Թրքական ԱԹՍ-ներով զոհուած են Սուրիոյ բանակէն 3 զինուորներ

Թուրքիոյ ռազ­մաօդա­յին ու­ժե­րը անօ­դաչու սար­քե­րով հա­րուա­ծած են Սու­րիոյ հիւ­սի­սարե­ւելեան Հա­սաքէ նա­հան­գին մէջ գտնո­ւող Գա­միշ­լի քա­ղաքի մեր­ձա­կայ­քը տե­ղակա­յուած թի­րախ­նե­րը։ Ըստ Sharq Al-Awsat թեր­թի հա­ղորդմամբ՝ հա­րուած­նե­րէն մէ­կու հե­տեւան­քով երեք սու­րիացի զի­նուոր զո­հուած է։

Իսկ սու­րիական ՍԱ­ՆԱ գոր­ծա­կալու­թեան կող­մէ տրո­ւած յայ­տա­րարու­թեամբ Սու­րիոյ մէջ թրքա­կան օդու­ժի հա­րուած­նե­րու հե­տեւան­քով Ալ-Հա­սաքա նա­հան­գի մէջ եր­կու ելեկտրա­կան են­թա­կայան­ներ վնա­սուած են։ Խօս­քը Ամու­տա եւ Գա­միշ­լի քա­ղաքին մէջ 66 քի­լոուաթ հզօ­րու­թեամբ են­թա­կայան­նե­րու մա­սին է։

Յու­նո­ւար 15-ի գի­շերը Թուրքիոյ ազ­գա­յին պաշտպա­նու­թեան նա­խարա­րու­թիւնը յայտնած է Հիւ­սի­սային Իրա­քի եւ Սու­րիոյ մէջ օդա­յին գոր­ծո­ղու­թիւննե­րու ըն­թացքին երկրին մէջ ար­գի­լուած Քիւրտիս­տա­նի աշ­խա­տաւո­րական կու­սակցու­թեան 24 կա­ռոյ­ցի ոչնչաց­ման մա­սին։ Թրքա­կան կող­մը պնդած է, որ օդա­յին հա­րուած­նե­րը պա­տաս­խան եղած են Հիւ­սի­սային Իրա­քի մէջ գտնո­ւող ռազ­մա­կայա­նի վրայ Քիւրտիս­տա­նի աշ­խա­տաւո­րական կու­սակցու­թեան ու­ժե­րու յար­ձակման, որու հե­տեւան­քով ինը թուրք զի­նուոր զո­հուած է։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ