Կինը սպառման եզրին

ՔՈՒՐԹՈՒԼՈՒՇ ՊԱՇԹԸՄԱՐ

bastimar.kurtulus@gmail.com

Այսօր ձե­զի հետ կը կի­սեմ գիրք մը, որ իմ վրայ խոր տպա­ւորու­թիւն թո­ղած է։ Գիր­քի հե­ղինակն է Նե­վալ էլ Սետ­տա­վի, որուն անու­նը այսքան ուշ իմա­նալու ամօ­թը կ՚ապ­րիմ։ Ան կին մըն է, որ յա­ջողած է վա­խի պա­տերը քա­րու­քանդ ընել։ Կին մը՝ որ յա­ջողած է կի­ները գե­րի դարձնող ամուսնու­թեան հա­մակար­գէն դուրս բե­րել եւ մէկ­տե­ղել արիու­թեան լամ­բա­րի մը շուրջ։ Քաջ ամէն կին պար­տա­ւոր է մեռ­նե­լու։ Ստրկու­թեան հա­մակար­գի խաբ­կանքնե­րը բա­ցայայ­տե­լը խիստ վտան­գա­ւոր է եւ բա­ցայայ­տո­ղը պէտք է մեռ­նի։ Անոնք կը մեռ­նին ոչ թէ մա­հացու յան­ցանք մը գոր­ծած ըլ­լա­լուն, այլ իշ­խաննե­րու սու­տե­րը բա­ցայայ­տե­լուն հա­մար։ Այս մա­սին կը վկա­յէ վէ­պի հե­րոս­նե­րէն Ֆիր­տեւս, սու­տը իրո­ղու­թեամբ սպան­նե­լով։

Այս գիր­քը կար­դա­լով կը տես­նենք որ իշ­խա­նաւոր­նե­րը ոչ միայն ժո­ղովուրդը, այլ Աս­տո­ւածն ալ խա­բել կը փոր­ձեն։ Այ­րիշխան մտայ­նութիւ­նը կի­ները հսկե­լու հա­մար անոնց իմաս­տը կը սահ­մա­նափա­կէ խո­հանո­ցի ու ան­կողնի տա­րած­քով։ Այդ մտայ­նութիւ­նը քայլ առ քայլ կի­ները վե­րածած է սե­ռային իրի մը։ Հնա­րած է ցո­փու­թիւն կո­չուած արո­ւես­տը եւ գի­տէ թէ կի­նը եթէ սի­րէ, եթէ վստա­հի որ­քան ծանր կը հա­տու­ցէ։ Ցո­փու­թիւնը աւե­լի քիչ վի­րաւո­րական է, քան սի­րելը։ Ցո­փու­թեան պա­հուն կի­նը իր մար­մի­նը որոշ ար­ժէ­քի մը փո­խարէն կը մա­տու­ցէ։ Այդ մա­տուցման ըն­թացքին ինք կրնայ պա­տեանին մէջ պատսպա­րուիլ։ Բայց սի­րելը տար­բեր է կ՚ըսէ Ֆիր­տեւս։ Սի­րելով ինչ որ ու­նի ան­փո­խադարձ կը մա­տու­ցէ։ Ահա­ւասիկ այս է վի­րաւո­րակա­նը։

Ֆիր­տեւսը ցո­փու­թեան դա­տապար­տո­ղը իր հա­րազատ հայրն ու հօ­րեղ­բայրն են։ Ան կը փոր­ձէ ձեր­բա­զատուիլ փո­ղոցի կեան­քէն, բայց այ­րիշխան հա­մակար­գը կը զլա­նայ ել­քի մի­ջոցը։ Ամէն այր կը շա­հագոր­ծէ անոր ան­մե­ղու­թիւնը։ Մինչդեր պա­տանու­թեան շրջա­նին դպրո­ցի յա­ջողա­գոյնն էր։

Հե­ղինա­կը մեծ յա­ջողու­թեամբ կը բնու­թագրէ նա­հապե­տական ըն­տա­նեկան յա­րաբե­րու­թիւննե­րու մէջ ան­հա­տին քայլ առ քայլ սպա­ռու­մը։ Շնչաս­պառ կը կար­դանք այս գիր­քը, քա­նի որ բան­տախցի­կի մէջ կա­խաղան ել­լե­լու պա­հը սպա­սող Ֆիր­տեւսի խօս­քե­րը ընդհա­տելու ժա­մանակ չու­նինք։ Ան կար­ծես կ՚աղա­ղակէ «Քիչ անց զիս պի­տի կա­խեն, գիր­քը մի՛ թող, տա­կաւին ըսե­լիք ու­նիմ»։

Կեան­քը հեզ ու ամչկոտ կին մը կարծրա­ցու­ցած է։ Իրա­կանու­թեան մէջ գո­յատեւ­ման պայ­մանն է այդ կարծրա­ցու­մը։ Կ՚ու­զէ այս կեան­քէն փրկո­ւիլ եւ սկզբունքնե­րուն հա­ւատա­րիմ մարդկանց հետ ըլ­լալ։ Կը ծա­նօթա­նայ Իպ­րա­հիմի հետ, որ իս­կա­կան յե­ղափո­խական մըն է։ Բայց հա­զիւ մէկ օր անց կը յայտնա­բերէ թէ Իպ­րա­հիմ ար­դէն ամուսնա­ցած է եւ ճա­ռախօ­սու­թիւննե­րու ժա­մանակ ար­տա­սանած կամ քա­րոզած տե­սու­թիւննե­րուն բո­լորո­վին հա­կառակ կեանք մը կ՚ապ­րի։ Այս իմա­նալէ ետք կը հաս­տա­տէ՝ սկզբունքի տէր յե­ղափո­խական­ներն ալ տար­բեր չեն։ Ու­րիշնե­րուն փո­խար­ժէ­քը հա­տու­ցե­լով ապա­հովա­ծը անոնք խո­րաման­կութեամբ ձեռք կը բե­րեն։

Այս բո­լորէն ետք հա­սարակ կա­ւատի մը յա­նուն հայ­րե­նասի­րու­թեան ցո­փու­հի մը կա­րեւոր անձնա­ւորու­թեան մը ան­կո­ղինը առաջ­նորդե­լուն չափ սնա­մէջ էր ամէն բան։ Օրէնքնե­րը կի­ները պատ­ժե­լու եւ անոնց աչ­քե­րը շլաց­նե­լով կոյր դարձնե­լու կը ծա­ռայեն միայն։

Այդ գի­տակ­ցութիւ­նը հիւ­սած կի­նը, երբ կ՚ու­զէ նաեւ իր հա­մոզումնե­րը բաժ­նել ու­րիշնե­րուն հետ, բնա­կանա­բար վախ կը պատ­ճա­ռէ ոս­տի­կան­նե­րուն, իշ­խա­նու­թիւնը ներ­կա­յաց­նողնե­րուն եւ հետզհե­տէ բո­լորին։

Այս գիր­քը կնոջ իշ­խա­նու­թեան եւ անոր սու­տե­րուն, ստա­խօս թեր­թե­րուն, լրա­տուա­միջոց­նե­րուն կեղ­ծա­ւորու­թիւնը հրա­պարա­կելով ինչպէս ան­վախ հսկա­յի մը վե­րածո­ւելուն ապա­ցոյցն է։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ