Հայ մամուլը այսօր

Կանխաւ ըսեմ, հայ մամուլը տնտեսական առու­մով բա­ւակա­նին դժո­ւար շրջան մը կը բո­լորէ։ Այս հաս­տա­տու­մէն ետք փոր­ձենք ընդհա­նուր պատ­կե­րը նկա­րագ­րել։

Նախ բնու­թագրենք «Հայ մա­մուլ» եզ­րը։ «Ժա­մանակ» եւ «Մար­մա­րա» օրա­թեր­թե­րը, «Ակօս» շա­բաթա­թեր­թը, «Փա­րոս» ամ­սա­թեր­թը եւ «Լոյս» հե­ռուստա­կայա­նը։ Այս պա­հուն ընդգծենք հե­ռուստա­կայա­նի մը հա­ղոր­դումնե­րու բազ­մաբնոյթ դժո­ւարու­թիւննե­րը, բայց մենք աւե­լի շատ անդրա­դառ­նանք տպա­գիր մա­մու­լի։ Ներ­կայ պայ­մաննե­րու մէջ թուղթի, տպա­րանի հսկա­յական ծախ­սե­րու կող­քին, անձնա­կազ­մին ծանր բե­ռով ալ առանց որոշ կազ­մա­կեր­պութեան կամ հաս­տա­տու­թեան նե­ցու­կը վա­յելե­լու բա­ւակա­նին դժո­ւար է տպա­գիր մա­մու­լի յա­րատե­ւու­թիւնը։ Մա­նաւանդ երբ այդ մա­մու­լի ըն­թերցո­ղը փոք­րա­մաս­նութեան պատ­կա­նող խմբակ մըն է։

Փոր­ձենք յե­տադարձ ակ­նարկ մը։ Թէեւ այս աս­պա­րէզը ընդմիշտ դժուարու­թիւններ ու­նէր, բայց հիմ­նա­կան դժո­ւարու­թիւնը սկսաւ հա­մավա­րակի շրջա­նին։ Բո­լորին ծա­նօթ պատ­ճառնե­րով բա­ւական մեծ դժո­ւարու­թիւններ դի­մագ­րա­ւելով յա­ջողե­ցանք թեր­թի հրա­տարա­կու­թիւնը շա­րու­նա­կել։ Այդ շրջա­նին գլխա­ւորու­թեամբ Թուրքիոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րանի, նիւ­թա­կան կամ բա­րոյա­կան աջակ­ցութիւն ցու­ցա­բերող բո­լորին երախ­տա­պարտ ենք։

Բուն դժո­ւարու­թիւնը սկսաւ հա­մավա­րակէ ետք եւ իրա­րայա­ջորդ կեր­պով։ Նախ թրքա­կան լի­րայի զգլխե­ցու­ցիչ ար­ժեզրկու­մը, ապա թուղթի ու տպագ­րա­կան ծախ­սե­րու ահ­ռե­լի սղա­ճը, հետզհե­տէ կեան­քը ան­տա­նելի դար­ձո­ւած ինչպէս ան­հա­տաբար բո­լորիս, նոյնպէս ալ թեր­թե­րու հա­մար։

Այս հա­մայ­նա­պատ­կե­րի վրայ «Մար­մա­րա» եւ «Ժա­մանակ» թեր­թե­րը տնտե­սական ճգնա­ժամի հե­տեւան­քով գո­յացած դժո­ւարու­թիւննե­րուն յա­ճախ անդրա­դար­ձան իրենց առա­ջին էջե­րուն վրայ։ Այդ նոյն շրջա­նին հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րու վար­չութիւննե­րու ընտրու­թեան իրա­կանա­ցու­մը յոյ­սի նշոյլ մը եղաւ։ Ար­դա­րեւ հսկայ գու­մարներ ղե­կավա­րող ընտրու­թեան գա­ցող հաս­տա­տու­թիւննե­րը գո­նէ նա­խընտրա­կան շրջա­նին սկսան մա­մու­լին օժան­դա­կու­թիւն խոս­տա­նալ։

Այստեղ կ՚ար­ժէ յի­շել այն կէ­տը, ըստ որու թեր­թե­րը կղպակ­նե­րու վա­ճառ­քով չեն կրնար իրենց ծախ­սե­րը հո­գալ։ Անհրա­ժեշտ է ծա­նու­ցումնե­րու եւ գո­վազդնե­րու եկա­մու­տը։

Ահա այդ շրջա­նին, այ­սինքն ընտրու­թիւննե­րէն ետք թէեւ քա­նի մը ու­շագրաւ զար­գա­ցումներ նկա­տեցինք, բայց ապա ամէն ինչ խո­տոր ըն­թա­ցաւ։ Հիմ­նարկնե­րը հետզհե­տէ սկսան իրենց ծա­նու­ցումնե­րուն հա­մար «Ինստակ­րամ»ի էջե­րէն օգ­տո­ւիլ։ Նոյ­նը պա­տահե­ցաւ նաեւ մա­հազդնե­րու պա­րագա­յին։ Հա­սարա­կու­թիւնը նա­խընտրեց մա­հազդնե­րը ցրի հրա­տարա­կող «Ինստակ­րամ»ի ծա­ռայու­թիւնը։ Հա­սարա­կու­թեան հա­մար առար­կե­լու իրա­ւունք չու­նինք։ Թե­րեւս ալ խնա­յողու­թեան մի­ջոց մըն է «Ինստակ­րամ»ի մա­հազդնե­րը։ Բայց նո­րեն ալ հա­մոզո­ւած ենք թէ որոշ լու­ծումներ կա­րելի է, քա­նի որ այդ ազ­դե­րը կեն­սա­կան նշա­նակու­թիւն ու­նին։

Բայց հա­սարա­կական հաս­տա­տու­թիւննե­րու հա­մար խնդի­րը տար­բեր է։ Վե­րատի­րացո­ւած կա­լուած­նե­րով կամ հա­տու­ցումնե­րով որոշ եկա­մուտ ապա­հոված եւ այդ եկա­մու­տով -բա­րեբախ­տա­բար- նիւ­թա­կան կա­րիքի մատ­նո­ւած դպրոց­նե­րուն աջակ­ցող հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րուն մա­մու­լի հան­դէպ ան­փութու­թիւնը իս­կա­պէս ալ ան­հասկնա­լի է։ (Այստեղ պար­տինք նշել Գա­րակէօզեանի խնա­մակա­լու­թեան բա­րեացա­կամու­թիւնը։ Ինչպէս ծա­նօթ է, անոնք եռամ­սեայ հեր­թա­կանու­թեամբ կ՚աջակ­ցին հայ մա­մու­լին)։

Մենք ալ յա­ճախ կը լսենք «Այ­լեւս ոչ մէ­կը թերթ կը կար­դայ» ի նման խօս­քե­րը։ Սա­կայն հայ մա­մու­լը, ինչպէս հայ դպրո­ցը այս հո­ղերու վրայ պատ­մա­կան ան­ցեալ եւ ձե­ւաւո­րուած աւան­դութիւն մը ու­նի։ Ու­րեմն հա­սարա­կու­թեան հայ մա­մու­լի հան­դէպ «Ի՞նչ ընենք, ներ­կայ ժա­մանակ­նե­րը այսպէս են» ըսե­լով ան­տարբեր մնա­լը իս­կա­պէս ցա­ւալի է։

Նա­խորդ շա­բաթ անդրա­դար­ձած էինք թէ պե­տական ազ­դե­րը բաշ­խե­լով պաշ­տօ­նակո­չուած Մա­մու­լի Ծա­նու­ցումնե­րու Հաս­տա­տու­թիւնը այս տա­րի ալ ան­տե­սած է փոք­րա­մաս­նա­կան մա­մու­լը։

Սա ալ պար­տինք նշել, թե­րեւս ալ մեր քա­ղաքա­կան կար­ծիքնե­րը կամ դիրք գրաւ­ման եղա­նակ­նե­րը ոմանց հա­մար հա­ճելի չեն թո­ւիր։ Թե­րեւս ոմանք բար­կա­ցու­ցած ըլ­լանք։ Այս բա­ները կեան­քի բնա­կան երե­ւոյթներ են եւ ար­դէն մա­մու­լի ալ գլխա­ւոր առա­քելու­թիւնը։

Վեր­ջա­պէս նշենք որ ներ­կայ ըն­թացքը մե­զի հիաս­թա­փու­թեան կ՚առաջ­նորդէ։

Նա­խորդ շա­բաթ ԷՐ­ՎԱՊ-ի կազ­մին գոր­ծող Ելմտա­կան Յանձնա­խումբը մա­մու­լի ներ­կա­յացու­ցիչնե­րուն հետ խորհրդակ­ցութիւններ ու­նե­ցաւ։ Տես­նենք թէ այս բո­լորէն նոր մեր­ձե­ցում մը պի­տի գո­յանա՞յ թէ ոչ։

Յու­սանք եւ սպա­սենք։

«ԱԿՕՍ»Ի ՈՍՊՆԵԱԿԷՆ

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ