Յիշեցումն

«Որոտի ձայները սարսափեցնում

են երեխաներին եւ դողդողացնում

թոյլ ուղեղները»։

Դեմոֆիլ

ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ

Իսկզբա­նէ փաս­տեմ, որ եր­բե­ւէ որե­ւէ խմբի կամ կու­սակցու­թեան չեմ ան­դա­մագ­րո­ւած, իմ գրու­թիւննե­րը որե­ւէ առու­մով առնչո­ւած չեն քա­ղաքա­կան ինչ-որ գա­ղափա­րախօ­սու­թեան շա­հերու հետ, այլ բա­ցառա­պէս միայն իմ երկրի բա­րեկե­ցու­թեան, որ «հա­ւատամք» է եւ հա­մոզո­ւած եմ՝ եզա­կի չեմ իմ ան­հա­տական այ­լա­խոհ կար­ծիքն ու­նե­նալու եւ ար­տա­յայ­տե­լու հա­ճոյ­քը վա­յելող։

Պա­տահա­կան չէր զայ­րոյթի այն հրա­բու­խը, որ ժայթքեց եւ քան­քա­րաւոր խմբա­գիր­նե­րը հուր ու կրակ սփռե­ցին աշ­խարհով մէկ հե­ռատե­սիլի ալի­քով կա­թողի­կոսի ու­ղերձի հե­ռար­ձա­կու­մը ճիշդ կէս գի­շերի փո­խարէն այլ ժա­մին ծրագ­րե­լու առի­թով, որոնց մէջ նշմա­րելի է Պոլ­սոյ «Ժա­մանակ»ի նրբազ­գաց խմբագ­րի աղի ար­ցունքով գրա­ռուած ող­բը, որ բնոյ­թով անի­մաստ ցե­խախառն բա­ռակոյտ է, իսկ դի­պուա­ծը՝ գայ­թակղու­թիւն՝ դի­տումնա­ւոր տագ­նա­պի գնա­հատում։ Ան կը շփո­թէ խօս­քի ազա­տու­թիւն եւ ար­դա­րամ­տութիւն հան­գա­մանքնե­րը, որ լայ­նօ­րէն ար­մա­տացած է սփիւռքի մա­մու­լի մե­ծամաս­նութեան գոր­ծունէու­թեան մէջ։

Հ-1-ի հա­ղորդման հար­ցը սուտ եւ կեղծ սադ­րանք է, քան­զի ժա­մերու տե­ղաշարժ եղած է, այլ ոչ թէ մեր­ժում, իսկ էու­թեամբ այն որե­ւէ կեն­սա­կան ար­ժէք եւ նշա­նակու­թիւն չու­նի առ­կայ բիւ­րա­ւոր լու­ծե­լի եւ ան­լուծե­լի խնդիր­նե­րու դի­մաց։ Ե՞րբ աղօթ­քով եւ պա­տարա­գով կամ դրօշ ծա­ծանե­լով եր­կի­րը բար­գա­ւաճած կամ փրկո­ւած է։ Որ­քան ճիշդ եւ տե­ղին կ՚ըլ­լար, եթէ մեր խմբա­գիրը, որե­ւէ ու­ղերձի բա­ցակայ ըլ­լա­լը ող­բա­լու փո­խարէն, նոյն ոգե­ւորու­թեամբ եւ սրտաճմլիկ ոգով փնտռէր եւ լու­սա­բանէր, թէ ինչպէ՞ս եւ որո՞ւ ձեռ­քի ստո­րագ­րութեամբ օտա­րուած է Երու­սա­ղէմի դա­րաւոր «Կո­վերու պար­տէ­զը», որ մեր յա­ջորդ կո­րուստը կրնայ դառ­նալ, եթէ... Սփիւռքա­հայ մա­մու­լի զգա­լի մէկ մա­սը որ կը տա­ռապի նի­կոլախ­տով, սեւ ակ­նո­ցով կը դի­տէ դէպ­քե­րը եւ չի նկա­տեր իրա­կան պատ­կերնե­րը։ Ար­դեօք իրա­ւասո՞ւ էր կա­թողի­կոսը ըլ­լար վար­չա­պետի հրա­ժարա­կանը առաջ­նա­հերթ պա­հան­ջո­ղը, քա­նի որ ժո­ղովրդի գո­յու­թեան եւ պաշտպա­նու­թեան հար­ցե­րուն մաս­նա­կից չէ, իսկ ՀՀ-ը սահ­մա­նադ­րա­կան է եւ չմոռ­նանք, որ եկե­ղեցին սկզբունքով ու­նի միայն հո­գեւոր-բա­րոյա­կան հան­գա­մանք, ոչ աւե­լին։ Այն կու­սակցու­թիւն չէ, որ որե­ւէ մէկ կողմնո­րոշում ընտրէ եւ պայ­քա­րի դիրք գրա­ւէ իշ­խա­նու­թեան դէմ, չնա­յած իր հրա­ժարա­կանը աւե­լի ցան­կա­լի է։

Վա­ղուց ան մոռ­ցած է, որ պար­տա­ւոր է, ըստ իր պաշ­տօ­նի, ըլ­լալ ան­կողմնա­կալ՝ վեր բո­լոր տե­սակի խմբե­րէն եւ կու­սակցու­թիւննե­րէն։ Ցա­ւօք այդպէս չէ։ Մի՞թէ ան ու­նի որե­ւէ իրա­ւալիազօ­րու­թիւն, որ ար­ձա­նագ­րո­ւած է ՀՀ սահ­մա­նադ­րութեան կամ թէ­կուզ եկե­ղեցա­կան որե­ւէ կա­նոնագրքի մէջ։ Ո՛չ, չու­նի։

Են­թադրա­բար, եթէ նոյ­նիսկ երկրի եւ ժո­ղովրդի գո­յու­թեան որոշ խնդիր­ներ նաեւ կա­թողի­կոսին կա­րող են առնչո­ւիլ, բա­ւարար չէ հողմ ու փո­թորիկ ստեղ­ծել։ Ի վեր­ջոյ ՀՀ-ը իր բո­լոր թե­րու­թիւննե­րով հան­դերձ կը մնայ սահ­մա­նադ­րա­կան պե­տու­թիւն եւ հո­գեւոր֊բա­րոյա­կան ոլոր­տէն այն կողմ եկե­ղեցին ընե­լիք չու­նի, քան սէր սեր­մա­նել ատե­լու­թեան դի­մաց, ճշմար­տութիւն փնտռել, ուր սխալ­ներ կան եւ նման առա­քելու­թիւններ։

Փո­խարէ­նը կա­րելի է են­թադրել, որ Ամա­նորի ու­ղերձի եւ իշ­խա­նու­թեան հետ յա­րաբե­րու­թեան ան­պարկեշտ ըն­թացքը ուղղա­կի կա­պուած է ան­հա­տի չա­փազանց փա­ռասէր եւ ինքնա­սէր ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քով։ Գու­ցէ բա­ցառո­ւած չէ, որ մե­ծամ­տութեան նո­պայի ըն­թացքին իրեն կը դա­սէ Բարձրեալին հա­ւասար։ Կա­թողի­կոսի ընտրու­թեան եւ օծ­ման տա­րեդար­ձի առի­թով լու­սա­րարա­պետի ու­ղերձն է՝ «Աս­տուած եւ մեր ազ­գը ընտրեց անոր, ով հզօր հայ­րե­նիքի, հզօր եկե­ղեց­ւոյ եւ ժո­ղովրդի բա­րօրու­թեան մեծ երազն էր...»։ Կեղ­ծի­քի եւ շո­ղոքոր­թութեան ինչպի­սի՜ գա­գաթ­նա­կէտ։ Ըստ Ոս­կան Մխի­թարեանի վկա­յու­թեամբ՝ իրա­կանին ընտրած են խո­րանի սրբու­թե­նէն դա­տարկ եւ եկե­ղեցին որ­պէս եկա­մու­տի աղ­բիւր տես­նող չա­րագործ ան­ձեր։ Այս է փաս­տը։

Սեն Ռաֆայէլ

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ