Գերմանիան վաղուց դաւաճանեց իր պատասխանատուութեան

Իսրայէլի փոխադարձ յարձակումէն շաբաթ մը վերջ Իսրայէլացի լրագրող Ամիրա Հաս «Հաարէց» թերթին մէջ հրատարակած յօդուածով մեղադրեց
Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլտսը, քննադատելով Գերմանիոյ Իսրայէլի ցուցաբերած աջակցութիւնը։

Ամիրա Հաս 2009 թուականին արժանացած էր Հրանդ Տինքի անուան միջազգային մրցանակին։

Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլտս յայտնած էր թէ Կազայի մէջ քաղաքացիներու տառապանքը հետզհետէ պի­տի աւել­նայ եւ այս վի­ճակի պա­տաս­խա­նատուն «Հա­մաս»ն է։

Դի­տելով ձեր եւ արեւմտեան եր­կիրնե­րու ձեր պաշ­տօ­նակիցնե­րու Իս­րա­յէլի հան­դէպ ան­սահման զօ­րակ­ցութեան կո­չերը, կ՚ու­զեմ հարցնել թէ ար­դեօք այս տան­ջանքի աճը սահ­ման մը պի­տի ու­նե­նա՞յ։ Յօ­ժա՞ր էք 2000 պա­ղէս­տինցի երա­խայի սպա­նու­թեան։ 80 հա­զար տա­րեց­նե­րու ջու­րէ զուրկ մնա­լու հե­տեւան­քով մա­հուան շե­մին հաս­նի­լը տա­ռապան­քին օրի­նական յա­ւելո՞ւմն է ձե­զի հա­մար։

«Մեր պատ­մութիւ­նը, Հո­լոկոս­տէն բխող պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւնը, մե­զի ընդմիշտ պար­տա­կանու­թիւն մը կը բեռցնէ Իս­րա­յէլի պե­տու­թեան գո­յու­թիւնը եւ անվտան­գութիւ­նը ապա­հովե­լու հա­մար»։ Բայց պա­րոն Շոլտս, այս նա­խադա­սու­թիւնը կը հա­կասէ ձեր վե­րեւ նշո­ւած խօս­քե­րուն։

«Տա­ռապանք… Հետզհե­տէ պի­տի աւել­նայ» այդ խօս­քե­րը վի­րաւոր բե­կանուած Իս­րա­յէլին նո­ւիրո­ւած առիթ մըն է ոչնչաց­նե­լու կամ սպան­նե­լու հա­մար։ Այս նաեւ նոյ­նինքն Իս­րա­յէլի գո­յու­թեան եւ անվտան­գութեան ալ սպառ­նա­ցող յատ­կութիւն մը ու­նի։ Մեր բո­լորը կը դնէ տա­րածաշրջա­նային պա­տերազ­մի մը, նոյ­նիսկ Գ. Հա­մաշ­խարհա­յին պա­տերազ­մի մը վտան­գին դի­մաց։

Հո­լոկոս­տէն եկող պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւնը ոչ թէ տա­ռապանքնե­րը աճեց­նող ան­ճա­րակու­թիւն, այլ պա­տերազ­մը կան­խե­լու հա­մար բո­լոր մի­ջոց­նե­րու գոր­ծադրու­թիւնը կը պա­հան­ջէ։ Այս հա­մոզու­մը որ­դեգրած եմ անա­սուն փո­խադ­րող վա­կոն­նե­րու մէջ վե­րապ­րած հօր­մէս։ Տա­կաւին 1992-ին էր, երբ ամէն ան­գամ որ կը վե­րադառ­նա­յի Իս­րա­յէլի պե­տու­թեան Կա­զայի բնա­կիչ­նե­րուն դէմ գոր­ծադրած բռնու­թեան մա­սին տե­ղեկա­գիր­նե­րով, հայրս կ՚ըսէր հե­տեւեալը. «Այո, այս մեր ապ­րա­ծին նման ցե­ղաս­պա­նու­թիւն մը չէ, բայց մե­րինը 5-6 տա­րուայ ըն­թացքին աւար­տին հա­սաւ։ Պա­ղէս­տինցի­ներու հա­մար այս զլու­մը տաս­նեակ տա­րիներ անընդհատ կը շա­րու­նա­կուի»։ Յա­րատեւ Նակ­պա մը, աղէտ։

Դուք գեր­մա­նացի­ներ վա­ղուց դա­ւաճա­նած էք ձեր պա­տաս­խա­նատո­ւու­թեան։ Դա­ւաճա­նած էք իմ ծնող­նե­րուս ըն­տա­նիք­նե­րուն կո­տորա­ծէն եւ վե­րապ­րողնե­րու տա­ռապան­քէն բխող ձեր պա­տաս­խա­նատուու­թեան։ Գրա­ւող, կե­ղեքող, մարդկանց ըմ­պե­լի ջու­րը զրկող, հո­ղերը գո­ղացող, աւե­լի քան 2 մի­լիոն կա­զացին վան­դա­կի մը մէջ բան­տարկող, տու­ներնին հիմ­նա­յատակ ընող եւ Իս­րա­յէլա­ցի բե­կոր­նե­րու պատ­ճա­ռած սար­սա­փը խրա­խու­սող Իս­րա­յէլին ուղղո­ւած զօ­րակ­ցութեամբ դա­ւաճա­նեցիք։

Եւ այս բո­լորը ձեր արեւմտեան այլ առաջ­նորդնե­րու գրկա­շոյան­քին տակ կա­տարո­ւեցան։

Բա­զում դի­ւանա­գէտ­ներ, բա­զում զար­գացման հաս­տա­տու­թեան աշ­խա­տող­ներ Իս­րա­յէլի գո­ռոզ բռնու­թիւնը, հա­սարակ ժո­ղովուրդը, եր­բեմն մերթ ընդ մերթ, եր­բեմն ալ հո­սանքնե­րու բնոյ­թով կո­տորե­լը պատ­մե­ցին։ Պա­ղէս­տինցի մար­դու իրա­ւունքնե­րու պաշտպան­նե­րը կրկին ու կրկին ան­գամներ Իս­րա­յէլի այս ռազ­մա­վարու­թեան ան­կանխա­տեսե­լի հե­տեւանքնե­րու մա­սին զգու­շա­ցու­ցին։ Իս­րա­յէլա­ցի հրեայ ակ­տի­ւիստներն ալ զգու­շա­ցու­ցին ձեզ։

Բայց դուք անդրդո­ւելի մնա­ցիք։ Իս­րա­յէլին խոս­տա­ցաք թէ ամէն ինչ կար­գին է եւ ոչ ոք զի­րենք պի­տի պատ­ժէ։ Իս­րա­յէլի չը­սիք թէ գրաւ­ման տակ բնա­կանոն կեանք մը կա­րելի չէ։ Անոր փո­խարէն Իս­րա­յէլի պե­տական քա­ղաքա­կանու­թիւնը քննա­դատող­նե­րը հա­կասե­միթ հռչա­կեցիք։ Ո՜չ, այս գրու­թիւնը զի­նեալ Համա­սական­նե­րու խե­լագար յար­ձա­կու­մը ար­դա­րաց­նե­լու հա­մար չէ գրո­ւած։ Այս յօ­դուա­ծը կոչ մըն է բա­ցի ներ­կայ կոր­ծա­նիչ պա­տերազ­մէ, մի­լիոնա­ւոր իս­րա­յէլա­ցի, պա­ղէս­տինցի, լի­բանան­ցի կամ սու­րիացի­ներու մատ­նո­ւած աղէ­տը կան­խե­լու համար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ