Բռնութեան համաշխարհային թագաւորութիւնը

Թուրքիա վեր­ջին օրե­րուս կը ցնցո­ւի Ան­գա­րակիւ­ճիւ ֆութպո­լի ակումբի պե­տին դաշ­տի վրայ մրցա­վար մը ծե­ծելու նիւ­թով։

Ակումբի պե­տը չէր հա­մաձայ­նած մրցա­վարի որո­շումնե­րուն եւ դաշտ իջ­նե­լով բռունցքով հա­րուա­ծած էր ու զգետ­նած։ Վրայ հա­սած էին ակումբի պե­տի համ­բակնե­րը եւ անոք ալ աքա­ցիներ ար­ձա­կած գե­տին ին­կած մրցա­վարի գլխուն։ Ներ­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րը կ՚ընդվզի այս պա­տահա­ծին՝ ըսե­լով թէ «Թուրքիա ար­ժա­նի չէ նման դէպ­քի մը»։

Մինչդեռ երկրի ան­ցուդար­ձե­րու հա­րեւան­ցի ակ­նարկ մը իսկ կը վկա­յէ թէ պա­տահա­ծը որ­քան բնա­կան երե­ւոյթ մըն է։

Սա­կայն բռնու­թեան թա­գաւո­րու­թիւնը հետզհե­տէ հա­մաշ­խարհա­յին դար­ձած է։ 6 Հոկ­տեմբե­րէն այս կողմ Կա­զայի մէջ մա­հացող խա­ղաղ բնա­կիչ­նե­րու թի­ւը շու­տով կը հաս­նի 20 հա­զարի։ Այդ թի­ւի կէ­սէն աւե­լին կը կազ­մեն կա­նայք եւ երա­խանե­րը։

Այդ յար­ձա­կումնե­րը կա­սեց­նե­լու հա­մար ՄԱԿ-ի Անվտան­գութեան Խոր­հուրդի միաձայն որո­շու­մը չե­ղեալ հա­մարո­ւեցաւ ԱՄՆ-ի կող­մէ։

Պայ­տըն ան­վա­րան յայ­տա­րարեց թէ մին­չեւ վեր­ջին ՀԱ­ՄԱՍ-ակա­նի չէ­զոքա­ցու­մը պի­տի զօ­րակ­ցին Իս­րա­յէլին։ Նոյնպէս Իս­րա­յէլի ղե­կավար­ներն ալ ու­րա­նալու կա­րիք ան­գամ չեն զգար թէ այս կեղ­տոտ պա­տերազ­մի ըն­թացքին առա­տօրէն կ՚օգ­տա­գոր­ծեն մի­ջազ­գա­յին հա­մաձայ­նութեամբ ար­գի­լուած զէն­քեր, յատ­կա­պէս ալ ֆոս­ֆո­րային ռումբեր։

Հիւ­սիս Ատ­լանտեան դա­շին­քի ծա­ւալա­պաշտ ռազ­մա­վարու­թեան հե­տեւան­քով ծա­գած Ռուս- Ուկրաինա­կան պա­տերազ­մը տա­կաւին չէ յան­գած լու­ծումի մը եւ կը շա­րու­նա­կէ հետզհե­տէ աւե­լի նո­ւազ ու­շադրու­թեան ար­ժա­նանա­լով։

Ար­ցա­խի հար­ցը կտրուկ կեր­պով աւար­տին հա­սաւ ազ­գա­յին զտման քա­ղաքա­կանու­թեան շնոր­հիւ։ Ար­ցա­խահա­յու­թիւնը զրկո­ւեցաւ իր բնօր­րա­նէն։

Իւ­րա­քան­չիւրը հա­կամարդկա­յին այս զար­գա­ցումնե­րու մէջ որ­քան անի­մաստ է Թուրքիոյ Ներ­քին Գոր­ծոց Նա­խարար Ալի Եր­լի­քայա­յի ափ­սո­սան­քը։ Հար­ցումը պէտք է շրջենք հե­տեւեալ կեր­պով՝ «Հա­մաշ­խարհա­յին մարդկու­թիւնը ար­ժա­նի՞ է նման հա­մայ­նա­պատ­կե­րի»։

Այո՛ ընդվզու­մի ար­ժա­նի երե­ւոյթ մը կը տի­րէ, որուն մէջ պա­տաս­խա­նատո­ւու­թեան մեր բա­ժինը ու­նինք իւ­րա­քան­չիւրս։ Այն ինչ որ կը կա­տարո­ւի մեր սխալ ընտրու­թիւննե­րու հե­տեւանքն է։ Ու­րեմն աւե­լի ճիշդ հար­ցումը պի­տի ըլ­լայ. «Ինչպէ՞ս եղաւ որ այս աս­տի­ճան սխա­լեցանք»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ