Ժամանակի վկան՝ Վերժինէ Սվազլեանը 90 տարեկան է

Հայ անուանի բանագէտ, բանահաւաք, ժողովրդագէտ Վերժինէ Սվազլեանի 90-ամեայ յոբելեանը նշուեցաւ Մարտի 1-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ինստիտուտի մէջ, ուր ան կ՚աշխատի 1961 թուականէն։ Այդ առթիւ Մարի Յովհաննիսեանը զրուցած է մեծանուն գիտնականի հետ Պոլսոյ ամենավառ յուշերու մասին։

ՄԱՐԻ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

Մ.Յ.- Տի­կին Վեր­ժի­նէ, երբ կ՚ըսեն Պո­լիս, առա­­ջինը ի՞նչն է ձեր մտքին եկո­­ղը։

Վ.Ս.- Կ. Պո­­լիսը մեր արեւմտա­­հայ մշա­­կոյ­­թի օր­­րա­­­նը եղած է։ Տո­­ւած է այնպի­­սի մտա­­ւորա­­կան­­ներ, որոնք մեզ հա­­մար դա­­սական դար­­ձած են։ Մենք շատ բան ու­­նինք սո­­վորե­­լու այդ փա­­ղան­­գէն։

Ես եր­­բե­­­ւէ Կ. Պո­­լիս չէի եղած, սա­­կայն 1996 թ. մեր ինստի­­տու­­տը հրա­­ւէր ստա­­ցաւ Կ. Պոլ­­սոյ Հա­­յոց Պատ­­րիար­­քա­­­րանի 535-ամեակին նո­ւիրո­­ւած մի­­ջազ­­գա­­­յին գի­­տաժո­­ղովին մաս­­նակցե­­լու։ Իս­­թանպու­­լի օդա­­նավա­­կայա­­նը մեզ դի­­մաւո­­րեց այդ գի­­տաժո­­ղովի գլխա­­ւոր կազ­­մա­­­կեր­­պիչ, պատ­­րիար­­քա­­­րանի կրօ­­նական ժո­­ղովի ատե­­նապետ Գե­­րաշ­­նորհ Տ. Մես­­րոպ Ար­­քե­­­պիս­­կո­­­պոս Մու­­թա­­­ֆեանը, ցա­­ւօք, այժմ՝ եր­­ջանկա­­յիշա­­տակ։ Գի­­տաժո­­ղովի եռօ­­րեայ նիս­­տե­­­րը կա­­յացան պատ­­րիար­­քա­­­րանի դահ­­լի­­­ճը։ Զե­­կուցմանս թե­­ման էր՝ «Վար­­դա­­­վառի հե­­թանո­­սական ակունքնե­­րը արեւմտա­­հայոց բա­­նահիւ­­սութեան մէջ»։ Ունկնդիր­­նե­­­րը շատ էին տպա­­ւորո­­ւած իմ արեւմտա­­հայե­­րէն ելոյ­­թով եւ Վար­­դա­­­վառի տօ­­նակա­­տարու­­թեան թուրքա­­լեզու մէջ­­բե­­­րուած խա­­ղիկ­­նե­­­րով։ Այնպէս որ, հո­­գեւոր կապն ստեղ­­ծո­­­ւեցաւ պոլ­­սե­­­ցի մեր հայ­­րե­­­նակից­­նե­­­րու հետ։ Վերջն անոնք մօ­­տեցան, շրջա­­պատե­­ցին ինձ եւ սկսե­­ցին հար­­ցեր տալ՝ շեշ­­տե­­­լով, որ իմ խօս­­քը հո­­գեհա­­րազատ էր իրենց։ Ի դէպ, անոնք նոյնպէս ինձ հա­­րազատ էին, քա­­նի որ մայրս պոլ­­սե­­­ցի էր, իսկ հայրս՝ կե­­սարա­­ցի։

Եռօ­­րեայ գի­­տաժո­­ղովէն ետք Մես­­րոպ Ար­­քե­­­պիս­­կո­­­պոս Մու­­թա­­­ֆեանը մեզ առաջ­­նորդեց՝ ներ­­կա­­­յաց­­նե­­­լով տե­­ղի հայ­­կա­­­կան խնա­­մուած եկե­­ղեցի­­ները, դպրոց­­ներն ու գե­­րեզ­­մա­­­նատու­­նե­­­րը։ Շո­­գենա­­ւով շրջա­­գայե­­ցինք Վոս­­փո­­­րի նե­­ղու­­ցի եր­­կայնքով, տե­­սանք իրա­­րայա­­ջորդ ճար­­տա­­­րապետ­­ներ Պա­­լեան ամի­­րանե­­րու կա­­ռու­­ցած շքեղ պա­­լատ­­նե­­­րը, այ­­ցե­­­լեցինք Իշ­­խա­­­նաց կղզի­­ներ։ Ապա Սրբա­­զանը մեզ ու­­ղեկցեց «Ակօս» շա­­բաթա­­թեր­­թի խմբագ­­րա­­­տուն, որ­­տեղ մեզ կը սպա­­սէր յայտնի խմբա­­գիր Հրանդ Տին­­քը։ Ան մեծ սի­­րով ըն­­դունեց գի­­տաժո­­ղովի հա­­յաս­­տանցի մաս­­նա­­­կից­­ներս՝ ներ­­կա­­­յաց­­նե­­­լով «Ակօս»ի աշ­­խա­­­տանքնե­­րը, մա­­նաւանդ որ, յե­­տայ­­սու «Ակօս»ը պէտք է լոյս տես­­նէր նաեւ հա­­յերէն։ Անոր ջերմ խօս­­քե­­­րէն կը զգա­­ցուէր, որ շատ հայ­­րե­­­նասէր ու հա­­յասէր մտա­­ւորա­­կան էր։ Հրանդ Տին­­քը մե­­ծու­­թիւն էր, որ իր ներ­­կա­­­յու­­թեամբ կը զար­­դա­­­րէր պոլ­­սա­­­հայ հա­­մայնքը։ Ան կը կա­­րողա­­նար պա­­հել հա­­ւասա­­րակշռու­­թիւնը այդ ոչ դիւ­­րին իրա­­կանու­­թեան մէջ։

Կ. Պոլ­­սոյ մեր այ­­ցը տե­­ւեց մէկ շա­­բաթ. ար­­դէն պէտք է վե­­րադառ­­նա­­­յինք Հա­­յաս­­տան։ Հրա­­ժեշ­­տի պա­­հուն Տ. Մես­­րոպ Ար­­քե­­­պիս­­կո­­­պոս Մու­­թա­­­ֆեանը յայտնեց, որ Հա­­յոց Պատ­­րիար­­քա­­­րանը որո­­շած է մօ­­տակայ օրե­­րուն Պո­­լիս հաս­­նող եւ Կի­­լիկիա ու­­ղե­­­ւորո­­ւող ամե­­րիկա­­հայ հայ­­րե­­­նակից­­նե­­­րու խմբի մէջ ինձ եւս ներգրա­­ւել։

Ան ըսաւ. – Սա պատ­­րիար­­քա­­­րանի՝ տի­­կին Վեր­­ժի­­­նէ Սվազ­­լեանի վաս­­տա­­­կի գնա­­հատա­­կանն է վեր­­ջերս հրա­­տարա­­կուա­­ծ անոր «Մու­­սա Լեռ» եւ «Կի­­լիկիա. Արեւմտա­­հայոց բա­­նաւոր աւան­­դոյթը» ստո­­ւարա­­ծաւալ աշ­­խա­­­տու­­թիւննե­­րու հա­­մար։ Պատ­­րիար­­քա­­­րանի մէջ մենք ու­­նինք ձեր գիր­­քե­­­րը։ Դուք գրած էք այդ մա­­սին. ար­­դեո՞ք, տե­­սած էք այդ վայ­­րե­­­րը։

Ես պա­­տաս­­խա­­­նեցի. – Ո՛չ, բայց մշտա­­պէս Կի­­լիկիան իմ երա­­զանքն է եղած։

Մին­­չեւ Կի­­լիկիա ու­­ղե­­­ւորո­­ւիլը, Սրբա­­զանը ինձ տե­­ղաւո­­րեց Գնա­­լը կղզի՝ հայ­­կա­­­կան եկե­­ղեց­­ւոյ մօտ գտնո­­ւող տի­­կին Տիգ­­րա­­­նու­­հի Ալ­­թուն-Մօ­­րի ամա­­ռանո­­ցը։ Այնպէս որ, ես հնա­­րաւո­­րու­­թիւն ու­­նէի եկե­­ղեցի յա­­ճախող­­նե­­­րու հետ զրու­­ցել եւ անոնց հա­­ղոր­­դած ժո­­ղովրդա­­կան նիւ­­թե­­­րը գրի առ­­նե­­­լու։

Եւ ահա եկաւ իմ երա­­զան­­քի իրա­­կանաց­­ման պա­­հը՝ ու­­ղե­­­ւորու­­թիւն դէ­­պի Կի­­լիկիա։ Ողջ ճա­­նապար­­հին կ՚անցնէինք այն բնա­­կավայ­­րե­­­րով՝ Ատա­­փազա­­րէն, Նի­­կոմե­­դիայէն, Պար­­տի­­­զակէն, որոնք կը յի­­շեց­­նէին իմ բա­­նասաց­­նե­­­րու ծննդա­­վայ­­րե­­­րը, որոնք այժմ ամա­­յացած էին։ Երբ մօ­­տեցանք եր­­բեմնի Այաշ անա­­պատին, Մես­­րոպ Սրբա­­զանը մե­­քենա­­յի մէջ յոտնկայս, իր առինքնող ձայ­­նով սկսեց տխուր եր­­գել «Տէր Ողոր­­մեա»ն եւ աղօթք բարձրաց­­նել առ Աս­­տո­­­ւած՝ ի յի­­շատակ մեր նա­­հատակ մտա­­ւորա­­կան­­նե­­­րու։ Պա­­հը յու­­զիչ էր եւ տպա­­ւորիչ։ Ան ար­­տա­­­կարգ անձնա­­ւորու­­թիւն էր՝ օժ­­տո­­­ւած եւ՚ ձայ­­նա­­­յին, եւ՚ իմա­­ցական հարստու­­թեամբ։ Հե­­ռուէն տե­­սանք Կի­­լիկեան վեր­­ջին՝ Լե­­ւոն VI թա­­գաւո­­րի բեր­­դը։ Եղանք շատ վայ­­րեր։ Տպա­­ւորիչ էր այ­­ցե­­­լու­­թիւնը Կո­­ռիկո­­սի բերդ։ Նա­­ւավա­­րը նա­­ւը թիավա­­րելով մեզ հաս­­ցուց ծո­­վի խոր­­քին կա­­ռու­­ցո­­­ւած Ծո­­վային Կո­­ռիկո­­սի բեր­­դը։ Սրբա­­զան Մու­­թա­­­ֆեանը այստեղ եւս շա­­րակա­­նով օրհնեց՝ դի­­մելով առ Աս­­տո­­­ւած։ Իսկ բեր­­դի կա­­մարա­­կապ ճա­­կատին դեռ կա­­րելի էր ըն­­թերցել Հե­­թում ար­­քա­­­յի ար­­ձա­­­նագ­­րութիւ­­նը։ Սրբա­­զանը մի քար վեր­­ցուց տա­­րած­­քէն, որ­­պէսզի վե­­րանո­­րոգ­­ման ժա­­մանակ տե­­ղադ­­րո­­­ւի Մու­­սա Լե­­րան Վա­­գըֆ­­գիւղի հայ­­կա­­­կան եկե­­ղեց­­ւոյ հիմ­­քին։ Հա­­յոց պատ­­րիար­­քա­­­րանի եւ շատ հա­­յերու նո­­ւիրա­­բերած նիւ­­թա­­­կան մի­­ջոց­­նե­­­րով մէկ տա­­րի անց շքե­­ղօրէն վե­­րանո­­րոգո­­ւեցաւ Վա­­գըֆ­­գիւղի հայ­­կա­­­կան եկե­ղեցին…

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ