Հոսանքն ի վեր

ԲԱՐՌԵՍԻԱ ԳՈԼԷՔԹԻՎ

«Դժբախ­­տա­­­­բար, սուգն ալ զօ­­­րակ­­­ցութիւնն ալ այ­­­սօր քա­­­ջու­­­թիւն կը պա­­­հան­­­ջեն, բայց խոր­­­քին մէջ ապ­­­րի­­­­­­­լը քա­­­ջու­­­թիւն կը պա­­­հան­­­ջէ, յոյ­­­սը քա­­­ջու­­­թիւն կը պա­­­հան­­­ջէ, ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թիւնը քա­­­ջու­­­թիւն կը պա­­­հան­­­ջէ»։

Այս խօս­­­քե­­­­­­­րը Ռա­­­քէլ Տինք ար­­­տա­­­­­­­սանեց իր սի­­­րելի ամուսնոյն՝ Հրանդ Տին­­­քի առա­­­ջին տա­­­րելի­­­ցը ոգե­­­կոչե­­­լու հա­­­մար Սե­­­պաթ շէն­­­քի դի­­­մաց հա­­­ւաքո­­­ւած հան­­­րութեան առ­­­ջեւ։ Յոյսն ալ ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թիւնն ալ քա­­­ջու­­­թիւն կը պա­­­հան­­­ջեն։ Կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կենք հաս­­­տա­­­­­­­տակա­­­մօրէն եւ առանց յու­­­սա­­­­­­­հատե­­­լու գո­­­յատե­­­ւել երկրի մը եւ աշ­­­խարհի մը մէջ, ուր ճշմար­­­տութիւ­­­նը երե­­­ւան հա­­­նելը յա­­­ճախ դէմ յան­­­դի­­­­­­­ման կը գտնո­­­ւի պա­­­տիժի կամ մա­­­հուան հետ։ 17 տա­­­րի ետք եւ տա­­­կաւին կ՚ապ­­­րինք իրա­­­կանու­­­թեան մը մէջ, ուր ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թեան յաղ­­­թա­­­­­­­նակին փո­­­խարէն կը գե­­­րիշ­­­խէ ու­­­ժի վրայ եղող­­­նե­­­­­­­րուն (ան)ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թիւնը։ 2022 թո­ւակա­­­նին ար­­­տա­­­­­­­սանած իր խօս­­­քին մէջ Ռա­­­քէլ Տինք մեզ կը յի­­­շեց­­­նէ, որ կա­­­րելի չէ այս աշ­­­խարհի վրայ ապա­­­հով ապ­­­րիլ առանց ճշմար­­­տութեան. «ճշմար­­­տութիւ­­­նը այն ամուր ժայռն է, որուն վրայ կը կեր­­­տենք մեր տու­­­նը։ Իրա­­­կանու­­­թիւնը ամուր վէմ է»։ Առանց այդ ամուր կռո­­­ւանին ո՛չ կրնանք սգալ, ո՛չ ալ՝ ապա­­­հով ապա­­­գայ մը պատ­­­կե­­­­­­­րաց­­­նել։ Ապ­­­րիլ 2021-ին, ըն­­­կե­­­­­­­րային ցան­­­ցե­­­­­­­րու վրայ մեր կա­­­տարած գրա­­­ռումնե­­­րէն մէ­­­կուն մէջ ըսինք, որ յանդգնու­­­թիւն է թէ՛ ճշմար­­­տութիւ­­­նը խօ­­­սիլը եւ թէ՛ զայն լսե­­­լու կա­­­րողու­­­թիւնը ու­­­նե­­­­­­­նալը։ Դժո­­­ւար է ճշմար­­­տութիւ­­­նը ըսե­­­լը, բայց այդ լսող­­­նե­­­­­­­րուն հա­­­մար աւե­­­լի՛ դժո­­­ւար է ատոր­­­մով եւ յատ­­­կա­­­­­­­պէս՝ ատոր պա­­­հանջնե­­­րուն հա­­­մաձայն ապ­­­րի­­­­­­­լը։ Խոր­­­քին մէջ, ըն­­­կե­­­­­­­րու­­­թիւնը ամ­­­բողջու­­­թեամբ հա­­­կառա­­­կը կը խրա­­­խու­­­սէ, այ­­­սինք՝ կը քա­­­ջալե­­­րէ ապ­­­րիլ սու­­­տե­­­­­­­րով ընդդէմ ճշմար­­­տութեան։ Դիւ­­­րին չէ ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թեան զգա­­­ցու­­­մը զար­­­գացնել անոնց մօտ, որոնք ակա­­­նատես չեն եղած ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թեան դրսե­­­ւոր­­­ման իրենց առօ­­­րեայ կեան­­­քին մէջ. անոնք յա­­­ճախ պէտք է իրենց ու­­­նե­­­­­­­ցածով բա­­­ւարա­­­րուին՝ չա­­­րեաց փոք­­­րա­­­­­­­գոյ­­­նը նա­­­խընտրե­­­լով եւ ան­­­բա­­­­­­­ւարար «այո»-նե­­­րու մէջ մխի­­­թարու­­­թիւն գտնե­­­լով։ Ճշմար­­­տութեան դէմ ապ­­­րո­­­­­­­ւած կեան­­­քի մը մէջ կա­­­րելի չէ ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թիւն զգալ եւ զայն դրսե­­­ւորել։

Ինչպէ՞ս կրնանք կար­­­դալ շուրջ եր­­­կու դար ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թեան եւ ճշմար­­­տութեան հա­­­մար պայ­­­քա­­­­­­­րող ժո­­­ղովուրդին իր իսկ ճշմար­­­տութիւ­­­նը պատ­­­մե­­­­­­­լու պար­­­տա­­­­­­­ւորուածու­­­թեան իրո­­­ղու­­­թիւնը. ժո­­­ղովուրդը, որ տա­­­կաւին կ՚են­­­թարկո­­­ւի նոյն անար­­­դա­­­­­­­րու­­­թեան՝ միաժա­­­մանակ ստի­­­պուած ըլ­­­լա­­­­­­­լով պատ­­­մե­­­­­­­լու ատոր մա­­­սին։ Վե­­­րապ­­­րող սե­­­րունդնե­­­րէն իրենց ապ­­­րած խտրա­­­կանու­­­թեան, անար­­­դա­­­­­­­րու­­­թիւննե­­­րու եւ աք­­­սորնե­­­րու մա­­­սին «պատ­­­մել» ակնկա­­­լելը բռնու­­­թեան ամէ­­­նէն վատ մի­­­ջոց­­­նե­­­­­­­րէն մէկն է, որ մարդ կրնայ կի­­­րառել, եւ այդ կրնայ առիթ ստեղ­­­ծել այլ բռնու­­­թիւննե­­­րու: Ասոր դէմ պայ­­­քա­­­­­­­րելու միակ մի­­­ջոցը կ՚իյ­­­նայ անար­­­դա­­­­­­­րու­­­թիւն եւ ոչնչաց­­­ման քա­­­ղաքա­­­կանու­­­թիւն գոր­­­ծածնե­­­րու ժա­­­ռան­­­գորդնե­­­րուն վրայ, երբ անոնք կը դի­­­մակա­­­յեն հան­­­ցա­­­­­­­գոր­­­ծութիւննե­­­րը, այդ ուղղու­­­թեամբ զգա­­­յու­­­նութիւն կը յա­­­ռաջաց­­­նեն ինքնա­­­զար­­­գա­­­­­­­ցու­­­մով եւ իրենց շրջա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րուն մէջ փո­­­փոխու­­­թիւն կը բե­­­րեն: Այսպի­­­սով, ժա­­­մանա­­­կի ըն­­­թացքին, զո­­­հին վրա­­­յէն կը վեր­­­ցո­­­­­­­ւի բե­­­ռը։

Բո­­­լոր մեծ եւ ու­­­ժեղ եր­­­կիրնե­­­րու պատ­­­մութիւննե­­­րուն էջե­­­րը լե­­­ցուն են գա­­­ղու­­­թա­­­­­­­տիրու­­­թեան ոճիր­­­նե­­­­­­­րով։ Աւե­­­լի՛ն, հա­­­կառակ շա­­­տերու պնդումնե­­­րուն, այս ոճիր­­­նե­­­­­­­րը չեն վե­­­րացած ազգ-պե­­­տու­­­թիւն հիմ­­­նումով։ Այ­­­սօր, գա­­­ղու­­­թա­­­­­­­տիրու­­­թեան ոճիր­­­նե­­­­­­­րուն եւ անոնց անդրա­­­դար­­­ձին շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կակա­­­նու­­­թեան մա­­­սին չխօ­­­սիլը կը նշա­­­նակէ մեծ ճշմար­­­տութիւննե­­­րը նոր սե­­­րունդնե­­­րէն պա­­­հել՝ անոնց ձգե­­­լով աւե­­­լի դժո­­­ւար, աւե­­­լի անար­­­դար եւ աւե­­­լի ապա­­­կանած աշ­­­խարհի մը մէջ։

Մա­­­լաթիոյ հայ ըն­­­տա­­­­­­­նիքէ մը սե­­­րած Հրանդ Տինք այս պատ­­­մա­­­­­­­կան ինքնու­­­թիւնը կրեց՝ իր առօ­­­րեան թող­­­նե­­­­­­­լով գա­­­ւառի եւ Պոլ­­­սոյ ճեղ­­­քին մէջ­­­տեղ։ Ինքնու­­­թիւն մըն է բնաջնջմամբ, հետ­­­քե­­­­­­­րու վե­­­րացու­­­մով, անմխի­­­թար սու­­­գով եւ ան­­­վերջ անար­­­դա­­­­­­­րու­­­թեան զգա­­­ցու­­­մով հիւ­­­սո­­­­­­­ւած։ Այս տա­­­րի, ինչպէս ամէն տա­­­րի, պի­­­տի հա­­­ւաքո­­­ւինք Սե­­­պաթ շէն­­­քին առ­­­ջեւ եւ փոր­­­ձենք շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կել սգալ։ Այս դժո­­­ւար օրին միասին ըլ­­­լալն ու մէկզմէ­­­կուն լռու­­­թեան ըն­­­կե­­­­­­­րակ­­­ցութեամբ քով քո­­­վի կանգնիլ կա­­­րողա­­­նալը՝ տես­­­նե­­­­­­­լու հա­­­մար, որ կրնաք կանգնիլ, պի­­­տի ըլ­­­լայ ճշմար­­­տութեան հա­­­մար մեր հաս­­­տա­­­­­­­տակա­­­մու­­­թեան ներ­­­կա­­­­­­­յացում մը:

Թարգմա­­­նեց՝ Արազ Գո­­ճայեանը

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ