Լոս Անճելըսի Քաղաքապետ Պես երեք հայեր քաղաքային յանձնաժողովներու անդամ նշանակեց

Լոս Ան­ճե­լըսի քա­ղաքա­պետ Քե­րըն Պես, որ իշ­խա­նու­թեան փո­խան­ցումի իր խումբին մէջ նե­րառած էր նաեւ Արեւմտեան Ամե­րիկա­յի Հայ Դա­տի յանձնա­խումբի ատե­նապետ իրա­ւաբան Նո­րա Յով­սէ­փեանը, երեք հայ ար­հեստա­վարժներ եւս նշա­նակեց քա­ղաքա­յին յանձնա­ժողով­նե­րու ան­դամ։

Ար­դա­րեւ Պես, որ միշտ զօ­րակ­ցած է հա­յու­թեան յատ­կա­պէս Քա­լիֆոր­նիոյ նա­հան­գա­յին խորհրդա­րանի եւ Միացեալ Նա­հանգնե­րու Ներ­կա­յացու­ցիչնե­րու տան իր ան­դա­մակ­ցութեան օրե­րուն՝ Փո­խադ­րա­կան հար­ցե­րու յանձնա­ժողո­վի ան­դամ նշա­նակեց Վի­գէն Դա­ւիթեանը, որ այդ մար­զին մէջ 41 տա­րինե­րու փոր­ձա­ռու­թիւն ապա­հոված է։

Պես նաեւ Կա­նանց իրա­վիճա­կի յանձնա­ժողո­վի ան­դամ նշա­նակեց դոկտ. Լու­սիկ Դա­նիէլեանը, որ Հայ Դա­տի եր­կար տա­րինե­րու գոր­ծիչ է ու Լոս Ան­ճե­լըսի Հայ Դա­տի յանձնա­խումբին անդրա­նիկ գոր­ծա­դիր վա­րիչը հան­դի­սացած է։

Քա­ղաքա­պետը նաեւ Նա­րեկ Կուրտի­կեանը նշա­նակեց Հա­րաւա­յին հո­վիտի ծրագ­րումի յանձնա­ժողո­վի ան­դամ։ Կուրտի­կեան յատ­կանշա­կան փոր­ձա­ռու­թիւն ու­նի բնա­կարա­նաշի­նու­թեան մար­զին մէջ։

Այս առի­թով, Յով­սէ­փեան շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնեց քա­ղաքա­պետին, որ քա­ղաքին ամե­նէն աշ­խոյժ հա­մայնքնե­րէն մէ­կը հան­դի­սացող հա­յու­թեան ար­ժա­նի այս նշա­նակումնե­րը կա­տարեց։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ