Օկիւն Սամսամթ կը հրաժարի իր անունէն

Հրանդ Տին­քի ոճ­րա­գործ Օկիւն Սա­մասթ Տրա­պիզո­նի Աք­չա­ապատ գա­ւառի դա­տարա­նին դի­մելով պա­հան­ջեց անու­նը փո­խել։ Այս պա­հուն մե­զի ան­ծա­նօթ է թէ Սա­մասթ դա­տարա­նին ի՞նչ պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւն ներ­կա­յացուց անու­նը փո­խելու հա­մար։

16 տա­րի 10 ամիս ազա­տազրկու­մէ ետք Սա­մասթ ազատ ար­ձա­կուած, սա­կայն հա­կազ­դե­ցու­թիւննե­րու դի­մաց նոր մե­ղադ­րանքով մը կրկին ամ­բաստա­նուած էր։

Եթէ փաս­տա­ցի կեր­պով տե­ղեակ չենք՝ բայց գո­նէ կրնանք են­թադրու­թիւններ ընել՝ մա­նաւանդ նկա­տի ու­նե­նալով թէ բան­տէն ազատ ար­ձա­կուած պա­հուն իր ըն­տա­նիքէն ոչ ոք եկած էր զինք դի­մաւո­րելու։

Վեր­ջա­պէս այսքան չար համ­բաւ մը ապա­հոված անու­նը դժո­ւար է կրել մա­նաւանդ, երբ են­թա­կան կը տքնի այդ անու­նին առ­թած ճնշու­մին տակ։ Մի գու­ցէ ազ­գայնա­կան շրջա­նակ­նե­րու հա­մար պա­տուա­բեր այ­ցե­քարտ մը կրնայ ըլ­լալ Սա­մասթ ազ­գա­նու­նը, բայց կեան­քի նոր ու­ղի մը ճշդել ցան­կա­ցողի հա­մար շատ հասկնա­լի է այդ չար յի­շատա­կէն ձեր­բա­զատո­ւելու մար­մա­ջը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ