Հրանդ Տինքի անուան շքանշանը յանձնուեցաւ «Արաս» Հրատարակչատան

ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ

Հրանդ Տին­քի նա­հատակ­ման առի­թով, Պոլ­սա­հայ միու­­թեան կող­­մէ հա­­յազ­­գի գործչի յի­­շատա­­կի առի­­թով կազ­­մա­­­կեր­­պուող ձեռ­­նարկը աւան­­դոյթ դար­­ձած է։ Յու­­նո­­­ւարի 21-ին, Պոլ­­սա­­­հայ միու­­թեան Լոս Ան­­ճե­­­լըսի կեդ­­րո­­­նին հա­­ւաքո­­ւած էին կրթա­­կան, հո­­գեւոր, իրա­­ւական, մշա­­կու­­թա­­­յին ոլոր­­տի գոր­­ծիչներ, մտա­­ւորա­­կան­­ներ`յի­­շելու հա­­մար Հրանդ Տին­­քի գոր­­ծունէու­­թեան առանցքա­­յին դրո­­ւագ­­նե­­­րը։ Անդրա­­դարձ կա­­տարո­­ւեցաւ անոր գա­­ղափար­­նե­­­րուն ու անոնց ար­­դիակա­­նու­­թեան։ Ձեռ­­նարկի բաց­­ման խօս­­քին, Պոլ­­սա­­­հայ միու­­թեան մշա­­կու­­թա­­­յին յանձնախմբի ատե­­նապետ տոք­­թոր Յով­­հաննէս Գու­­լակ Աւե­­տիքեան ամ­­փո­­­փեց Հրանդ Տին­­քի առա­­քելու­­թիւնն ու ընդգծեց անոր գոր­­ծի նշա­­նակու­­թիւնը։

Այ­­նուհե­­տեւ, Արեւմտեան Ամե­­րիկա­­յի Հա­­յոց թե­­մէն Ղե­­ւոնդ քհնյ. Քի­­րազեանն ու Հիւ­­սի­­­սային Ամե­­րիկա­­յի Արեւմտեան թե­­մէն Գէորգ քհնյ. Աբեանը աղօ­­թեցին եւ հո­­գեհանգստեան կարգ մա­­տու­­ցե­­­ցին։ «17 տա­­րի առաջ, հայ հա­­սարա­­կու­­թիւնը ի դէմս Հրանդ Տին­­քի կորսնցուց իր լու­­սա­­­ւոր զա­­ւակը։ Բո­­լորը մեծ խո­­նար­­հութեամբ եւ հպար­­տութեամբ կը յի­­շեն մեծ հա­­յը, որով­­հե­­­տեւ մարդն իր կեան­­քը տո­­ւաւ յա­­նուն գա­­ղափա­­րի, միայ­­նակ դէմ յան­­դի­­­ման կանգնե­­լով պե­­տու­­թեան, կայսրու­­թեան առաջ եւ բարձրա­­ձայ­­նե­­­լով հայ ժո­­ղովրդի ար­­դա­­­րացի խօսքն ու պա­­հան­­ջը։ Ար­­դիւնքին ան իր կեան­­քով հա­­տու­­ցեց, ինչ որ մեծ հե­­րոսու­­թիւն է», իր խօս­­քին նշեց Գէորգ քհնյ. Աբեանը, ընդգծե­­լով որ տխրու­­թեան հետ մէկ­­տեղ նաեւ հպար­­տութեան զգա­­ցու­­մով եղած են ու կան նման հա­­յեր, ինչպէս Հա­­յաս­­տան, այնպէս ալ սփիւռքի տա­­րած­­քին։

Ձեռ­­նարկի հան­­դի­­­սավար Ռո­­զալին Մա­­տոյեանն իր խօս­­քին նշեց, որ 2007-ի Յու­­նուարի 19-ին Տին­­քի սպա­­նու­­թեան դժո­­խային օրէն ետք. «ապ­­րում ենք գի­­տակ­­ցութեամբ, որ հայ ազ­­գը, մաս­­նա­­­ւորա­­պէս պոլ­­սա­­­հայ հա­­մայնքը, յա­­ւէտ կորցրել է ար­­ժէ­­­քաւոր եւ վստա­­հելի թի­­կունք»։ Ան ներ­­կա­­­յացուց օրո­­ւայ բա­­նախօս­­նե­­­րէն իրա­­ւաբան Կա­­րօ Ղա­­զարեանը, զինք կո­­չելով պոլ­­սա­­­հայ հա­­մայնքի պա­­տուա­­ւոր ան­­դամ, քան­­զի ըն­­կե­­­րոջ՝ Պոլ­­սա­­­հայ միու­­թեան նախ­­կին ատե­­նապետ, վա­­ղամե­­ռիկ Էտո­­ւին Մի­­նասեանի յոր­­դո­­­րով մշտա­­պէս պոլ­­սա­­­հայ հա­­մայնքի կող­­քին է։

Կա­­րօ Ղա­­զարեանը կի­­սուեց Հրանդ Տին­­քի մա­­սին իր տպա­­ւորու­­թիւննե­­րով` նշե­­լով, որ ան երախ­­տա­­­պարտ մարդ էր, ով կ՚ապ­­րէր մի եր­­կիր, որ­­տեղ իր նախ­­նի­­­ները սպան­­նո­­­ւած էին մէկ դար առաջ, սա­­կայն անոնց սե­­րունդնե­­րը շա­­րու­­նա­­­կած են բնա­­կուիլ ու զար­­գա­­­նալ չնա­­յած դժո­­ւարու­­թիւննե­­րու, պա­­հան­­ջած ար­­դա­­­րու­­թիւն, եւ անոնցմէ մէկն ալ Տինքն էր։

«Այ­­նո­­­ւամե­­նայ­­նիւ, թրքա­­կան հա­­յատեաց ու­­ժե­­­րը որո­­շեցին, որ պէտք է ցոյց տան Հրանդ Տին­­քին, որ իր գա­­ղափար­­նե­­­րով ու գոր­­ծունէու­­թեամբ «ան չափն ան­­ցած է»։ Որո­­շեցին, որ վերջ տա­­լու են Հրան­­դի կեան­­քին, եւ իրա­­կանա­­ցու­­ցին։ Իսկ ի՞նչ կը նշա­­նակէր «չա­­փը անցնիլ»։ Այդ այն էր, որ Տինքն իր հիմ­­նած «Ակօս» թեր­­թով կը բարձրա­­ձայ­­նէր հայ հա­­մայնքի իրա­­ւունքնե­­րու մա­­սին եւ հան­­դէս կու գար անոնցմէ բխող պա­­հանջնե­­րով, կ՚ար­­տա­­­յայ­­տէր իր տե­­սակէ­­տը պատ­­մութեան մա­­սին, եւ այս ամէ­­նը, իհար­­կէ, կը հա­­կասէին թրքա­­կան պաշ­­տօ­­­նական, պե­­տական հա­­յեցա­­կար­­գին», նշեց Կա­­րօ Ղա­­զարեանը։ Տին­­քը, ըստ բա­­նախօ­­սի, «ան­­ցաւ բո­­լոր սահ­­մաննե­­րը», երբ հրա­­պարա­­կեց «Սա­­պիհա Հա­­թու­­նի Գաղտնի­­քը» խո­­րագ­­րով Աթա­­թիւրքի որ­­դեգրած Սա­­պիհա Կէօք­­չե­­­նի մա­­սին իր յօ­­դուա­­ծը, որ կը ներ­­կա­­­յաց­­նէր աղջկայ հայ ազ­­գա­­­կան­­նե­­­րու փաս­­տա­­­ցի վկա­­յու­­թիւններ առ այն, որ Աթա­­թիւրքը անոր վեր­­ցուցած էր հայ­­կա­­­կան որ­­բա­­­նոցէն։`Խա­­թուն Սե­­պիլ­­ճեան ծննդեան անու­­նով Թուրքիայի առա­­ջին կին ռազ­­մա­­­կան օդա­­չուն, որու անու­­նով անո­­ւանա­­կոչո­­ւած է նաեւ Թուրքիոյ մի­­ջազ­­գա­­­յին օդա­­նաւա­­կայա­­նը, ազ­­գա­­­յին խորհրդա­­նիշ կը հա­­մարո­­ւի եւ յօ­­դուա­­ծէն ետք, Թուրքիոյ մէջ անոր շուրջ սկիզբ առած հա­­մերկրա­­յին բա­­նավէ­­ճը, այդ պե­­տու­­թեան կող­­մէ հա­­մարո­­ւեցաւ վի­­րաւո­­րանք ազ­­գա­­­յին ամ­­բողջա­­կանու­­թեանը։

«Տին­­քի յօ­­դուա­­ծը հա­­մարո­­ւեց թրքա­­կան ինքնու­­թեան նկատ­­մամբ յար­­ձա­­­կում, եւ հա­­յազ­­գի գոր­­ծի­­­չը դար­­ձաւ թի­­րախ։ «Թէեւ Տին­­քը ֆի­­զիկա­­պէս մեր հետ չէ, սա­­կայն անոր կեան­­քը օրի­­նակ է անոնց հա­­մար, որոնք կը ցան­­կա­­­նան շա­­րու­­նա­­­կել մեր ազ­­գա­­­յին պայ­­քա­­­րը, որ այ­­սօր բազ­­մա­­­թիւ ուղղու­­թիւննե­­րով կ՚ըն­­դա­­­նայ» ըսաւ Ղա­­զարեան։

Ամե­­րիկա­­յի Հայ աւե­­տարան­­չա­­­կան միու­­թեան վար­­չութեան գոր­­ծա­­­դիր տնօ­­րէն, հա­­սարա­­կական գոր­­ծիչ Զա­­ւէն Խան­­ճեանը «50-ական թո­­ւական­­նե­­­րու վեր­­ջե­­­րուն, մէկ ու­­րիշ Հրանդ, որը մեր պատ­­մա­­­բան­­նե­­­րէն Խա­­չիկ Մու­­րա­­­տեանը կը կո­­չէ Հրան­­դէն առաջ Հրան­­դը։ Հրանդ Կիւ­­զէ­­­լեան անու­­նով մէկ այլ հե­­րոս, ակա­­նատես ըլ­­լա­­­լով իր հայ­­րե­­­նակից­­նե­­­րու նկատ­­մամբ իրա­­կանա­­ցուած ոճիր­­նե­­­րուն, ու­­ղի­­­ներ կը փնտռէ ինչ-որ կեր­­պով աջակ­­ցե­­­լու վե­­րապ­­րած հայ­­րե­­­նակից­­նե­­­րուն։ 1962 թո­­ւակա­­նին, ան կը որո­­շէ հա­­ւաքել եւ կրթել հայ որբ երա­­խանե­­րը, որոնք կտրո­­ւելով ար­­մատնե­­րէն`ձուլման սպառ­­նա­­­լիքի առաջ էին։ Աւե­­լի քան 1500 մա­­նուկ ու պա­­տանի կը յա­­ճախեն անոր հիմ­­նած «Քամփ Ար­­մէն» կո­­չուող ամա­­ռային ճամ­­բա­­­րը, ազ­­գա­­­յին եւ հո­­գեւոր կրթու­­թիւն ստա­­նալով այնտեղ։ Այդ պա­­տանի­­ներէն մէկն ալ Հրանդ Տինքն էր», պատ­­մեց ատե­­նախօ­­սը։

Ձեռ­­նարկի յա­­ջորդ բա­­նախօ­­սը Նո­­րայր Տա­­տու­­րեանն էր, կրթա­­կան մշակ, հա­­սարա­­կական գոր­­ծիչ, Բլէր աւագ դպրո­­ցի հայ­­կա­­­կան ակա­­դեմիայի տնօ­­րէն ու ու­­սուցի­­չը, ով միաժա­­մանակ Տին­­քի հիմ­­նած «Ակօս» թեր­­թի սիւ­­նա­­­կագիր է, եւ եղած է Հրանդ Տին­­քի հա­­մահիմ­­նադրած «Արաս» հրա­­տարակ­­չա­­­տան աշ­­խա­­­տակի­­ցը։ Տա­­տու­­րեան հան­­դէս եկաւ «Հայ տպա­­գիր գրքի ոդի­­սակա­­նը» խո­­րագ­­րով բա­­նախօ­­սու­­թեամբ սկսե­­լով 1512 թո­­ւակա­­նէն Վե­­նետիկ տպագ­­րո­­­ւած հա­­յալե­­զու առա­­ջին «Ուրբա­­թագիրք»ի պատ­­մութե­­նէն մին­­չեւ Եւ­­րո­­­պական տար­­բեր քա­­ղաք­­ներ, Շու­­շի, Վան ու Երե­­ւան տպագ­­րո­­­ւած գրքե­­րէն ու հրա­­տարակ­­չատնե­­րու գոր­­ծունէու­­թե­­­նէն։ Տպագ­­րութեան եւ թարգմա­­նու­­թեան հայ­­կա­­­կան աւան­­դոյթնե­­րը շա­­րու­­նա­­­կելու տես­­լա­­­կանով ալ 1993 թո­­ւակա­­նէն Պոլ­­սոյ մէջ կը հիմ­­նո­­­ւի «Արաս» հրա­­տարակ­­չա­­­տու­­նը, դառ­­նա­­­լով սփիւռք գոր­­ծող բնոյ­­թով բա­­ցառիկ կեդ­­րոն։

Պոլ­­սա­­­հայ միու­­թիւնը իր ամե­­նամեայ «Հրանդ Տին­­քի հո­­գու ազա­­տու­­թեան եւ ար­­դա­­­րու­­թեան շքան­­շան»ը այս տա­­րի յանձնեց «Արաս» հրա­­տարակ­­չա­­­տանն ու տե­­սակա­­պով միացաւ հա­­մահիմ­­նա­­­դիր Էդո­­ւարդ Թով­­մա­­­սեանին։ Երախ­­տա­­­գիտու­­թիւն յայտնե­­լով պար­­գե­­­ւի հա­­մար, Թով­­մա­­­սեանը ներ­­կա­­­յացուց «Արաս»ի հիմ­­նադրման պատ­­մութիւ­­նը ու գոր­­ծունէու­­թիւնը։ «Արաս» հրա­­տարակ­­չա­­­տու­­նը ստեղ­­ծո­­­ւեցաւ չորս դպրե­­վանքցի­­ներու կող­­մէ հա­­յոց պատ­­մութիւ­­նը, գիրն ու գրա­­կանու­­թիւնը, մշա­­կոյ­­թը թարգմա­­նաբար թուրք ժո­­ղովրդին իրա­­կան գոյ­­նե­­­րով ներ­­կա­­­յաց­­նե­­­լու եւ այդպի­­սով իրար ճանչնա­­լու, երկխօ­­սու­­թիւնը հնա­­րաւոր դարձնե­­լու նպա­­տակով», նշեց Թով­­մա­­­սեանը։ Գոր­­ծունէու­­թեան երե­­սուն տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին, հրա­­տարակ­­չա­­­տու­­նը իրա­­կանա­­ցու­­ցած է հա­­յերէ­­նէ թրքե­­րէն մե­­ծաքա­­նակ թարգմա­­նու­­թիւններ, հրա­­տարա­­կած է շուրջ 300 գիրք հայ գրա­­կանու­­թեան, պատ­­մութեան մա­­սին, ինչպէս նաեւ օտար հե­­ղինակ­­նե­­­րու, որոնք ներ­­կա­­­յացու­­ցած են հայ մշա­­կոյ­­թը։

Պոլ­­սա­­­հայ միու­­թիւնը շքան­­շա­­­նը յանձնեց Նո­­րայր Տա­­տու­­րեանին, որ­­պէս կա­­ռոյ­­ցի առա­­ջին աշ­­խա­­­տակից, ով խոս­­տա­­­ցաւ այն փո­­խան­­ցել։ Ձեռ­­նարկի գե­­ղարո­­ւես­­տա­­­կան յայ­­տագրին հան­­դէս եկաւ դու­­դուկա­­հար Ալ­­պերտ Վար­­դանեանը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ