Պարոյր Սեւակ 100 տարեկան

Յունուարի 24-ին հայ գրականութեան գագաթներէն մէկը՝ Պարոյր Սեւակը կը դառնար 100 տարեկան։ Ծնած է 1924 թուականի Յունուարի 24-ին Արարատի շրջանի Չանախչի (ներկայիս Զանգակատուն, Արարատի մարզ) գիւղին մէջ։ Գրել ու կարդալ սկսած է հինգ տարեկանէն։ Նոյն տարիքին ալ յաճախած է դպրոց։ 1940 թուականին դպրոցը գերազանց առաջադիմութեամբ աւարտելով՝ ընդունուած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական ֆակուլտետի հայերէնի բաժինը։ Եղած է ամենալաւ ուսանողներէն մէկը։ «Սովետական գրականութիւն» ամսագրին տպագրուած են անոր երեք բանաստեղծութիւնները, Պարոյր Սեւակ ստորագրութիւնով։ 1955 թուականին Սեւակը աւարտած է Մոսկուայի Մ. Կորքիի անուան գրականութեան ինստիտուտը, որտեղ եւ դասախօսած է կեանքի յետագայ չորս տարիներու ընթացքին։ 1970-ին Պարոյրը ստացած է բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր գիտական կոչումը։ 1963-էն մինչեւ 1971 թթ. աշխատած է որպէս աւագ գիտաշխատող Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադէմիայի Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան ինստիտուտի մէջ։ 1966-ին կը հանդիսանայ Հայաստանի գրողներու միութեան վարչութեան քարտուղար։ Սեւակը զոհուած է 1971 թուականին Յունիս 17-ին՝ավտովթարէն։ Թաղուած է հայրենի գիւղը։

Այս առթիւ Մարի Յովհաննիսեանը զրուցած է Սեւակի թոռան՝ Սեւակ Ղազարեանի հետ։

Մ.Յ.- Տա­­րին յո­­բելեանա­­կան է. Յու­­նո­­­ւարի 24-ին կը նշո­­ւի հայ հան­­ճարնե­­րէն մէ­­կուն՝ Պա­­րոյր Սե­­ւակի ծննդեան 100 ամեակը։ Ի՞նչ իրա­­դար­­ձութիւններ նա­­խատե­­սուած են այդ օր եւ ողջ տա­­րուայ ըն­­թացքին։

Յու­­նո­­­ւարի 24-ին 3 մա­­սէ բաղ­­կա­­­ցած մի­­ջոցա­­ռում կ՚ու­­նե­­­նանք Սե­­ւակի ծննդա­­վայ­­րին՝ Զան­­գա­­­կատուն գիւ­­ղին՝ իր անու­­նը կրող տուն-թան­­գա­­­րանի մէջ։ Մի­­ջոցառ­­ման շրջա­­նակ­­նե­­­րուն ելոյթ կ՚ու­­նե­­­նայ «Կա­­դանս» ան­­սամբլը, սե­­ւակեան բա­­ռերով գրո­­ւած եր­­գեր կը կա­­տարէ Գոռ Սու­­ճեանը, իսկ Սոս Սարգսեանի անո­­ւան Հա­­մազ­­գա­­­յին թատ­­րո­­­նի երի­­տասարդ դե­­րասան­­նե­­­րը հան­­դէս կու գան բե­­մական փոք­­րիկ ներ­­կա­­­յացու­­մով։ Նոյն օրը երե­­կոյեան ար­­դէն Երե­­ւանի՝ Հա­­մազ­­գա­­­յին թատ­­րո­­­նին մէջ կը բե­­մադ­­րո­­­ւի «Մար­­դը ափի մէջ» ներ­­կա­­­յացու­­մը, որու ռե­­ժիսո­­րը Նա­­րինէ Գրի­­գորեանն է։ Իսկ տա­­րուայ ծրագ­­րե­­­րու մա­­սին, ցա­­ւօք, դեռ շատ բան չեմ կրնար ըսել, որով­­հե­­­տեւ թան­­գա­­­րանը կազ­­մած է իր ծրա­­գիր-տես­­լա­­­կանը, թէ ինչպի­­սին պէտք է ըլ­­լայ 2024-ը։ Այս ծրա­­գիրը ներ­­կա­­­յացու­­ցած ենք ԿԳՄՍ նա­­խարա­­րու­­թիւն, ինչպէս նաեւ հան­­դէս եկած ենք առա­­ջար­­կով, որ­­պէսզի ստեղ­­ծուի յանձնա­­ժողով՝ յո­­բելեանա­­կան տա­­րուայ մի­­ջոցա­­ռումնե­­րու ծրա­­գիրը քննե­­լու հա­­մար։ Սա­­կայն դեռ ան­­ցեալ տա­­րուայ Սեպ­­տեմբե­­րէն որե­­ւէ պա­­տաս­­խան չենք ստա­­ցած նա­­խարա­­րու­­թե­­­նէն։ Հե­­տեւա­­պէս տա­­րուայ մա­­սին որե­­ւէ յստակ բան չեմ կրնար ըսել. Թան­­գա­­­րանի ռե­­սուրսնե­­րը սահ­­մա­­­նափակ են, եւ եթէ չըլ­­լայ պե­­տական աջակ­­ցութիւն, մենք շատ մեծ մի­­ջոցա­­ռումներ չենք կրնար ընել։ Կը ցան­­կա­­­նանք մի քա­­նի կա­­րեւոր գիր­­քեր հրա­­տարա­­կել, որոնցմէ մէ­­կը լու­­սանկար­­նե­­­րու ալ­­պոմն է, որ չկայ, իսկ պա­­հան­­ջարկը շատ մեծ է։ Կը ցան­­կա­­­նանք նաեւ Յու­­նի­­­սի 17-ը՝ Սե­­ւակի յի­­շատա­­կի օրը, մեծ շու­­քով նշել։ Այդ առ­­թիւ լաւ կ՚ըլ­­լար, օրի­­նակ, դա­­սական երաժշտու­­թիւն հնչէր հէնց Պա­­րոյր Սե­­ւակի այ­­գիի մէջ՝ ՀՀ պե­­տական սիմ­­ֆո­­­նիկ նո­­ւագա­­խումբի կա­­տարու­­մով։ Կը ծրագ­­րենք Սե­­ւակի 100 ամեակը նշել ոչ միայն Արա­­րատի մար­­զին կամ Երե­­ւան, այ­­լեւ ամ­­բողջ Հա­­յաս­­տան՝ կազ­­մա­­­կեր­­պել փա­­ռատօ­­ներ, գի­­տաժո­­ղով­­ներ, բա­­ցօթեայ մեծ մի­­ջոցա­­ռումներ, պու­­րակ ու­­նե­­­նալ Երե­­ւանի մէջ Սե­­ւակի անու­­նով։ Ծրագ­­րե­­­րը բազ­­մա­­­թիւ են. տես­­նենք, թէ որոնք կ՚իրա­­կանա­­ցուին։

Մ.Յ.- Պա­­րոյր Սե­­ւակի թոռ­­նիկ ըլ­­լա­­­լը որ­­քա­­­նով կ՚ազ­­դէ ձեր՝ որ­­պէս ան­­ձի, հա­­յի, մաս­­նա­­­գէտի ձե­­ւաւոր­­ման վրայ։

Դժո­­ւար հարց է. քա­­նի որ ես իրեն ան­­ձամբ չեմ տե­­սած, ան­­ձամբ հե­­տը չեմ շփո­­ւած, իր կող­­մէն ան­­մի­­­ջապէս չեմ դաս­­տիարա­­կուած։ Բայց ինձ դաս­­տիարա­­կած է իր որ­­դին, ու­­րեմն Սե­­ւակի դաս­­տիարա­­կու­­թիւնը այդպէս ինձ ան­­ցած է։ Մաս­­նա­­­գիտա­­կան կողմնո­­րոշ­­ման հար­­ցին միան­­շա­­­նակ պաս­­տասխան եւս չկայ, որով­­հե­­­տեւ ես գրա­­կանու­­թիւն սկսե­­ցի սի­­րել այն տա­­րիքին, երբ դեռ ողջ խո­­րու­­թեամբ չէի հասկնար՝ ով է Պա­­րոյր Սե­­ւակը։ Բա­­ցի այդ՝ ար­­ձակ աւե­­լի շատ կը սի­­րեմ, քան պոեզիա։ Գրա­­կանու­­թիւնը ուղղա­­կի իմ կեանքն է, իմ տա­­րեր­­քը։ Սե­­ւակը 7 թոռ ու­­նի, բայց միայն ես եմ գրա­­կանու­­թեան գծով գա­­ցեր։ Մեր ըն­­տա­­­նիքի մէջ պար­­տադրանք չէ եղած եր­­բեք, քոյր-եղ­­բայրներս բժիշկներ են, իրա­­ւաբա­­ներ, տնտե­­սագէտ­­ներ։ Իսկ ինձ մօտ այսպէս ստա­­ցուեց ոչ թէ յատ­­կա­­­պէս Սե­­ւակի պատ­­ճա­­­ռով, այլ որով­­հե­­­տեւ ինքս կը սի­­րէի գրա­­կանու­­թիւնը։ Բայց այն փաս­­տը, որ մե­­ծացել եմ այն տա­­նը, որ­­տեղ 3000 կտոր գիրք կայ, այդ ալ իր ազ­­դե­­­ցու­­թիւնը ու­­նե­­­ցաւ, ի հար­­կէ։

Մ.Յ.- «Պա­­րոյր Սե­­ւակի ան­­տիպ ժա­­ռան­­գութիւ­­նը. գե­­ղարո­­ւես­­տա­­­կան ար­­ձակ եւ գրա­­կանա­­գիտու­­թիւն» թե­­մայով ատե­­նախօ­­սած էք։ Ձեր կա­­տարած ու­­սումնա­­սիրու­­թիւննե­­րը ի՞նչ տո­­ւած են հայ գրա­­կանա­­գիտա­­կան մտքին, սե­­ւակա­­գիտու­­թեանը առ­­հա­­­սարակ, որ մինչ այդ չէ եղած։

Քա­­նի որ ան­­տիպ գոր­­ծե­­­րը կը քննէի, իմ ըսե­­լիքը լիովին նոր բան էր։ Խօս­­քը Սե­­ւակի «Ամա­­նէջ» անա­­ւարտ եւ ան­­տիպ վէ­­պի մա­­սին է, որու մա­­սին մինչ այդ ըն­­դա­­­մէնը մի յի­­շատա­­կում կար Ալ­­պերտ Արիս­­տա­­­կեսեանի մե­­նագ­­րութեան մէջ։ Ըստ որուն՝ վեր­­նա­­­գիրը թիւ­­րի­­­մացա­­բար «Ամա­­նամէջ» նշո­­ւած է, այլ ոչ թէ «Ամա­­նէջ»։ Իսկ իմ ատե­­նախօ­­սու­­թիւնը առա­­ջին ան­­գամ կը վեր­­լուծէր այդ անա­­ւարտ վէ­­պը, որը շատ հե­­տաքրքիր է եւ բո­­լորո­­վին նոր։ Սե­­ւակ կը բա­­ցայայ­­տէ եւ՚ գրա­­կանա­­գէտ­­նե­­­րու, եւ՚ ըն­­թերցող­­նե­­­րու լայն շրջա­­նակ­­նե­­­րու հա­­մար։ Իմա­­ցուեց՝ Պա­­րոյր Սե­­ւակը նաեւ ար­­ձակ գրած է՝ շատ հե­­տաքրքիր կեր­­պարներ ստեղ­­ծե­­­լով։ Վէ­­պին շեշ­­տը կը դրո­­ւի հե­­րոս­­նե­­­րու հո­­գեբա­­նու­­թեան վրայ. սէր, ամուսնու­­թիւն, ըն­­կե­­­րու­­թիւն, դա­­ւաճա­­նու­­թիւն, հա­­ւատար­­մութիւն եւ այլ հե­­տաքրքիր թե­­մաներ։ Ճիշդ է՝ գոր­­ծը անա­­ւարտ մնա­­ցած է, բայց ինչ ալ որ կայ, շատ հե­­տաքրքիր կ՚ըն­­թերցո­­ւի։ Գիր­­քը առա­­ջին ան­­գամ հրա­­տարա­­կուած է 2014 թո­­ւակա­­նին։ Եւ 10 տա­­րուայ մէջ ար­­դէն 4 վե­­րահ­­րա­­­տարա­­կու­­թիւն ու­­նե­­­ցած է։ Ատե­­նախօ­­սու­­թեան երկրորդ բա­­ժինը նո­­ւիրո­­ւած էր Սե­­ւակի գի­­տական ան­­տիպ ժա­­ռան­­գութեան։ Եւ այստեղ եր­­կու գործ քննած եմ՝ Սե­­ւակի առա­­ջին թեկ­­նա­­­ծուա­­կան ատե­­նախօ­­սու­­թիւնը՝ «Կար­­ծե­­­ցեալ Շա­­պուհ Բագ­­րա­­­տու­­նին եւ վաղ վե­­րածննդի հար­­ցե­­­րը Հա­­յաս­­տան», որ կրկին անա­­ւարտ ու չպաշտպա­­նուած մնա­­ցած է քա­­ղաքա­­կան պատ­­ճառնե­­րով, եւ վեր­­ջին մեծ գի­­տական աշ­­խա­­­տու­­թիւնը, որ կը կո­­չուի «Սա­­յաթ-Նո­­վան եւ հայ միջ­­նա­­­դարը»։

Մ.Յ.- «Անլռե­­լի սի­­րահա­­րը», «Հայ պոեզիայի քուռկիկ ճա­­լալին», ահա այսպի­­սի բնու­­թագրումներ ըրո­­ւած են տար­­բեր ոու­­սումնա­­սիրող­­նե­­­րու կող­­մէ։ Իսկ ինչպէս այլ կերպ դուք կ՚անո­­ւանէք։

Մտա­­ծողը. Սե­­ւակը ինձ հա­­մար ամե­­նէն առաջ մե­­ծագոյն մտա­­ծող է։

Մ.Յ.- Սե­­ւակի մա­­սին կամ անոր ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւննե­­րու մա­­սին կա՞յ նոր ըսե­­լիք կամ այնպի­­սին, որ նեղ շրջա­­նակի մէջ հնչած եւ այս զրոյ­­ցի մի­­ջոցով կը հան­­րայնա­­ցուի աւե­­լի։

Ուղղա­­կի եր­­կու շատ հե­­տաքրքիր փաստ կրնամ ըսել, որ գու­­ցէ «Ակօս»ի ըն­­թերցո­­ղին այնքան ալ ծա­­նօթ չըլ­­լայ։ Անոնցմէ մէ­­կը հէնց Սե­­ւակի ծննդեան օրո­­ւայ հետ կա­­պուած է։ Հան­­գա­­­մանքնե­­րու բե­­րու­­մով այնպէս ստա­­ցուած է՝ մին­­չեւ հի­­մա մեզ այնքան ալ ոչ յայտնի պատ­­ճառնե­­րով, գիւ­­ղի գրան­­ցա­­­մատեանի մէջ Սե­­ւակի ծնունդը եր­­կու օր անց գրան­­ցո­­­ւած է՝ Յու­­նո­­­ւարի 26-ին։ Այս եր­­կար ժա­­մանակ կը կա­­պէին Լե­­նինի մա­­հուան հետ (Յու­­նո­­­ւարի 21, 1924թ.)։ Ողջ Խորհրդա­­յին Միու­­թեան մէջ սուգ յայ­­տա­­­րարած են, եւ հա­­ւանա­­բար այդ պատ­­ճա­­­ռը եղած է։ Հե­­տաքրքիր է՝ Սե­­ւակը ամ­­բողջ կեան­­քին իր ծննդեան օրը նշած է Յու­­նո­­­ւարի 26-ին՝ իմա­­նալով, որ ծնած է հէնց 24-ին։ Հայրս կը յի­­շէ՝ բա­­րեկամ­­ներն ու հիւ­­րե­­­րը Յու­­նո­­­ւարի 26-ին հա­­ւաքո­­ւած են իրենց տա­­նը՝ նշե­­լու Սե­­ւակի տա­­րեդար­­ձը։ Բայց իր ձե­­ռագ­­րե­­­րին յա­­ճախ սո­­վորու­­թիւն ու­­նէր գրո­­ւածքնե­­րու վեր­­ջը ամ­­սա­­­թիւը ու վայ­­րը նշել։ 24-ի դէպ­­քում եր­­բեմն փա­­կագ­­ծե­­­րով կը գրէ. «Ծննդեանս օրը»։

Եւ երկրորդ փաս­­տը կա­­պուած է 100 տա­­րի առաջ հայ գիւ­­ղա­­­կան ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րուն տի­­րող աւան­­դոյթնե­­րու հետ։ Սե­­ւակենց տա­­նը ապ­­րած են եր­­կու եղ­­բայրներ՝ Վա­­հանն ու Ռա­­ֆայէ­­լը, որը Պա­­րոյր Սե­­ւակի հայրն է ու եղ­­բայրնե­­րէն կրտսե­­րը։ Վա­­հանը, ըլ­­լա­­­լով աւագ եղ­­բայրը, զա­­ւակ չէ ու­­նե­­­ցած, ու երբ ծնած է Պա­­րոյ­­րը, իր կնոջ հետ որո­­շած են վերցնել երա­­խային։ Մօտ հինգ տա­­րի Սե­­ւակը կար­­ծած է՝ հօ­­րեղ­­բայրը ու անոր կի­­նը իր ծնող­­ներն են։ Անոր հա­­մար իր իս­­կա­­­կան ծնող­­նե­­­րուն անո­­ւանած է Ռա­­ֆայէլ ամի (հօ­­րեղ­­բայր) եւ Անա­­հիտ ազի (հօ­­րեղ­­բօր կին)։

(Շա­­րու­նա­կելի)

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ


Yazar Hakkında

Մարի Յովհաննիսեան