Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի առ Տէր փոխման 850-ամեակի առթիւ հանդիսութիւն Դպրոցներու տոկունութիւնը կը մնայ հարցական

Թուրքիոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քութեան եւ Թուրքիոյ Հայ Կա­թողի­կէ Առաջ­նորդու­թեան հա­մագոր­ծակցու­թեամբ շարք մը ծրա­գիր­նե­րով պի­տի յի­շատա­կուի Ս. Ներ­սէս Շնոր­հա­լի Հայ­րա­պետի առ Տէր փոխ­ման 850-ամեակը։

Այս շրջա­գիծով, 16 Դեկ­տեմբեր 2023, Շա­բաթ, ժա­մը 16.00-ին, Պէ­յօղլուի Կա­թողի­կէ Հա­յոց Ս. Աս­տո­ւածա­ծին Աթո­ռանիստ Եկե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Խա­ղաղա­կան Ժա­մեր­գութիւն եւ բա­նախօ­սու­թիւններ։ Հան­դի­սու­թեան պի­տի նա­խագա­հէ՝ Ն.Ա.Տ. Սա­հակ Բ. Պատ­րիարք Հայ­րը։

Պի­տի բա­նախօ­սեն՝ Թուրքիոյ Հայ Կա­թողի­կէ Վի­ճակա­ւոր Ար­հի. Տ. Լե­ւոն Ար­քեպս. Զէ­քիեան «Սուրբ Ներ­սէս Շնոր­հա­լի՝ հա­մաք­րիստո­նէական առանձնա­ցող մե­ծու­թիւն, ռահ­վի­րայ Եկե­ղեցի­ներու հա­մամիու­թեան» նիւ­թով եւ Պատ­րիար­քա­կան Փո­խանորդ Արժ. Տ. Գրի­գոր Աւ. Քհնյ. Տա­մատեան «Սուրբ Ներ­սէս Շնոր­հա­լի Հայ­րա­պետ՝ իր գրա­կան վաս­տա­կով» նիւ­թով։

Հան­դի­սու­թիւնը պի­տի գոր­ծադրուի հա­յերէ­նով եւ մուտքը ազատ է։ Կը նա­խատե­սուի յատ­կա­պէս հա­մայնքա­յին մար­միննե­րու, վար­ժա­րան­նե­րու, սա­նուց միու­թիւննե­րու, մամ­լոյ եւ մե­րազն ժո­ղովուրդի մաս­նակցու­թիւնը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ