Ճանչնանք մեր բառերը

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

armenag@gmail.com

1. Հե­­­տաքրքիր ըն­­­թեր­ցող մը,-- մեկ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­լով իմ նա­­­­խորդ յօ­­­­դուա­­­­ծէս, ուր ըսած էի, որ հնդեւ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­պական nomn սկզբնա­­­­ձեւը հա­­­­յերէն դաrձած է անուն,-- հարց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս կա­­­­րելի է նման մեծ փո­­­­խակեր­­­­պում մը եւ անցնիլ մէ­­­­կէն միւ­­­­սին:

Սկսե­­­­լու հա­­­­մար ըսեմ, որ անուն-ը գու­­­­մարն է եր­­­­կու փո­­­­փոխու­­­­թեանց.

ա) Առա­­­­ջինն է բա­­­­ռիս սկիզ­­­­բը աւել­­­­ցած ա ձայ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ւորը, որ աճա­­­­կան մըն է, այ­­­­սինքն ՝ անի­­­­մաստ ձայ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ւոր մը, որ հա­­­­յերէ­­­­նի մէջ եկած թա­­­­ռած է անոր առ­­­­ջե­­­­­­­­­­­­­­­ւը, ինչպէս պա­­­­տահած է շատ ու­­­­րիշ բա­­­­ռերու: Հնդեւ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­պական միւս լե­­­­զու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րէն աճա­­­­կանով օժ­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւած է յու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­րէնը եւս, որ կ’ըսէ (օ)noma:

բ) Երկրոր­­­­դը՝ մ>ւ փո­­­­փոխու­­­­թիւնն է՝ (ա)նոմն>(ա)նուն:

Շատ ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­սովոր ու բարդ հնչիւ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­փոխու­­­­թիւն մըն է այս, որու առ­­­­թիւ կը գո­­­­հանամ տա­­­­լով այլ օրի­­­­նակ­­­­ներ՝ հաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­տելու հա­­­­մար անոր հա­­­­ւաս­­­­տիու­­­­թիւնը:

Ծա­­­­նօթ.– Զի­­­­րար փո­­­­խարի­­­­նելու յատ­­­­կութիւն ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցող հնչիւննե­­­­րը կամ տա­­­­ռերը կը կո­­­­չուին լծորդ: Ու­­­­րեմն մ եւ ւ հա­­­­յերէ­­­­նի մէջ լծորդ եղած են:

Մեր մրջիւն բա­­­­ռը ու­­­­նի հին տար­­­­բե­­­­­­­­­­­­­­­րակ մը, որ է մրջիմն (մ>ւ). անոնք եր­­­­կուքով կը գտնո­­­­ւին «Նոր հայ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­զեան»-ի մէջ, հան­­­­դերձ այլ զու­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­դիր կազ­­­­մութիւննե­­­­րով.

մրջիմ­­­­նոց-մրջիւ­­­­նոց

մրջիմ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ռիւծ-մրջիւ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ռիւծ

մրջիմ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կեր-մրջիւ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կեր

որոնց բո­­­­լորը վկա­­­­յուած են Ե. դա­­­­րէն եւ որոնց մէջ ու­­­­նինք մ>ւ լծոր­­­­դութիւ­­­­նը:

Պարսկա­­­­կան պաշ­­­­տաւն բա­­­­ռը,– որ հե­­­­տագա­­­­յին դար­­­­ձած է պաշ­­­­տօն (աւ>o),– պէտք է ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցած ըլ­­­­լայ պաշ­­­­տամն տար­­­­բե­­­­­­­­­­­­­­­րակ մը (ու­­­­րեմն՝ մ>ւ), քա­­­­նի աւան­­­­դո­­­­­­­­­­­­­­­ւած են պաշ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­ման եզա­­­­կի սե­­­­ռակա­­­­նը, պաշ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­մունք յոգ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կին,– որ կը գտնո­­­­ւի աշ­­­­խարհա­­­­բարի մէջ եւս,– պաշ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­մանց յոգ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կի սե­­­­ռակա­­­­նը (տե՛ս «Նոր հայ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­զեան»): Կը կար­­­­ծեմ, թէ այս օրի­­­­նակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը, որոնք պա­­­­տահա­­­­կանու­­­­թեան ար­­­­դիւնք չեն, գու­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­րած nomn > (ա)նուն զոյ­­­­գին վրայ, բա­­­­ւարար են փա­­­­րատե­­­­լու ամէն կաս­­­­կած, որ կը վե­­­­րաբե­­­­րի մ>ւ լծոր­­­­դութեան վա­­­­ւերա­­­­կանու­­­­թեան:

Մե­­­­զի ծա­­­­նօթ հնդեւ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­պական այլ լե­­­­զու­­­­ներ անվթար պա­­­­հած են m հնչիւ­­­­նը. յու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­րէն՝ օnoma, լա­­­­տինե­­­­րէն՝ nomen, գեր­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­ներէն ու անգլե­­­­րէն՝ name, իտա­­­­լերէն՝ nome, շո­­­­ւետե­­­­րէն՝ namn, ֆրան­­­­սե­­­­­­­­­­­­­­­րէն՝ nom:

Ասոնց մէջ յա­­­­տուկ ու­­­­շադրու­­­­թեան ար­­­­ժա­­­­­­­­­­­­­­­նի է անգլե­­­­րէնը, որ ու­­­­նի noun

տար­­­­բե­­­­­­­­­­­­­­­րակ մը, որ բո­­­­լորո­­­­վին հա­­­­մահունչ է հա­­­­յերէ­­­­նին՝ (ա)նուն – noun:

2. Մ եւ ն լծոր­­­­դութիւն

Ասոնք ռնգա­­­­­յին հնչիւններն են, այ­­­­­սինքն՝ ասոնց ար­­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­սանու­­­­­թեան առ­­­­­թիւ օդը ոչ թէ բեր­­­­­նէն, այլ ռունգե­­­­­րէն դուրս կու գայ: Ու­­­­­րեմն ու­­­­­նին բնա­­­­­կան լծակ­­­­­ցութիւն մը:

Աս­­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­ւածա­­­­­շունչի գրա­­­­­բար տար­­­­­բե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­րակին մէջ ու­­­­­նինք՝

ան­­­­­բիծ՝ 9 ան­­­­­գամ

ամ­­­­­բիծ՝ 21 ան­­­­գամ

Այս նոյն երկւու­­­­թիւնը որոշ չա­­­­փով կը յա­­­­մենայ մին­­­­չեւ մեր օրե­­­­րը. թէեւ գրե­­­­թէ հան­­­­րօ­­­­­­­­­­­­­­­րէն ըն­­­­դունո­­­­ւած է ան­­­­բիծ ուղղագ­­­­րութի­­­­նը, սա­­­­կայն ամ­­­­բիծ գրող­­­­ներն ալ ընդմիշտ չեն պակ­­­­սիր. այս պա­­­­հուս կը յի­­­­շեմ մաս­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ւորա­­­­բար «Հասկ»-ը:

Ին­­­­չո՞ւ այս տա­­­­տանու­­­­մը, ըսենք՝ այս երկւու­­­­թիւնը:

Եթէ փոր­­­­ձէք ասոնք ինքներդ ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­սանել ու եթէ կա­­­­րենաք վեր­­­­լուծել ձեր սե­­­­փական ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­սանու­­­­թիւնը, պի­­­­տի նկա­­­­տէք, որ շատ աւե­­­­լի հեշտ է ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­սանել ամ­­­­բիծ, քան թէ ան­­­­բիծ: Ամ­­­­բիծ-ը գրե­­­­թէ մէկ շունչով կ’ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­սանո­­­­ւի, մինչ ան­­­­բիծ ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­սանե­­­­լու հա­­­­մար պար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­ւոր էք ան-էն ետք առ­­­­նել շատ փոք­­­­րիկ՝ ակնթար­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­յին դա­­­­դար մը, ինչպէս նաեւ ան-ին ետե­­­­ւը աւելցնել շատ խու­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­փուկ, կո­­­­տորա­­­­կային «ը» մը, ապա շա­­­­րու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կել ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­սանու­­­­թիւնը ու աւար­­­­տին հասցնել զայն՝ ան-բիծ:

Պա­­­­րագան նոյնն է երեք երկշրթնա­­­­յին պայ­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­կան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն՝ բ, պ, փ, որոնցմէ առաջ միշտ պի­­­­տի կրէք «ն» ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­սանե­­­­լու դժո­­­­ւարու­­­­թիւնը, եւ ար­­­­դէն չէք ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­սաներ, այլ կը շրջան­­­­ցէք զայն ու մե­­­­քենա­­­­բար կ’ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­սանէք «մ» :

Այսպէս՝ դուք կը կար­­­­ծէք, թէ կ’ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­սանէք կամ կը մտադ­­­­րէք ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­սանել՝ ան­­­­բան, ան­­­­պարփակ, ան­­­­փա­­­­­­­­­­­­­­­ռու­­­­նակ, մինչդեռ անզգա­­­­լաբար կ’ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­սանէք՝ ամ­­­­բան, ամ­­­­պարփակ, ամ­­­­փա­­­­­­­­­­­­­­­ռու­­­­նակ:

Այս դժո­­­­ւարու­­­­թիւնը յա­­­­տուկ է շատ ու­­­­րիշ ժո­­­­ղովուրդնե­­­­րու եւս:

Հա­­­­յուն ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­սանա­­­­կան դժո­­­­ւարու­­­­թիւնը յի­­­­շեալ պայ­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­կան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րէն առաջ է միայն, եւ ն-ին կրած փո­­­­փոխու­­­­թիւնը սահ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նափակ է. ան միայն «մ» կրնայ դառ­­­­նալ: Եւ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­պական լե­­­­զու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու մէջ այս դժո­­­­ւարու­­­­թիւնը շատ աւե­­­­լի տա­­­­րածուն է, օրի­­­­նակ­­­­ներս կ’առ­­­­նեմ ֆրան­­­­սե­­­­­­­­­­­­­­­րէնէն:

Ֆրան­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­ցին, ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­սանե­­­­լու հա­­­­մար իր in նա­­­­խածան­­­­ցը,– որ հա­­­­մար­­­­ժէք է մեր ան-ին,– չորս տար­­­­բեր փո­­­­փոխու­­­­թիւննե­­­­րու կ’են­­­­թարկէ զայն. օրի­­­­նակ՝

ա) dolent in-dolent

բ) possible im-possible

գ) régulier ir-régulier

դ) légal il-légal

Ու­­­­րեմն վե­­­­րադառ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­լով Աս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւածա­­­­շունչի ամ­­­­բիծ եւ ան­­­­բիծ օրի­­­­նակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն պի­­­­տի ըսենք հե­­­­տեւեալը. առա­­­­ջինը հիմ­­­­նո­­­­­­­­­­­­­­­ւած է ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­սանու­­­­թեան վրայ. զայն գրող­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը ար­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­նագ­­­­րած են բա­­­­ռը այնպէս, ինչպէս ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­սանած են: Մինչ երկրոր­­­­դը գրող­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը հիմ­­­­նո­­­­­­­­­­­­­­­ւած են անոր ստու­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­բանու­­­­թեան վրայ, այ­­­­սինքն՝ նկա­­­­տի ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցած են, որ ան բիծ բառն է, որ օժ­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւած է ան ժխտա­­­­կան նա­­­­խածան­­­­ցով, եւ այս վեր­­­­ջին սկզբունքին է որ կը հե­­­­տեւի հա­­­­յերէ­­­­նը, ինչպէս՝ ան-բան, ան-բաւ, ան-բնակ, ան- պա­­­­տեհ, ան-պարտ, ան-պէտ, ան-փա­­­­ռու­­­­նակ, ան-փորձ, ան-փո­­­­փոխ եւ այլն:

Սա­­­­կայն ու­­­­րիշ է կա­­­­ցու­­­­թիւնը այն փո­­­­խառու­­­­թիւննե­­­­րուն, որոնց ստու­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­բանու­­­­թիւնը ծա­­­­նօթ չէ եղած մի­­­­ջին հա­­­­յուն. այսպէս՝ ամ­­­­բար, ամ­­­­բա­­­­­­­­­­­­­­­րիշտ, ամ­­­­բոխ, ամպ եւ այլն, որոնք բո­­­­լորը ան-ով կը սկսին պարսկե­­­­րէնի մէջ:

Պա­­­­րագան նոյնն է նաեւ ու­­­­թիւն-ով վեր­­­­ջա­­­­­­­­­­­­­­­ցող բա­­­­ռերու գոր­­­­ծիակա­­­­նին. օրի­­­­նակ՝ պատ­­­­մութեան սե­­­­ռակա­­­­նը պէտք է տար պատ­­­­մութեան+բ, սա­­­­կայն մե­­­­րոնք գրած են պատ­­­­մութեամբ (ն>մ), այ­­­­սինքն՝ այնպէս, ինչպէս ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­սանած են:

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ