«Հոս ենք աղբարիկ»

Թերթիս նա­խորդ թի­ւով անդրա­դար­ձած էինք Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի կազ­մա­կեր­պած եւ Հրանդ Տին­քի ձօ­նուած զրոյցնե­րու շար­քը։ Այս շա­բաթ ըն­թերցող­նե­րուն հետ կը բաժ­նենք այդ զրոյցնե­րէն որոշ հա­տուած­ներ։

11 Յու­նո­ւարին կա­յացող առա­ջին զրոյ­ցի խո­րագիրն էր. «Իրո­ղու­թեան յու­շագրու­թիւնը»։ Այս խո­րագ­րի ներ­քեւ Սե­նա Պա­շէօզ եւ Նես­լի­հան Քո­յունճու Պա­լի բա­ցատ­րութիւններ տո­ւին 23,5 Հրանդ Տինք յի­շողու­թեան վայ­րի պատ­րաստու­թեան եւ հիմ­նադրու­թեան գոր­ծընթա­ցի մա­սին։ Վկա­յու­թիւններ փո­խան­ցո­ւեցան Հա­րաւա­յին Ափ­րի­կէի մէջ կա­տարո­ւած նման նա­խաձեռ­նութիւննե­րէ։

Յա­ջորդ օր «Իրո­ղու­թիւնը ար­խի­ւաւո­րել» խո­րագ­րի ներ­քեւ Զէյ­նեփ Թաշ­քըն պատ­մեց Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի հիմ­նադրու­թեան հետ զու­գա­հեռ ժա­մանա­կագ­րութեամբ Հրանդ Տին­քի ար­խի­ւի մը կազ­մութեան ոդի­սակա­նը։

Թեր­թե­րի կտրօն­նե­րէ, լու­սանկար­նե­րէ, վի­տէյո ժա­պաւէն­նե­րէ, Հրանդ Տին­քի անձնա­կան իրե­րէ բաղ­կա­ցող այդ ար­խի­ւի ձե­ւաւոր­ման մէջ բազ­մա­թիւ կա­մաւոր­ներ, յատ­կա­պէս հա­մալ­սա­րանա­կան երի­տասարդներ բա­ժին ու­նե­ցան։ Այդ գոր­ծընթա­ցը տա­կաւին կը շա­րու­նա­կուի։ Իւ­միթ Քը­վան­ճի հե­ղինա­կած «Յի­շողու­թիւնը ան­բա­ւարար» անուն վա­ւերագ­րա­կանի 5 տա­րի տե­ւող պատ­րաստու­թիւննե­րը պատ­մեց Նո­րայր Օլ­կար։

«Ակօս»ի նախ­կին խմբագ­րա­պետ Ռո­պէր Քոփ­թաշ ալ պատ­մեց Ռայ­մոն Գէոր­գեան եւ Փոլ Փա­պու­ճեանի հե­ղինա­կած «Նախ­քան 1915 հա­յերը Օս­մա­նեան Կայսրու­թեան մէջ» անուն գիր­քի հրա­տարակ­չութեան պատ­մութիւ­նը։ «Այ­սօր կ՚ապ­րինք Հրան­դին բա­ցակա­յած աշ­խարհի մը մէջ։ «Ակօս»ի հրա­տարա­կու­թիւնով տե­սանք որ առանց հա­մայնք հաս­կա­ցողու­թեան սահ­մա­նափա­կումնե­րուն, ու­րիշ մարդկանց հետ ալ շփո­ւելով կա­րելի էր թուրքիացի հայ ըլ­լալ» ըսաւ Ռո­պէր Քոփ­թաշ։

13 Յու­նո­ւար շա­բաթ օր այս ան­գամ Հա­զալ Էօզ­վա­րըշի ժո­ղովա­վարու­թեամբ լրագ­րողներ՝ Էլիֆ Աք­կիւլ, Ճա­նան Ճոշ­քուն եւ Եդո­ւարդ Տան­ձի­կեան ոճի­րի յա­ջոր­դող դա­տավա­րու­թիւննե­րու ըն­թացքին լրագ­րո­ղի տպա­ւորու­թիւննե­րը փո­խան­ցե­ցին լսա­րանին։ Անոնք յատ­կա­պէս անդրա­դար­ձան 2016-ին մեկ­նարկած եւ պե­տական պաշ­տօ­նեանե­րուն դա­տուած երկրորդ հանգրո­ւանի վկա­յու­թիւննե­րուն։ Ընդգծե­ցին թէ դա­տակազ­մը ինչպէս յա­մառօ­րէն կը մեր­ժէր Տինք ըն­տա­նիքի փաս­տա­բան­նե­րուն հար­ցաքննու­թիւնը ծա­ւալե­լու մի­տող պա­հանջնե­րը։

15 Յու­նո­ւար եր­կուշաբ­թի օր Պա­րըշ Ալ­թընթաշ, Պիւ­լենթ Այ­տըն եւ Մի­լենա Պիւ­յիւմ՝ Զէյ­նեփ Սունկու­րի ժո­ղովա­վարու­թեամբ պատ­մե­ցին Հրանդ Տին­քի դա­տավա­րու­թիւննե­րուն հետ առնչո­ւած իրենց անձնա­կան փոր­ձա­ռու­թիւնը։

Այստեղ Պա­րըշ Ալ­թընթաշ ընդգծեց Հրան­դի Ըն­կերնե­րը հար­թա­կի կա­րեւոր դե­րակա­տարու­թիւնը։ Մի­լենա Պիւ­յիւմ մար­դու իրա­ւունքնե­րու պաշտպան­նե­րու դա­տական նիս­տե­րուն մաս­նակցու­թեան նշա­նակու­թեան անդրա­դառ­նա­լով նշեց որ այս տե­սակի մաս­նակցու­թիւննե­րը կա­րեւոր են իրա­ւաբա­նական գայ­թակղու­թիւննե­րը կան­խե­լու եւ թա­փան­ցի­կու­թիւն ապա­հովե­լու առու­մով։

Պիւ­լենթ Այ­տըն, որ շա­տերուն ծա­նօթ է, իբ­րեւ Հրան­դի Ըն­կերնե­րը հար­թա­կի խօս­նակ երախ­տի­քով նշեց լրագ­րող Այ­տըն Էն­կի­նի եւ փաս­տա­բան Հա­քան Պա­քըր­ճըօղ­լո­ւի պայ­քա­րը։ Ան իր խօս­քե­րը եզ­րա­փակեց յի­շատակ­ման մի­ջոցա­ռումնե­րուն մաս­նակցու­թեան հետզհե­տէ նո­ւազե­լու պատ­կե­րը մեկ­նա­բանե­լով։ «Այդ նո­ւազու­մը նիւ­թի հան­դէպ ու­շադրու­թեան նո­ւազում մը չէ, այլ ժո­ղովրդա­վարու­թեան բա­ցակա­յու­մը»։

16 Յու­նո­ւարին այս ան­գամ փաս­տա­բան­ներ Ֆեդ­հի­յէ Չե­թին եւ Հիւլյա Տե­ւեճի ելոյթ ու­նե­ցան եւ երախ­տի­քով յի­շեցին ող­բա­ցեալ փաս­տա­բան Հա­քան Պա­քըր­ճըօղ­լո­ւի մեծ ներդրու­մը։ Մա­նաւանդ Չե­թին ման­րա­մաս­նութիւննե­րով պատ­մեց թէ ոճի­րի պե­տական որո­շու­մով մը գոր­ծադրո­ւելու ապա­ցոյցնե­րը ին­չեր են։ Ան նշեց որ ոճի­րը նախ վե­րագ­րո­ւեցաւ Էր­կե­նեքոն կո­չեցեալ խմբա­կին։ Ապա քա­ղաքա­կան զար­գա­ցումնե­րու զու­գա­հեռ այս ան­գամ ալ լու­սարձա­կի տակ առ­նո­ւեցաւ Ֆե­թու­լահ Կիւ­լե­նի աղան­դը։ «Իրո­ղու­թիւնը այն է, որ ոճի­րէն ետք փաս­տեր քօ­ղար­կողնե­րը, կեղծ փաս­տեր հնա­րող­նե­րը բո­լորն ալ պե­տական պաշ­տօ­նեաներ էին» ըսաւ Ֆեդ­հի­յէ Չե­թին։

Հիւլյա Տե­ւեճի ալ շեշ­տեց նոյն իրո­ղու­թիւնը, նշե­լով որ հար­ցաքննու­թեան նե­րառո­ւած 85 ամ­բաստա­նեալ­նե­րու մե­ծամաս­նութիւ­նը կը կազ­մէին պե­տական պաշ­տօ­նեանե­րը։

Այս մի­ջոցա­ռումնե­րը աւար­տին հա­սան Հա­լէ Թեն­կե­րի պատ­րաստած ցո­լացու­մով։ «Ակօս»ի նախ­կին խմբագ­րա­տան ալ գտնո­ւած Սե­պատ շէն­քի պա­տին վրայ 18 Յու­նո­ւար հինգշաբ­թի երե­կոյ ժա­մը 19.00-ին պի­տի ցո­լանայ Հա­լէ Թեն­կե­րի պատ­րաստած նիւ­թե­րը։

Իսկ 19 Յու­նո­ւարին ժա­մը ճիշդ 15.00-ին նոյն տեղ­ւոյն վրայ պի­տի իրա­կանա­նայ Հրանդ Տին­քի յի­շատակ­ման ձօ­նուած հան­րա­հաւա­քը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ