Մարդը Եւ...

ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ

Կենդա­­նական աշ­­խարհի միակ ասուն արա­­րածն է մար­­դը, ինչպէս նաեւ ամե­­նէն քիչ ճանչցո­­ւածը։ Սխալ չէ ըսո­­ւած, թէ «Աւե­­լի դիւ­­րին է արա­­ծեց­­նել կեն­­դա­­­նինե­­րու մի ամ­­բողջ նա­­խիր, քան մի մարդ կա­­ռավա­­րել», որուն հա­­մահունչ է՝ «Աւե­­լի հեշտ է ճանչնալ որե­­ւէ կեն­­դա­­­նին, քան մօտ մի բա­­րեկա­­մին»։ Հե­­ռաւոր ժա­­մանակ­­նե­­­րէն դեռ մարդ արա­­րածը հա­­ղոր­­դակցո­­ւելու կա­­րիք զգա­­ցած է եւ տար­­բեր տե­­սակի շփումներ ու­­նե­­­ցած իր ցե­­ղակից­­նե­­­րէն բա­­ցի՝ նաեւ այ­­լոց հետ, մին­­չեւ իսկ շա­­հադի­­տական նպա­­տակով։ Մար­­դիկ ըն­­տա­­­նիքով իրար այ­­ցե­­­լելու վար­­ժո­­­ւած էին։ Այդ շփում-հան­­դի­­­պումնե­­րու առի­­թով աւե­­լի հա­­ճելի ժա­­մանց ու­­նե­­­նալու մի­­տու­­մով ստեղ­­ծո­­­ւած են տար­­բեր տե­­սակի ու բո­­վան­­դա­­­կու­­թեան խա­­ղեր թէ՚ մե­­ծերու եւ թէ՚ ան­­չա­­­փահաս­­նե­­­րու հա­­մար, ինչպէս թղթա­­խաղե­­րը, տա­­ման, նար­­դին, որ ազ­­գա­­­յին բնոյ­­թի դար­­ձած են։ Պարզ ըսած, հան­­դի­­­պիլը եւ ան­­ցեալը յի­­շել-պատ­­մե­­­լը անհրա­­ժեշ­­տութիւն դար­­ձած էր, մա­­նաւանդ խար­­բերդցի, վա­­նեցի, մշե­­ցի կամ եղեռ­­նէն ճո­­ղոպ­­րած այլ հա­­մագիւ­­ղա­­­ցինե­­րու հա­­մար՝ աք­­սո­­­րի սար­­սա­­­փը պատ­­մե­­­լով վե­­րապ­­րի­­­լը։ Այդպէս է, որ ստեղ­­ծո­­­ւեցան՝ լրա­­բեր­­նե­­­րը, նա­­մակագ­­րութիւ­­նը, սուրհան­­դակնե­­րը, լրագ­­րե­­­րը, ռա­­տիօն եւ հե­­ռատե­­սիլը՝ վեր­­ջա­­­պէս այ­­սօ­­­րուայ բջջա­­յին հե­­ռախօ­­սը, որ դար­­ձած է մարդկա­­յին կա­­տարեալ չա­­րիք, պա­­տու­­հաս։ Այ­­լեւս առա­­ջացած է բազ­­մութեան մի տե­­սակ, որու ու­­ղե­­­ղը այ­­լեւս չի գոր­­ծեր, ամե­­նու­­րէք անոր կը փո­­խարի­­նէ հե­­ռախօ­­սը, առանց որու՝ ոմանք այ­­լեւս չեն ապ­­րիր։

Ի դէպ տե­­սայ մի զա­­ւեշ­­տա­­­լի, սրա­­միտ պատ­­կեր, ուր յայտնի երեք կա­­պիկ­­նե­­­րու նկա­­րը, որ մինչ այ­­սօր կը ցու­­ցադրո­­ւէր անոնց բե­­րանը, աչ­­քը եւ ական­­ջը ծած­­կո­­­ւած եւ կը նշա­­նակէր՝ բան չեն տե­­սած, չեն լսած եւ ըսե­­լիք չու­­նին, անոնց կող­­քին աւե­­լացած էր չոր­­րորդ կա­­պիկը՝ ձեռ­­քին հե­­ռախօս, որ կա­­տարեալ ար­­դի հա­­մատա­­րած պատ­­կեր է՝ փո­­ղոցին տա­­նը եւ ամե­­նուր։

Հա­­մաշ­­խարհա­­յին հան­­րութիւ­­նը շշմած-մո­­լորո­­ւած է, անոր թմրե­­ցու­­ցած են եւ կը փոր­­ձեն դարձնել ար­­հեստա­­կան իմա­­ցակա­­նու­­թեան (Intelligence arti…cielle) ստո­­րադաս, այն սկզբունքով, թէ պար­­տա­­­դիր չէ որ ամէն ինչ մտա­­ծելու, որո­­շելու ու­­նակ ըլ­­լան եւ անոր կա­­րիքը եւս չկայ։ Ընտրեալ­­նե­­­րու՝ բնակ­­չութեան մօտ տա­­սը տո­­կոսի պար­­տա­­­կանու­­թիւնն է այդ եւ այն կ՚ընեն նո­­րագոյն ռո­­պոթ մե­­քենա­­ներու՝ ար­­հեստա­­կան խե­­լացիու­­թեան (բա­­նակա­­նու­­թեան) օգ­­նութեամբ, իսկ ամ­­բո­­­խի բո­­լոր քայ­­լե­­­րը կը վե­­րահսկո­­ւին հե­­ռախօ­­սի մի­­ջոցաւ, քան­­զի ոմանց պա­­րագա­­յին այն կը փո­­խարի­­նէ ու­­ղե­­­ղին։ Նախ­­կին «Բա­­ժանի՚ր, որ տի­­րեսէ»ին կցո­­ւուած է «Թմրե­­ցո՚ւր, շշմե­­ցո՚ւր որ տի­­րեսէ»ը։ Այլ նպա­­տակ չկայ։ Նա­­յիր չորս կողմդ, սի­­րելի ըն­­թերցող, եւ կը նկա­­տես, որ ամէն կող­­մէն քեզ կը պար­­տադրեն քու ու­­տեստը, գնումնե­­րը, հա­­գուստը, հե­­տեւա­­բար գո­­վազ­­դի զան­­զան մի­­ջոց­­նե­­­րով շա­­տերը կ՚են­­թարկեն։

Ոմանք կը կար­­ծեն, թե­­րեւս նաեւ վստահ են, թէ հե­­ռախօ­­սի եւ նման այլ սար­­քե­­­րու բուռն տա­­րածու­­մը ու զար­­գա­­­ցու­­մը բա­­րեկե­­ցու­­թեան, առա­­ջըն­­թա­­­ցի, նպա­­տակով եղած են։ Այդ կար­­ծի­­­քը ու­­նե­­­ցող­­նե­­­րը չա­­րաչար կը սխա­­լուին, նախ որ մեր բա­­րօրու­­թեան հա­­մար մատ շար­­ժող չկայ, եթէ մեծ շա­­հաբե­­րու­­թիւն չըլ­­լայ ձեռ­­նարկած որե­­ւէ քայ­­լի դի­­մաց, իսկ գոր­­ծա­­­րար ան­­ձը՝ միայն շահ կը ճանչնայ եւ այլ տե­­սիլք ու նպա­­տակ չու­­նի։

Ամէն տա­­րի հայ­­րե­­­նիք կա­­տարած մեր այ­­ցե­­­լու­­թիւննե­­րուն, փո­­ղոցի եր­­թե­­­ւեկու­­թեան խտու­­թիւնը աննկատ չի մնար, որ անընդհատ աճե­­լու հա­­կում ու­­նի, եւ ըստ էու­­թեան բա­­րեկե­­ցու­­թեան նշան է։ Աննկա­­տելի չեն նաեւ եր­­թե­­­ւեկու­­թեան ան­­կարգ բնոյ­­թը, ան­­հա­­­շիւ խճո­­ղումնե­­րը՝ բա­­զում վթար­­նե­­­րով ու զո­­հերով։

Փաս­­տօ­­­րէն ճա­­կատագ­­րա­­­կան եւ ազ­­գա­­­յին չա­­րիք է, մին­­չեւ իսկ պա­­տու­­հաս ըլ­­լա­­­լու աս­­տի­­­ճան, փո­­ղոցին եր­­թե­­­ւեկող ինքնա­­շարժնե­­րու քա­­նակը։ Նկա­­տի չու­­նինք միայն ռե­­տինէ անիւ­­նե­­­րով մե­­տաղեայ զան­­գո­­­ւածը, որ մեր հայ­­րե­­­նաբ­­նակնե­­րու թիւ մէկ կուռքն դար­­ձած է տա­­րինե­­րէ ի վեր, այլ նաեւ այն վա­­րելու իրա­­ւունք ու­­նե­­­ցող մե­­ծաքա­­նակ տխմար­­նե­­­րը, որ հե­­ռու են բա­­նակա­­նու­­թեան տար­­րա­­­կան մա­­կար­­դա­­­կէն եւ կը գտնո­­ւին ղե­­կին՝ հե­­ռախօ­­սը ձեռ­­քին։ Իրա­­կանին Երե­­ւանի գոր­­ծող փո­­ղոց­­նե­­­րու անհրա­­ժեշտ ընդհա­­նուր մա­­կերե­­սը ան­­բա­­­ւարար է շրջա­­նառու­­թեան մէջ եղած մե­­քենա­­ներու քա­­նակի հա­­մեմատ։ Կը կար­­ծեմ ար­­դէն ժա­­մանակն է, որ Երե­­ւանի քա­­ղաքա­­պետա­­րանը հիմ­­նա­­­կան փո­­փոխու­­թիւններ ընե­­լու կա­­րիք ու­­նե­­­նայ մայ­­րա­­­քաղա­­քի յա­­տակագ­­ծի առու­­մով եւ աւե­­լի լուրջ ու­­շադրու­­թեան ար­­ժա­­­նաց­­նէ քա­­ղաքը շրջան­­ցե­­­լու նոր ճա­­նապար­­հի իրա­­կանաց­­ման, անոր հետ նաեւ առ­­նո­­­ւազն չորս եւ աւե­­լի նոր կա­­մուրջնե­­րու կա­­ռուցմա­­նը Հրազ­­դան գե­­տի վրայ։ Այդ եղած է խառ­­նաշփո­­թի միակ լուծման մի­­ջոցը։ Այդպի­­սին էր Թա­­մանեանի յա­­տակա­­գիծը, որ կը մնայ մինչ այ­­սօր։

Ի՞նչ ըսել անի­­մաստ այն երե­­ւոյ­­թին, որ մեր աւե­­տեաց երկրի ճա­­նապար­­հա­­­յին եր­­թե­­­ւեկու­­թեան ան­­հա­­­մար ող­­բա­­­լի վթար­­նե­­­րու զգա­­լի մաս կը կազ­­մեն ճա­­կատա­­յին բա­­խումնե­­րը, որ կը նշա­­նակեն թէ՝ երե­­ւի վա­­րորդնե­­րը իրար չեն տե­­սած, քան­­զի զբա­­ղուած եղած են հե­­ռախօ­­սով կամ բարձր արա­­գու­­թեամբ սու­­րա­­­լով՝ ան­­բա­­­ժան ծխա­­խոտը ձեռ­­քին, վրի­­պած են։ Բա­­ցառո­­ւած չէ նաեւ, որ տխմար յա­­մառու­­թեան պատ­­ճա­­­ռով չեն ցան­­կա­­­ցած իրար զի­­ջել։ Ան­­տե­­­սելի չէ նոյնպէս թմրա­­միջո­­ցի առ­­կա­­­յու­­թեան վար­­կա­­­ծը։

Լուրջ խնդիր­­նե­­­րու առ­­ջեւ ենք եւ թշնա­­մու դի­­պու­­կա­­­հար­­նե­­­րու կրա­­կոց­­նե­­­րէն ող­­բա­­­լի զո­­հերու թի­­ւը մեր տգի­­տու­­թեամբ աւե­­լաց­­նե­­­լը աղէտ է։ Են­­թադրե­­լի է, որ նախ­­քան մե­­քենայ գնե­­լը շա­­տերը կ՚ան­­տե­­­սեն վա­­րոր­­դա­­­կան դա­­սըն­­թա­­­ցին հե­­տեւիլ։ Այդպի­­սինե­­րը առանց վա­­րելու տար­­րա­­­կան գի­­տելիք­­նե­­­րու կը մտնեն եր­­թե­­­ւեկու­­թեան ոլորտ՝ ան­­գի­­­տակ­­ցա­­­բար դառ­­նա­­­լով հա­­սարա­­կու­­թեան վտանգ եւ բա­­զում վթար­­նե­­­րու հե­­ղինակ։ Ան­­յայտ է, թէ ինչպէս է բու­­ժո­­­ւելու այդ արա­­տը։

Սեն Ռաֆայէլ

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ