«Հայ կին» ներկայացման մասին

ԱՅԼԻՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Անցեալ ամիս առիթ ու­նե­ցանք ներ­կայ գտնո­ւելու Ազ­գա­յին Կեդ­րո­նական վար­ժա­րանի աշա­կերտնե­րուն պատ­րաստած «Հայ կին» խո­րագ­րով ներ­կա­յաց­ման։ Այս ելոյ­թը առա­ջին ան­գամ բեմ բարձրա­ցած էր Յու­նիս 2023-ին։ Թէեւ յօ­դուա­ծը քիչ մը ու­շա­ցած կը գրենք, բայց ի մի­տի ու­նե­նալով, որ Մարտ 8-ն՝ Կա­նանց մի­ջազ­գա­յին օրը, կը մօ­տենայ, յար­մար նկա­տեցինք այսպէս նշել Թուրքիա ապ­րած եւ հայ­կա­կան ըն­կե­րու­թեան մէջ ներդրում ու­նե­ցած կի­ներուն յի­շատա­կը։

«Հայ կին»-ը դպրո­ցական ձեռ­նարկէ մը ան­դին՝ վե­րակեն­դա­նացում մըն է, որ լու­սարձա­կի տակ կ՚առ­նէ այս հո­ղին հա­ւաքա­կան յի­շողու­թեան մէջ մտա­ծած, գրած, դաս­տիարա­կած եւ ար­տադրած հա­րիւր հայ կի­ներու ազ­դե­ցու­թեան ծի­րը։ Դիտ­մամբ օգ­տա­գոր­ծե­ցի վե­րակեն­դա­նացում եզ­րը, քա­նի որ նշո­ւած հայ կի­ներէն շա­տեր եր­կար ժա­մանակ մե­զի հա­մար սոսկ նկար­ներ ու անուններ եղած են։ «Հայ կի­նը մշա­կու­թա­յին եւ հա­սարա­կական կեան­քին մէջ» հա­տորը վե­րոն­շեալ դպրո­ցի տնօ­րէնու­հի՝ Սիլ­վա Գու­յումճեանի բծախնդիր աշ­խա­տասի­րու­թեան ար­դիւնքն է, որ բե­մակա­նացո­ւած էր շնոր­հիւ սոյն վար­ժա­րանի աշա­կեր­տութեան, ու­սուցչաց կազ­մին եւ շրջա­նաւարտնե­րու աշ­խա­տան­քին։ Գոր­ծը բեմ կը բարձրաց­նէ տար­բեր աս­պա­րէզ­նե­րու պատ­կա­նող հայ կի­ներու կեանքն ու գոր­ծունէու­թիւնը, որոնք այ­լա­պէս պի­տի կոր­սո­ւէին պատ­մութեան փո­շիի տակ։ Մեր աչ­քե­րուն առ­ջեւ ծա­ւալե­ցաւ մշա­կու­թա­յին կեան­քին մէջ անոնց վաս­տա­կը։ Ս. Գու­յումճեանը այս գոր­ծին նպա­տակը կը բա­ցատ­րէ՝ ըսե­լով. «Ան­ցեալի օրի­նակ­նե­րով խրա­խու­սել ներ­կայ ու­սա­նողը, Հայ կի­նը, առիթ մը ստեղ­ծել հար­ցաքննե­լու իր կար­գա­վիճա­կը հա­սարա­կական կեան­քէն ներս»։ Ինչպէս ձեզ­մէ շա­տեր կը յի­շեն, Թուրքիոյ ֆե­մինիստ պա­տու­մին մէջ հայ կնոջ բա­ցակա­յու­թեան հար­ցը բարձրա­ցած էր Կեդ­րո­նակա­նի շրջա­նաւարտներ՝ Մե­լիս­սա Պի­լալին եւ Լեռ­նա Էք­մէքճիօղ­լո­ւին աշ­խա­տասի­րած «Ար­դա­րու­թեան աղա­ղակ մը» հա­տորին հինգ հայ ֆե­մինիստ գրող­նե­րու կեան­քին եւ պայ­քա­րին վկա­յու­թիւննե­րուն որ­պէս ար­դիւնք։ Այս գիր­քին հրա­տարա­կու­թե­նէն 17 տա­րի ետք, «Հայ կին» ներ­կա­յացու­մը մե­զի կը յի­շեց­նէ կի­ներու գո­յու­թիւնն ու աշ­խա­տան­քը՝ իբ­րեւ ման­կա­վարժներ, յօ­դուա­ծագիր­ներ, արո­ւես­տա­գէտ­ներ, հո­գեւոր առաջ­նորդներ, գի­տնական­ներ եւ ակա­դեմի­կոս­ներ եւ զա­նոնք գրու­թե­նէն դուրս հա­նելով բեմ կը տա­նի։ Միջ­սերնդա­յին հա­ղոր­դակցու­թեան կա­րեւո­րու­թիւնը եւս պէտք է ու­շադրու­թեան առար­կայ դարձնել հոս։ Մե­լիս­սա Պի­լալն ու Լեռ­նա Էք­մէքճիօղ­լուն ներ­կա­յացու­մին ըն­թացքին տե­սերի­զով ցու­ցադրո­ւած իրենց խօս­քե­րուն մէջ ընդգծե­ցին դպրո­ցական տա­րինե­րուն Կեդ­րո­նական վար­ժա­րանին եւ յան­ձին՝ Սիլ­վա Գու­յումճեանին առանցքա­յին դե­րը այս կի­ները ներ­կա­յաց­նե­լուն մէջ, որ ապա­գային իր ազ­դե­ցու­թիւնը ու­նե­ցած է իրենց ակա­դեմա­կան աշ­խա­տան­քի ուղղու­թեան վրայ։ Էք­մէքճիօղ­լու ելոյ­թին ըն­կե­րակ­ցող «Հայ կին» հա­տորին մէջ լոյս տե­սած իր «Զա­րու­հի Պահ­րիի հետ­քե­րով» յօ­դուա­ծին մէջ դրած «Եր­բեմն կը մտա­ծեմ պզտի­կուց, այ­սինքն 80-ական, 90-ական թո­ւական­նե­րուն, Պոլ­սոյ հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու մէջ հա­սակ նե­տած ատեն եթէ գիտ­ցած ըլ­լա­յի այս կի­ները, մի­թէ կեանքս փո­խուած կ՚ըլ­լա՞ր» հար­ցումը վստահ եմ շատ մը կի­ներ կ՚ուղղեն այ­սօր։ Որ­պէս դպրո­ցի տնօ­րէն, Սիլ­վա Գու­յումճեանի նա­խաձեռ­նութիւ­նը այս ելոյթն ու հա­տորը պատ­րաստե­լու ձե­ւով մը այս հար­ցումին պա­տաս­խան է։ Այս առի­թով կ՚ու­զենք նաեւ նշել Հայ­կա­նոյշ Մառ­քին խմբագ­րութեամբ 1919-1933 թո­ւական­նե­րուն լոյս տե­սած «Հայ կին» հան­դէ­սը, որուն անու­նէն ներշնչո­ւած էր հա­տորին եւ ելոյ­թին խո­րագի­րը, եւ «Հայ-կին հար­թակ»-ը, որ 2001-2008 թո­ւական­նե­րուն կը գոր­ծէր Պոլ­սոյ մէջ։ Հա­տորին մէջ, Մ. Պի­լալ եւ Գա­յուշ Չա­լըք­ման Կավ­րի­լօֆ կը խօ­սին հար­թա­կին հիմ­նադրու­թեան հանգրո­ւան­նե­րուն մա­սին եւ թէ ինչպէ՛ս անոնք հե­տաքրքրու­թեամբ եւ նա­խան­ձախնդրու­թեամբ ու­սումնա­սիրած եւ ի գործ դրած են այն տե­սու­թիւննե­րը, որոնք կը հա­մապա­տաս­խա­նեն Թուրքիոյ կի­ներու ֆե­մինիզ­մին։

Որ­պէս կի­ներու հա­ւաքա­կանու­թիւն մը, կը փոր­ձենք հա­ւասա­րապէս ընդգծել մարմնա­ւոր­ման ընդմէ­ջէն սոր­վե­լու եւ գի­տու­թիւնը կի­րառե­լու կա­րեւո­րու­թիւնը, այնքան որ­քան կը կա­րեւո­րենք մտա­ւորա­կան ար­տադրու­թեան ար­ժէ­քը։ Մարմնա­ւորո­ւած գի­տակ­ցութեան ու­սուցման կեր­պը ման­կա­վար­ժա­կան մօ­տեցում մըն է, որ կը կեդ­րո­նանայ ոչ-մտա­յին գոր­ծօննե­րու վրայ եւ կ՚ընդգծէ մարմնի եւ զգա­ցումնե­րու կա­րեւո­րու­թիւնը։ Այս մօ­տեց­ման մէջ, որ կը նե­րառէ զգա­յարան­ներն ու շար­ժո­ղական հմտու­թիւննե­րը, հրա­ւէր մը կայ գի­տու­թիւնը ար­տադրե­լու եւ իւ­րացնե­լու մարմնի օգ­տա­գործման մի­ջոցով՝ մտա­ւորա­կանին կող­քին։ Կեդ­րո­նակա­նի աշա­կերտնե­րը իւ­րա­քան­չիւր կին կեր­պա­րը կ՚ապ­րին ո՛չ միայն գրու­թեան ընդմէ­ջէն այլ նաեւ՝ այդ կեր­պա­րին նման հագ­նե­լով, խօ­սելով, վա­րուե­լով եւ հա­ղոր­դակցե­լով։ Այս ծի­րին մէջ, «Հայ կին» ելոյ­թը նաեւ կը ներշնչէ մե­զի իր ման­կա­վար­ժա­կան օրի­նակով։ Պա­րու­սոյց Պա­նու Աչըք­տե­նիզի եւ բե­մավար­ներ՝ Սեր­տա Արսլան եւ Պօ­ղոս Չալ­կը­ճըօղ­լո­ւի ջան­քե­րը ան­զուգա­կան են այս առու­մով։ Տիանա Պուլտու­քի եւ Սա­րին Աք­պա­շի կող­մէ պատ­րաստո­ւած սա­հիկ­նե­րով ներ­կա­յացումնե­րը, բե­մին ետին պաս­տա­ռին վրայ ցու­ցադրո­ւած, կ՚օգ­նեն հան­դի­սատե­սը վեց բա­ժին­նե­րէ բաղ­կա­ցած ելոյ­թին մա­սերը իրա­րու կա­պելու եւ պատ­մա­կան տե­սան­կիւնէն հասկնա­լու։

Մե­զի հա­մար, ելոյ­թին ամէ­նէն տպա­ւորիչ բա­ժին­նե­րէն մէկն էր այն խան­դա­վառու­թիւնն ու եռան­դը, որոնցմով երի­տասարդ աշա­կեր­տուհի­ներ պատ­մե­ցին հայ կի­ներու ան­ցեալը։ Ան­մո­ռանա­լի փոր­ձա­ռու­թիւն մըն էր տես­նել այս կի­ներուն կեան­քի կո­չուի­լը մեր աչ­քե­րուն առաջ երի­տասարդ աշա­կեր­տուհի­ներուն գե­ղեցիկ ներ­կա­յացու­մով. կի­ներ, որոնցմէ շա­տերը մա­հացած են ար­դէն։ Ան­մո­ռանա­լի պա­հեր էին նաեւ այս մոռ­ցո­ւած կեան­քե­րուն, որոնք ինքնին մէ­կական դպրոց­ներ են, իրենց լուռ ան­կիւննե­րէն դուրս գա­լու ակա­նատես ըլ­լա­լը եւ տար­բեր տա­րիքի հան­դի­սատես­նե­րուն հետ հան­դի­պիլը։ Մեր սրտա­գին շնոր­հա­կալու­թիւննե­րը կը յայտնենք բո­լոր անոնց, որոնք այս լռե­ցուած եւ ճզմո­ւած պատ­մա­կան պա­տումնե­րը կեան­քի կո­չեցին։

Թարգմա­նեց՝ Արազ Գոճայեան

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ