Գոյատեւման կամքի սպառումը

ՔՈՒՐԹՈՒԼՈՒՇ ՊԱՇԹԸՄԱՐ

bastimar.kurtulus@gmail.com

Կ՚ու­զեմ տո­ղերուս սկսիլ վեր­ջին քա­նի մը շա­բաթ­նե­րու բա­ցակա­յու­թեանս հա­մար ըն­թերցող­նե­րէն նե­րողու­թիւն խնդրե­լով։ Բա­ցակա­յեցայ, որով­հե­տեւ ծան­րա­բեռ­նո­ւած էի իմ առա­ջին լիամեթ­րաժ ֆիլ­մի՝ «Ձիւնծա­ղիկի» (Չիղ­տեմ) նկա­րահա­նումնե­րով։ Կար­սի սահ­մա­նամերձ գիւ­ղե­րու մէջ շա­րու­նա­կուող աշ­խա­տան­քը գո­նէ նկա­րահա­նումնե­րու առու­մով իր աւար­տին հա­սած է։ Այժմ պի­տի աշ­խա­տիմ ֆիլ­մի մոն­թա­ժին հա­մար։

Ըն­թերցող­ներս գի­տեն թէ առանց ըն­թերցու­մի եւ ապա ըն­թերցած­նե­րուս տպա­ւորու­թիւննե­րը առանց մեկ­նա­բանե­լու անցնող շա­բաթ­նե­րը կա­տարեալ տա­ռապանք են ին­ծի հա­մար։ Ար­դա­րեւ տա­կաւին վե­րադար­ձի ճամ­բուն սկսայ այդ տա­ռապան­քը վեր­ջացնե­լու եւ ձեռ­քիս ու­նիմ դար­ձեալ ցնցիչ գիրք մը։

Այ­սօր եթէ վա­ղուց ծա­նօթ չէք, կը փոր­ձեմ ձե­զի ծա­նօթաց­նել հե­ղինակ մը, որու կեն­սագրա­կան բնոյ­թի գրա­ռումնե­րը հե­րոսա­պատում մըն են նաեւ։ Պա­հեր կան, ուր կեանքն շա­րու­նա­կելն իսկ ինքնին հե­րոսու­թիւն մըն է։

Գիրք ծա­նօթաց­նող գրու­թիւննե­րը ընդհան­րա­պէս նիւթ կ՚ու­նե­նան նոր լոյս տե­սած հրա­տարա­կու­թիւննե­րը։ Իմ պա­րագան քիչ մը տար­բեր է եւ ես ըն­թերցող­նե­րուն հետ կը կի­սուիմ իմ նոր յայտնա­բերած գոր­ծե­րը եւ անոնց թո­ղած տպա­ւորու­թիւննե­րը։

Փրի­մօ Լե­ւի Բ. Հա­մաշ­խարհա­յին պա­տերազ­մի տա­րինե­րուն ձեր­բա­կալուած է Իտա­լիոյ մէջ եւ ուղղար­կո­ւած Օշո­ւեցի ճամ­բա­րը։ Ան մե­ղադ­րո­ւած էր Իտա­լիոյ մէջ ֆի­շիզ­մի դի­մադ­րող խմբա­կի մը մաս կազ­մե­լուն պատ­ճա­ռաւ։ Ահա «Ասոնք ալ մա՞րդ են» վէ­պի մէջ այդ ճամ­բա­րի դա­ժան ապ­րումներն են, որ ակա­նատե­սի վկա­յու­թեամբ կը հաս­նին ըն­թերցո­ղին։ «Մարդկա­յին» եզ­րով բնու­թագրուած բո­լոր ըն­կա­լումնե­րու ան­հե­տաց­ման պահն է, որ կը նկա­րագ­րէ Փրի­մօ Լե­ւի։ Ըն­թերցո­ղը այդ հո­գեբա­նու­թիւնը կը զգայ մին­չեւ իր ծու­ծը։ Սա այնպի­սի հո­գեբա­նու­թիւն է, ուր մար­դոց միակ նպա­տակն է ի դէմ բո­լոր տան­ջանքնե­րու գո­յու­թիւնը շա­րու­նա­կել։

Դաս մը ապու­րը լա­բելն իսկ բա­խտի յա­ջողու­թիւն կը հա­մարո­ւի այդ պայ­մաննե­րուն տակ։ Անա­սուն փո­խադ­րե­լու հա­մար կա­ռու­ցո­ւած վա­կոն­նե­րէն իջ­նող գե­րինե­րը, այդ պա­հուն ար­դէն գի­տեն թէ վեր­ջին ան­գամ է, որ կը տես­նեն իրենց հա­րազատ­նե­րը։ Այդտեղ կա­տարուած դա­սաւո­րու­մը գոր­ծունակ­նե­րը կ՚ուղղէ դէ­պի աշ­խա­տան­քա­յին ճամ­բար, իսկ ոչ գոր­ծունեայ նկա­տուած­ներն ալ դէ­պի ող­ջա­կիզ­ման խցիկ­ներ։ Այդ դա­սաւոր­ման նա­խօրէին նոյն ան­կո­ղինը կի­սող գե­րիներ գի­տեն թէ իրենցմէ մէ­կը պի­տի մնայ, իսկ միւ­սը ոչ։ Սա շատ ծանր խղճա­հարու­թեան մը պատ­կերն է։ Ո՞րն է բախ­տա­ւորը կամ ո՞ւր է ազա­տու­թիւնը։ Փրի­մօ Լե­ւի այս հար­ցումը ամե­նացնցիչ կեր­պով կը քան­դա­կէ ըն­թերցո­ղի ու­ղե­ղին։ Իս­կա­պէս ալ ո՞րն է ազա­տու­թիւնը։ Մա­հանալ ու ան­հետ կոր­չիլ, թէ՛ շա­րու­նա­կել այս դաժան տա­ռապան­քը։ Հար­ցումը այնքան խոր ազ­դած է տա­ռապեալ­նե­րու վրայ, որ անոնք նոյ­նիսկ նա­ցինե­րու աճա­պարան­քով եւ խու­ճա­պի մէջ ճամ­բա­րը լքե­լու պատ­կե­րը կը դի­տեն խոր ան­հո­գու­թեամբ։

Ահա մօ­տեցած է Կար­միր Բա­նակը, որ իր կար­գին փրկու­թիւն կը խորհրդան­շէ։ Այս պա­հուն այ­լեւս վի­ճելի դար­ձած է նոյ­նիսկ Աս­տուծոյ գո­յու­թիւնը։ Եթէ պի­տի հա­ւատանք այդ գո­յու­թեան, որ կը կո­չենք ամե­նակալ ու ամե­նազօր, հա­պա ինչպէ՞ս պի­տի բնու­թագրենք բո­լոր այս պա­տահած­նե­րը։

Կեան­քի վե­րադար­ձած է Լե­ւի, բայց իր հո­գեբա­նու­թիւնը ամ­բողջո­վին խան­գա­րուած։ Ամիս­նե­րու, նոյ­նիսկ տա­րինե­րու հո­լովոյ­թով մէկ տող իսկ չէ գրած։ Մէկ բառ իսկ չէ ար­տա­սանած։ Բայց իր վրայ կը զգայ այդ տա­ռապան­քը, այդ չար­չա­րան­քը ու­րիշնե­րու ալ իմաց տա­լու պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւնը։

Այս ապ­րո­ւած­նե­րը այնքան ծանր են, որ հե­ղինա­կը կը դժո­ւարա­նայ զա­նոնք կրե­լու եւ կը դի­մէ անձնաս­պա­նու­թեան։

Ես կը խոս­տա­նամ Փրի­մօ Լե­ւիի այլ գոր­ծե­րը եւս կար­դալ եւ տպա­ւորու­թիւններս կի­սել ձեզ հետ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ