Արեւի Մարդիկը

ՔՈՒՐԹՈՒԼՈՒՇ ՊԱՇԹԸՄԱՐ

Այս շա­բաթ դար­ձեալ շատ հե­տաքրքրա­կան գիրք մը ու­նիմ ձեռ­քիս տակ, որ կ՚ու­զեմ ձե­զի հետ կի­սել։

Գիր­քեր կան որոնք շու­տով կ՚՚ըն­թերցուին, բայց կը շա­րու­նա­կեն տպա­ւորու­թիւն թո­ղուլ տա­րինե­րու տե­ւողու­թեամբ։ Նոյ­նիսկ կա­րելի է ըսել թէ այդ տե­սակ գիր­քե­րը գրո­ւելէ ետք ալ կը շա­րու­նա­կուին գրո­ւելու։ Այդ տե­սակի գիրք մըն է «Արե­ւի Մար­դի­կը» վէ­պը։ Նախ­քան վէ­պի մա­սին խօ­սելու կ՚ու­զեմ հե­ղինա­կին՝ Ղաս­սան Քա­լաֆա­նիի մա­սին քա­նի մը տե­ղեկու­թիւն փո­խան­ցել։ Ան արաբ քրիս­տո­նեայ մըն է, մար­դու իրա­ւունքնե­րու պաշտպան, մարքսա­կան մտա­ւորա­կան մը։ Բա­զում յօ­դուած­ներ գրած է Պա­ղես­տի­նի խնդրի մա­սին, որոնք լուրջ ու­շադրու­թեան ար­ժա­նացած են։ Ան խստիւ կը քննա­դատէր մար­դիկ իրենց բնօր­րա­նէն տե­ղահան ընե­լու իս­րա­յէլեան քա­ղաքա­կանու­թիւնը։ Մար­դիկ կը խրա­խու­սէր իրենց ծնած ու ապ­րած վայ­րը չլքե­լու հա­մար։ Իր այդ տե­սու­թիւննե­րը խիստ վտան­գա­ւոր էին Իս­րա­յէլեան իշ­խա­նու­թիւննե­րուն հա­մար, այդ պատ­ճա­ռաւ ալ Մո­սատին թի­րախ դար­ձաւ։ Ինքնա­շար­ժին տե­ղադ­րո­ւած ռումբը պայ­թե­ցաւ եւ այս մեծ գրո­ղը կնոջ ու երա­խանե­րուն աչ­քին առ­ջեւ պա­տառ պա­տառ ըլ­լա­լով հե­ռացաւ այս աշ­խարհէն։

Արե­ւի Մար­դի­կը, երեք աք­սո­րեալի մար­դա­վաճա­ռի մը գրա­սենեակին մէջ իրա­րու հան­դի­պիլը նկա­րագ­րող պա­տում մըն է։ Ապու Քայս, Մեր­վան եւ Էսատ ապօ­րէն ճամ­բով կ՚ու­զեն Քո­ւէյթ եր­թալ բար­գա­ւաճ կեան­քի մը տի­րանա­լու երա­զան­քով։ Զի­րենք այդ նպա­տակին հասցնե­լու խոս­տումը կու գայ Ապուլ Հայ­զուրա անուն քոնտրա­պան­տի­թի մը կող­մէ։ Ան այս երե­քը ճամ­բայ կը հա­նէ ջրա­տար ինքնա­շար­ժով մը։ Գի­տէ որ ջրա­տար մե­քենա­ները չեն խու­զարկո­ւիր։

Այս ճամ­բորդու­թեան հա­մար օրո­ւայ ժա­մերը նշա­նակու­թիւն ու­նին։ Գի­շերո­ւայ զով ժա­մերուն շրջիկ սահ­մա­նապահ­նե­րը աշ­խոյժ կ՚ըլ­լան։ Ու­րեմն ստի­պուած են անա­պատը ցե­րեկո­ւայ ամե­նակի­զիչ ժա­մերուն անցնե­լու։ Քա­լաֆա­նի պա­ղես­տինցի­ներու դժբախ­տութիւ­նը այնքան պար­զունակ տո­ղերով կը նկա­րագ­րէ որ ըն­թերցո­ղը ակա­մայ կը տա­րուի զգա­լու թէ ինքն ալ այդ ջրա­տար ինքնա­շար­ժին մէջ կը ճամ­բորդէ։ Մե­քենան արե­ւու ճա­ռագայթնե­րուն ամե­նակի­զիչ այդ պա­հուն սպի­տակա­ցած կմախքնե­րը չճզմե­լու հա­մար յա­ճախ աջ ու ձախ թե­քուե­լով կը յա­ռաջա­նայ։ Անա­պատի տօ­թին դի­մաց մա­հացած մար­դոց կմախքներն են անոնք։ Ապուլ Հայ­զուրան, երբ կը մօ­տենան ան­ցա­կէտին երեք փախստա­կան­նե­րը կը դնէ ջրամ­բա­րին մէջ, խոս­տա­նալով որ քա­նի մը վայրկեան ետք պի­տի հա­տեն սահ­մա­նի ան­ցա­կէտը եւ զի­րենք դուրս պի­տի բե­րէ ինքնա­շար­ժի ջրամ­բա­րէն։ Սա­կայն չստա­ցուիր։ Ան­ցա­կէտը հա­տելէ ետք, երբ կը բա­նայ ջրամ­բա­րի կա­բարի­չը կը տես­նէ որ արե­ւուն տակ տաք­ցած ջու­րին մէջ երեքն ալ խեղ­դա­մահ եղած են։

Այժմ Հայ­զուրա­նի բեռ­նա­տարը երեք դիակ­նե­րով կը ճամ­բորդէ։ Ան կ՚ափ­սո­սայ այս մա­հուան դէս «Ին­չու հա­մար ջրամ­բա­րին պա­տերուն չզար­կիք, ին­չո՞ւ հա­մար ձայն չտո­ւի՞ք» ըսե­լով։ Իրա­կանու­թեան մէջ այդ ջրամ­բա­րի պա­տերը այ­սօր շրջա­փակ­ման մէջ մնա­ցած Պա­ղես­տի­նը կը նկա­րագ­րէ։ Խոր լռու­թեան մէջ մա­հացող­նե­րը պաղես­տինցի­ներն են։

Վեր­ջա­պէս Հայ­զուրան երեք դիակ­նե­րը կը լքէ աղ­բա­կոյ­տի մը մօտ։ Իս­րա­յէլի կա­ռավա­րու­թիւնն ալ բա­ցի հա­ւաքա­կան գե­րեզ­մաններ թա­ղուած­նե­րէ բազ­մա­հազար պա­ղես­տինցի­ներու ան­շունչ մար­մի­նը լքած է փլա­տակ­նե­րու տակ։ Այ­սօ­րուայ հա­շուար­կումով աւե­լի քան 27 հա­զարի հաս­նող կա­զացի ան­մեղ զո­հերու թի­ւը թե­րեւս ալ պի­տի կրկնա­պատ­կո­ւի, եթէ հա­շուի դնենք փլա­տակ­նե­րու տակ մնա­ցածները։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ