Երեւան մեկնարկեց «Կողք կողքի» 4-րդ միջազգային ներառական երաժշտական փառատօնը

ՄԱՐԻ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

Դեկտեմբե­րի 1-ին Երե­ւան մեկ­նարկեց «Կողք կող­քի» 4-րդ մի­ջազ­գա­յին նե­րառա­կան երաժշտա­կան փա­ռատօ­նը։ Նշենք, որ փա­ռատօ­նը կը մեկ­նարկէ առանձնա­յատուկ կա­րողու­թիւններ ու­նե­ցող երա­խանե­րուն եւ պա­տանի­ներուն նկար­չա­կան եւ ձե­ռագործ աշ­խա­տանքնե­րը ցու­ցա­հան­դէ­սով։ Յ. Թու­մա­նեան թան­գա­րանի «Ռո­տոն­դա» նե­րառա­կան թա­տերա­խումբը հան­դէս եկած է «Էս­պէս չի մնա­յ» ըստ Յ. Թու­մա­նեանի/ ներ­կա­յացու­մով։ Տե­ղի ու­նե­ցած են հա­մերգ եւ «Ամբրե­լա» ռու­սաստա­նեան նե­­րառա­­կան նա­­խագ­­ծի յաղ­­թող ճանչցո­­ւած հայ մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րու մրցա­­նակա­­բաշ­­խութեան արա­­րողու­­թիւնը։

ՀՀ կրթու­­թեան, գի­­տու­­թեան, մշա­­կոյ­­թի եւ սպոր­­տի նա­­խարա­­րի տե­­ղակալ Դա­­նիէլ Դա­­նիէլեանը հրա­­­շալի եւ կա­­­րեւոր որա­­­կեց այն։ «Գա­­­լով «Կողք կող­­­քի» փա­­­ռատօ­­­նին՝ կ՚ու­­­զե­­­­­­­նայի ող­­­ջունել անոր անու­­­նը՝ ոչ թէ դէմ դի­­­մաց, այլ կողք կող­­­քի։ Սա կը նշա­­­նակէ, որ հա­­­սարա­­­կու­­­թեան բո­­­լոր շեր­­­տե­­­­­­­րով պէտք է կողք կող­­­քի ըլ­­­լանք»,-ըսաւ փոխ­­­նա­­­­­­­խարա­­­րը։

«Կողք կող­­­քի» 4-րդ մի­­­ջազ­­­գա­­­­­­­յին նե­­­րառա­­­կան երաժշտա­­­կան փա­­­ռատօ­­­նի ղե­­­կավար Նա­­­յիրա Սարգսեանի խօս­­­քով. «Փա­­­ռատօ­­­նը ընդգրկած է զար­­­գացման տար­­­բեր առանձնա­­­յատ­­­կութիւննե­­­րով շուրջ 150 մաս­­­նա­­­­­­­կից։ Փա­­ռատօ­­նի գլխա­­ւոր նպա­­տակն է բա­­ցայայ­­տել, զար­­գացնել եւ նպաս­­տել նե­­րառա­­կան մտա­­ծողու­­թիւնը հա­­սարա­­կու­­թեան մէջ։ Այս տա­­րի փա­­ռատօ­­նը ընդգրկած է նաեւ թա­­տերա­­րուեստ եւ պա­­րարո­­ւես­­տը, փա­­ռատօ­­նի շրջա­­նակին անցկա­­ցուե­­լու են վար­­պե­­­տաց դա­­սեր։ Հրա­­ւիրո­­ւած են ֆրան­­սա­­­յէն, գեր­­մա­­­նիայէն, ռու­­սաստա­­նէն եւ վրաս­­տա­­­նէն նե­­րառա­­կանու­­թեան ոլոր­­տի բարձր մաս­­նա­­­գիտա­­կան որակ­­ներ ու­­նե­­­ցող մաս­­նա­­­գէտ­­նե­­­ր»։

Իսկ Դեկ­­տեմբե­­րի 3-ին՝ ՄԱԿ-ի Գլխա­­ւոր ասամբլեայի կող­­մէ հռչա­­կուած Հաշ­­մանդամ­­նե­­­րու մի­­ջազ­­գա­­­յին օրը, Ա. Սպեն­­դիարեանի անո­­ւան օփե­­րայի եւ պա­­լէի ազ­­գա­­­յին ակա­­դէմիական թատ­­րո­­­նին տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ «Կողք կող­­քի» 4-րդ մի­­ջազ­­գա­­­յին նե­­րառա­­կան երաժշտա­­կան փա­­ռատօ­­նի կա­­լա հա­­մեր­­գը։ Հա­­մեր­­գին ներ­­կայ էին ՀՀ վար­­չա­­­պետի տի­­կին Ան­­նա Յա­­կոբեան, Կրթու­­թեան, գի­­տու­­թեան, մշա­­կոյ­թի եւ սպոր­տի նա­խարա­րի տե­ղակալ Դա­նիէլ Դա­նիէլեանը, պաշ­տօնատար ան­ձինք, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան մէջ դի­ւանա­գիտա­կան առա­քելու­թիւններ իրա­կանաց­նող կա­ռոյցնե­րու ներ­կա­յացու­ցիչներ, հիւ­րեր։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ