Կոմիտաս Վարդապետի ՈՒՆԵՍՔՕ-ի գրանցամատեանին

Ըստ «Ար­մէնփրէս»-ի հա­ղորդմամբ՝ այս մա­սին ասու­լի­սի ըն­թացքին յայտնած է Կո­միտա­սի թան­գա­րանի տնօ­րէն Նի­կոլայ Կոս­տանդեանը՝ նշե­լով, որ այս իրա­դար­ձութիւ­նը հա­մըն­կած է թան­գա­րանի հիմ­նադրման 9-ամեակի հետ։

«Կո­միտա­սի ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րը ՈՒ­ՆԵՍՔՕ-ի մի­ջազ­գա­յին ռե­գիստրում գրան­ցումը շատ պար­տա­ւորեց­նող է։ Սա հնա­րաւոր է եղել թան­գա­րանի, ԿԳՄՍ նա­խարա­րու­թեան եւ ԱԳ նա­խարա­րու­թեան հետ 7-8 տա­րուայ մեծ աշ­խա­տան­քի եւ հա­մագոր­ծակցու­թեան շնոր­հիւ»,-ըսած է Կոս­տանդեանը։

ԿԳՄՍ նա­խարար Ժան­նա Անդրէասեան նշած է, որ նմա­նատիպ գոր­ծընթաց­նե­րը կը պա­հան­ջեն տե­ւական եւ հե­տեւո­ղական աշ­խա­տանք՝ տար­բեր գե­րատես­չութիւննե­րու ընդգրկմամբ։

«Յոյ­սով եմ, որ սա կը լի­նի լաւ առիթ, որ­պէսզի մենք ինքներս եւս մէկ ան­գամ վե­րաար­ժե­ւորենք եւ իմաս­տա­ւորենք այն ժա­ռան­գութիւ­նը, որ ու­նենք», ըսած է ան։

ՀՀ ԱԳ նա­խարա­րի տե­ղակալ Վա­հան Կոս­տա­նեանը, շնոր­հա­ւորե­լով այս կա­րեւոր իրա­դար­ձութեան կա­պակ­ցութեամբ, ընդգծած է, որ դեռ 2019 թո­ւակա­նին Կո­միտաս վար­դա­պետի 150-ամեակն ընդգրկո­ւած է ՈՒ­ՆԵՍՔՕ-ի Հռչա­կաւոր մար­դոց եւ կա­րեւոր իրա­դար­ձութիւննե­րու յո­բելեան­նե­րու ցան­կին մէջ եւ աշ­խարհով մէկ մեծ շու­քով նշո­ւած է այն։

«Ու­զում եմ նշել, որ ՈՒ­ՆԵՍՔՕ-ի աշ­խարհի յի­շողու­թեան մի­ջազ­գա­յին ռե­գիստրում գրանցւում են բա­ցառիկ ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող փաս­տագրա­կան նմուշներ։ Այս ծրագ­րի նպա­տակն է կան­խել աշ­խարհում գո­յու­թիւն ու­նե­ցող ար­խիւնե­րի, գրա­դարան­նե­րի եւ ար­ժէ­քաւոր հա­ւաքա­ծու­նե­րի կո­րուստը եւ նպաս­տել դրանց ար­դիւնա­ւէտ պահ­պանմանն ու տա­րած­մա­նը», նշած է Վա­հան Կոս­տա­նեանը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ