Լրագրողներու միութեան նախաձեռնութիւնը

Թուրքիոյ Լրագ­րողնե­րու Միու­թիւնը 8 տա­րիէ ի վեր սո­վորու­թիւն դար­ձուցած է Հրանդ Տին­քի տա­րելի­ցին յա­ջոր­դող եւ Ու­ղուր Մումճո­ւի տա­րելի­ցին նա­խոր­դող 23 Յու­նո­ւար թո­ւակա­նին յի­շատա­կել երկրի մէջ սպան­նո­ւած լրագ­րողնե­րը։ Այս տա­րի այդ աւան­դութիւ­նը եւս շա­րու­նա­կուե­ցաւ միու­թեան կեդ­րո­նին մէջ։ Միու­թեան նա­խագահ Վա­հապ Մու­մեարի բաց­ման ճա­ռէն ետք ընդհա­նուր քար­տուղար Սի­պել Աթէ­շի ժո­ղովա­վարու­թեամբ ելոյթ ու­նե­ցան Թուրքիոյ «ՓԵՆ» գրող­նե­րու միու­թեան նա­խագահ Զէյ­նեփ Օրալ, Թուրքիոյ գրող­նե­րու միու­թեան վար­չա­յին Քա­միլ Թե­քին­սիւրէք եւ «Ակօս»ի հա­յերէն էջե­րու խմբա­գիր Բագ­րատ Էս­դուգեան։

Մու­նեար իր ելոյ­թին մէջ բա­ցի Հրանդ Տինք եւ Ու­ղուր Մումճո­ւէ, անդրա­դար­ձաւ նաեւ մի այլ Յու­նո­ւար ամ­սու զո­հուած լրագ­րո­ղի՝ Մե­թին Կէօք­թե­փէյի։

Ար­դա­րեւ զե­կու­ցողներն ալ այս անուննե­րու հի­ման վրայ խօ­սեցան լրագ­րողնե­րու դէմ երկրէ ներս տա­րածուն յան­ցա­գոր­ծութիւննե­րուն, որոնց հիմ­քը կը կազ­մէ խօս­քի եւ ար­տա­յայ­տութեան ազա­տու­թեան բա­ցակա­յու­մը։ Անդրա­դարձ կա­տարո­ւեցաւ վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թացքին մա­մուլ հաս­կա­ցողու­թեան մատ­նո­ւած հիմ­նա­կան փո­փոխու­թիւննե­րուն։ Յայտնի է որ որոշ ըն­կե­րու­թիւննե­րու այս ոլոր­տէ ներս թա­փան­ցումով մա­մու­լը վե­րածո­ւած է մե­տիայի, իր հետ կորսնցնե­լով նաեւ լրագ­րո­ղու­թեան պա­հան­ջած բա­րոյա­կան ար­ժա­նիք­նե­րը։

Էս­դուգեան անդրա­դառ­նա­լով սրա­հի պա­տին տե­ղադ­րո­ւած «Թրքա­կան մա­մու­լը ազ­գի միաս­նա­կան ձայնն է» վեր­տա­ռու­թեան, որ վե­րագ­րո­ւած է երկրի հիմ­նա­դիր նա­խագա­հին, դի­տել տո­ւաւ որ կա­ցու­թիւնը բա­ւակա­նին փո­խուած է եւ այդ վեր­տա­ռու­թիւնը պէտք է կար­դալ «Թուրքիոյ մա­մու­լը իշ­խա­նու­թեան միաս­նա­կան ձայնն է» ձե­ւով։

Երեք զե­կոյցնե­րէ ետք ներ­կա­ները առի­թը ու­նե­ցան ատե­նախօս­նե­րու հետ խմբան­կա­րուե­լու եւ ապա ան­հա­տաբար զրու­ցելու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ