Դիրքորոշումներու յստակացում

Հայաստա­նի հան­րա­պետու­թիւնը իր հիմ­նարկու­թե­նէն այս կողմ առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով վե­րատե­սու­թեան կ՚են­թարկէ երկրի մի­ջազ­գա­յին յա­րաբե­րու­թիւննե­րու մէջ որ­դեգրե­լիք դիր­քո­րոշու­մը։

Ինչպէս ծա­նօթ է, հայ ժո­ղովուրդը վեր­ջին տա­րինե­րուն մեծ յու­սա­խաբու­թիւն կ՚ապ­րի իր անվտան­գութիւ­նը ամ­բողջո­վին Ռու­սաստա­նի հո­վանա­ւորու­թեան թո­ղած ըլ­լա­լու աւան­դա­կան ռազ­մա­վարու­թեան բեր­մամբ։

Այս յու­սա­խաբու­թիւնը իր ար­ձա­գան­գը կը գտնէ նաեւ կա­ռավա­րու­թեան որո­շումնե­րուն վրայ։ Ար­դա­րեւ կա­ռավա­րու­թիւնը երկրի անվտան­գութիւ­նը ապա­հովե­լու հա­մար կը փոր­ձէ այ­լընտրան­քա­յին հար­թակներ շա­հագոր­ծել։

Եւ­րո­պական Միու­թեան հա­ւանա­կան աջակ­ցութեան վե­րաբե­րեալ Պրիւքսէ­լի 13 Նո­յեմ­բե­րի քննար­կումնե­րէն ետք՝ 14 Նո­յեմ­բե­րին, Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թիւնը հա­ղոր­դեց, որ վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեան պի­տի չմաս­նակցի յա­ջորդ շա­բաթ Մինսքի մէջ տե­ղի ու­նե­նալիք ՀԱՊԿ-ի խոր­հուրդի նիս­տին։

Մինսք չմեկ­նե­լու որոշ­ման մա­սին Փա­շինեան յայտնեց Պե­լառու­սի նա­խագահ Ալեք­սանդր Լու­քա­շէն­քո­յին։ Ըստ կա­ռավա­րու­թեան փո­խան­ցած տե­ղեկու­թեան՝ հե­ռաձայ­նա­յին զրոյ­ցը կա­տարո­ւեցաւ պե­լառուս կող­մին նա­խաձեռ­նութեամբ։ Փա­շինեան յայտնեց, թէ ինք յոյս ու­նի, որ ՀԱՊԿ-ի գոր­ծընկեր­նե­րը ըմբռնու­մով կը վե­րաբե­րին։

Աւե­լի կա­նուխ, հայ-ռու­սա­կան ակնյայտ լա­րուած յա­րաբե­րու­թիւննե­րու լոյ­սին տակ, Անվտան­գութեան խոր­հուրդի քար­տուղա­րը եւս հրա­ժարե­ցաւ մաս­նակցե­լէ ԱՊՀ-ի գոր­ծընկեր­նե­րու հա­ւաքին։

Իսկ նա­խորդ ամիս, Փա­շինեան չմեկ­նե­ցաւ նաեւ Պիշ­կեք՝ մաս­նակցե­լու ԱՊՀ-ի գա­գաթ­նա­ժողո­վին։

Բա­ցի ՀԱՊԿ-ի նիս­տե­րը պոյ­քո­թի են­թարկե­լէ, ամիս­ներ առաջ Հա­յաս­տան հրա­ժարե­ցաւ կա­ռոյ­ցին մէջ ընդհա­նուր փոխ­քարտու­ղա­րի իր իրա­ւունքէն, ապա ետ կան­չեց իր դես­պա­նը եւ ցարդ նո­րը չէ նշա­նակած։ Տա­րես­կիզբին ալ Երե­ւան մեր­ժեց հիւ­րընկա­լել ռազ­մա­կան դա­շին­քի զօ­րավար­ժութիւննե­րը։

Իշ­խա­նական պատ­գա­մաւոր Ար­ման Եղո­յեան վե­րահաս­տա­տեց, որ կա­ռավա­րու­թիւնը այս պա­հուն ո՚չ ՀԱՊԿ-էն, ո՛չ ալ ԵԱՏՄ-էն դուրս գա­լու հարց կը քննար­կէ։

Միւս կող­մէ Ռու­սաստա­նի, Ատրպէյ­ճա­նի եւ Թուրքիայի պա­տուի­րակու­թիւննե­րը չեն գրան­ցո­ւած Երե­ւան ԵԱՀԿ ԽՎ աշ­նա­նային նստաշրջա­նին մաս­նակցե­լու հա­մար։ Այդ մա­սին Հան­րա­յին հե­ռուստաըն­կե­րու­թեան տո­ւած հար­ցազրոյ­ցին յայ­տա­րարած է ԱԺ ար­տա­քին յա­րաբե­րու­թիւննե­րու մշտա­կան յանձնա­ժողո­վի նա­խագահ, «Քա­ղաքա­ցիական պայ­մա­նագիր» կու­սակցու­թեան պատ­գա­մաւոր Սար­գիս Խան­դա­նեանը։

Յի­շեց­նենք՝ ԵԱՀԿ Խորհրդա­րանա­կան վե­հաժո­ղովի աշ­նա­նային նստաշրջա­նը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Երե­ւան, Նո­յեմ­բե­րի 18-20-ին։ Հա­յաս­տան կը ժա­մանեն 50 երկրնե­րու շուրջ 300 պա­տուի­րակ­ներ։

Ռու­սաստա­նի, Ատրպէյ­ճա­նի եւ Թուրքիոյ պատ­գա­մաւոր­նե­րը չեն հաս­տա­տած իրենց մաս­նակցու­թիւնը։ Թէեւ ատրպէյ­ճանցի պա­տուի­րակ­նե­րը նա­խապէս բարձրա­ցու­ցած են անվտան­գութեան երաշ­խա­ւոր­ման հար­ցը, իսկ Հա­յաս­տա­նի ԱԺ-ը պատ­րաստա­կամու­թիւն յայտնած է երաշ­խա­ւորել անվտան­գութիւ­նը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ