Պառակտումը

ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ

Հնա­րա­ւո­­րու­­թեան սահ­­մաննե­­րուն ծա­­նօթա­­նա­­լով ամե­­­նօրեայ հայ մա­­­մու­­­լին, առանց խտրա­­­կանու­­­թեան ու նա­­­խապա­­­շարու­­­մի, ակա­­­մայ հարց կը ծա­­­գի, թէ ի սփիւռս աշ­­­խարհի ո՛վ է Հայ մար­­­դը, ո՛րն են անոր իւ­­­րա­­­­­­­յատուկ, հա­­­ւաքա­­­կան բնոյ­­­թը, ձգտումնե­­­րը եւ ին­­­չու չէ՝ տես­­­լա­­­­­­­կանը իր ներ­­­կայ եւ ապա­­­գայ կե­­­ցուած­­­քի նկատ­­­մամբ, ինչպէս նաեւ փառք ու պա­­­տուով ապ­­­րե­­­­­­­լու առու­­­մով՝ վե­­­րակա­­­ռու­­­ցուելու բնազ­­­դը։ Ցա­­­ւօք, եղած հրա­­­տարա­­­կու­­­թիւննե­­­րը մեծ մա­­­սամբ քա­­­ջալե­­­րական չըլ­­­լա­­­­­­­լով՝ աւե­­­լի կը մօ­­­տենան ցե­­­խար­­­ձա­­­­­­­կու­­­մով իրար նկատ­­­մամբ ատե­­­լու­­­թեան, քան հա­­­մախմբու­­­մի, որու մա­­­սին ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տո­­­­­­­ւող­­­նե­­­­­­­րը պա­­­կաս չեն։ Ի վեր­­­ջոյ կը մնայ աներկբայ փաստ մը, որ ար­­­դի հայ հա­­­սարա­­­կու­­­թեան հիմ­­­նա­­­­­­­կան յատ­­­կութիւ­­­նը պա­­­ռակ­­­տումն է, որու հիմ­­­նա­­­­­­­կան ակունքն է մաս­­­նա­­­­­­­ւորի շահն ու սե­­­փական քսա­­­կը։ Այն կը պա­­­րու­­­րէ հա­­­յատեաց զգա­­­ցումնե­­­րով, որ կը գտնենք երեք հիմ­­­նա­­­­­­­կան կա­­­ռոյցնե­­­րու մի­­­ջեւ՝ իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւն, եկե­­­ղեցի եւ իր կազ­­­մով տա­­­րաբ­­­նոյթ ընդդի­­­մու­­­թիւն, որոնք կը հա­­­կադ­­­րո­­­­­­­ւին իրար։ Պա­­­ռակ­­­տումը դար­­­ձած է ազ­­­գա­­­­­­­յին վա­­­րակ, ախտ, որոնց բուժման մի­­­ջոց­­­նե­­­­­­­րը ան­­­յայտ են, քան­­­զի ազ­­­գա­­­­­­­յին միակ ընդհա­­­նուր շա­­­հի գա­­­ղափա­­­րը փո­­­խարի­­­նուած է զուտ մաս­­­նա­­­­­­­ւորի գե­­­րակա­­­յու­­­թեամբ։

Չեմ բա­­­ցառեր, որ նման վի­­­ճակ գո­­­յու­­­թիւն ու­­­նե­­­­­­­նայ այ­­­լուր, միայն թէ «մերն ու­­­րիշ է», քան­­­զի մեզ հայ կ՚ըսեն եւ մեր գլխէն կա­­­խուած Դա­­­մոկ­­­լեան սու­­­րը ի դէմս մեր բո­­­րենի հա­­­րեւան­­­նե­­­­­­­րուն ըլ­­­լալ-չըլ­­­լա­­­­­­­լու փաս­­­տի առ­­­ջեւ կը դնէ մեզ, որ ոմանք ըն­­­դունակ չեն գի­­­տակ­­­ցե­­­­­­­լու։

Մեր ինքնա­­­քայ­­­քայման երե­­­ւոյ­­­թը նոր չէ եւ դա­­­րերու ըն­­­թացքին տար­­­բեր առի­­­թով ու ձե­­­ւով ներ­­­կայ եղած է մեր ազ­­­գա­­­­­­­յին կեան­­­քին։ Եթէ շատ հե­­­ռու­­­նե­­­­­­­րը չեր­­­թանք, տե­­­ղին կը հա­­­մարեմ յի­­­շեց­­­նել մի դրո­­­ւագ 1923-ի Յու­­­լի­­­­­­­սին Լո­­­զանի պայ­­­մա­­­­­­­նագ­­­րի հետ կա­­­պուած, ուր մեր խնդիրն էր քննար­­­կո­­­­­­­ւելու։ ՀՀ-ը մաս չի կազ­­­մեր այդ պայ­­­մա­­­­­­­նագ­­­րին, խորհրդա­­­յին երկրի ան­­­դամ ըլ­­­լա­­­­­­­լու պատ­­­ճա­­­­­­­ռով, չնա­­­յած այն սեր­­­տօ­­­­­­­րէն կա­­­պուած էր մեր ան­­­ցեալի թէ ըն­­­թա­­­­­­­ցիկ վի­­­ճակի հետ՝ մի­­­ջազ­­­գա­­­­­­­յին իրա­­­ւունքնե­­­րու բե­­­րու­­­մով։ Սփիւռքի հայ­­­կա­­­­­­­կան հար­­­ցով զբա­­­ղուող քա­­­ղաքա­­­կան գոր­­­ծիչնե­­­րը կը դի­­­մեն ոմն պա­­­րոն Բօ­­­ղիկեան մե­­­ծահա­­­րուստի, Լո­­­զան եր­­­թա­­­­­­­լու մէկ ան­­­ձի ծախ­­­սե­­­­­­­րը ստանձնե­­­լու հա­­­մար։ Ան կը մեր­­­ժէ՝ շեշ­­­տե­­­­­­­լով, թէ դոյզն վստա­­­հու­­­թիւն չու­­­նի հայ գոր­­­ծիչնե­­­րու վրայ։ Ու­­­րեմն կը պար­­­զո­­­­­­­ւի, որ իր ողջ հարստու­­­թիւնը կտա­­­կած է բազ­­մա­­­թիւ օտար բա­­րեգործ ըն­­կե­­­րու­­թիւննե­­րու։

Հա­­րիւր տա­­րի անց, ի՞նչ է փո­­խուած երկրի եւ անոր բա­­րօրու­­թեան նկատ­­մամբ մտայ­­նութեան ոլոր­­տին պա­­տաս­­խա­­­նատու եւ յանձնա­­ռու ըլ­­լա­­­լու իմաս­­տով։ Ոչ շատ բան, եւ տե­­ղին չէ ծան­­րա­­­նալու ան­­կա­­­խու­­թե­­­նէն ի վեր երկրին տի­­րող լայ­­նա­­­տարած թա­­լանին, որու հետ, երբ ԱԺ֊ի պատ­­գա­­­մաւո­­րը. բա­­ցայայ­­տօ­­­րէն կը յայ­­տա­­­րարէ, որ իր քա­­ղաքա­­կան խումբը իշ­­խա­­­նու­­թիւնը փո­­ղոցա­­յին պայ­­քա­­­րով հե­­ռաց­­նե­­­լու ծրա­­գիր ու­­նի եւ այն փուլ առ փուլ պի­­տի գոր­­ծարկո­­ւի։ Միեւ­­նոյն ժա­­մանակ այդ քա­­ջարի վի­­ժուած­­քը կոչ կ՚ընէ այլ դի­­մադիր­­նե­­­րուն միանալ իր ծրագ­­րին՝ հա­­կառակ դէպ­­քին խոս­­տա­­­նալով, որ միեւ­­նոյնն է իրենք իրենց առա­­քելու­­թիւնը կը գոր­­ծադրեն։ Նոյ­­նը չէ՞ր մի քա­­նի տա­­րի առաջ վար­­չա­­­պետի աթոռ յա­­ւակ­­նող մի այլ տխմար՝ պար­­տի­­­զանա­­կան շար­­ժումի անցնե­­լու կոչ կ՚ընէր, սե­­փական երկրի դէմ։

Ա՛յս է մեր քա­­ղաքա­­կան գոր­­ծիչնե­­րէն ոմանց կեր­­պա­­­րը, աշ­­խա­­­տան­­քի սկզբունքը եւ ըն­­թա­­­ցիկ գա­­ղափա­­րախօ­­սու­­թիւնը՝ քան­­դենք եւ տի­­րանանք։ Խօս­­քի մէջ քա­­ջարի եւ խոս­­տումնա­­լից, պատ­­րաստ էին Ար­­ցա­­­խը ազա­­տագ­­րել արեան գնով՝ ՀՀ փրկե­­լու մի­­տու­­մով, բայց պէտք եղած ժա­­մուն մա­­տը մա­­տին չտո­­ւին եւ այժմ կ՚ու­­զեն փո­­ղոցա­­յին պայ­­քա­­­րով իշ­­խա­­­նու­­թեան գալ։

Մէկ այլ նմոյշ, որ թէ­­պետ պա­­ռակ­­տում չէ, նախ­­կին Ար­­ցա­­­խի անվտան­­գութեան խորհրդի նա­­խագահն է, իրա­­ւամբ 90-ական­­նե­­­րու պա­­տերազ­­մի ղե­­կավար մաս­­նա­­­կից, յայտնի իր հե­­րոսա­­կան արարքնե­­րով Սա­­մուէլ Պա­­պայեանի՝«Խա­­ղաղու­­թեան պայ­­մա­­­նագ­­րի» գա­­ղափա­­րին զգոյշ մօ­­տեցումն է, գտնե­­լով, որ այն թե­­րի է, ճիշդ չի փա­­թեթա­­ւորո­­ւած եւ են­­թադրա­­բար կը մտա­­ծէ, թէ յե­­տագա­­յին բար­­դութիւններ կա­­րող են առա­­ջանալ։ Անոր կար­­ծի­­­քով ազե­­րի իմաս­­տուն ան­­ձանց հետ շփո­­ւելով, հնա­­րաւոր է բա­­նակ­­ցիլ յա­­ռաջի­­կայ տա­­րինե­­րուն այ­­լեւս իրար չբա­­խել եւ խա­­ղաղ մթնո­­լոր­­տով՝ առաջ տա­­նիլ եւ հա­­մոզել, այն հիմ­­նա­­­կան միտ­­քը, որ Ար­­ցա­­­խը պար­­տա­­­դիր պի­­տի ըլ­­լայ ինքնա­­վար եւ բնա­­կիչ­­նե­­­րու վե­­րադար­­ձը խա­­ղաղու­­թեան պայ­­մաննե­­րուն։ Դժո­­ւար է հա­­կադ­­րո­­­ւիլ այս մտքին, բայց այն կը մնայ ցան­­կութիւն, քան­­զի բա­­ցակայ է այն կա­­րեւոր հան­­գա­­­ման­­քը, թէ ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ մի­­ջոց­­նե­­­րով, երբ հա­­մաձայ­­նութեան հա­­մար եր­­կու հա­­մախոհ կողմ հար­­կա­­­ւոր է։

Աչ­­քա­­­թող չը­­նենք հայ-ռուս յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու մի­­ջեւ ծլած պա­­ռակտման հա­­ւանա­­կանու­­թիւնը, որ շատ կա­­րեւոր է եւ կա­­րող է աղէ­­տի վե­­րածո­­ւիլ։ Սան-Փե­­թեր­­պուրկի հա­­մաժո­­ղովին ռուսնե­­րը, զանց առ­­նե­­­լով իրենց դաշ­­նակցի պար­­տա­­­ւորու­­թիւննե­­րու թե­­րացու­­մը Պա­­քուի աւե­­րիչ գոր­­ծունէու­­թեանց մի­­ջամ­­տե­­­լու, նշե­­ցին որ պաշ­­տօ­­­նական Երե­­ւանը, գայ­­թակղուելով արեւ­­մուտքի մշու­­շոտ խոս­­տումնա­­լից հա­­մոզումնե­­րով, կը փոր­­ձէ ձե­­ւակեր­­պել իր ար­­տա­­­քին քա­­ղաքա­­կան նոր ուղղու­­թիւնը, որ տհաճ հե­­տեւանքներ կա­­րող է ու­­նե­­­նալ։ Այդ պար­­զա­­­պէս սպառ­­նա­­­լիք էր, եթէ ՀՀ-ը չի հրա­­ժարո­­ւի փո­­խել ար­­տա­­­քին քա­­ղաքա­­կան ու­­ղին։ Անոր կը միանան նաեւ ՀՀ տե­­ղաբաշ­­խո­­­ւած ռու­­սա­­­կան ռազ­­մա­­­կայա­­նի վե­­րաբե­­րեալ թե­­րի կար­­ծիք ու­­նե­­­ցող դա­­տողու­­թիւննե­­րու հրա­­ժարում, այլ կերպ՝ այն կա­­րող է վնա­­սակար ըլ­­լալ նաեւ տա­­րածաշրջա­­նի անվտան­­գութեան տե­­սակէ­­տէն։ Ան­­ցեալ 20-ական­­նե­­­րուն թուրքե­­րը յա­­ջողե­­ցան իրենց ան­­կումը յե­­տաձ­­գել արեւ­­մուտքի եւ ռու­­սե­­­րու շա­­հերու բա­­խու­­մէն օգ­­տո­­­ւելով։ Այժմ մեր հերթն է, օրի­­նակ­­նե­­­րը ակնյայտ են եւ զգոյշ քայ­­լելն ու խո­­հեմու­­թիւնը կը դառ­­նայ պար­­տա­­­դիր։

Սան Ռաֆայէլ

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ