«Ես աշխարհից վրէժխնդիր կլինեմ սիրով»

Սերկէյ Փարաճանով կը դառնայ 100 տարեկան

ՄԱՐԻ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

Յու­նո­­­ւա­­րի 9-ին աշ­­­խարհը կը նշէր կի­­­նօբե­­­մադ­­­րիչ, սցե­­­նարիստ, ՀԽՍՀ ժո­­­ղովրդա­­­կան ար­­­տիստ Սեր­­­կէյ Փա­­­րաճա­­­նովի 100-ամեակը։ Սեր­­­կէյ Փա­­­րաճա­­­նովը ծնած է 1924 թո­­­ւակա­­­նի Յու­­­նո­­­­­­­ւարի 9-ին Թիֆ­­­լիս։ Աւար­­­տե­­­­­­­լով Միջ­­­նա­­­­­­­կարգ դպրո­­­ցը՝ ան կ՚ըն­­­դունո­­­ւի Թիֆ­­­լի­­­­­­­սի եր­­­կա­­­­­­­թու­­­ղա­­­­­­­յին փո­­­խադ­­­րութեան ճար­­­տա­­­­­­­րագի­­­տու­­­թեան ինստի­­­տուտ, շի­­­նարա­­­րական ֆա­­­կուլտետ։ Մէկ տա­­­րի անց կը հե­­­ռանայ ինստի­­­տու­­­տէն եւ կ՚ըն­­­դունո­­­ւի միան­­­գա­­­­­­­մէն եր­­­կու ԲՈՒՀ՝ Թիֆ­­­լի­­­­­­­սի քոն­­­սե­­­­­­­րուա­­­թորիայի վո­­­քալի բա­­­ժին եւ Օփե­­­րային թատ­­­րո­­­­­­­նին կից գոր­­­ծող պա­­­րային ու­­­սումնա­­­րան։ Այ­­­նուհե­­­տեւ կը սո­­­վորէ Մոս­­­կո­­­­­­­ւայի քոն­­­սե­­­­­­­րուա­­­թորիան՝ Նի­­­նա Տոր­­­լիակի դա­­­սարա­­­նը։ Այնտեղ սո­­­վորե­­­լուն զու­­­գա­­­­­­­հեռ՝ Փա­­­րաճա­­­նովը 1946 թո­­­ւակա­­­նին կ՚ըն­­­դունո­­­ւի նաեւ Մոս­­­կո­­­­­­­ւայի կի­­­նեմա­­­թոկ­­­րա­­­­­­­ֆիայի հա­­­մառու­­­սա­­­­­­­կան պե­­­տական ինստի­­­տու­­­տի ռե­­­ժիսու­­­րա­­­­­­­յի ֆա­­­կուլտետ։ Փա­­­րաճա­­­նովի տիփ­­­լո­­­­­­­մային աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քը կար­­­ճա­­­­­­­մեթ­­­րաժ «Անդրիեշ» ժա­­­պաւէնն էր։ Չորս տա­­­րի անց ան ռե­­­ժիսոր Յա­­­կոբ Բա­­­զելեանի հետ Ալ. Տով­­­ժենկո­­­յի անո­­­ւան կի­­­նօս­­­տուդիայում նոյն նիւ­­­թով,նոյն անո­­­ւամբ ֆիլ­­­մի լիամեթ­­­րաժ տար­­­բե­­­­­­­րակը կը նկա­­­րահա­­­նէ։ Անոր ստեղ­­­ծա­­­­­­­գոր­­­ծութիւննե­­­րը բարձր կը գնա­­­հատեն ժա­­­մանա­­­կի մե­­­ծագոյն ռե­­­ժիսոր­­­ներ Ֆե­­­տերի­­­քօ Ֆե­­­լինին, Անդրէյ Թար­­­կովսկին եւ այլք։ Հան­­­րութեանը լայ­­­նօ­­­­­­­րէն յայտնի են անոր «Նռան գոյ­­­նը», «Մո­­­ռացո­­­ւած նախ­­­նի­­­­­­­ների ստո­­­ւեր­­­նե­­­­­­­րը», «Սու­­­րա­­­­­­­մի ամ­­­րո­­­­­­­ցի լե­­­գեն­­­դը», «Աշուղ Ղա­­­րիբ» եւ այլ ֆիլ­­­մեր։ Փա­­­րաճա­­­նովը Ար­­­ժա­­­­­­­նացած է բազ­­­մա­­­­­­­թիւ մի­­­ջազ­­­գա­­­­­­­յին, հայ­­­րե­­­­­­­նական մրցա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րու։

Նշենք, որ դեռ ան­­­ցեալ տա­­­րի ձե­­­ւաւո­­­րուած է Սեր­­­րէյ Փա­­­րաճա­­­նովի 100-ամեակի յո­­­բելեանա­­­կան մի­­­ջոցա­­­ռումնե­­­րու կա­­­ռավա­­­րական յանձնա­­­ժողով, եւ ողջ տա­­­րուայ ըն­­­թացքին նա­­­խատե­­­սուած են յո­­­բելեանը ար­­­ժե­­­­­­­ւորող բազ­­­մա­­­­­­­թիւ ծրագ­­­րեր։

Յու­­­նո­­­­­­­ւարի 9-ին յո­­­բելեանա­­­կան օրուայ մէկ­­­նարկը տրո­­­ւած է Երե­­­ւանի Կի­­­նոյի տա­­­նը Փա­­­րաճա­­­նովի ար­­­ձա­­­­­­­նի բա­­­ցու­­­մով։ Ար­­­ձա­­­­­­­նի քան­­­դա­­­­­­­կագոր­­­ծը Արա Ալե­­­քեանն է։ Մի­­­ջոցառ­­­մա­­­­­­­նը մաս­­­նակցած են ՀՀ վար­­­չա­­­­­­­պետի աշ­­­խա­­­­­­­տակազ­­­մի ղե­­­կավար, Սեր­­­կէյ Փա­­­րաճա­­­նովի 100-ամեակի յո­­­բելեանա­­­կան մի­­­ջոցա­­­ռումնե­­­րու կա­­­ռավա­­­րական յանձնա­­­ժողո­­­վի նա­­­խագահ Արա­­­յիկ Յա­­­րու­­­թիւնեանը, ՀՀ կրթու­­­թեան, գի­­­տու­­­թեան, մշա­­­կոյ­­­թի եւ սփոր­­­թի նա­­­խարար Ժան­­­նա Անդրէասեանը, նա­­­խարա­­­րի տե­­­ղակալ Դա­­­նիէլ Դա­­­նիէլեանը, Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի կի­­­նեմա­­­թոկ­­­րա­­­­­­­ֆիստնե­­­րու Միու­­­թեան նա­­­խագահ Յա­­­րու­­­թիւն Խա­­­չատ­­­րեանը, պաշ­­­տօ­­­­­­­նատար այլ ան­­­ձինք, մշա­­­կու­­­թա­­­­­­­սէր հան­­­րութիւ­­­նը։

Ար­­­ձա­­­­­­­նի բաց­­­մա­­­­­­­նը յա­­­ջոր­­­դած է Դա­­­ւիթ Գալստեանի «Ջո­­­կոն­­­դա. կեր­­­պա­­­­­­­փոխումնե­­­ր» ցու­­­ցա­­­­­­­հան­­­դէ­­­­­­­սը։ Հիւ­­­րե­­­­­­­րը դի­­­տած են ստեղ­­­ծա­­­­­­­գոր­­­ծութիւններ Սեր­­­կէյ Փա­­­րաճա­­­նովի «Մի քա­­­նի դրո­­­ւագ Ջո­­­կոն­­­դա­­­­­­­յի կեան­­­քէն» շար­­­քէն, ինչպէս նաեւ այդ շար­­­քէն ոգեշնչո­­­ւած արո­­­ւես­­­տա­­­­­­­գէտ Դա­­­ւիթ Գալստեանի աշ­­­խա­­­­­­­տանքնե­­­րը՝ ստեղ­­­ծո­­­­­­­ւած ար­­­հեստա­­­կան բա­­­նակա­­­նու­­­թեան մի­­­ջոցով։

Նշա­­­նաւոր օրո­­­ւայ առ­­­թիւ Երե­­­ւանի «Մոս­­­կո­­­­­­­ւա» կի­­­նօթատ­­­րո­­­­­­­նին հա­­­րող տա­­­րած­­­քին կը գոր­­­ծէ ֆօ­­­թօտա­­­ղաւար, կ՚անցկա­­­ցուի հա­­­րիսա­­­յի հիւ­­­րա­­­­­­­սիրու­­­թիւն, շար­­­ժա­­­­­­­կան ինստալ­­­յա­­­­­­­ցիա/փեր­­­ֆորմանս՝ Երե­­­ւանի կենդրո­­­նական փո­­­ղոց­­­նե­­­­­­­րով՝ կէ­­­սօրին եւ երե­­­կոյեան ժա­­­մերուն։

Կի­­­նոյի տա­­­նը կ՚անցկա­­­ցուին նաեւ կի­­­նօդի­­­տումներ, որոնց ըն­­­թացքին կը ցու­­­ցադրո­­­ւին Սեր­­­կէյ Փա­­­րաճա­­­նովի «Նռան գոյ­­­նը», «Աշուղ Ղա­­­րիբը», «Քիեւեան որմնան­­­կարներ», «Յա­­­կոբ Յով­­­նա­­­­­­­թան եան», «Արա­­­բեսկներ Փի­­­րոս­­­մա­­­­­­­նի թե­­­մանե­­­րով», «Մո­­­ռացո­­­ւած նախ­­­նի­­­­­­­ներու ստուեր­­­նե­­­­­­­րը», «Սու­­­րա­­­­­­­մի ամ­­­րո­­­­­­­ցի լե­­­գեն­­­դը» ֆիլ­­­մե­­­­­­­րը եւ Սերժ Աւե­­­տիքեանի ու Ալ­­­յո­­­­­­­նա Ֆե­­­տիսո­­­վայի «Փա­­­րաճա­­­նով» ֆիլ­­­մը։ Իրա­­­կանա­­­ցուած մի­­­ջոցա­­­ռումնե­­­րը ամ­­­փո­­­­­­­փուած են Սեր­­­կէյ Փա­­­րաճա­­­նովի թան­­­գա­­­­­­­րանը՝ «Կիւրճիեւ» եւ «Բա­­­րեկա­­­մու­­­թիւն» հա­­­մոյթնե­­­րու կա­­­տարումնե­­­րով։

Մի­­­ջոցառ­­­ման ներ­­­կայ եղած են ԿԳՄՍ նա­­­խարա­­­րի տե­­­ղակալ Դա­­­նիէլ Դա­­­նիէլեանը, Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի ազ­­­գա­­­­­­­յին կի­­­նօկեդ­­­րո­­­­­­­նի տնօ­­­րէն Շու­­­շա­­­­­­­նիկ Միր­­­զա­­­­­­­խանեանը, Ուկրաինոյ ՀՀ դես­­­պան Վլա­­­տիմիր Կա­­­րապե­­­տեանը, արո­­­ւես­­­տա­­­­­­­սէր հան­­­րութեան ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցիչներ։

ԿԳՄՍ նա­­­խարա­­­րի տե­­­ղակալ Դա­­­նիէլ Դա­­­նիէլեանը ող­­­ջունած է ներ­­­կա­­­­­­­ներուն եւ շնոր­­­հա­­­­­­­ւորած մե­­­ծանուն արո՛ւես­­­տա­­­­­­­գէտը յո­­­բելեանի կա­­­պակ­­­ցութեամբ։

Սեր­­­կէյ Փա­­­րաճա­­­նովի թան­­­գա­­­­­­­րանի տնօ­­­րէնի պար­­­տա­­­­­­­կանու­­­թիւննե­­­րը կա­­­տարող Մա­­­րիան­­­նա Մա­­­նու­­­չա­­­­­­­րեանը Մա­­­րի Յով­­­հաննի­­­սեանի հետ զրոյ­­­ցին նշած է՝ տա­­­րին փա­­­րաճա­­­նովեան ըլ­­­լա­­­­­­­լու է՝ միաժա­­­մանակ պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատու եւ դժո­­­ւար։ Ծրագ­­­րե­­­­­­­րը շատ են. ստեղ­­­ծո­­­­­­­ւելու է «Փա­­­րաճա­­­նով» պա­­­լետ, Երի­­­տասար­­­դա­­­­­­­կան սիմ­­­ֆո­­­­­­­նիկ նո­­­ւագա­­­խումբը Հեն­­­րիկ Իգի­­­թեանի անո­­­ւան Գե­­­ղագի­­­տու­­­թեան ազ­­­գա­­­­­­­յին կեդ­­­րո­­­­­­­նի տնօ­­­րէն Վա­­­հան Պա­­­տալեանի հետ հա­­­մատեղ կը կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պեն շատ հե­­­տաքրքրիր հա­­­մերգ, պի­­­տի ըլ­­­լայ գի­­­տաժո­­­ղով­­­ներ՝ ԱՄՆ, Վրաս­­­տան, ինչպէս նաեւ Հա­­­յաս­­­տան։։ Անոնցմէ մէ­­­կը կը կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պէ հէնց Փա­­­րաճա­­­նովի թան­­­գա­­­­­­­րանը։ Կ՚ըլ­­­լայ նաեւ ցու­­­ցա­­­­­­­հան­­­դէս, որու ժա­­­մանակ կը ներ­­­կա­­­­­­­յացո­­­ւին ան­­­հա­­­­­­­տական հա­­­ւաքա­­­ծոնե­­­րուի գտնո­­­ւող Փա­­­րաճա­­­նովի ստեղ­­­ծա­­­­­­­գոր­­­ծութիւննե­­­րը։ Ըստ զրու­­­ցակցի՝ այ­­­սօր ամե­­­նէն հա­­­րուստ թան­­­գա­­­­­­­րանի ար­­­խիւն է, որ սկզբնա­­­կան շրջա­­­նին 672 ցու­­­ցանմուշ ու­­­նե­­­­­­­ցած է, սա­­­կայն տա­­­րինե­­­րու ըն­­­թացքին այն հա­­­մալ­­­րո­­­­­­­ւած է անընդհատ, եւ ար­­­դիւնքին ներ­­­կա­­­­­­­յիս ու­­­նին 1755 ցու­­­ցանմուշ։ Ան­­­գամ թան­­­գա­­­­­­­րանի մէջ կան գոր­­­ծեր, որ հան­­­րութեանը չեն ներ­­­կա­­­­­­­յացո­­­ւած եր­­­բե­­­­­­­ւէ։ Ապա­­­գային մեծ ցան­­­կութիւն կայ թան­­­գա­­­­­­­րանի եր­­­րորդ յար­­­կը կա­­­ռու­­­ցել, որու պա­­­րագա­­­յին կ՚ու­­­նե­­­­­­­նան ֆիլ­­­մասրահ, ինչպէս նաեւ ժա­­­մանա­­­կակից ու մշտա­­­կան ցու­­­ցասրահ։ Մա­­­նու­­­ճա­­­­­­­րեանը հպար­­­տօ­­­­­­­րէն աւե­­­լացու­­­ցած է՝ կը նա­­­խատե­­­սեն սոյն տա­­­րուայ ապ­­­րիլ ամ­­­սո­­­­­­­ւայ սկզբին ՈՒ­­­ՆԵՍՔՕ-ի կեդ­­­րո­­­­­­­նին փա­­­րաճա­­­նովեան օրեր, որոնց շրջա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րուն կը ներ­­­կա­­­­­­­յացո­­­ւին այնպի­­­սի գոր­­­ծեր, որոնք կամ չեն ցու­­­ցադրո­­­ւած կամ շատ քիչ կը ցու­­­ցադրո­­­ւին։

Ի դէպ, թան­­­գա­­­­­­­րանին մէջ կը պա­­­հուի Փա­­­րաճա­­­նովի իս­­­թանպու­­­լեան շար­­­քէն քա­­­նի մը գոր­­­ծեր, որոնցմէ մէ­­­կը Արա Կիւ­­­լե­­­­­­­րի ֆօ­­­թոյի հի­­­ման վրայ ըրո­­­ւած է, եր­­­կուսը՝ Իս­­­թանպու­­­լի պատ­­­կե­­­­­­­րով գծան­­­կարներ են։ Առ­­­հասարակ, Փա­­­րաճա­­­նովը Իս­­­թանպու­­­լի հետ կա­­­պուած շատ յու­­­շեր ու­­­նի։ Եւ ըստ Մա­­­րիան­­­նա Մա­­­նու­­­չա­­­­­­­րեանի՝ դեռ 2019 թո­­­ւակա­­­նին թան­­­գա­­­­­­­րանի հիմ­­­նա­­­­­­­դիր Զա­­­ւէն Սարգսեանի ջան­­­քե­­­­­­­րով Իս­­­թանպու­­­լի Փե­­­րա թան­­­գա­­­­­­­րանի մէջ մեծ ցու­­­ցա­­­­­­­հան­­­դէս կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պո­­­­­­­ւած է՝ Փա­­­րաճա­­­նովի 95-ամեակի առ­­­թիւ։ Սա մեծ պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատո­­­ւու­­­թեամբ խի­­­զախու­­­թիւն եղած է, ան­­­նա­­­­­­­խադէպ իրա­­­դար­­­ձութիւն, որու ար­­­դիւնքին ցու­­­ցադրո­­­ւած է 75 նմոյշ։ Այ­­­սօր ալ այն կը հա­­­մարո­­­ւի Փա­­­րաճա­­­նովին նո­­­ւիրո­­­ւած լա­­­ւագոյն ցու­­­ցադրու­­­թիւննե­­­րէն մէ­­­կը, որ տե­­­ւած է 3 ամիս ու որու ըն­­­թացքին 55 հա­­­զար այ­­­ցե­­­­­­­լու ու­­­նե­­­­­­­ցած է ցու­­­ցա­­­­­­­հան­­­դէ­­­­­­­սը։ Մե­­­ծանուն հա­­­յի անու­­­նը կրող թան­­­գա­­­­­­­րանը մշտա­­­պէս պատ­­­րաստ է հա­­­մագոր­­­ծակցու­­­թեան։

Եւ ինչպէս հան­­­ճա­­­­­­­րեղ Փա­­­րաճա­­­նովը ըսած է. «Ես 50 տա­­­րի այնքան գե­­­ղեցիկ ապ­­­րել եմ։ Սի­­­րել եմ, շա­­­տախօ­­­սել, հիացել, ինչ-որ բան ճա­­­նաչել, քիչ արել, բայց ան­­­չափ շատ բան սի­­­րել։ Մարդկանց եմ շատ սի­­­րել եւ նրանց շատ պար­­­տա­­­­­­­կան եմ։ Գոր­­­շութեան հան­­­դէպ ան­­­հանդուրժող էի։ Ամե­­­նանո­­­րաձեւ գոյնն էր։ Ժա­­­մանա­­­կի անհրա­­­ժեշ­­­տութիւ­­­նը։ Ես ծա­­­ղիկ­­­ներ նկա­­­րող խե­­­լագար ծե­­­րուկ եմ»։

Հոսանքն ի վեր

«Դժբախ­­տա­­­­բար, սուգն ալ զօ­­­րակ­­­ցութիւնն ալ այ­­­սօր քա­­­ջու­­­թիւն կը պա­­­հան­­­ջեն, բայց խոր­­­քին մէջ ապ­­­րի­­­­­­­լը քա­­­ջու­­­թիւն կը պա­­­հան­­­ջէ, յոյ­­­սը քա­­­ջու­­­թիւն կը պա­­­հան­­­ջէ, ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թիւնը քա­­­ջու­­­թիւն կը պա­­­հան­­­ջէ»։

Այս խօս­­­քե­­­­­­­րը Ռա­­­քէլ Տինք ար­­­տա­­­­­­­սանեց իր սի­­­րելի ամուսնոյն՝ Հրանդ Տին­­­քի առա­­­ջին տա­­­րելի­­­ցը ոգե­­­կոչե­­­լու հա­­­մար Սե­­­պաթ շէն­­­քի դի­­­մաց հա­­­ւաքո­­­ւած հան­­­րութեան առ­­­ջեւ։ Յոյսն ալ ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թիւնն ալ քա­­­ջու­­­թիւն կը պա­­­հան­­­ջեն։ Կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կենք հաս­­­տա­­­­­­­տակա­­­մօրէն եւ առանց յու­­­սա­­­­­­­հատե­­­լու գո­­­յատե­­­ւել երկրի մը եւ աշ­­­խարհի մը մէջ, ուր ճշմար­­­տութիւ­­­նը երե­­­ւան հա­­­նելը յա­­­ճախ դէմ յան­­­դի­­­­­­­ման կը գտնո­­­ւի պա­­­տիժի կամ մա­­­հուան հետ։ 17 տա­­­րի ետք եւ տա­­­կաւին կ՚ապ­­­րինք իրա­­­կանու­­­թեան մը մէջ, ուր ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թեան յաղ­­­թա­­­­­­­նակին փո­­­խարէն կը գե­­­րիշ­­­խէ ու­­­ժի վրայ եղող­­­նե­­­­­­­րուն (ան)ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թիւնը։ 2022 թո­ւակա­­­նին ար­­­տա­­­­­­­սանած իր խօս­­­քին մէջ Ռա­­­քէլ Տինք մեզ կը յի­­­շեց­­­նէ, որ կա­­­րելի չէ այս աշ­­­խարհի վրայ ապա­­­հով ապ­­­րիլ առանց ճշմար­­­տութեան. «ճշմար­­­տութիւ­­­նը այն ամուր ժայռն է, որուն վրայ կը կեր­­­տենք մեր տու­­­նը։ Իրա­­­կանու­­­թիւնը ամուր վէմ է»։ Առանց այդ ամուր կռո­­­ւանին ո՛չ կրնանք սգալ, ո՛չ ալ՝ ապա­­­հով ապա­­­գայ մը պատ­­­կե­­­­­­­րաց­­­նել։ Ապ­­­րիլ 2021-ին, ըն­­­կե­­­­­­­րային ցան­­­ցե­­­­­­­րու վրայ մեր կա­­­տարած գրա­­­ռումնե­­­րէն մէ­­­կուն մէջ ըսինք, որ յանդգնու­­­թիւն է թէ՛ ճշմար­­­տութիւ­­­նը խօ­­­սիլը եւ թէ՛ զայն լսե­­­լու կա­­­րողու­­­թիւնը ու­­­նե­­­­­­­նալը։ Դժո­­­ւար է ճշմար­­­տութիւ­­­նը ըսե­­­լը, բայց այդ լսող­­­նե­­­­­­­րուն հա­­­մար աւե­­­լի՛ դժո­­­ւար է ատոր­­­մով եւ յատ­­­կա­­­­­­­պէս՝ ատոր պա­­­հանջնե­­­րուն հա­­­մաձայն ապ­­­րի­­­­­­­լը։ Խոր­­­քին մէջ, ըն­­­կե­­­­­­­րու­­­թիւնը ամ­­­բողջու­­­թեամբ հա­­­կառա­­­կը կը խրա­­­խու­­­սէ, այ­­­սինք՝ կը քա­­­ջալե­­­րէ ապ­­­րիլ սու­­­տե­­­­­­­րով ընդդէմ ճշմար­­­տութեան։ Դիւ­­­րին չէ ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թեան զգա­­­ցու­­­մը զար­­­գացնել անոնց մօտ, որոնք ակա­­­նատես չեն եղած ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թեան դրսե­­­ւոր­­­ման իրենց առօ­­­րեայ կեան­­­քին մէջ. անոնք յա­­­ճախ պէտք է իրենց ու­­­նե­­­­­­­ցածով բա­­­ւարա­­­րուին՝ չա­­­րեաց փոք­­­րա­­­­­­­գոյ­­­նը նա­­­խընտրե­­­լով եւ ան­­­բա­­­­­­­ւարար «այո»-նե­­­րու մէջ մխի­­­թարու­­­թիւն գտնե­­­լով։ Ճշմար­­­տութեան դէմ ապ­­­րո­­­­­­­ւած կեան­­­քի մը մէջ կա­­­րելի չէ ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թիւն զգալ եւ զայն դրսե­­­ւորել։

Ինչպէ՞ս կրնանք կար­­­դալ շուրջ եր­­­կու դար ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թեան եւ ճշմար­­­տութեան հա­­­մար պայ­­­քա­­­­­­­րող ժո­­­ղովուրդին իր իսկ ճշմար­­­տութիւ­­­նը պատ­­­մե­­­­­­­լու պար­­­տա­­­­­­­ւորուածու­­­թեան իրո­­­ղու­­­թիւնը. ժո­­­ղովուրդը, որ տա­­­կաւին կ՚են­­­թարկո­­­ւի նոյն անար­­­դա­­­­­­­րու­­­թեան՝ միաժա­­­մանակ ստի­­­պուած ըլ­­­լա­­­­­­­լով պատ­­­մե­­­­­­­լու ատոր մա­­­սին։ Վե­­­րապ­­­րող սե­­­րունդնե­­­րէն իրենց ապ­­­րած խտրա­­­կանու­­­թեան, անար­­­դա­­­­­­­րու­­­թիւննե­­­րու եւ աք­­­սորնե­­­րու մա­­­սին «պատ­­­մել» ակնկա­­­լելը բռնու­­­թեան ամէ­­­նէն վատ մի­­­ջոց­­­նե­­­­­­­րէն մէկն է, որ մարդ կրնայ կի­­­րառել, եւ այդ կրնայ առիթ ստեղ­­­ծել այլ բռնու­­­թիւննե­­­րու: Ասոր դէմ պայ­­­քա­­­­­­­րելու միակ մի­­­ջոցը կ՚իյ­­­նայ անար­­­դա­­­­­­­րու­­­թիւն եւ ոչնչաց­­­ման քա­­­ղաքա­­­կանու­­­թիւն գոր­­­ծածնե­­­րու ժա­­­ռան­­­գորդնե­­­րուն վրայ, երբ անոնք կը դի­­­մակա­­­յեն հան­­­ցա­­­­­­­գոր­­­ծութիւննե­­­րը, այդ ուղղու­­­թեամբ զգա­­­յու­­­նութիւն կը յա­­­ռաջաց­­­նեն ինքնա­­­զար­­­գա­­­­­­­ցու­­­մով եւ իրենց շրջա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րուն մէջ փո­­­փոխու­­­թիւն կը բե­­­րեն: Այսպի­­­սով, ժա­­­մանա­­­կի ըն­­­թացքին, զո­­­հին վրա­­­յէն կը վեր­­­ցո­­­­­­­ւի բե­­­ռը։

Բո­­­լոր մեծ եւ ու­­­ժեղ եր­­­կիրնե­­­րու պատ­­­մութիւննե­­­րուն էջե­­­րը լե­­­ցուն են գա­­­ղու­­­թա­­­­­­­տիրու­­­թեան ոճիր­­­նե­­­­­­­րով։ Աւե­­­լի՛ն, հա­­­կառակ շա­­­տերու պնդումնե­­­րուն, այս ոճիր­­­նե­­­­­­­րը չեն վե­­­րացած ազգ-պե­­­տու­­­թիւն հիմ­­­նումով։ Այ­­­սօր, գա­­­ղու­­­թա­­­­­­­տիրու­­­թեան ոճիր­­­նե­­­­­­­րուն եւ անոնց անդրա­­­դար­­­ձին շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կակա­­­նու­­­թեան մա­­­սին չխօ­­­սիլը կը նշա­­­նակէ մեծ ճշմար­­­տութիւննե­­­րը նոր սե­­­րունդնե­­­րէն պա­­­հել՝ անոնց ձգե­­­լով աւե­­­լի դժո­­­ւար, աւե­­­լի անար­­­դար եւ աւե­­­լի ապա­­­կանած աշ­­­խարհի մը մէջ։

Մա­­­լաթիոյ հայ ըն­­­տա­­­­­­­նիքէ մը սե­­­րած Հրանդ Տինք այս պատ­­­մա­­­­­­­կան ինքնու­­­թիւնը կրեց՝ իր առօ­­­րեան թող­­­նե­­­­­­­լով գա­­­ւառի եւ Պոլ­­­սոյ ճեղ­­­քին մէջ­­­տեղ։ Ինքնու­­­թիւն մըն է բնաջնջմամբ, հետ­­­քե­­­­­­­րու վե­­­րացու­­­մով, անմխի­­­թար սու­­­գով եւ ան­­­վերջ անար­­­դա­­­­­­­րու­­­թեան զգա­­­ցու­­­մով հիւ­­­սո­­­­­­­ւած։ Այս տա­­­րի, ինչպէս ամէն տա­­­րի, պի­­­տի հա­­­ւաքո­­­ւինք Սե­­­պաթ շէն­­­քին առ­­­ջեւ եւ փոր­­­ձենք շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կել սգալ։ Այս դժո­­­ւար օրին միասին ըլ­­­լալն ու մէկզմէ­­­կուն լռու­­­թեան ըն­­­կե­­­­­­­րակ­­­ցութեամբ քով քո­­­վի կանգնիլ կա­­­րողա­­­նալը՝ տես­­­նե­­­­­­­լու հա­­­մար, որ կրնաք կանգնիլ, պի­­­տի ըլ­­­լայ ճշմար­­­տութեան հա­­­մար մեր հաս­­­տա­­­­­­­տակա­­­մու­­­թեան ներ­­­կա­­­­­­­յացում մը:

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ