Գործ՝ որ հասաւ իր նպատակին

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Եր­կար ժա­մանա­կէ ի վեր բա­ւակա­նին ցամ­քած տպա­ւորու­թիւն ներ­կա­յաց­նող պոլ­սա­հայ գե­ղարո­ւես­տա­կան եւ մշա­կու­թա­յին առօ­րեան յան­կարծա­կիօրէն փայ­լա­տակե­ցաւ Ժու­լիա Մութլո­ւի գե­ղարո­ւես­տա­կան վաս­տա­կին յիս­նա­մեակի ձօ­նուած մի­ջոցառ­ման շնոր­հիւ։

28 Յու­նո­ւար կի­րակի երե­կոյ Շիշ­լի Ճե­միլ Ճան­տաշ դահ­լի­ճի մէջ կա­յացած հայ­կա­կան աւան­դա­կան տա­րազ­նե­րու տո­ղանցքը կրկին ան­գամ պատ­ճառ եղաւ, որ մեծ հիացու­մով գնա­հատենք Ժու­լիա Մութլո­ւի տքնա­ջան աշ­խա­տան­քը եւ այդ աշ­խա­տան­քի պայ­ծառ ար­գա­սիքը։

Ժու­լիա Մութլո­ւին հա­ւատա­րիմ գոր­ծընկե­րոջ՝ Ժա­նին Փա­փազեանին հետ գոր­ծակցե­լով ար­տադրած տա­րազ­նե­րու թի­ւը հա­սած է 133-ի։ Այդ տա­րազ­նե­րը միաժա­մանակ վառ վկա­յու­թիւնն են պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նի աշ­խարհագ­րա­կան տա­րած­քին։ Տո­ղանցքի յա­տուկ բե­մադ­րութիւննե­րով բե­մին վրայ դի­տեցինք Ալաշ­կերտ, Կե­սարիա, Ամա­սիա, Թաւ­րիզ, Ակն, Մոգս, Ագու­լիս, Մա­րաշ, Տիգ­րա­նակերտ, Խար­բերդ, Լո­ռի, Մա­նազ­կերտ, Երե­ւան, Ախալցխա, Շու­շի, Թիֆ­լիս, Մու­սա Լեռ, Համ­շէն, Զէյ­թուն, Սա­սուն, Մուշ, Կա­րին, Մա­լաթիա, Կարս, Սե­բաս­տիա, Զան­գե­զուր, Ար­դո­ւին, Եդե­սիա, Իս­ֆա­հան եւ Արաբ­կիր քա­ղաք­նե­րու մերթ գիւ­ղա­կան եւ մերթ ալ քա­ղաքա­կան կեն­ցա­ղը ցո­լաց­նող տա­րազ­նե­րու տո­ղանցքը իր հետ կը բե­րէր նաեւ զա­նազան մտո­րումներ։ Հան­դի­սատե­սը կը տա­րուէր մտա­ծելու թէ ինչպի­սի յսկայ մշա­կոյ­թի մը մե­րօրեայ ժա­ռան­գորդ է ներ­կայ հա­յը։

Տո­ղանցքի ըն­թացքն բե­մի վրայ կը ցո­լացո­ւէր նաեւ այս տա­րազ­նե­րու հա­մար բնորդ հան­դի­սացած նկար­նե­րը, մերթ սեւ ու սպի­տակ եւ մերթ ալ գու­նա­ւոր լու­սանկար­նե­րով կամ գծագ­րութիւննե­րով։ Այս բո­լորը ապա­ցոյցն էին իւ­րա­քան­չիւր գոր­ծի ետին կու­տա­կուած մեծ աշ­խա­տան­քին։

Օրո­ւայ յայ­տա­գիրը կը բաղ­կա­նար եր­կու բա­ժին­նե­րէ, որոնցմէ առա­ջինը եթէ տո­ղանցքն էր, երկրոր­դը աւան­դա­կան հար­սա­նիքի մը զա­նազան դրո­ւագ­նե­րը նկա­րագ­րող հար­սա­նիքի բե­մադ­րութիւն։ Ամ­բողջ բե­մադ­րութեան ըն­թացքին հնչեց հա­մահունչ երաժշտու­թիւն մը։ Տո­ղանցքի ըն­թացքին հնչող ձայ­նագրու­թիւննե­րէն ետք երկրորդ բաժ­նի մէջ հրա­շալի յայտնու­թիւն մըն էր Թա­թիանա Պոս­թա­նի կա­տարումնե­րը։ Այստեղ պար­տինք նշել թէ այս ար­ժէ­քաւոր երգչու­հիին վե­րագ­րո­ւած յայտնու­թիւն բա­ռը ոչ թէ իր վաս­տա­կին, այլ այդ վաս­տա­կին այս ձեռ­նարկին մէջ դրսե­ւոր­ման յա­տուկ է։ Թա­թիանա­յի եր­գի­չի շնոր­հը ար­դէն ծա­նօթ է ամ­բողջ պոլ­սա­հայու­թեան անոր «Գնար» նո­ւագա­խումբի հետ ու­նե­ցած ելոյթնե­րէն կամ ալ­պոմնե­րէն։ Մա­նաւանդ հար­սա­նիքի պատ­րաստու­թեան դրո­ւագ­նե­րու մէջ «Շնոր­հա­ւոր հար­սի շոր», «Լոր­քէ» եւ «Շիր­խա­նի» կա­տարումնե­րով ան ար­դէն կա­խար­դած էր ամ­բողջ դահ­լի­ճը։ Ահա վրայ հա­սաւ Աշոտ Գրա­շիի խօս­քե­րով եւ Առ­նօ Պա­պաճա­նեանի երաժշտու­թեամբ օժ­տո­ւած «Ազգ Փա­ռապանծ»ը, որ ան­գամ մը եւս կը փաս­տէր շնոր­հա­լի երգչու­հիի երաժշտա­կան ու­նա­կու­թիւնը եւ ձայ­նի հզօ­րու­թիւնը։ Թա­թիանա Պոս­թան յայ­տա­գիրը աւար­տեց Սա­յաթ Նո­վայի աշու­ղա­կան եր­գե­րով ու վեր­ջա­պէս բո­լորին հան­րա­ծանօթ «Գե­տաշէն»ով։

Այս երկրորդ բաժ­նի մէջ հան­դի­սատե­սը ըմ­բոշխնեց նաեւ Ժու­լիա Մութլո­ւի պա­րու­սոյցի յատ­կութիւննե­րը, «Լուսնակ Գի­շեր», «Նա­զանի» եւ «Մու­սա Լեռ» պա­րերու բե­մադ­րութեամբ։ Նշենք որ «Նա­զանի» եւ « Մու­սա Լեռ»ան մէջ բե­մադ­րութիւ­նը օժ­տո­ւած էր նաեւ Արա Գէոր­գեանի ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րով, որոնք ար­դէն այժմէն կը վա­յելէն հայ երաժշտա­կան աս­պա­րէզի դա­սակա­նացած նմոյշներ իբ­րեւ ըն­կա­լուե­լու։

Խիստ գնա­հատե­լի էր այս մի­ջոցառ­ման ըն­թացքին Արամ Կոս­տա­նեանի հան­դէպ ցու­ցա­բերո­ւած երախ­տա­պար­տութիւ­նը։ Իս­կա­պէս ալ Կոս­տա­նեան պո­լիս գտնուած տա­րինե­րուն մեծ նպաստ պար­գե­ւեց քա­ղաքիս մշա­կու­թա­յին ապ­րումնե­րուն եր­բեմն ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու, եր­բեմն ալ գե­ղարո­ւես­տա­կան խումբե­րու իր աջակ­ցութիւ­նը եւ թա­տերա­կան հմտու­թիւնը լայ­նօ­րէն պար­գե­ւելով։

Ներ­կա­յաց­ման աւար­տին Սա­հակ Բ. Պատ­րիարք Սրբա­զանը իբ­րեւ հուսկ բանք յայտնեց իր գո­հու­նա­կու­թիւնը այս բե­մադ­րութեան հա­մար, գնա­հատե­լով կա­տարուած աշ­խա­տան­քը։ Յայտնենք որ Սրբա­զան Պատ­րիար­քի ելոյ­թը կու գար փաս­տե­լու թէ այս մէ­կը իր խո­րագի­րը գե­րազան­ցող բնոյթ մը ու­նէր հայ ժո­ղովուրդի մշա­կոյ­թը ամե­նաբարձր մա­կար­դա­կով ներ­կա­յաց­նե­լու առա­քելու­թեան մէջ։

Եր­բեք չա­փազան­ցած չենք ըլ­լար, ըսենք թէ նա­խորդ կի­րակի գի­շեր հայ ան­հա­տը ան­գամ մը եւս իր կեր­տած մշա­կոյ­թով ար­դա­րօրէն հպար­տա­նալու առիթ ու­նե­ցաւ։ Իրա­ւունք մը՝ որ­մէ զուրկ մնա­ցած էինք այս վեր­ջին տա­րինե­րուն

Երա­նի բո­լորիս, որ վա­յելե­ցինք այդ մի­ջոցա­ռու­մը եւ բիւր երախ­տիք Ժու­լիա Սութլո­ւի եւ իր գոր­ծընկեր­նե­րուն, որոնք պար­գե­ւեցին այս հրճո­ւանքը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ