Աննախադէպ ձեռնարկ Սուրբ Խաչ Դպրեվանքէ ներս

Ծանօթ իրո­­ղու­­թիւն է թէ ամէն տա­­րի զա­­նազան հա­­սարա­­կական կազ­­մա­­­կեր­­պութիւններ 19 Յու­­նո­­­ւարի նա­­խոր­­դող կամ յա­­ջոր­­դող օրե­­րուն զա­­նազան մի­­ջոցա­­ռումնե­­րով կը յի­­շատա­­կեն «Ակօս»ի հիմ­­նա­­­դիր Հրանդ Տին­­քի մա­­հուան տա­­րելի­­ցը։ Այդ մի­­ջոցա­­ռումնե­­րուն հա­­մար մեզ՝ Ակօսի աշ­­խա­­­տող­­նե­­­րուն կը վի­­ճակի ըն­­դա­­­ռաջել կա­­տարո­­ւած հրա­­ւէր­­նե­­­րուն եւ զա­­նազան վայ­­րե­­­րու մէջ խօ­­սիլ Հրան­­դի, որ­­պէս լրագ­­րող որ­­դեգրած առա­­քելու­­թեան մա­­սին։

Այս տե­­սակի հրա­­ւէր­­նե­­­րը շատ ան­­գամ կու գան ոչ հայ մի­­ջավայ­­րե­­­րէ, ուր մար­­դիկ կ՚ու­­զեն իմա­­նալ Հրան­­դի մա­­սին։ Այս ըն­­թացքը առա­­ջին ան­­գամ ու­­նե­­­ցաւ բա­­ցառու­­թիւն մը, երբ քա­­ղաքիս հայ վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րէն մէ­­կը հա­­մար­­ձա­­­կեցաւ իր աշա­­կերտնե­­րը իրա­­զեկել հայ անո­­ւանի մտա­­ւորա­­կանի մը աշ­­խարհա­­հայեաց­­քը իր սա­­ներուն ծա­­նօթաց­­նե­­­լու։

Այսպէս նա­­խորդ հինգշաբ­­թի այ­­ցե­­­լեցինք Սուրբ Խաչ Դպրե­­վան­­քի երկրոր­­դա­­­կան վար­­ժա­­­րանի սա­­ներուն, Հրան­­դը եւ իր որ­­դեգրած առա­­քելու­­թիւնը պատ­­մե­­­լու հա­­մար։ Դպրո­­ցէ ներս մտնե­­լով առա­­ջին հեր­­թին դի­­մաւո­­րուե­­ցանք դպրո­­ցի տնօ­­րէն Սեր­­քան Քը­­յըճըի հետ։ Սա մեր առա­­ջին դէմ առ դէմ հան­­դի­­­պումն էր, որ բա­­ւարար եղաւ երի­­տասարդ տնօ­­րէնի հան­­դէպ շատ դրա­­կան տպա­­ւորու­­թիւններ սնու­­ցե­­­լու հա­­մար։

Այդ կարճ զրոյ­­ցով զգա­­ցինք թէ մեր դի­­մաց կայ ստանձնած պար­­տա­­­կանու­­թեան ամ­­բողջո­­վին գի­­տակ­­ցող երի­­տասարդ կրթա­­կան մշակ մը։ Ափ­­սոս եւ շատ ան­­գամ բնա­­կան ըլ­­լա­­­լով հա­­մարո­­ւելիք այս երե­­ւոյ­­թը վեր­­ջին տա­­րինե­­րուն բա­­ւակա­­նին նա­­հանջ ար­­ձա­­­նագ­­րած է եւ մենք շատ ան­­գամ հան­­դի­­­պած ենք ու­­սուցչու­­թեան աս­­պա­­­րէզի հան­­դէպ անհրա­­ժեշտ գի­­տակ­­ցութե­­նէ հե­­ռու ընդհան­­րա­­­պէս սո­­վորա­­կան պաշ­­տօ­­­նեայի մը սահ­­մա­­­նու­­մով օրը աւար­­տին հասցնող պաշ­­տօ­­­նակա­­տար­­նե­­­րու։ Այդպի­­սինե­­րու ամ­­բողջ հո­­գը սահ­­մա­­­նուած է սո­­վորա­­կանը ան­­սայթաք շա­­րու­­նա­­­կելով։ Աւե­­լին փոր­­ձանքա­­բեր կրնայ ըլ­­լալ խոր­­հե­­­լով անոնք մեծ զգու­­շութեամբ հե­­ռու կը մնան ամէն տե­­սակ նո­­րարա­­րու­­թե­­­նէ եւ զգու­­շօ­­­րէն ապա­­հով կը պա­­հեն իրենց բազ­­մած աթո­­ռը։

Թե­­րեւս այս խոր­­հուրդնե­­րէ տա­­րուած մենք ալ աշա­­կեր­­տութեան հետ սկսանք «քա­­ղաքա­­կանու­­թիւն» կո­­չուած հաս­­կա­­­ցողու­­թեան մա­­սին։ Յի­­շեցու­­ցինք թէ ըն­­դունո­­ւած կարծրա­­տիպ մըն է «Դպրո­­ցը հե­­ռու պա­­հել քա­­ղաքա­­կանու­­թե­­­նէ» ինչպէս նաեւ «սրբա­­վայ­­րե­­­րը զերծ պա­­հել քա­­ղաքա­­կանու­­թե­­­նէ» կամ նոյն մեր­­ձե­­­ցու­­մով «զօ­­րամա­­սերը զերծ պա­­հել քա­­ղաքա­­կանու­­թե­­­նէ»։ Ան­­շուշտ որ այդ հաս­­տա­­­տումնե­­րու ետին ալ կայ քա­­ղաքա­­կան միտք մը։ Պէտք է գիտ­­նանք որ քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը ին­­քը կեանք է։

Ճիշդ է որ քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը կու­­սակցա­­կան մրցակ­­ցութեան վե­­րածե­­լով դպրո­­ցէն, սրբա­­վայ­­րէն կամ զօ­­րամա­­սէն ներս կրնայ գո­­յանալ ան­­բաղձա­­լի պա­­ռակ­­տում մը, բայց միւս կող­­մէ քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը նաեւ գա­­ղափա­­րախօ­­սու­­թիւն է, որը շատ յստակ նշա­­նակու­­թիւն ու­­նի ան­­հա­­­տի զար­­գացման առու­­մով։

Վեր­­ջա­­­պէս պէտք չէ մոռ­­նալ թէ փի­­լիսո­­փայու­­թիւնը իբ­­րեւ դա­­սանիւթ ուսման ծրագ­­րի կա­­րեւոր բա­­ղադ­­րիչնե­­րէն է։ Այդ մէ­­կը ահա­­ւասիկ կա­­րելի չէ քա­­ղաքա­­կանու­­թե­­­նէն բո­­լորո­­վին ար­­տաքսել եւ ան­­տե­­­սել։ Նկա­­տեցինք որ այդ մեր­­ձե­­­ցու­­մը բա­­ւական հե­­տաքրքրա­­կան ըն­­կա­­­լուե­­ցաւ աշա­­կեր­­տութեան կող­­մէ, քա­­նի որ անոնք ալ իրենց սե­­փական փոր­­ձա­­­ռու­­թեամբ յա­­ճախ լսած էին այս զգու­­շացման մա­­սին, բայց նիւ­­թը բնա­­կանա­­բար կ՚ար­­ժա­­­նանար իրենց ալ ու­­շադրու­­թեան։

Շուրջ մէ­­կու­­կէս ժամ տե­­ւող զրոյ­­ցի վեր­­ջին բա­­ժինը վե­­րապա­­հուած է լսա­­րանի հար­­ցումնե­­րուն։ Այստեղ Դպրե­­վան­­քի սա­­ները սրա­­միտ հար­­ցումներ ուղղե­­ցին մեզ, առիթ տա­­լով զրոյ­­ցի ընդլայնման։

Մեր հա­­շուով տպա­­ւորիչ հան­­դի­­­պու­­մ մըն էր այս, որ իր մէջ կը պա­­հէր նաեւ մտա­­հոգու­­թեան բա­­ժին մըն ալ, քա­­նի որ տնօ­­րէնու­­թիւնը իրա­­զեկած եւ հրա­­ւէր ուղղած էր մեր միւս երկրոր­­դա­­­կան վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րուն իրենց սա­­ներով մաս­­նակցե­­լու հա­­մար, բայց այդ հրա­­ւէրը մնա­­ցած էր ան­­պա­­­տաս­­խան։

Հե­­տեւա­­բար մե­­զի կը մնայ շնոր­­հա­­­ւորել Սուրբ Խաչ Դպրե­­վան­­քի տնօ­­րէնու­­թիւնը, ու­­սուցչաց կազ­­մը եւ խնա­­մակա­­լու­­թիւնը նման կար­­գադրու­­թեան մը գե­­տին պատ­­րաստե­­լուն համար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ