«Պուրակ» հարթակի մեկնարկ

Հա­մազ­գա­յինի Մե­լանքթոն եւ Հայկ Արսլա­նեան Ճե­մարա­նի տնօ­րէնու­թիւնը ու­րա­խու­թեամբ կը յայ­տա­րարէ 7-10 տա­րեկան երե­խանե­րու հա­մար արեւմտա­հայե­րէնով պատ­րաստո­ւած գի­տելիք­նե­րու եւ նիւ­թե­րու շտե­մարան՝ «Պու­րակ» հար­թա­կի մէկ­նարկը։

«Պու­րակ»ը ծնունդ առաւ Գա­լուստ Կիւլպէն­կեան Հիմ­նարկու­թեան Հայ­կա­կան Հա­մայնքնե­րու Բա­ժան­մունքի հո­վանա­ւորու­թեամբ։

Ծրա­գիրին նպա­տակն է զարկ տալ արեւմտա­հայե­րէնի բա­ռամ­թերքի ու լե­զուամ­տա­ծողու­թեան զար­գացման եւ այ­լա­զանել արեւմտա­հայե­րէնով դա­սաւան­դո­ւող նիւ­թե­րու մա­տուցման եղա­նակ­նե­րը՝ առա­ւել եւս ար­մա­տաց­նե­լով արեւմտա­հայե­րէնի կեն­սունա­կու­թիւնը։

Հա­մազ­գա­յինի Մե­լանքթոն եւ Հայկ Արսլա­նեան Ճե­մարա­նի ման­կա­վար­ժա­կան սկզբունքնե­րուն հի­ման վրայ, աշա­կերտնե­րը տար­րա­կան եւ նա­խակրթա­րան բա­ժին­նե­րու առա­ջին տա­րինե­րուն, հիմ­նա­կան բո­լոր նիւ­թե­րու դա­սաւան­դութիւննե­րը կը ստա­նան իրենց մայ­րե­նի լե­զուով՝ հա­յերէ­նով։ Հե­տեւա­բար, այ­լա­զան կա­րողու­թիւննե­րով օժ­տո­ւած եւ ներ­կայ ար­հեստա­գիտա­ցած առօ­րեային մէջ ապ­րող հայ երե­խային հա­մար նման ծրա­գիրի մը իրա­գոր­ծումը կը նպաս­տէ, որ լսա­տեսո­ղական ար­դի եւ ժա­մանա­կակից մի­ջոց­նե­րով պատ­րաստո­ւած «Պու­րակ»ը երե­խային ըն­ծա­յէ արեւմտա­հայե­րէնով յա­ւելեալ ընդհա­նուր զար­գա­ցում։ Ան կ՚ընդգրկէ հայ լե­զուի, պատ­մութեան, աշ­խարհագ­րութեան, մշա­կոյ­թի, թո­ւաբա­նու­թեան եւ գի­տու­թեան ոլորտնե­րը։

«Պու­րակ»ը հար­թակ մըն է, ուր գի­տելիք­նե­րու եւ նիւ­թե­րու ներ­կա­յացու­մը կը կա­տարո­ւի կարճ տե­սերիզ­նե­րու (short animated movies) եւ հա­մապա­տաս­խան տպո­ւող թեր­թիկնե­րու (printable documents) մի­ջոցով։ «Պու­րակ»ի հա­մար պատ­րաստո­ւած տե­սերիզ­նե­րը, աս­տի­ճանա­բար բար­դա­ցող վար­ժութիւննե­րը եւ օժան­դակ թեր­թիկնե­րը կ՛ապա­հովեն նիւ­թե­րու եւ յղացքնե­րու լսա­տեսո­ղական մի­ջոց­նե­րով փո­խան­ցումը եւ տրա­մաբա­նական զար­գա­ցու­մը, նպաս­տե­լով երե­խային ընդհա­նուր զար­գացման։

«Պու­րակ»ի աշ­խա­տակազ­մը կը բաղ­կա­նայ Հա­մազ­գա­յինի Մե­լանքթոն եւ Հայկ Արսլա­նեան Ճե­մարա­նի անձնա­կազ­մէն, Ճե­մարա­նի տնօ­րէնու­թեան ան­մի­ջական հսկո­ղու­թեամբ։ Աշ­խա­տան­քը բաժ­նո­ւած է եր­կու գլխա­ւոր բա­ժին­նե­րու՝ ման­կա­վար­ժա­կան եւ «թեք­նիք»։ Իւ­րա­քան­չիւր բա­ժին ու­նի իր պա­տաս­խա­նատուն եւ հա­մապա­տաս­խան աշ­խա­տակից­նե­րու խմբա­կը։

«Պու­րակ»ի բո­լոր աշ­խա­տակից­նե­րը մեծ խան­դա­վառու­թեամբ իրենց մաս­նակցու­թիւնը բե­րին այս ծրա­գիրին հա­ւատա­լով անոր նպա­տակին. աշ­խա­տան­քի ըն­թացքին յա­ճախ ստա­ցանք ստեղ­ծա­գործ նոր առա­ջարկներ, յա­ռաջի­կային զա­նոնք կի­րար­կե­լու հա­մար։

«Պու­րակ»ի բո­լոր աշ­խա­տակից­նե­րը կը հա­ւատան, որ ու­սուցիչ­նե­րուն, աշա­կերտնե­րուն կամ ծնող­նե­րուն հա­մար, նմա­նօրի­նակ հար­թակներ եւ այ­լա­զան գրա­ւիչ ու ստեղ­ծա­գործ նո­րարա­րու­թիւններ անհրա­ժեշ­տութիւններ են հայ երե­խանե­րուն հա­մար դպրո­ցէն ներս, կամ ժա­ման­ցի պա­հուն։

Այժմ կը յայ­տա­րարենք «Պու­րակ»ի մէկ­նարկը Bourag.com հաս­ցէով։ Տե­սերիզ­նե­րու եւ թեր­թիկնե­րուն առա­ջին բա­ժինը ար­դէն իսկ զե­տեղո­ւած է հար­թա­կին վրայ. հար­թա­կը կը սկսի 11 տե­սերիզ­նե­րով եւ 22 տպո­ւող թեր­թիկնե­րով։ Հար­թա­կը շա­բաթա­կան կը թար­մա­ցուի նո­րու­թիւննե­րով՝ նոր տե­սերիզ­նե­րով եւ տպո­ւող թեր­թիկնե­րով։ Կը յու­սանք, որ կա­րելի ըլ­լայ «Պու­րակ»ը յա­րատեւ ճո­խաց­նել նո­րանոր հա­տուած­նե­րով, բա­ցատ­րութիւննե­րով, տե­սերիզ­նե­րով եւ ստեղ­ծա­գործ այ­լա­զան թղթած­րարնե­րով։

Վարձքը կա­տար այսպի­սի նա­խաձեռ­նութիւննե­րը քա­ջալե­րող­նե­րուն եւ հո­վանա­ւորող­նե­րուն։ Իբ­րեւ հայ ման­կա­վարժներ եւ մաս­նա­գէտ­ներ, մեր առա­քելու­թիւնն է վառ պա­հել հա­յերէն լե­զուն ու զարկ տալ անոր զար­գացման։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ