Մեր երկրէ ներս եղբայրացման խորհրդանիշը

ՃԱՆ ԱԹԱԼԱՅ

Շատ լսած եմ իր խօս­­քե­­­րը, շատ ըն­­թերցած գրած­­նե­­­րը, բայց եր­­բեք չեմ զրու­­ցած իր հետ։

Դա­­տարան­­նե­­­րու մուտքին՝ նոյ­­նիսկ ներքնա­­մասին յար­­ձակման վայ­­րի վե­­րածո­­ւած օրերն էին։ Ես թե­­րատի փաս­­տա­­­բան էի, այդ ժա­­մանակ։ Փաս­­տա­­­բանի պատ­­մուճան հա­­գած խմբակ­­ներ, նախ կ՚ապա­­հովէին լրագ­­րո­­­ղի մը դէմ դա­­տական գոր­­ծընթա­­ցի մը մեկ­­նարկու­­մը, ապա դա­­տարա­­նի դահ­­լի­­­ճը կը վե­­րածէին հայ­­հո­­­յան­­քին, անար­­գանքին, յար­­ձա­­­կու­­մին բե­­մը ըլ­­լա­­­լով։ Դար­­ձեալ այդպի­­տի օր մըն էր, իր դէմ յա­­րու­­ցո­­­ւած դա­­տի առա­­ջին նիս­­տը։ Շիշ­­լիի Ար­­դա­­­րադա­­տու­­թեան շէն­­քը բնա­­կարա­­նէ մը դա­­տարա­­նի վե­­րածո­­ւած է։ Աս­­տի­­­ճան­­նե­­­րուն վրայ կը հան­­դի­­­պիմ փաս­­տա­­­բան Ֆեթ­­հի­­­յէ Չե­­թինի։ «Բա­­րեւ քոյ­­րիկ» կ՚ըսեմ իրեն, բայց ան պա­­տաս­­խան չի տար։ Կը նկա­­տեմ տա­­րօրի­­նակու­­թիւնը եւ կը հե­­տեւիմ իրեն։ Քիչ անց ներս կը մտնէ նաեւ իրա­­ւապաշտպան Հա­­սան Ալը­­ճը։ Ան պի­­տի բա­­ցատ­­րէ թէ ին­­չեր կ՚անցնին կը դառ­­նան, նոյն պա­­հուն ներս կը մտնեն այդ ծա­­նօթ խու­­ժա­­­նը։

Այսպէս կը սկսի այդ բո­­լորին ծա­­նօթ դա­­տավա­­րու­­թեան առա­­ջին նիս­­տը։

Այդ դա­­տարա­­նին մէջ ես ալ բազ­­մա­­­թիւ դա­­տեր ու­­նիմ։ Հե­­տեւա­­բար ան­­ցուդարձնե­­րուն յա­­ճախ կը հե­­տեւիմ։

Դա­­տակազ­­մը մաս­­նա­­­գէտ­­նե­­­րու տե­­ղեկա­­գիրը նկա­­տի առ­­նե­­­լով կը պատ­­րաստո­­ւէր Հրանդ Տին­­քը ան­­պարտ հռչա­­կելու, բայց յան­­կարծ ան­­տե­­­սանե­­լի ձեռք մը կը մի­­ջամ­­տէ այդ որո­­շու­­մին եւ Հրան­­դին պա­­տիժ կը տնօ­­րինեն։

Այդ վճի­­ռը 19 Յու­­նո­­­ւարի տա­­նող ճամ­­բու մեկ­­նա­­­կէտը հան­­դի­­­սացաւ։ 19 Յու­­նո­­­ւար 2007 թո­­ւակա­­նը հետզհե­­տէ աճող բռնու­­թեան, դա­­տարա­­նի նրբանցքնե­­րու մէջ ձե­­ւաւո­­րուած դա­­տական ահա­­բեկ­­չութեան գա­­գաթ­­նա­­­կէտը հան­­դի­­­սացաւ։

Տին­­քի սպա­­նու­­թեան հետ առնչուած բո­­լոր գիր­­քե­­­րը կար­­դա­­­ցած եմ։ Ան­­հատնում հար­­ցումնե­­րովս յոգ­­նե­­­ցուած, զզո­­ւան­­քի մատ­­նած եմ սի­­րելի պաշ­­տօ­­­նակիցս Հա­­քան Պա­­քըր­­ճըօղ­­լուն։ Բայց տա­­կաւին ան­­պա­­­տաս­­խան մնա­­ցած բա­­զում հար­­ցումներ կան մտքիս մէջ։ Մէկ կողմ թո­­ղենք ան­­պա­­­տաս­­խան մնա­­ցած հար­­ցումնե­­րը, 19 Յու­­նո­­­ւարին գոր­­ծո­­­ւած ոճի­­րի պատ­­ճա­­­ռը ու նպա­­տակը շատ յստակ է։

Հրան­­դը սպան­­նե­­­ցին ո՛չ թէ դա­­պու հա­­մարո­­ւած նիւ­­թի մը մա­­սին խօ­­սելուն հա­­մար, այլ այդ խօս­­քը այսքան պար­­զունակ եղա­­նակով՝ դի­­ւանա­­գիտա­­կան կա­­ղապար­­նե­­­րու փո­­խարէն մարդկա­­յին խիղ­­ճը շարժման անցնե­­լով խօ­­սելուն հա­­մար վտան­­գա­­­ւոր էր։ Ան յա­­մառօ­­րէն կը փոր­­ձէր այս նիւ­­թը մարդկանց մտքե­­րուն մէջ լու­­ծել։

Այո՛, եր­­բեք չեմ խօ­­սած, բայց քա­­նի մը ան­­գամ տե­­սած էի զինք։ Անոնցմէ մէ­­կը դար­­ձեալ Շիշ­­լիի դա­­տարա­­նին մուտքին էր։ Ու­­րի­­­շի մը դա­­տավա­­րու­­թեան զօ­­րակ­­ցե­­­լու հա­­մար եկած էր։ Միշտ դժո­­ւար օրեր ապ­­րե­­­ցանք, այդ օր ալ անոնցմէ մէկն էր։ Այդ խառ­­նի­­­ճաղանճ մի­­ջավայ­­րին մէջ ան­­ խա­­­ղաղ կը հե­­տեւէր կա­­տարո­­ւած­­նե­­­րուն։

Մի ու­­րիշ ան­­գամ հա­­մալ­­սա­­­րանի մը նրբանցքնե­­րուն տե­­սայ զինք։ Զար­­մա­­­նալով նկա­­տեցի թէ որ­­քան վա­­յելուչ էր։ Ամէն տա­­րի 19 Յու­­նո­­­ւարին ժա­­մը ճիշդ 15.00-ին, մեզ բո­­լորս Փան­­կալթըի մէջ մէկ­­տե­­­ղողը անոր եղ­­բայրաց­­ման կամքն է, յա­­մառ կամ­­քը։

Սի­­րով ու յար­­գանքով կը յի­­շատա­­կեմ զինք։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ