի ամ­­­բողջ եր­­­կայնքին: Են­­­թադրե­­­լի է, որ Ան­­­ճա­­­­­­­րի հայ­­­րե­­­­­­­նակից­­­նե­­­­­­­րը աւե­­­լի նպաս­­­տա­­­­­­­ւորո­­­ւած ըլ­­­լան՝ իւ­­­րա­­­­­­­քան­­­չիւրը ու­­­նե­­­­­­­ցած ըլ­­­լա­­­­­­­լով իր սե­­­փակա­­­նը մին­­­չեւ ... 1950-ական­­­նե­­­­­­­րու սկիզ­­­բը, երբ մե­­­քենա­­­կան քար­­­շա­­­­­­­կը (tracteur) բրտօ­­­րէն մուտք գոր­­­ծեց այնտեղ եւս ՝ մէկ օրէն միւ­­­սը ապայժմէաց­­­նե­­­­­­­լով հա­­­զարա­­­մեակ­­­նե­­­­­­­րու եզ­­­նա­­­­­­­քարշ արօ­­­րը:

Սար­­­քին հետ շրջա­­­նառու­­­թե­­­­­­­նէ դադ­­­րե­­­­­­­ցան այնքան սի­­­րելի բա­­­ռեր, ինչպէս՝ խոփ, մաճ, մաճ­­­կալ, լուծ, հերկ, ակօս եւ նման­­­նե­­­­­­­րը: Ջա­­­ղացն ու աղօ­­­րիքը, աղօնն ու սերմնցուն իրենց կար­­­գին: Ար­­­դի հա­­­յը դժո­­­ւար թէ ըմբռնէ Դա­­­նիէլ Վա­­­րու­­­ժա­­­­­­­նի այնքան ջեր­­­միկ ու հա­­­րազատ «Հա­­­ցին եր­­­գը» ժո­­­ղովա­­­ծուի բա­­­ռերը, որոնց բո­­­լորին ծա­­­նօթ էին մեր ան­­­մի­­­­­­­ջական նախ­­­նի­­­­­­­ները:

Արօ­­­րին դէմ շատ աւե­­­լի բիրտ պայ­­­քար մղո­­­ւեցաւ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի մէջ՝ խորհրդա­­­յին կարգե­­­րու հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­մէն ետք, ուր երկրգոր­­­ծութիւ­­­նը մե­­­քենա­­­կանաց­­­նե­­­­­­­լու որո­­­շու­­­մը տրո­­­ւած էր կեդ­­­րո­­­­­­­նական իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թեան կող­­­մէ:

Ռաֆ­­­ֆի ու­­­նի գողտրիկ երգ մը արօ­­­րի մա­­­սին, որուն առա­­­ջին տու­­­նը կ’ըսէ:

Իւր անուշ հո­­­տով բու­­­րէ մա­­­նիշակ,

Ի՜նչ հրճո­­­ւանք այժմ քեզ գոր­­­ծի, մշակ,

Դէ՜, լծէ դու քո արօր եւ գու­­­թան1,

Ցա­­­նել պտղա­­­ւէտ սեր­­­մունք գի­­­տու­­­թեան:

***

Հա­­­յերէ­­­նը արօր (իկ) կը կո­­­չէ նաեւ եր­­­կայնակ­­­տուց, վա­­­ռեակի խո­­­շորութեամբ գաղ­­­թող թռչուն մը, որուն տե­­­սակը վտան­­­գո­­­­­­­ւած է եւ որոշ տա­­­րածում ու­­­նի Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի մէջ: Ան առար­­­կայ դար­­­ձած է ժո­­­ղովրդա­­­կան գողտրիկ եր­­­գի մը, որ կը սկսի հե­­­տեւեալ բա­­­ռերով.

Արօրն ասաց տատ­­­րակ հաւ­­­քուն.

«Ին­­­չո՞ւ կու լաս կուց-կուց արուն,

Եր­­­թայ-լցո­­­ւի փոք­­­րիկ առուն»:

-- հաւք(ուն), այ­­­սինքն՝ թռչուն(ին):

-- տատ­­­րակ կը նշա­­­նակէ վայ­­­րի աղաւ­­­նի:

-- կուց-կուց կը նշա­­­նակէ ափե­­­րով. կուց-ափ:

-- արուն, այ­­­սինքն՝ արիւն:

-- առու(ն), որ է ջու­­­րի պզտիկ հո­­­սանք, երիզ:

Եր­­­գին ամ­­­բողջու­­­թի­­­­­­­նը կրնաք գտնել Google-ով:

Այնտեղ կրնաք գտնել Կո­­­միտա­­­սի սքան­­­չե­­­­­­­լի մեկ­­­նա­­­­­­­բանու­­­թիւնը եւս:

Զայն շատ շնոր­­­հա­­­­­­­լի եր­­­գողնե­­­րէն եղած է Ար­­­մե­­­­­­­նակ Շահ­­­մուրա­­­տեանը:

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ