Ցաւակցագիր

ՄԱՐԱԼ ՏԻՆՔ

Հեռուստա­կայան­նե­րը ոճ­րա­գոր­ծի ազատ ար­ձակման լու­րը կը սփռեն Սամ­սունի աւ­տո­կայա­նի ոս­տի­կանա­տան մէջ դրօ­շակ պար­զե­լու նկա­րով։ Այդ տե­սարա­նը նա­խապէս ալ տե­­սած էի, բայց միշտ ձայ­­նը ան­­ջա­­­տելով։ Յի­­շողու­­թեանս մէջ ձեռք մը կը շո­­յեր ոճ­­րա­­­գոր­­ծի քա­­մակը։ Այս ան­­գամ ձայ­­նա­­­ւոր կը լսեմ։ «Սանկ ժպտայ լաւ մը։ Ապ­­րի՛ս Օկիւն»։ Յե­­տոյ ու­­րիշ ձայ­­ներ։ «Վեր, աւե­­լի վեր բռնե­­ցէք դրօ­­շակը։ Կեց­­ցէ՛» եւ այլն։ Յե­­տոյ յե­­տոյ կռնա­­կին իջ­­նող հա­­րուած­­ներ, փաթ, փաթ…։ Սա ի՞նչ է, ար­­դեօք ատրճա­­նակի՞ տրա­­քում։

Պա­­տիժը յայտնի էր։ Թէեւ կը սպա­­սէինք, բայց դուրս շպրտած էինք յի­­շողու­­թե­­­նէն։ Թե­­րեւս ալ այդ պատ­­ճա­­­ռաւ յան­­կարծա­­կիի զգա­­ցու­­մը կ՚ապ­­րինք։ Յե­­տադարձ վեր­­յի­­­շեցինք՝ 19 Յու­­նո­­­ւար 2007, Հրանդ Տինք սպա­­նուած։ Եր­­բեք չեմ մոռ­­նար 2006-ի վեր­­ջին օրերն էին։ Հա­­մալ­­սա­­­րանի աւար­­տա­­­կան դա­­սարանն եմ։ Այդ օր ըն­­կե­­­րու­­հիս քննու­­թեան պա­­հուն ըն­­դօ­­­րինա­­կու­­թիւն մը ըրաւ եւ այդ յան­­ցանքն ալ նկա­­տուե­­ցաւ ու­­սուցի­­չի կող­­մէ։ Ու­­սուցի­­չը զինք կան­­չեց ու­­սուցչա­­նոց ու ես ալ չու­­զե­­­ցի առան­­ձին թո­­ղուլ զինք։ Եր­­կուքով կը սպա­­սենք դրան առ­­ջեւ, ի վեր­­ջոյ ու­­սուցի­­չը եկաւ սե­­նեակ եւ սկսաւ քննու­­թեան պա­­հուն ըն­­դօ­­­րինա­­կու­­թեան որ­­քան սխալ բան մը ըլ­­լա­­­լուն մա­­սին քա­­րոզ ճա­­ռել։ Այդ մի­­ջոցին յան­­կարծ ին­­ծի դար­­ձաւ եւ ըսաւ հե­­տեւեալը. «Եթէ կա­­նոն­­նե­­­րուն չհնա­­զան­­դիս Հրանդ Տին­­քի նման կը պատ­­ժո­­­ւիս»։ Սե­­նեակէն դուրս ել­­լե­­­լով իս­­կոյն հայրս փնտռած ու ըսած էի, որ պի­­տի լքեմ դպրո­­ցը։ Քա­­նի մը ամիս անց հօ­­րեղ­­բայրս սպան­­նե­­­ցին։ Այդ օր սե­­նեակի մէջ եւ աւե­­լի ետք ալ մեր բո­­լոր պա­­տահա­­կան հան­­դի­­­պումնե­­րուն միշտ խու­­սա­­­փեցանք իրա­­րու աչ­­քի մէջ նա­­յելէ։ Բայց գիտ­­ցէք որ սի­­րելի ու­­սուցիչ եր­­բեք դառ­­նա­­­ցած չեմ ձե­­զի։ Այդ օր ձեր ակ­­նարկա­­ծը, իբ­­րեւ թէ թրքու­­թիւնը նա­­խատած ըլ­­լա­­­լու հա­­մար Հրանդ Տին­­քի դէմ վճռո­­ւած վեց ամ­­սեայ բան­­տարկու­­թեան պա­­տիժն էր։ Գի­­տեմ որ շատ յու­­զո­­­ւած էք։ Ձեր ու­­զա­­­ծը այս չէր ան­­շուշտ։ Դուք ալ չէիք ու­­զեր որ այսպէս աւար­­տէր։

Կրկնե­­լը անի­­մաստ է։ Սա­­պիհա Կէօք­­չե­­­նի մա­­սին լու­­րը, յե­­տոյ Կու­­սա­­­կալու­­թեան հրա­­ւէրը սպա­­յակոյ­­տի յայ­­տա­­­րարու­­թիւնը, յա­­րու­­ցո­­­ւած դա­­տեր, պե­­տու­­թեան ամե­­նախոր խու­­ցե­­­րէն սպրդե­­լով, այդ դա­­տավա­­րու­­թիւննե­­րուն փու­­թա­­­ցող մար­­դիկ, «Ակօս»ի խմբագ­­րա­­­տան առ­­ջեւ բո­­ղոքի ցոյ­­ցեր…։

Դուք մե­­ղաւոր չէք։ Ուրկէ պի­­տի գիտ­­նա­­­յիք որ այսպէս պի­­տի ըն­­դա­­­նայ։ Ամ­­բողջ եր­­կիր մը սու­­տի վրայ հիմ­­նո­­­ւած էր եւ պատ­­մա­­­կան իրո­­ղու­­թիւննե­­րը ծամծմուած ու իբ­­րեւ թէ պատ­­մա­­­կան իրո­­ղու­­թիւն ըլ­­լայ, սեր­­տո­­­ւած էր սե­­րունդնե­­րուն։ Ես գի­­տեմ թէ այդ խօս­­քե­­­րը որո՞ւ թե­­լադ­­րանքով ար­­տա­­­սանե­­ցիք։ «Եթէ կա­­նոն­­նե­­­րուն չհնա­­զան­­դիս Հրանդի նման կը պատ­­ժո­­­ւիս»։ Այդ բա­­ցայայ­­տումը դա­­տի թղթած­­րարնե­­րուն մէ­­ջէն դուրս ելաւ։ Ո՞վ սպան­­նեց Հրանդ Տին­­քը։ Շատ յստակ էր այդ պա­­տաս­­խա­­­նը, 100 տա­­րեկան ոճ­­րա­­­գործ մը։ Ոճ­­րա­­­գործ մը՝ որ ան­­վա­­­րան կը կրկնէ. «Այ­­սօր ըլ­­լայ նոյ­­նը կ՚ընենք»։ Ոճ­­րա­­­գոր­­ծը հա­­ւանա­­բար կրկին կը պատ­­ժո­­­ւի։ Բայց ոճի­­րի պա­­տուի­­րատու­­ներն ալ կը պատ­­ժո­­­ւի՞ն։ Այդ 100 տա­­րեկան ոճ­­րա­­­գոր­­ծը դա­­սագիր­­քե­­­րէն դուրս եկած ազատ ու հա­­մար­­ձակ կը շրջի մեր մի­­ջեւ։ Ու­­րեմն հան­­գիստ չի կայ մե­­զի։ 2020-ի Սեպ­­տեմբե­­րին նոր փոր­­ձանքով մը փոր­­ձո­­­ւեցանք։ 30 տա­­րիէ ի վեր սպա­­սող պա­­տերազ­­մը ան­­գամ մը եւս դա­­կեց մեր դու­­ռը։ 44 օր տե­­ւեց այդ պա­­տերազ­­մը եւ Հա­­յաս­­տա­­­նի հե­­ռուստա­­կայա­­նը ամէն երե­­կոյ սեւ պաս­­տա­­­ռի վրայ սպի­­տակ տա­­ռերով ծա­­նու­­ցեց այդ օրո­­ւայ զո­­հերը։ Անուննե­­րը յի­­շելս ան­­կա­­­րելի է, բայց կը յի­­շեմ ծննդեան տա­­րեթի­­ւերը։ 2000-2001 պար­­տա­­­դիր զի­­նուո­­րական ծա­­ռայու­­թեան հա­­մար զօ­­րակո­­չուած սե­­րունդ մը կը ոչնչա­­նար մեր աչ­­քե­­­րուն առ­­ջեւ։ Անոնցմէ մէ­­կը ին­­կաւ իմ շատ մօտ բա­­րեկա­­մի սրտին։ Զի­­նադա­­դարի յայ­­տա­­­րարո­­ւած օրը, իր մօր հետ զի­­րար գրկե­­ցինք։ Վստահ էինք թէ պի­­տի յայտնա­­բերո­­ւի։ Շրջե­­ցանք մայ­­րա­­­քաղա­­քի բո­­լոր դիարան­­նե­­­րը։ 50 օր ետք, ի վեր­­ջոյ եկաւ, բայց ինքնու­­թիւնը ստու­­գե­­­լու հա­­մար կա­­րիք զգա­­ցին DNA-ի քննու­­թեան։ Մայ­­րը օր մը ըսած էր. «Տղուս մար­­մի­­­նը այ­­րած է, բայց ես նո­­րեն ալ բախ­­տա­­­ւոր կը սե­­պուիմ։ Միայն թեւ մը թա­­ղող­­ներ կան»։ Ծի­­ծաղե­­լի էր, երբ ձեռ­­քին տորթ մը առած, որ­­դւոյն տա­­րեդար­­ձի օրը կ՚եր­­թայ դէ­­պի Եռաբ­­լուր։

Ահա այս է։ Եթէ պի­­տի խե­­լագա­­րինք, ահա այսպէս։ Ի՞նչ ըսեմ։ Այդ տա­­րի դար­­ձեալ հրա­­ժարե­­ցայ տօ­­նածառ զար­­դա­­­րելէ։ Ապա ան­­ցաւ եւս երեք տա­­րիներ։ Թէեւ պա­­տերազ­­մը աւար­­տած էր, բայց ոչ ոք պատ­­կե­­­րացում մը ու­­նէր ար­­ցա­­­խահա­­յու­­թիւն ապա­­գայի մա­­սին։ Վերսկսաւ աւե­­լի քան ինը ամիս­­ներ շա­­րու­­նա­­­կող շրջա­­փակում մը։ Մա­­նուկներ սնունդի, հի­­ւանդներ դե­­ղորայ­­քի կա­­րօտ մնա­­ցին։ Եւ մեզ մո­­լորած­­նե­­­րուս հա­­մար յան­­կարծա­­կի նոր հա­­րուած մը…։

Եկուր շա­­րու­­նա­­­կու­­թիւնը դուն պատ­­մէ։ «Եթէ յան­­կարծ հար­­կադրո­­ւինք եր­­թա­­­լու, 1915-ի օրի­­նակով ճամ­­բայ պի­­տի ել­­լենք։ Մեր նախ­­նեաց մնան առանց գիտ­­նա­­­լու թէ ո՞ւր կ՚եր­­թանք։ Պի­­տի չգիտ­­նա­­­յինք թէ դէ­­պի ո՞ւր կ՚եր­­թանք։ Ճա­­նապար­­հը մեզ ո՞ւր կը տա­­նի։ Պի­­տի զգա­­յինք վիշտն ու սար­­սա­­­փը։ Այդպէս պի­­տի լքէինք մեր եր­­կի­­­րը»։ Անոնք գո­­նէ գի­­տէին թէ ո՞ւր պի­­տի եր­­թան։ Դուն մի՛ նե­­ղուիր։ Մենք մեր վիշ­­տը շալ­­կած կը քա­­լենք մեր գող­­գո­­­թան, առանց աղա­­ղակե­­լու։ Այ­­լեւս գի­­տենք մեր աղա­­ղակը լսե­­լի ալ չէ շատ ան­­գամ։

Շա­­րու­­նա­­­կեմ խօսքս տօ­­նածառ։ Այս տա­­րի վեր­­ջա­­­պէս որո­­շեցի հսկայ ծառ մը զար­­դա­­­րել։ Իւ­­րա­­­քան­­չիւր զարդ մը կը կպցնէի տօ­­նածա­­ռին Կա­­զայի մէջ մա­­նուկ մը կը մա­­հանար։ Ես աւար­­տե­­­ցի ծա­­ռը զար­­դա­­­րելու աշ­­խա­­­տան­­քը, բայց Պա­­ղէս­­տի­­­նի ռմբա­­կոծումնե­­րը դեռ կը շա­­րու­­նա­­­կուին։ Ծա­­ռին վրայ տեղ չմնաց։ Այնպէս կը թո­­ւի թէ, այդ ճիւ­­ղե­­­րէն մա­­նուկ մար­­միններ կա­­խուած են հի­­մա։ Մա­­նուկ մե­­րել­­ներ։ Լու­­սա­­­ճաճանչ։ Հայր Մեր, այս տա­­րի քու ծննդա­­վայր Բեթ­­ղե­­­հէմէն քա­­նի՞ մա­­նուկնե­­րու վրայ կրկին պի­­տի ծնիս։ Մեր ժա­­մանակ­­նե­­­րուն փոր­­ձանքնե­­րէն մէ­­կն է ըն­­կե­­­րային ցանց կո­­չուա­­ծը։ Ան­­խուսա­­փելի է ձեր­­բա­­­զատո­­ւիլ։ Հայր մը որդւոյն դիակը մէկ ձեռ­­քին, միւս ձեռ­­քով կը փոր­­ձէ ինքնան­­կար մը ստա­­նալ։ «Սել­­ֆի» կ՚ընէ, իբ­­րեւ վեր­­ջին յի­­շատակ։ Տե­­սախ­­ցի­­­կը աջ կը դարձնէ, ձախ կը դարձնէ, մին­­չեւ որ գտնէ իր ու­­զած դիր­­քը։ Այդ պա­­հուն մե­­րած երա­­խայի գլու­­խը մէկ աջ կը թե­­քուի, մէկ ձախ։

Ու­­րիշ երա­­խայ մը։ Ոս­­կորնե­­րը բե­­կանո­­ւած, դէմ­­քը արիւնլո­­ւայ, պատ­­գա­­­րակի վրայ լաց ու կո­­ծով մայ­­րը կը կան­­չէ։ Տա­­կաւին չէ գի­­տակ­­ցո­­­ւած, որ թէ մայ­­րը, թէ հայ­­րը մա­­հացած են։

Փլա­­տակ­­նե­­­րու տակ մերկ ոտ­­քեր կը տես­­նեմ։ Փոքր ու մեծ։ Ես այս տո­­ղերը գրե­­լու պա­­հուն անոնք կը շա­­րու­­նա­­­կեն շա­­տանալ։ Մե­­րօրեայ ու­­րո­­­ւական­­ներն են։ Հա­­զիւ մէկ մեթր հա­­սակով, սպի­­տակ սա­­ւան­­նե­­­րու փա­­թաթո­­ւած կը վա­­զեն մեր ետե­­ւէն։ Կա­­րելի չէ ան­­ցեալի ու­­րո­­­ւական­­նե­­­րէն փրկո­­ւիլ։ Ար­­հեստա­­կան բա­­նակա­­նու­­թիւնը որ ստեղ­­ծե­­­ցին, յայտնի է թէ ազ­­գէ ետք շատ աւե­­լի դիւ­­րին պի­­տի ըլ­­լայ փաս­­տե­­­րը քօ­­ղար­­կել։

Յան­­կարծ զիս կը մշտէ «Վա­­ղուայ Դէմքդ» անուն գիրքի հե­­ղինակ Խա­­ւիյէ Մա­­րիաս։ «Մարդկանց իրենց սե­­փական յան­­ցա­­­գոր­­ծութիւննե­­րը մոռ­­նա­­­լու ու­­նա­­­կու­­թիւնը ան­­սահման է։ Դիւ­­րաւ կը հա­­մոզո­­ւի թէ այ­­նինչ որ ըրած է, ինք չէ մե­­ղաւո­­րը։ Շա­­տերս մեծ վար­­պե­­­տու­­թեամբ կը ճո­­խաց­­նենք, կը հարստաց­­նենք մեր ինքնա­­կեն­­սագրու­­թիւնը»։

Մեր սե­­րունդը թե­­րեւս չգի­­տեր, Պա­­ղէս­­տի­­­նի հա­­կամար­­տութիւ­­նը 70 տա­­րուայ ան­­ցեալ մը ու­­նի եւ աւե­­լին։ Մար­­դուս կար­­ճա­­­տեւ կեան­­քին մէջ կա­­րելի է եր­­կու աշ­­խարհա­­մար­­տեր ապ­­րիլ։ Մօտ 100 մի­­լիոն զո­­հեր խլող եր­­կու աշ­­խարհա­­մարտ։ Մեզ նման մարդկանց հա­­մար ան­­հասկնա­­լի հա­­շիւ­­նե­­­րով ոմանք նոր ռազ­­մա­­­վարու­­թիւններ կը ձե­­ւաւո­­րեն, նոր ար­­շաւներ կը կազ­­մա­­­կեր­­պեն։ Վասն հո­­ղի, վասն դա­­սակար­­գե­­­րու շա­­հոյ­­թին։ Մենք սար­­սա­­­փով կը հե­­տեւինք։ Որ­­քան որ հե­­տեւինք, այնքան մե­­ղաւոր ենք ու պա­­տաս­­խա­­­նատու։ Եթէ աւար­­տին հաս­­նե­­­լու մօտ մտքիդ մէջ թթու համ մը պատ­­ճա­­­ռեց այս գրու­­թիւնը, մի՛ կար­­ծեր որ բո­­լորո­­վին ցնո­­րած եմ։ Թէեւ այս կո­­չը ին­­ծի չի վի­­ճակի, բայց ըն­­կերնե­­րէդ շա­­տը բանտն են։ Մէկ մա­­սը ստի­­պուած լքե­­ցին եր­­կի­­­րը։ Այսպէս կը վա­­րուին մե­­զի դէմ, լռե­­ցուր, բան­­տարկէ կամ երկրէն հե­­ռացուր։ Բայց ահա չենք վեր­­ջա­­­ցած։ Այս ծանր ճնշու­­մի տակ թե­­րեւս մեր ու­­ղեղնե­­րու որոշ մէկ հա­­տուա­­ծը վնա­­սուած ըլ­­լան։ Բայց գիտ­­ցիր որ պայ­­քա­­­րէն չենք դադ­­րած։ Դուն ալ մեզ­­մէ մի յու­­սա­­­հատո­­ւիր։ 19 Յու­­նո­­­ւարին ան­­գամ մը եւս քու ին­­կած տեղդ պի­­տի ըլ­­լանք, մեր ար­­դա­­­րու­­թեան պա­­հան­­ջը կրկնե­­լու հա­­մար։ Ար­­դար, հա­­ւասար ու ազատ կեան­­քի մը պա­­հան­­ջը աղա­­ղակե­­լու հա­­մար։ Անի­­րաւո­­ւած, սպա­­նուած, շի­­րիմը պղծո­­ւած բո­­լորին հա­­մար եւ քե­­զի հա­­մար։ Ինչպէս անցնող 17 տա­­րինե­­րը, եթէ պէտք է յա­­ռաջի­­կայ 17 տա­­րինե­­րուն ալ դար­­ձեալ հոս ենք, հոս պի­­տի մնանք։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ