Ճանապարհի բեմ՝ տեսարան ու ձայն – 4

ՍԱՂԱԹԵԼ ՊԱՍԻԼ

(Տարբերակ21)

Չոր­րորդ ներ­­­կա­­­­­­­յացումն է ար­­­դէն, սի­­­րելի՛ ըն­­­թերցող։ Նոյն ձե­­­ւով պի­­­տի սկսիմ, բայց նոյն ձե­­­ւով պի­­­տի չա­­­ւար­­­տեմ։ Առա­­­ջին տե­­­սարա­­­նը Հա­­­լէպի հսկայ բե­­­մին վրայ պի­­­տի կա­­­տարո­­­ւի, իսկ երկրորդ ու վեր­­­ջին տե­­­սարա­­­նը պի­­­տի ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նեմ Շո­­­ւէտի բե­­­մէն։ Շատ չեր­­­կա­­­­­­­րեմ, ու եկէք սկսինք. վա­­­րագոյ­­­րը բաց է։

Տե­­­սարան առա­­­ջին՝

Վայ­­­րը՝ Հա­­­լէպի քիչ մը լայն թաղ մը կամ ան­­­կիւն մը, ուր տե­­­ղաւո­­­րուած է ձմե­­­րուկնե­­­րով շի­­­նուած բուրգ մը կամ բուրգեր եւ կեն­­­դա­­­­­­­նի Ապուլհոլ[1] մը, որուն ձեռ­­­քը շատ յա­­­ճախ եր­­­կար դա­­­նակ մը կ՛ըլ­­­լայ։

Ժա­­­մանա­­­կը՝ ամառ­­­նա­­­­­­­յին որե­­­ւէ օր։ Նա­­­խընտրե­­­լի է, երբ արե­­­ւի տա­­­քու­­­թեան ազ­­­դե­­­­­­­ցու­­­թիւնը կայ, բայց ին­­­քը չկայ։

Դե­­­րասան­­­նե­­­­­­­րը՝

Պա­­­պաս, որ հա­­­կառակ յոգ­­­նած ըլ­­­լա­­­­­­­լուն՝ սիր­­­տը ճա­­­պաս[2] ու­­­զեց թա­­­ղին ան­­­կիւնը տե­­­ղաւո­­­րուած ձմե­­­րու­­­կի բուրգէն, ես՝ հա­­­զիւ տա­­­սը տա­­­րեկան. սա­­­տանան ու իր չա­­­րու­­­թիւննե­­­րը ար­­­դէն բոյն դրած են աչ­­­քե­­­­­­­րուս եւ ու­­­ղե­­­­­­­ղիս մէջ։ Յոգ­­­նած եմ, բայց այդ բուրգը մօ­­­տէն տես­­­նե­­­­­­­լու ու շօ­­­շափե­­­լու փա­­­փաքը զիս կը գրգռէ, վա­­­ճառող ամ­­­մոն[3]՝ որ դա­­­նակով Ապուլհոլ պի­­­տի կո­­­չեմ.

Գոր­­­ծո­­­­­­­ղու­­­թիւն՝

Ես ու պա­­­պաս տու­­­նէն իջանք ու կ՛ուղղո­­­ւինք դէ­­­պի մեր տան մօտ մա­­­տինաթ մա­­­լահիի[4] դի­­­մացի մայ­­­թը, ուր, ինչպէս որ ըսի, կայ ձմե­­­րու­­­կի եր­­­կու բուրգ ու մէջ­­­տեղնին՝ տա­­­րօրի­­­նակ տես­­­քով ու հա­­­գուստնե­­­րով մարդ մը։ Ձեռ­­­քը եր­­­կար դա­­­նակ կայ։ Առա­­­ջին բուրգը, որ զիս աւե­­­լի կը հե­­­տաքրքրէ, բաղ­­­կա­­­­­­­ցած է «կըբ­­­բըս-կլոր» ձմե­­­րուկնե­­­րէ՝ կա­­­նաչ գոյ­­­նի ու խեն­­­թա­­­­­­­նալիք հա­­­ւասար ձե­­­ւով տե­­­ղաւո­­­րուած են վրայ վրա­­­յի։ Միւս բուրգին բա­­­ղադ­­­րութիւ­­­նը եր­­­կա­­­­­­­րաւուն հաւկթա­­­ձեւ ձմե­­­րուկներ են՝ բաց եւ գոց կա­­­նաչ գոյ­­­նե­­­­­­­րով, որ զիս շատ չգրա­­­ւեց։ Հայ­­­րի­­­­­­­կիս դիր­­­քը եր­­­կու բուրգե­­­րուն մէջ­­­տեղն է, ուր դա­­­նակով Ապուլհո­­­լը կե­­­ցած է։ Կը փոր­­­ձեմ պա­­­պայէս հե­­­ռանալ ու մտքիս մէջ բոյն դրած սա­­­տանա­­­յին թե­­­լադ­­­րանքով կը փոր­­­ձեմ ձմե­­­րուկ մը ընտրել վա­­­րի շար­­­քե­­­­­­­րէն, որ եթէ հա­­­նեմ տե­­­ղէն, ամ­­­բողջ բուրգը կը քան­­­դո­­­­­­­ւի։ Պա­­­պաս կար­­­ծես թէ կը լսէ սա­­­տանա­­­յին ձայ­­­նը ու հայ­­­րա­­­­­­­կան ձայ­­­նով կ՛ըսէ. «Սա­­­ղօ՛, եկո՛ւր հոս, քովս կե­­­ցի՛ր, չդպնա՛ս բա­­­նի մը»։

Նոյն ժա­­­մանակ ին­­­քը բուրգին վե­­­րի շար­­­քե­­­­­­­րէն կըբ­­­բըս-կլոր ձմե­­­րուկ մը կը բռնէ ու կը սկսի դա­­­նակով Ապուլհո­­­լին հետ զրոյ­­­ցը.

«Ինչպէ՞ս են ձմե­­­րուկներդ, մո­­­ւալ­­­լէմ (վար­­­պետ)»։

Մտքիս մէջ կ՛ըսեմ, ար­­­դէն ջղայ­­­նա­­­­­­­ցած պա­­­պայիս քիչ առա­­­ջուան հրա­­­մանէն. « Բա­­­րեւ ու­­­նին, ինչպէ՞ս պի­­­տի ըլ­­­լան ձմե­­­րուկնե­­­րը»։

Նոյն ժա­­­մանակ դա­­­նակով Ապուլհո­­­լը ու­­­րիշ ձմե­­­րուկ մը ձեռ­­­քը կը վերցնէ, վար­­­պե­­­­­­­տօրէն թմբուկ նո­­­ւագե­­­լու պէս կը զար­­­նէ. «Թըխ-թըխ»։ Պա­­­պաս ալ ինքն իրեն պա­­­կաս չզգա­­­լու հա­­­մար իր ձեռ­­­քի ձմե­­­րու­­­կին վրայ կը հա­­­րուա­­­ծէ. «Թըխ-թըխ»։ Հինգ երկվայրկեան եր­­­կուքը իրա­­­րու հետ հա­­­մերաշ­­­խա­­­­­­­բար եւ ներ­­­դաշնա­­­կօրէն՝ ականջնե­­­րը սրած «Թըխ-թըխ, թըխ-թըխ» կը նո­­­ւագեն։ Մտքէս կ՛ըսեմ. «ԷԷԷԷ, յե­­­տո՞յ, ես ալ նո­­­ւագե՞մ»։ Ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­մը կ՛աւար­­­տի դա­­­նակով Ապուլհո­­­լի խօս­­­քով. «Ալ սըք­­­քին ու ալ տաուա՛[5], ասի լաւ է»,- նկա­­­տի ու­­­նե­­­­­­­նալով ձեռ­­­քի ձմե­­­րու­­­կը։

Պա­­­պաս իր ձեռ­­­քի ձմե­­­րու­­­կը զգու­­­շօ­­­­­­­րէն կը վե­­­րադարձնէ տե­­­ղը ու կար­­­ծես յանձնո­­­ւելով դա­­­նակով Ապուլհո­­­լի կար­­­ծի­­­­­­­քին՝ հա­­­մաձայ­­­նութիւ­­­նը կը յայտնէ։ Յան­­­կարծ դա­­­նակով Ապուլհո­­­լը, շատ արագ ու վար­­­պե­­­­­­­տօրէն ձեռ­­­քի եր­­­կար դա­­­նակով եռան­­­կիւնա­­­ձեւ ճեղք մը կը գո­­­յաց­­­նէ ձմե­­­րու­­­կին մէջ։ Ապ­­­շած կը դի­­­տեմ այդ շար­­­ժումը։ Մար­­­դը այդ կտո­­­րը զգու­­­շօ­­­­­­­րէն դուրս կը հա­­­նէ ու նոյն վար­­­պե­­­­­­­տու­­­թեամբ եռան­­­կիւնին գլու­­­խը կը կտրէ ու կար­­­միր ձմե­­­րու­­­կը կը հրամցնէ պա­­­պայիս։

«Տու’, Մո­­­ւալ­­­լեմ, մըտ­­­լըլ ՛ասալ»[6]։

Պա­­­պաս առանց տա­­­տանե­­­լու կը համ­­­տե­­­­­­­սէ ու ժպի­­­տով դար­­­ձեալ կը յայտնէ իր հա­­­մաձայ­­­նութիւ­­­նը։ Մտքէս կ՛անցնի, թէ այդ կտրո­­­ւած եռան­­­կիւնը ինչ պի­­­տի ըլ­­­լայ հի­­­մա։ Սա­­­կայն դա­­­նակով Ապուլհո­­­լը նոյն վար­­­պե­­­­­­­տու­­­թեամբ կրկին տե­­­ղը կը վե­­­րադարձնէ՝ կար­­­ծես բան մը չեր եղած։ Պա­­­պաս ձմե­­­րու­­­կը կը շալ­­­կէ ու կրկին կ՛ուղղո­­­ւինք տուն՝ վա­­­յելե­­­լու այս մեղ­­­րա­­­­­­­համ ճա­­­պասը։ Հան­­­դի­­­­­­­սատես­­­նե­­­­­­­րը ու­­­րախ են, մէկ մա­­­սը անօ­­­թեցաւ, միւս մասն ալ կ՛երե­­­ւի կը պատ­­­րաստո­­­ւի եր­­­թա­­­­­­­լու ու ձմե­­­րուկ գնե­­­լու, իսկ ես Հա­­­լէպի բե­­­մը կը փա­­­կեմ, վա­­­րագոյ­­­րը կ՛իջեց­­­նեմ ու դա­­­դար մը կը յայ­­­տա­­­­­­­րարեմ, տե­­­ղափո­­­խուե­­­լու հա­­­մար այլ թա­­­տերա­­­բեմ՝ աւե­­­լի պզտիկ, աւե­­­լի հա­­­մեստ, որ­­­պէսզի ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նեմ իմ վեր­­­ջին տե­­­սարանս։ Այս մէ­­­կը, ի տար­­­բե­­­­­­­րու­­­թիւն նա­­­խորդ տե­­­սարան­­­նե­­­­­­­րուն, պի­­­տի ըլ­­­լայ մնջա­­­խաղ-մե­­­նախօ­­­սու­­­թիւն։

Եր­­­կար դա­­­դար, ճամ­­­բորդու­­­թիւններ, տե­­­ղափո­­­խումներ, նոր մի­­­ջավայր...

Տե­­­սարան երկրորդ

Վայ­­­րը՝ որե­­­ւէ տեղ կամ ան­­­կիւն, ուր Հա­­­լէպ­­­ցի կայ, բայց այդ տե­­­ղը ար­­­դէն Հա­­­լէպ չի կո­­­չուիր։

Ժա­­­մանա­­­կը՝ կա­­­րեւոր չէ, կամ ալ այն ժա­­­մանակն է, երբ տե­­­սած իրա­­­կանու­­­թիւնդ եւ երե­­­ւակա­­­յած յի­­­շողու­­­թիւնդ իրա­­­րու խօսք կը զար­­­նեն, իրար­­­մէ կը նե­­­ղուին ու կը սկսին կռո­­­ւիլ։

Դե­­­րասան­­­նե­­­­­­­րը՝ միայն ես. մի­­­նակ եմ, բայց կը նմա­­­նիմ շա­­­տերու, որոնցմէ իւ­­­րա­­­­­­­քան­­­չիւրը այ­­­սօր յի­­­շելով մեր բե­­­մը ու հսկայ հան­­­դի­­­­­­­սատե­­­սը՝ ստեղ­­­ծած է իր փոք­­­րիկ բե­­­մը ու ու­­­նի սեղմ թի­­­ւով հան­­­դի­­­­­­­սատես­­­ներ։

Գոր­­­ծո­­­­­­­ղու­­­թիւն՝

Ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­մը մնջա­­­խաղ է. ձայն կայ, բայց առանց զրոյ­­­ցի, երե­­­ւակա­­­յու­­­թիւն կայ, բայց առանց աչ­­­քե­­­­­­­րու։ Կե­­­ցած եմ փոք­­­րիկ տանս մեծ պա­­­տու­­­հա­­­­­­­նին առ­­­ջեւ, ձեռքս ու­­­նիմ նէս­­­քա­­­­­­­ֆէի պզտիկ կար­­­միր բա­­­ժակը։ Շո­­­ւէտ եմ, դուրսը պաղ է, գե­­­ղեցիկ տե­­­սարան պէտք է ըլ­­­լայ. կո­­­կիկ շա­­­րուած ծա­­­ռեր՝ հա­­­ւասա­­­րաչափ ու ոչ նմա­­­նատիպ։ Կար­­­ծես՝ քա­­­ղաքին բնոյ­­­թը այդպէս է։ Աջ կողմս աւա­­­զան մը կայ, որ լե­­­ցուած է փա­­­փուկ ու գոյ­­­նով-չա­­­փով լաւ սեր­­­տուած աւա­­­զով։ Մէ­­­ջը նստած է մէկ հա­­­տիկ ու մի­­­նակ երե­­­խայ մը. ան հա­­­գուած է հա­­­գուստ մը, որ սկզբունքով զինք պէտք է պաշտպա­­­նէ անձրե­­­ւէն, պա­­­ղէն, հո­­­վէն, բայց ոչ՝ առանձնու­­­թե­­­­­­­նէն, միւս կող­­­մը՝ եօթա­­­նասունհինգ տա­­­րեկան «երի­­­տասարդ» մը, որ կը փոր­­­ձէ իր շան հետ վա­­­յելել կեան­­­քը։ Ան մար­­­զանքով կը փոր­­­ձէ յաղ­­­թա­­­­­­­հարել ան­­­խուսա­­­փելի ծե­­­րու­­­թիւնը ու շու­­­նը ցատկռտե­­­լով կը փոր­­­ձէ յայտնել այն միտ­­­քը, թէ «ես ու­­­րախ ու եր­­­ջա­­­­­­­նիկ եմ, ես դրախ­­­տի մէջ եմ»։ Տե­­­սարա­­­նը հե­­­տաքրքրա­­­կան է, բո­­­լորն ալ ու­­­րախ են, բայց մի­­­նակ. պզտի­­­կը՝ իր խա­­­ղերով, ծե­­­րու­­­կը՝ իր մար­­­զանքով ու վեր­­­ջա­­­­­­­պէս շու­­­նը՝ իր դրախ­­­տով։ Ես ալ պա­­­տու­­­հա­­­­­­­նիս ետե­­­ւէն կը հե­­­տեւիմ սու­­­սիկ-փու­­­սիկ, միայն յի­­­շողու­­­թիւնս է, որ եր­­­բեմն կ՛աղմկէ ու կը փոր­­­ձէ զիս խան­­­գա­­­­­­­րել. եր­­­բեմն փո­­­ղոցը փոք­­­րիկներ կը յայտնո­­­ւին կռի­­­ւի ժա­­­մանակ կամ ինչ-որ գնդա­­­կի մը հա­­­մար, կամ անի­­­մաստ գնդի­­­կի մը հա­­­մար, միւս կող­­­մէն ծե­­­րուկներ կը յայտնո­­­ւին՝ յոգ­­­նած, յանձնո­­­ւած այդ նոյն ծե­­­րու­­­թեան։ Իսկ շու­­­նե­­­­­­­րը՝ ար­­­դէն աւե­­­լորդ է նշե­­­լը։

Հան­­­դի­­­­­­­սատե­­­սի թե­­­թեւ ծա­­­փեր կը լսեմ ու ատոր հա­­­մեմատ կը փոր­­­ձեմ վա­­­րագոյրս կա­­­մաց-կա­­­մաց իջեց­­­նել, այս ան­­­գամ, ինչպէս տե­­­սաք՝ իմ փոք­­­րիկ բե­­­միս վրա­­­յէն։

Վեր­­­ջա­­­­­­­ւորու­­­թեան գրեմ, որ ան­­­յայտ ժա­­­մանակ մը յե­­­տոյ այդ ընդհա­­­նուր մեծ բե­­­մը կը պզտիկ­­­նայ, տե­­­սարան­­­ներն ու հան­­­դի­­­­­­­սատե­­­սը կը տա­­­րածո­­­ւին աշ­­­խարհով մէկ, կը ստեղ­­­ծեն ին­­­ծի պէս իրենց սե­­­փական բե­­­մերը ու մէկ բան կը մնայ իրենց կա­­­պող՝ այդ հին, հզօր ու մեծ բե­­­մը, որ Հա­­­լէպ կը կո­­­չուէր, ուր ինչ-որ ժա­­­մանակ բո­­­լորս կա՛մ. դե­­­րասան եղած ենք, կամ հան­­­դի­­­­­­­սատես։

Խո­­­նար­­­հութեամբ՝

Սա­­­ղաթէլ

ՎԵՐՋ

[1] Ապուլհոլ՝ Սֆինքս

[2] Ճա­­­պաս՝ ձմե­­­րու­­­կի ըն­­­դունո­­­ւած անուանու­­­մը Հա­­­լէպի մէջ:

[3] Ամ­­­մօ՝ արա­­­բերէ­­­նով ոեւէ տղա­­­մարդ ամ­­­մօ կը կո­­­չեն, որ բա­­­ռացի կը նշա­­­նակէ՝ հօ­­­րեղ­­­բայր:

[4] Մա­­­տինաթ մա­­­լահի՝ մա­­­նուկնե­­­րու խա­­­ղավայր:

[5] «Ալ սըք­­­քին ու ալ տաուա»՝ արա­­­բերէն ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւն, որ կը նշա­­­նակէ՝ դա­­­նակով կտրել ու յա­­­ճախոր­­­դին համ­­­տե­­­­­­­սեց­­­նել:

[6] «Տու’, Մո­­­ւալ­­­լեմ, մըտ­­­լըլ ՛ասալ»՝ արա­­­բերէն ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւն, բա­­­ռացի կը նշա­­­նակէ՝ «Համ­­­տե­­­­­­­սէ վար­­­պետ, մեղ­­­րի պէս է»:

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ