Ամենադժուար բանն է կամաւոր կերպով հեռացողը վերաշահիլ

Տարեմուտը առիթ համարելով դիմեցինք Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ. Մաշալեանի, խնդրելով նախորդ տարուայ ընդհանուր գնահատականը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր հետ կատարուած հարցազրոյցը։

ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ

Ի.Է.- Կ՚ու­­­զեմ խօս­­­քի սկսիլ Նոր տա­­­րին շնոր­­­հա­­­­­­­ւորե­­­լով։ Նա­­­խորդ տա­­­րին բա­­­ւական աշ­­­խոյժ էր հայ հա­­­մայնքի հա­­­մար։ Կա­­­տարո­­­ւեցան 10 տա­­­րիէ ի վեր առ­­­կա­­­­­­­խուած հա­­­մայնքա­­­յին հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րու ընտրու­­­թիւննե­­­րը։ 6 Փետ­­­րո­­­­­­­ւարին ապ­­­րե­­­­­­­ցանք երկրա­­­շար­­­ժի սար­­­սա­­­­­­­փը։ Ինչպէ՞ս կը բնու­­­թագրէք նա­­­խորդ տա­­­րին։

Ես ալ կ՚ու­­­զեմ «Ակօս» թեր­­­թի աշ­­­խա­­­­­­­տակազ­­­մի եւ ըն­­­թերցող­­­նե­­­­­­­րուն Ամա­­­նորը շնոր­­­հա­­­­­­­ւորե­­­լով սկսիլ։ 2023-ը ոչ միայն հայ հա­­­մայնքի, այ­­­լեւ բո­­­վան­­­դակ Թուրքիոյ եւ նոյ­­­նիսկ աշ­­­խարհի հա­­­մար բա­­­ւական ծանր ցնցումնե­­­րով ան­­­ցաւ։ Պա­­­տերազմներ, տնտե­­­սական ճգնա­­­ժամեր, սով, հա­­­մաճա­­­րակ, յա­­­ճախա­­­կի երկրա­­­շարժներ, բնա­­­կան աղէտ­­­ներ, ջրհե­­­ղեղ, հրդեհ եւ կլի­­­մայա­­­կան խնդիր­­­ներ ապ­­­րե­­­­­­­ցանք ամ­­­բողջ տա­­­րուայ ըն­­­թացքին։ Հա­­­յաշ­­­խարհը կը փոր­­­ձէ Ար­­­ցա­­­­­­­խի զար­­­գա­­­­­­­ցումնե­­­րը իմաս­­­տա­­­­­­­ւորե­­­լու եւ իւ­­­րացնե­­­լու։ Կով­­­կասնե­­­րէ ներս խա­­­ղաղու­­­թեան որո­­­նումնե­­­րը յու­­­սադրիչ կ՚երե­­­ւան։ Աղէ­­­տի գօ­­­տիի վէր­­­քե­­­­­­­րը կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կեն սպիանալ։ Վա­­­քըֆ­­­գիւղի, Իս­­­քենտե­­­րու­­­նի եւ Մա­­­լաթիոյ մեր աղէ­­­տեալ որ­­­դի­­­­­­­ներուն եւ աւե­­­րուած եկե­­­ղեցի­­­ներուն հա­­­մար թէ Հայ ճար­­­տա­­­­­­­րապետ­­­նե­­­­­­­րու եւ ճար­­­տա­­­­­­­րագէտ­­­նե­­­­­­­րու միու­­­թիւնը (Հայ­­­Ճար), եւ թէ Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­րանի կազ­­­մէն ներս Ըն­­­կե­­­­­­­րային օժան­­­դա­­­­­­­կու­­­թեան յանձնա­­­խումբը աշ­­­խա­­­­­­­տանքներ կը տա­­­նին։

Այս տա­­­րի ալ մա­­­հացող­­­նե­­­­­­­րը աւե­­­լի բարձր են, քան ծնող­­­նե­­­­­­­րը։ Ծննդա­­­բերու­­­թեան 1,2-ի փո­­­խարէն մա­­­հացող­­­նե­­­­­­­րը կը կազ­­­մեն 2,6 տո­­­կոս։ Այս ցու­­­ցակն ալ մեզ կը յու­­­շէ թէ մեր գլխա­­­ւոր մար­­­տահրա­­­ւէրը պի­­­տի շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէ մնալ բնակ­­­չութեան թի­­­ւը։ Նո­­­րըն­­­տիր վար­­­չութիւննե­­­րը իրենց թարմ նե­­­րու­­­ժով քիչ մը եւս կը բարձրաց­­­նեն ապա­­­գայի հան­­­դէպ մեր յոյ­­­սե­­­­­­­րը։

ԷՐ­­­ՎԱՊ սկսած է աւե­­­լի կար­­­գա­­­­­­­պահ ժո­­­ղով­­­ներ գու­­­մա­­­­­­­րել եւ իր կազ­­­մին մէջ յանձնա­­­խումբեր գո­­­յաց­­­նել։ Այս բո­­­լորի մէջ հի­­­ւան­­­դա­­­­­­­նոցի վար­­­չութեան ընտրու­­­թիւննե­­­րու կա­­­յացած չըլ­­­լալն ալ հա­­­մայնքի առու­­­մով կա­­­րեւոր օրա­­­կարգ մը կը կազ­­­մէ։

Ի.Է.-Հի­­­ւան­­­դա­­­­­­­նոցի հո­­­գաբար­­­ձութեան ընտրու­­­թիւննե­­­րը պէտք էր կա­­­տարո­­­ւէին այ­­­ցեալ տա­­­րուայ ըն­­­թացքին։ Կա­­­նոնագ­­­րութիւնն ալ չէ հրա­­­տարա­­­կուած։ Փակ դռնե­­­րու ետին զա­­­նազան զրոյցներ կը շրջան­­­ցեն, բայց պաշ­­­տօ­­­­­­­նական յայ­­­տա­­­­­­­րարու­­­թիւն մը չի կա­­­տարո­­­ւիր։ Այս նիւ­­­թի հետ առնչո­­­ւած շփում մը ու­­­նե­­­­­­­ցա՞ծ էք։

Նա­­­խորդ ամա­­­ռուայ սկիզ­­­բին կա­­­նոնագ­­­րութեան նա­­­խագիծ մը հրա­­­պարա­­­կուե­­­ցաւ, որ բնա­­­կանա­­­բար բարձրա­­­ցուց ընտրու­­­թեան մը ակնկա­­­լու­­­թիւնը։ Թափ ստա­­­ցան պատ­­­րաստու­­­թիւններ, նոյ­­­նիսկ ընտրու­­­թեան մաս­­­նակցե­­­լիք խումբեր ձե­­­ւաւո­­­րուե­­­ցան։ Ի զար­­­մանս այս բո­­­լորին ընտրու­­­թիւննե­­­րը չկա­­­յացան։ Մենք ան­­­ձամբ դի­­­մեցինք Վա­­­քըֆ­­­նե­­­­­­­րու ընդհա­­­նուր տնօ­­­րէնու­­­թեան մօտ փոք­­­րա­­­­­­­մաս­­­նութիւննե­­­րու ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցիչ Ճան Ուսթան­­­պա­­­­­­­շըյի։ Ինք այս մա­­­սին զրու­­­ցած է Վա­­­քըֆ­­­նե­­­­­­­րու ընդհա­­­նուր տնօ­­­րէն Սի­­­նան Աօսու­­­յի հետ, որ իր կար­­­գին յայտնած է թէ տնօ­­­րէնու­­­թիւնը կա­­­նոնագ­­­րութեան վեր­­­ջին ձեւ ըլ­­­լա­­­­­­­լով փո­­­խան­­­ցած է Հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան նա­­­խագա­­­հի գրա­­­սենեակին։ Բա­­­ցի այդ երես­­­փո­­­­­­­խան Սե­­­ւան Սվա­­­ճըօղ­­­լու ալ կը հե­­­տեւի այս նիւ­­­թին։ Կը յու­­­սամ թէ մօտ ապա­­­գային դրա­­­կան պա­­­տաս­­­խան մը պի­­­տի ստա­­­նանք։

Ի.Է.- Ան­­­ձամբ մաս­­­նակցած էիք ԷՐ­­­ՎԱՊ-ի 11 Դեկ­­­տեմբե­­­րի ժո­­­ղովին։ Այդտեղ մեր դպրոց­­­նե­­­­­­­րու շէն­­­քե­­­­­­­րուն երկրա­­­շար­­­ժի դի­­­մադ­­­րութեան մա­­­սին ալ յայ­­­տա­­­­­­­րարու­­­թիւններ կա­­­տարո­­­ւեցան։ Ի՞նչ է վեր­­­ջին վի­­­ճակը։

Պատ­­­րիարք ընտրո­­­ւելէս ետք իմ առաջ­­­նա­­­­­­­հեր­­­թութիւ­­­նը եղաւ երկրա­­­շար­­­ժի նիւ­­­թով ժո­­­ղով մը գու­­­մա­­­­­­­րել Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­րանի մէջ։ Դպրոց­­­նե­­­­­­­րու երկրա­­­շար­­­ժի տո­­­կու­­­նութիւ­­­նը պար­­­զե­­­­­­­լու խնդի­­­րը ստանձնե­­­ցին ճար­­­տա­­­­­­­րապետ Գէորգ Էօզ­­­գա­­­­­­­րակէօզ եւ Հայ­­­Ճար միու­­­թիւնը։ Բա­­­զում հանգրո­­­ւան­­­ներ յաղ­­­թա­­­­­­­հարե­­­լէ ետք 11 Դեկ­­­տեմբե­­­րի ԷՐ­­­ՎԱՊ-ի ժո­­­ղովին ներ­­­կա­­­­­­­յացո­­­ւած տե­­­ղեկա­­­գիրը կը պար­­­զէր նիւ­­­թի լրջու­­­թիւնը։ Այդ օր որո­­­շուե­­­ցաւ հա­­­մայնքա­­­յին վար­­­ժա­­­­­­­րան­­­նե­­­­­­­րու ամ­­­րութիւ­­­նը ապա­­­հովե­­­լու հա­­­մար կամք մը։ Գի­­­տեմ որ մեր վար­­­չութիւններն ալ գերզգա­­­յուն են այս նիւ­­­թի հան­­­դէպ։ Բայց պէտք է նկա­­­տի ու­­­նե­­­­­­­նանք որ նման շի­­­նարա­­­րական ծախ­­­սե­­­­­­­րու բե­­­ռը հա­­­զիւ հա­­­մայնքա­­­յին միաս­­­նութիւ­­­նով կրնանք յաղ­­­թա­­­­­­­հարել։

Ի.Է.- Այդ ժո­­­ղովէն քա­­­նի մը օր անց պա­­­րոն Աք­­­սել Թո­­­փալեան գրա­­­ւոր յայ­­­տա­­­­­­­րարու­­­թիւնով մը յայտնեց իր հրա­­­ժարու­­­մը Կրթու­­­թեան յանձնա­­­խումբէն։ Ինչպէ՞ս կը մեկ­­­նա­­­­­­­բանէք այս գոր­­­ծընթա­­­ցը։

Ես ժո­­­ղովի ըն­­­թացքին անդրա­­­դար­­­ձայ որ յանձնա­­­խումբե­­­րը ար­­­դիւնա­­­բեր պի­­­տի չըլ­­­լան, որ­­­քան ատեն որ չեն ու­­­նե­­­­­­­ցած ներ­­­քին կա­­­նոնագ­­­րութիւն մը։ ԷՐ­­­ՎԱՊ-ը նոյ­­­նիսկ ան­­­պաշտօն կեր­­­պով պէտք է ու­­­նե­­­­­­­նայ իր ներ­­­քին կա­­­նոնա­­­գիրը։ Պէտք է նշո­­­ւի իրա­­­ւունքնե­­­րու եւ պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատո­­­ւու­­­թիւննե­­­րու, ատե­­­նապե­­­տի եւ քար­­­տուղա­­­րու­­­թեան ընտրու­­­թեան կա­­­նոն­­­նե­­­­­­­րը, պաշ­­­տօ­­­­­­­նավար­­­ման ժամ­­­կէ­­­­­­­տերը, ամ­­­սավճար­­­նե­­­­­­­րը եւ ժո­­­ղով­­­նե­­­­­­­րու կարգ ու կա­­­նոնը։ Նմա­­­նը պէտք է ըլ­­­լայ յանձնա­­­խումբե­­­րու կամ են­­­թա­­­­­­­յանձնա­­­խումբե­­­րու հա­­­մար ալ։ Մենք գնա­­­հատան­­­քով կը տես­­­նենք թէ Լե­­­ւոն Քու­­­զի­­­­­­­քօղ­­­լո­­­­­­­ւի ընդհա­­­նուր քար­­­տուղար նշա­­­նակո­­­ւելէ ետք այս առու­­­մով յա­­­ռաջըն­­­թացներ ար­­­ձա­­­­­­­նագ­­­րո­­­­­­­ւած են։

Ան­­­շուշտ ամէն ինչ ժա­­­մանա­­­կի կը կա­­­րօտի։ Եր­­­թե­­­­­­­ւեկու­­­թեան կա­­­նոն­­­նե­­­­­­­րու բա­­­ցակա­­­յու­­­թիւնը իր հետ կը բե­­­րէ նաեւ ար­­­կածներ։ Այդ ար­­­կածնե­­­րէն մէկն ալ Աք­­­սել Թո­­­փալեանի նո­­­րահաս­­­տատ Կրթա­­­կան յանձնա­­­խումբի աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րու ըն­­­թացքին պա­­­տահե­­­ցաւ։ Պէտք է աւե­­­լի կա­­­նոնա­­­ւոր ըն­­­դա­­­­­­­նայ բո­­­լոր վար­­­ժա­­­­­­­րան­­­նե­­­­­­­րը նե­­­րառ­­­նող գոր­­­ծընթաց­­­նե­­­­­­­րը։

Ես ան­­­ձամբ տե­­­սակ­­­ցե­­­­­­­ցայ պա­­­րոն Աք­­­սե­­­­­­­լի հետ։ Որոշ նիւ­­­թե­­­­­­­րու շուրջ զինք իրա­­­ւացի գտնե­­­լով հան­­­դերձ յայտնե­­­ցի որ հրա­­­ժարու­­­մը լու­­­ծում մը չի բե­­­րեր։ Ինք ալ նշեց որ այս հրա­­­ժարա­­­կանով հա­­­սարա­­­կու­­­թեան եւ վար­­­չութիւննե­­­րու շրջա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րու մէջ գի­­­տակ­­­ցութիւն մը գո­­­յաց­­­նե­­­­­­­լու հա­­­մար նման որո­­­շու­­­մի մը դի­­­մած է։ Մենք ալ որ­­­պէս հա­­­սարա­­­կու­­­թիւն պէտք է խրա­­­խու­­­սենք զինք իր ստանձնած այս պար­­­տա­­­­­­­կանու­­­թեան մէջ։

Ի.Է.- Ան­­­ցեալին կա­­­րեւո­­­րած էիք աշ­­­խարհա­­­կան­­­նե­­­­­­­րու կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պո­­­­­­­ւածու­­­թիւնը։ Անհրա­­­ժեշտ հա­­­մարած էիք հա­­­սարա­­­կական միտ­­­քի եւ կամ­­­քի հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­մը։ Այդ անհրա­­­ժեշ­­­տութիւննե­­­րը իրա­­­կանաց­­­նե­­­­­­­լու հա­­­մար դուք ալ մի­­­ջամ­­­տող պի­­­տի ըլ­­­լա՞ք։

Հա­­­սարա­­­կական միտքն ու կամ­­­քը հա­­­զիւ իրա­­­ւասու կա­­­ռոյցնե­­­րով կը ձե­­­ւաւո­­­րուի։ Առանց ժո­­­ղովուրդի ձայ­­­նե­­­­­­­րով պաշ­­­տօ­­­­­­­նակո­­­չուած պատ­­­րիար­­­քի եւ հիմ­­­նարկնե­­­րու վար­­­չութիւննե­­­րուն հա­­­մատեղ աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թեան, ԷՐ­­­ՎԱՊ-ը շրջան­­­ցե­­­­­­­լով չեմ կար­­­ծեր թէ իս­­­կա­­­­­­­կան հա­­­սարա­­­կական միտքն ու կամ­­­քը գո­­­յանայ։ Մեր առ­­­ջեւ դրո­­­ւած գլխա­­­ւոր խնդիրն է ԷՐ­­­ՎԱՊ-ի աշ­­­խուժա­­­ցու­­­մը ապա­­­հովել եւ հա­­­մայնքի աշ­­­խարհա­­­կան գոր­­­ծե­­­­­­­րու հա­­­մակարգման մէջ կա­­­րեւոր դեր ստա­­­նալ։ Հա­­­սարա­­­կական տես­­­լա­­­­­­­կանի մը իրա­­­կանաց­­­ման հա­­­մար հիմ­­­նա­­­­­­­կան երեք գոր­­­ծօ­­­­­­­նի կա­­­րիքը կը զգանք։ Նա­­­խագիծ, մար­­­դուժ եւ ֆի­­­նան­­­սա­­­­­­­կան կա­­­րողու­­­թիւն։ Նա­­­խագի­­­ծը եւ մար­­­դուժը կա­­­րելի է ԷՐ­­­ՎԱՊ-ը շրջան­­­ցե­­­­­­­լով ապա­­­հովել։ Բայց հա­­­մայնքա­­­յին ֆի­­­նան­­­սի կա­­­րողու­­­թիւնը կը հսկո­­­ւի հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րու ձեռ­­­քով։ Հե­­­տեւա­­­բար առանց հա­­­մայնքա­­­յին հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րու մաս­­­նակցու­­­թեան եւ յօ­­­ժարու­­­թեան ան­­­կա­­­­­­­րելի է ոչ մէկ լուրջ գործ իրա­­­կանաց­­­նել։

ԷՐ­­­ՎԱՊ-ը Պատ­­­րիար­­­քի կամ Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­րանի այ­­­լընտրան­­­քը չէ, այլ Պատ­­­րիար­­­քի գլխա­­­ւորու­­­թեամբ կազ­­­մո­­­­­­­ւած աշ­­­խարհիկ կա­­­ռոյց մը։ Հե­­­տեւա­­­բար ԷՐ­­­ՎԱՊ-ի յա­­­ջողու­­­թիւննե­­­րով ամե­­­նաշատ ես եմ, որ գոհ պի­­­տի մնամ։

Ի.Է.- Հա­­­մայնքա­­­յին հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րու ընտրու­­­թեան մա­­­սին կա­­­նոնագ­­­րի հրա­­­պարա­­­կու­­­մէն ետք լու­­­սա­­­­­­­բանու­­­թիւնով մը յայտնե­­­ցիք նաեւ ձեր ակնկա­­­լու­­­թիւննե­­­րը։ Առա­­­ջար­­­կե­­­­­­­ցիք նիւ­­­թա­­­­­­­կան աջակ­­­ցութիւննե­­­րը հա­­­մադ­­­րե­­­­­­­լու դրու­­­թիւն մը։ Սա­­­կայն այս տա­­­րի կա­­­յացող սի­­­րոյ սե­­­ղան­­­նե­­­­­­­րու ըն­­­թացքին եօթը վար­­­ժա­­­­­­­րան­­­ներ չեն յա­­­ջողած իրենց ելմտա­­­կան հա­­­ւասա­­­րակշռու­­­թիւնը ապա­­­հովել։ Ինչպէ՞ս կը գնա­­­հատէք նոր վար­­­չութիւննե­­­րու գոր­­­ծունէու­­­թիւնը։

Հիմ­­­նարկնե­­­րու վար­­­չութիւննե­­­րը ընտրու­­­թեան նա­­­խոր­­­դող շրջա­­­նին զա­­­նազան խոս­­­տումներ կը յայտնեն։ Սա­­­կայն այդ խոս­­­տումնե­­­րը իրա­­­կանաց­­­նե­­­­­­­լու հա­­­մար կը դժո­­­ւարա­­­նան տնտե­­­սական իրո­­­ղու­­­թիւննե­­­րու հետ առե­­­րեսո­­­ւելով։ Ես առա­­­ջար­­­կած էի բարձր եկա­­­մուտ ու­­­նե­­­­­­­ցող հիմ­­­նարկնե­­­րուն կա­­­րիքա­­­ւոր հինգ դպրո­­­ցի ծախ­­­սե­­­­­­­րը ստանձնե­­­լը։

Այս տա­­­րի ելմտա­­­կան բաց ու­­­նե­­­­­­­ցող դպրոց­­­նե­­­­­­­րը հին­­­գէն եօթի բարձրա­­­ցան։ Երկրա­­­շար­­­ժի դի­­­մաց շէն­­­քե­­­­­­­րը ամ­­­րացնելն ալ նիւ­­­թա­­­­­­­կան նոր բեռ մը գո­­­յացուց։ Մեր յոյ­­­սեր սնու­­­ցած հիմ­­­նարկներն ալ իրենց մի­­­ջոց­­­նե­­­­­­­րը կ՚ու­­­զեն ուղղել այդ նոյն հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թեան պա­­­հան­­­ջարկնե­­­րուն։ Երկրի տնտե­­­սական ճգնա­­­ժամն ալ ալաւե­­­լի կը դժո­­­ւարաց­­­նէ այս խնդի­­­րը։ Ընդհան­­­րա­­­­­­­պէս մեր դպրոց­­­նե­­­­­­­րու տա­­­րեկան ելմտա­­­կան բա­­­ցը 3 մի­­­լիոն ԱՄՆ տո­­­լարի սահ­­­մաննե­­­րուն է։ Որ­­­պէս հա­­­մայնք մենք կրնանք փա­­­կել այդ բա­­­ցը։ Ան­­­շուշտ հա­­­սարա­­­կած պիւտճէ մը ձե­­­ւաւո­­­րելով։ Բա­­­ցի նիւ­­­թա­­­­­­­կան աւա­­­զանէ պէտք է նաեւ տո­­­ւեալ­­­նե­­­­­­­րու աւա­­­զան մըն ալ գո­­­յաց­­­նենք։ Պէտք է ստու­­­գենք մեր եկա­­­մուտնե­­­րը։ Կը տես­­­նեմ որ նոր վար­­­չութիւննե­­­րը բա­­­ւակա­­­նին ան­­­կեղծ են այս մեր­­­ձե­­­­­­­ցու­­­մին դի­­­մաց։

Ի.Է.- Երի­­­տասարդնե­­­րը ընդհան­­­րա­­­­­­­պէս ան­­­տարբեր մնա­­­ցին հա­­­մայնքա­­­յին հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րու վար­­­չութիւննե­­­րուն։ Այդ ան­­­տարբե­­­րու­­­թիւնը կը նկա­­­րագ­­­րեն իրենց հան­­­դէպ ան­­­տարբե­­­րու­­­թեամբ։ Հա­­­մաձա՞յն էք։

Սա լուրջ հար­­­ցում մըն է, որուն չենք կրնար հա­­­րեւան­­­ցի պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նել։ Փոք­­­րա­­­­­­­մաս­­­նութիւննե­­­րու հա­­­մայնքնե­­­րու գլխա­­­ւոր հրա­­­մայա­­­կանն է ապա­­­գայ սե­­­րունդնե­­­րու իրենց հա­­­մայնքին նե­­­րառու­­­մը։ Ար­­­դի կեն­­­ցա­­­­­­­ղը երի­­­տասարդնե­­­րուն կը թե­­­լադ­­­րէ մե­­­կու­­­սա­­­­­­­ցում։ Ոչ միայն հայ հա­­­սարա­­­կու­­­թեան, այլ հա­­­մայն մարդկու­­­թեան վե­­­րաբե­­­րող ըն­­­կե­­­­­­­րաբա­­­նական իրո­­­ղու­­­թիւն մըն է այս։ Թո­­­ւայ­­­նա­­­­­­­ցուած եւ կար­­­ծե­­­­­­­ցեալ աշ­­­խարհի մը ըն­­­ձե­­­­­­­ռած դիւ­­­րութիւննե­­­րը եւ ճա­­­շակ­­­նե­­­­­­­րը միանա­­­լով տնտե­­­սական դժո­­­ւարու­­­թիւննե­­­րուն, ան­­­խուսա­­­փելի կը դառ­­­նայ մե­­­կու­­­սա­­­­­­­ցու­­­մը եւ հա­­­սարա­­­կու­­­թեան հան­­­դէպ օտա­­­րացու­­­մը։ Եկե­­­ղեցա­­­կան երգչա­­­խումբե­­­րը, շրջա­­­նաւարտնե­­­րու միու­­­թիւննե­­­րը, մար­­­զա­­­­­­­կումբնե­­­րը, պա­­­րախումբե­­­րը բազ­­­մա­­­­­­­հազար հայ երի­­­տասարդներ մէկ­­­տե­­­­­­­ղող կա­­­րեւոր գոր­­­ծունէու­­­թիւն կը ծա­­­ւալեն։ Հա­­­մաձայն եմ որ երի­­­տասարդնե­­­րու մէկ­­­տեղման ֆի­­­զիքա­­­կան պայ­­­մաննե­­­րը պէտք է բազ­­­մացնենք եւ աւե­­­լի հմա­­­յիչ պէտք է դարձնենք։ Սա­­­կայն հա­­­մայնքին ըն­­­ձե­­­­­­­ռած­­­նե­­­­­­­րէն օգ­­­տո­­­­­­­ւիլ եւ մաս­­­նա­­­­­­­կից դառ­­­նալն ալ հայ երի­­­տասարդ ան­­­հա­­­­­­­տէն պի­­­տի սպա­­­սենք։ Աշ­­­խարհի վրայ ամե­­­նադ­­­ժո­­­­­­­ւար բանն է կա­­­մաւոր կեր­­­պով կոր­­­սո­­­­­­­ւիլ ու­­­զո­­­­­­­ղը գտնել, գո­­­հաց­­­նել եւ հա­­­մոզե­­­լով գե­­­րաշահիլը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ