Մեսրոպ Մաշտոցի ինստիտուտը՝ Մատենադարանը 65 տարեկան

Օրերս Մատե­նադա­րանի հին ձե­ռագ­րե­րու գի­տահե­տազօ­տական ինստի­տու­տի 65-ամեայ յո­բելեանին նո­ւիրո­ւած մի­ջոցա­ռումնե­րու շար­քը մեկ­նարկեց բա­ցառիկ ցու­ցադրու­թիւնով մը՝ «Նո­ւիրա­կան անուններ. մա­տեան­նե­րու տունդար­ձը» խո­րագի­րով։ Այս առ­թիւ ներ­կա­յացո­ւեցան հա­զուա­գիւտ ար­խի­ւային նիւ­թեր, տար­բեր ժա­մանակ­նե­րուն Մա­տենա­դարա­նի նո­ւիրա­բերո­ւած գիր­քեր եւ ձե­ռագի­րեր։ Մի­ջոցառ­ման ներ­կայ էին ԿԳՄՍ նա­խարար տի­կին Ժան­նա Անդրեասեանը, Մա­տենա­դարա­նի տնօ­րէն տիար Արա Խզմա­լեանը, մշա­կու­թա­յին տար­բեր հաս­տա­տու­թիւննե­րու ներ­կա­յացու­ցիչներ, բա­րերար­ներ, նո­ւիրա­տու­ներ եւ այլն։ Մա­տենա­դարա­նի տնօ­րէնի խօս­քով՝ բա­րերա­ները յե­տայ­սու կազ­մե­լու են Մա­տենա­դարա­նի տե­ղեկա­տուա­կան քա­ղաքա­կանու­թեան առանցքը եւ յա­ռաջի­կային շատ անդրա­դարձներ կան նո­ւիրա­կան անուննե­րուն։ Այս տա­րի նա­խատե­սուած է յա­տուկ ցու­ցադրու­թիւն, որ­տեղ կը ներ­կա­յացո­ւին վեր­ջին մէկ տա­րուայ ար­ժէ­քաւոր ձե­ռագ­րա­կան հա­մալ­րումնե­րը։

Ցու­ցա­հան­դէ­սի նո­ւիրա­տու­նե­րէն Միհ­րան Մի­նասեանը «Ակօս»ի թղթակ­ցին տե­ղեկա­ցուց, որ իր կող­մէ նո­ւիրա­բերուած է արա­բերէն, արա­բատառ հա­յերէն ձե­ռագ­րեր, նաեւ փաս­տաթղթե­րու ճոխ հա­ւաքա­ծոյ՝ իտա­լերէն, ֆրան­սե­րէն եւ այլ լե­զու­նե­րով։ Ան յա­ւել­մամբ նշեց թէ արա­բերէն փաս­տա­թուղթե­րը կը ներ­կա­յաց­նեն 17-19-րդ դդ. նո­տարա­կան ար­ձա­նագ­րութիւններ, որոնք առա­ւելա­պէս առնչո­ւած են հա­լէպա­հայու­թեան հետ:

Օրը նշա­նաւո­րուե­ցաւ նաեւ մէկ այլ իրա­դար­ձութեամբ՝ եր­կար դե­գերու­մէ ետք տուն վե­րադար­ձաւ Վաս­պուրա­կանի ման­րանկար­չա­կան դպրո­ցին պատ­կա­նող 15-րդ դա­րու եւս մէկ ձե­ռագիր, որ ըն­դօ­րինա­կուած է Բա­ղէշի Մզուք գիւ­ղը Յով­հաննէս Երէ­ցի կող­մէ։ Ձե­ռագի­րը գնուած է մաս­նա­ւոր աճուրդէ մը, բա­րերար Վի­գէն Պա­տալեանի կող­մէ։ Ի դէպ այս գրչին պատ­կա­նող ձե­ռագիր մը եւս կայ Մա­տենա­դարա­նի մէջ։ Տիար Արա Խզմա­լեանի բնո­րոշ­մամբ՝ Մա­տենա­դարա­նի ձե­ռագիր հա­ւաքա­ծոն ար­տա­ցոլումն է մեր հա­ւաքա­կան պատ­մութեան, որու հետ­քերն առ­կայ են ֆի­զիկա­կան որո­շակիու­թեամբ։ Մա­տենա­դարան մուտք գոր­ծած ամէն մի ձե­ռագիր հեր­թա­կան վա­ւերա­ցումն է մեր նախ­նի­ներու սխրան­քի, երաշ­խի­քը հա­ւաքա­կան յի­շողու­թեան։ Ձե­ռագ­րե­րու նո­ւիրա­բերու­մը տա­րինե­րու հետ վե­րածո­ւած է հա­յու­թեան գո­յահաս­տատման իւ­րա­յատուկ ակ­տի, դար­ձած է հայ­րե­նիքի եւ սփիւռքի միաս­նա­կանու­թեան հենք ու գրա­ւական։

Նո­ւիրա­տու­նե­րու հա­մար սահ­մա­նուած «Մա­տենա­դարա­նի բա­րերար» ոս­կէ մե­տալն առա­ջին ան­գամ տրո­ւեցաւ Պա­տալեան­նե­րու կրտսեր ներ­կա­յացուցչին՝ Ռո­ման Պա­տալեանին՝ ի նշան երախ­տա­գիտու­թեան։

«Ակօս»-ի թղթակ­ցի հետ զրոյ­ցի ըն­թացքին ԿԳՄՍ նա­խարար տի­կին Ժան­նա Անդրեասեանը, կա­րեւո­րելով օրո­ւայ խոր­հուրդը, նշեց. «Մեզ հա­մար առա­ջին հեր­թին զգաց­մունքա­յին օր է, որով­հե­տեւ ամէն ան­գամ, երբ մա­տեան կը վե­րադառ­նայ Մա­տենա­դարան, յատ­կա­պէս նոյն գրչի եր­կու մա­տեան տեղ կը գտնեն իրար կողք, կը մտա­ծես՝ ինչ որ բան ու­րեմն ճիշդ տեղն է, եւ այդ իմաս­տով սա ցոյց կու տայ շա­րու­նա­կակա­նու­թիւնը, որով­հե­տեւ եթէ այս օր հա­մալ­րում կ՚ու­նե­նանք, այս կը նշա­նակէ, որ աշ­խա­տանքնե­րը կը շա­րու­նա­կուին, այս կը նշա­նակէ որ պե­տու­թեան ու մաս­նա­ւորի հա­մատեղ ջան­քը կը շա­րու­նա­կուի։ Այս ամէ­նը ցոյց կու տայ, որ Մա­տենա­դարա­նը մեծ նե­րուժ ու­նի հա­մախմբե­լու»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ