Հովուական այց Էլազըղի մեր ժողովուրդին

Տ.Ներ­սէս Քհնյ. Այ­վա­զեան 1 Մարտ 2024, Ուրբաթ առա­ւօտ, օդա­յին ճամ­բով մեկ­նե­ցաւ Էլա­զըղ եւ դի­մաւո­րուե­ցաւ տեղ­ւոյն հա­մայնքէն Եթ­քին Եաղ­ճըի կող­մէ եւ հիւ­րա­սիրո­ւեցաւ Ար­ման Եաղ­ճըի բնա­կարա­նին մէջ։

Յա­ջորդ օր՝ 2 Մարտ, Շա­բաթ առա­ւօտ, Գե­րեզ­մա­նատան Ս. Նշան մատ­րան մէջ կա­տարո­ւեցաւ Արե­ւագա­լի ժա­մեր­գութիւն, որու աւար­տին Տէր Հայ­րը քա­րոզեց նիւթ ու­նե­նալով Մեծ Պահքն ու անոր կի­րակի­ները, անոնց իմաս­տը, պահ­քի ապաշ­խա­րու­թեան կա­րեւո­րու­թիւնը եւ նե­րու­մը։ Արա­րողու­թեան մաս­նակցե­ցան տեղ­ւոյն փոք­րա­թիւ հայ հա­մայնքի ան­դամնե­րը: 4,5 ամեայ տղեկ մը՝ Ար­ման Եաղ­ճըի որ­դին ար­տա­սանեց Դա­ւիթ Մար­գա­րէի 23-րդ սաղ­մո­սը։

Ապա կա­տարո­ւեցաւ խա­չահան­գիստ։ Այ­ցե­լու­թիւն տրո­ւեցաւ գե­րեզ­մա­նատան շի­րիմ­նե­րուն եւ կա­տարո­ւեցաւ հո­գեհանգստեան պաշ­տօն։

Տէր Հայ­րը այ­ցե­լու­թիւն տո­ւաւ տեղ­ւոյն Ասո­րի հա­մայնքի հո­վիւ Մու­շէ Տաղ Վար­դա­պետին։ Ապա տու­ներ այ­ցե­լեց եւ մեր հա­մայնքի հի­ւանդ ան­դամնե­րուն Ս. Հա­ղոր­դութիւն մա­տակա­րարեց։

Եր­կօ­րեայ այ­ցե­լու­թեան աւար­տին Էլա­զըղի մեր ժո­ղովուրդը աղօ­թակից եղաւ Տէր Հօր, իր ան­ձին մէջ շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնեց Ամեն. Ս. Պատ­րիարք Հօր եւ փա­փաք յայտնե­ցին, որ­պէսզի գո­նէ ամի­սը ան­գամ մը հո­գեւոր հայ­րեր այ­ցե­լեն շուրջ 35 հո­գինե­րէ բաղ­կա­ցեալ մեր ժո­ղովուրդը եւ արա­րողու­թիւններ կա­տարեն ու քա­րոզեն ի շի­նու­թիւն մեր հա­ւատա­ցեալ ժո­ղովուրդին։ Փա­փաք մը, որուն կը ձայ­նակցին իրենց պա­պենա­կան վայ­րե­րուն մէջ ան­տէ­րու­թեան մատ­նո­ւած բազ­մա­թիւ հայ հա­մայնքներ։

Տէր Հայ­րը նոյն գի­շեր վե­րադար­ձաւ քաղաքս։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ