Վարդապետութեան ուշացած կոչում

Ն.Ա.Տ. Սա­­հակ Բ. Պատ­­րիարք Հայ­­րը 26 Փետ­­րո­­­ւար 2024, Եր­­կուշաբ­­թի, Օշա­­կանի Ս. Մես­­րոպ Մաշ­­տոց Եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ նա­­խագա­­հեց վար­­դա­­­պետա­­կան աս­­տի­­­ճան­­նե­­­րու եւ գա­­ւազա­­նի իշ­­խա­­­նու­­թեան տո­­ւու­­չութեան արա­­րողու­­թեան։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­­րեգին Բ. Ամե­­նայն Հա­­յոց Կա­­թողի­­կոսի օրհնու­­թեամբ, Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թեան տնօ­­րինո­­ւմով, Աթո­­ռոյս միաբան­­նե­­­րէն Հոգշ. Տ. Յո­­վակիմ Աբղյ. Սե­­րով­­բեան պատ­­րաստած էր իր վար­­դա­­­պետա­­կան թէ­­զը, որ 22 Փետ­­րուար 2024, Հինգշաբ­­թի, յետ մի­­ջօրէին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջ­­միած­­նի Վա­­չէ եւ Թա­­մար Մա­­նու­­կեան մա­­տենա­­դարա­­նի դահ­­լի­­­ճին մէջ տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ բա­­նաւոր պաշտպա­­նու­­թիւնը։

Մաս­­նա­­­ւոր վար­­դա­­­պետա­­կան աս­­տի­­­ճան ստա­­նալու հա­­մար թէզ պաշտպա­­նեց Հայր Սուրբը՝ «Թարգմա­­նական կրօ­­նական եր­­կե­­­րը ԺԸ. դա­­րու պոլ­­սա­­­հայ գրատ­­պութեան մէջ» թե­­մայով։

Յանձնա­­ժողո­­վին կը նա­­խագա­­հէր Տա­­ւու­­շի թե­­մի առաջ­­նորդ Գերշ. Տ. Բագ­­րատ Ար­­քեպս. Գալստա­­նեանը։ Յանձնա­­ժողո­­վին ան­­դամներն էին Շի­­րակի թե­­մի առաջ­­նորդ Գերշ. Տ. Մի­­քայէլ Ար­­քեպս. Աջա­­պահեան, Արա­­գածոտ­­նի թե­­մի առաջ­­նորդ Գերշ. Տ. Մկրտիչ Եպս. Պռո­­շեան, Մա­­սեացոտն թե­­մի առաջ­­նորդ Գերշ. Տ. Գէորգ Եպս. Սա­­րոյեան եւ Երե­­ւանի Պե­­տական Հա­­մալ­­սա­­­րանի Աս­­տո­­­ւածա­­բանու­­թեան ֆա­­քիւլթէ­­յի տե­­սուչ ու Երե­­ւանի Ս. Գրի­­գոր Լու­­սա­­­ւորիչ մայր եկե­­ղեց­­ւոյ հո­­գեւոր տե­­սուչ Գերշ. Տ. Անու­­շա­­­ւան Եպս. Ժամ­­կո­­­չեանը։

Յա­­ւարտ բա­­նաւոր պաշտպա­­նու­­թեան՝ քննիչ յանձնա­­խումբը դրա­­կան եզ­­րա­­­կացու­­թիւն տո­­ւաւ վար­­դա­­­պետա­­կան թե­­զի պաշտպա­­նու­­թեան եւ ար­­ժա­­­նի հա­­մարեց Հոգշ. Տ. Յո­­վակիմ Աբե­­ղայ Սե­­րով­­բեանին շնոր­­հե­­­լու մաս­­նա­­­ւոր վար­­դա­­­պետու­­թեան աս­­տի­­­ճան։

Հայ Եկե­­ղեց­­ւոյ մաս­­նա­­­ւոր վար­­դա­­­պետու­­թեան չորս աս­­տի­­­ճան­­նե­­­րու տո­­ւու­­չութեան արա­­րողու­­թիւնը տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ Օշա­­կանի Սուրբ Մես­­րոպ Մաշ­­տոց եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ, ձե­­ռամբ Շի­­րակի թե­­մի առաջ­­նորդ Գերշ. Տ. Մի­­քայէլ Ար­­քեպս. Աջա­­պահեանի։ Խար­­տա­­­ւիլակն էր Գէոր­­գեան Հո­­գեւոր Ճե­­մարա­­նի Տե­­սուչ Հոգշ. Տ. Շա­­հէ Ծ. Վրդ. Անա­­նեան։ Ներ­­կայ էր Գերշ. Տ. Դա­­նիէլ Եպս. Ֆըն­­տը­­­քեան։

Հան­­դի­­­սադիր Սրբա­­զան Հայ­­րը եկե­­ղեց­­ւոյ չորս կող­­մե­­­րը, Աւե­­տարա­­նական ըն­­թերցումնե­­րով ըն­­ծա­­­յեալ Յո­­վակիմ Հայր Սուրբին շնոր­­հեց մաս­­նա­­­ւոր վար­­դա­­­պետու­­թեան չորս աս­­տի­­­ճան­­ներն ու գա­­ւազա­­նի իշ­­խա­­­նու­­թիւնը։

Յա­­ւարտ արա­­րողու­­թեան, Սրբա­­զան Հայ­­րը սրտի խօսք ար­­տա­­­սանեց եւ ըսաւ, որ Հայ Եկե­­ղեց­­ւոյ գե­­ղեցիկ աւան­­դութեամբ եկած ենք մեր եկե­­ղեց­­ւոյ մեծ վար­­դա­­­պետին՝ Ս. Մես­­րոպ Մաշ­­տո­­­ցի շի­­րիմին առ­­ջեւ, Պոլ­­սոյ Ամեն. Ս. Պատ­­րիարք Հօր առա­­ջար­­կով եւ Վե­­հափառ Հայ­­րա­­­պետի օրհնու­­թեամբ մաս­­նա­­­ւոր վար­­դա­­­պետու­­թեան գա­­ւազա­­նի իշ­­խա­­­նու­­թիւն տա­­լու Հոգշ. Տ. Յո­­վակիմ Աբե­­ղային։ Սրբա­­զան Հայ­­րը գո­­վեց ըն­­ծա­­­յեալին տա­­րինե­­րու ծա­­ռայու­­թիւնն ու նո­­ւիրո­­ւածու­­թիւնը եւ իր ու­­րա­­­խու­­թիւնը յայտնեց, որ ինք եւս դեր ու­­նե­­­ցած է այս տո­­ւու­­չութեան մէջ։ Արեւ­­շա­­­տու­­թիւն եւ եր­­կար տա­­րինե­­րու նո­­ւիրեալ ծա­­ռայու­­թիւն մաղ­­թեց Յո­­վակիմ Վար­­դա­­­պետին։

Մենք նոյնպէս կը ձայ­­նակցինք Սրբա­­զան Հօր բա­­րեմաղ­­թանքնե­­րուն, ակա­­նատե­­սի վկա­­յու­­թեամբ յայտնե­­լով թէ Հայր Յո­­վակիմ Վար­­դա­­­պետի կեր­­պա­­­րին մէջ սա ար­­դէն բա­­ւակա­­նին ու­­շա­­­ցած տո­­ւու­­չութիւն մըն է, նկա­­տի ու­­նե­­­նալով անոր տա­­կաւին պա­­տանե­­կան տա­­րինե­­րէն հա­­յոց Պատ­­րիար­­քա­­­րանէն ներս բե­­րած նո­ւիրեալ ծա­­ռայու­­թիւնը։ Ան տա­­կաւին պա­­տանի տա­­րիքէն հե­­տեւե­­լով Մես­­րոպ Բ. Պատ­­րիար­­քի դա­­սաւան­­դութիւննե­­րուն, իր հա­­մալ­­սա­­­րանա­­կան ուսման կող­­քին կու­­տա­­­կած էր նաեւ հո­­գեւոր գի­­տելիք­­նե­­­րու ըն­­դարձակ պա­­շար մը։

Յո­­վակիմ Վար­­դա­­­պետ հա­­սակ առած էր այնպի­­սի ըն­­տա­­­նեկան մի­­ջավայ­­րի մէջ, որուն բնա­­կան հե­­տեւան­­քով ան օժ­­տո­­­ւած էր նաեւ մտա­­ւորա­­կանի եւ ակա­­դեմա­­կանի յա­­տուկ դաս­­տիարա­­կու­­թեամբ։ Սա­­կայն այդ նոյն հայ­­րա­­­կան օճա­­խը խա­­թարեց նաեւ անոր հո­­գեւոր ծա­­ռայու­­թեան մէջ աս­­տի­­­ճան­­նե­­­րը իր ար­­ժա­­­նիք­­նե­­­րու զու­­գա­­­հեռ բարձրա­­նալու առի­­թը։ Երե­­ւոյթ մը, որ մին­­չեւ վերջ խղճի տա­­ռապանք պատ­­ճա­­­ռեց իր սի­­րեցեալ հօր, մեր աւագ եղ­­բոյր Սար­­գիս Սե­­րով­­բեանի։

Ար­­դա­­­րեւ վար­­դա­­­պետա­­կան գա­­ւազա­­նի տո­­ւու­­չութիւ­­նը պայ­­ծառ յաղ­­թա­­­նակ մըն է թէ՛ սի­­րելի Հայր Սուրբի ծա­­ռայու­­թեան, եւ թէ Սար­­գիս Սե­­րով­­բեանի վի­­րաւոր խղճին հա­­մար։

Հայր Սուրբը ար­­տա­­­սանեց իր սրտի խօս­­քը եւ շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն յայտնեց Վե­­հափառ Հայ­­րա­­­պետին, Պատ­­րիարք Հօր եւ բո­­լոր անոնց, որոնք դեր ու­­նե­­­ցած են իր կազ­­մա­­­ւոր­­ման եւ մին­­չեւ այս օր հաս­­նե­­­լուն։ Ան յի­­շեց Երա­­նաշ­­նորհ Եղի­­շէ Դու­­րեան Պատ­­րիար­­քի խօս­­քը, որ Ս. Մես­­րո­­­պի շի­­րիմին հա­­մար կ’ըսէ թէ եր­­բեք այնքան վար նա­­յած չէ, այնքան վե­­րը տես­­նե­­­լու հա­­մար, եւ այդ մե­­ծու­­թեան, մեծ վար­­դա­­­պետի բա­­րոյա­­կան ներ­­կա­­­յու­­թեան վար­­դա­­­պետա­­կան գա­­ւազան ստա­­նալու պա­­տիւին հա­­մար եւս շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն յայտնեց ու ըսաւ թէ պի­­տի ջա­­նայ իր տի­­րապար­­գեւ շնորհքնե­­րուն նե­­րած չա­­փով ծա­­ռայել մեր Ս. Եկե­­ղեց­­ւոյ եւ հա­­մայնքին։

Վեր­­ջա­­­ւորու­­թեան՝ Ամե­­նայն Հա­­յոց Կա­­թողի­­կոսը վար­­դա­­­պետա­­կան ակա­­նակուռ լան­­ջա­­­խաչով զար­­դա­­­րեց Յո­­վակիմ վար­­դա­­­պետի կուրծքը, եւ «Պահ­­պա­­­նիչ» աղօթ­­քով օրհնեց զայն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ