Վերլուծումներ Ռուհի Սուի ազդեցութեան մասին

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Բաղդատ­մամբ երաժշտա­կան իր բե­ղուն վաս­տա­կին, նո­ւազ ու­սումնա­սիրո­ւած անուն մը եղած է ժո­ղովրդա­կան եր­գե­րու վար­պետ կա­տարող Ռու­հի Սու։

Ան 1970-ական­նե­րէն սկսեալ թո­ղար­կած ձայ­նապնակ­նե­րով նոր երանգ մը բե­րաւ թրքե­րէն ժո­ղովրդա­կան եր­գա­րուես­տին։ Ռու­հի Սու ծնած էր 1912-ին, Վաս­պուրա­կան աշ­խարհի մէջ։ Ման­կութիւ­նը ան­ցած էր ծնո­ղազուրկ պայ­մաննե­րու տակ։ Վա­նի եւ շրջա­կայ­քի այդ թէժ տա­րինե­րուն մատ­նո­ւած ամ­բողջա­կան որ­բութիւ­նը մտա­ծել կու տայ անոր հայ ծա­գու­մին մա­սին։ Երե­ւոյթ մը՝ որ մնաց միայն բարձր հա­ւանա­կանու­թիւն մը ըլ­լա­լով։ Զինք որ­դեգրող ըն­տա­նիքը, որ բա­ւակա­նին աղ­քատ պայ­մաննե­րուն մէջ կ՚ապ­րէր, երա­խայի ուսման ու սնունդի բե­ռը թո­ղուց պե­տու­թեան։ Ան նախ ար­ձա­նագ­րո­ւեցաւ զի­նուո­րական վար­ժա­րան եւ ապա իր ան­հատնում ջան­քե­րով ի վեր­ջոյ յա­ջողե­ցաւ երաժշտա­կան ու­սուցչա­նոց ար­ձա­նագ­րուիլ։ Այդ վար­ժա­րանը աւար­տե­լէ ետք, այս ան­գամ ալ դի­մեց Ան­գա­րայի երաժշտա­նոցը եւ փայ­լուն նի­շերով աւար­տե­լէ ետք պաշ­տօն ստանձնեց Ան­գա­րայի օփե­րայի մէջ իբ­րեւ բամբ-պարի­թոն մե­նակա­տար։ Օփե­րայի թատ­րո­նին մէջ բա­զում դե­րեր ստանձնե­լու կող­քին ժո­ղովրդա­կան եր­գե­րու յայ­տա­գիր­նե­րով հա­ղոր­դումներ ու­նե­ցաւ Ան­գա­րայի ռա­տիօկա­յանէն։

Ռու­հի Սո­ւի համ­բա­ւը տա­րածո­ւեցաւ երկրի ձա­խակող­մեան շրջա­նակ­նե­րու մէջ։ Մտա­ւորա­կանու­թիւնը իւ­րա­ցու­ցած էր անոր կա­տարումնե­րու նոր ոճը։ Դա­սական երաժշտու­թեան ու­սումով օժ­տո­ւած կուռ ձայ­նով ան թո­ղար­կեց շարք մը ձայ­նապնակ­ներ, որոնց իւ­րա­քան­չիւրը լուրջ հե­տազօ­տու­թիւննե­րու եւ ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րու ար­գա­սիքն էին։

Այս բո­լորը կը մտա­բերենք մեր ձեռ­քին ու­նե­նալով «Արաս» հրա­տարակ­չա­տան մա­տենա­շարէն լոյս տե­սած նո­րատիպ գիրք մը։ «Ռու­հի Սու եւ Թուրքիոյ մէջ երաժշտա­կան մշա­կոյթներ» խո­րագ­րեալ հա­տորը հրա­տարա­կու­թեան պատ­րաստած են Ու­լաշ Էօզ­տե­միր, Պել­մա Օղուլ եւ Էվ­րիմ Հիք­մեթ Էօղիւթ։ Անոնք այս հա­տորի մէջ ի մի բե­րած են զա­նազան երաժշտա­գէտ­նե­րէ յօ­դուած­ներ, որոնք կը վեր­լուծեն Թուրքիոյ քա­ղաքա­կան վե­րիվայ­րումնե­րու երաժշտու­թեան մէջ ցո­լացումնե­րը։ Ան­շուշտ յատ­կա­պէս կ՚ընդգծո­ւի այդ ընդհա­նու­րին մէջ Ռու­հի Սո­ւի դե­րակա­տարու­թիւնը։ «Արաս» այս հրա­տարա­կու­թիւնով մա­նաւանդ երաժշտա­գէտ­նե­րու հա­մար կա­րեւոր աղ­բիւր մը կը մա­տու­ցէ, այս ոլոր­տի պատ­մա­կան ըն­թացքը լու­սա­ւորե­լու առա­քելու­թեան մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ