Հայաստան անորոշութիւններու հետ դէմ յանդիման

Հետզհետէ ճնշող քա­ղաքա­կան մթնո­լոր­տը լուրջ մտա­հոգու­թեան պատ­ճառ կը դառ­նայ ո՛չ միայն հայ­րե­նաբ­նակ, այլ բո­վան­դակ սփիւռքով մէկ տա­րածո­ւած աշ­խարհաս­փիւռ հա­յու­թեան հա­մար։

Ար­ցա­խեան պա­տերազ­մի պար­տութիւ­նով աւար­տը անսպա­սելի էր, քա­նի որ այդպէ­սով փուլ եկաւ սնա­մէջ ինքնավստա­հու­թիւն մը։ Հա­յերս հիմ­նա­կան տո­ւեալ­նե­րէ զուրկ ըլ­լա­լով հան­դերձ մեծ վստա­հու­թիւնով ապա­ւինած էինք Ռու­սաստա­նի կող­մէ պաշտպա­նուա­ծու­թեան հա­մոզու­մով։ Սա­կայն գոր­ծընթա­ցը փաս­տեց թէ Ռու­սիան ու­նէր իր հա­շիւ­նե­րը, որոնց հի­ման վրայ ան նա­խընտրեց ճամ­բայ հար­թել Ատրպէյ­ճա­նի եւ Թուրքիոյ շա­հերը հե­տապնդե­լով։

Իլ­համ Ալիեւ՝ որ եր­կար տա­րինե­րու պատ­րաստու­թե­նէն ետք ձեռ­նարկած էր զի­նուո­րական գոր­ծո­ղու­թեան, ներ­կայ պա­հուն կը վա­յելէ իր տա­րած յաղ­թա­նակի հրճուան­քը։

Միւս կող­մէ Հա­յաս­տան կը տո­ւայ­տի նոր յար­ձա­կու­մի մը սպառ­նա­լիքով։

Դէպ­քե­րու զար­գա­ցումնե­րը հայ ժո­ղովուրդի մօտ յա­ռաջա­ցու­ցին աւան­դա­կան քա­ղաքա­կանու­թիւնը վե­րատե­սու­թեան մատ­նե­լու կա­րիք։ Այս ալ պի­տի նշա­նակէր նոր դա­շինքներ եւ մէ­կէ աւե­լի դաշ­նա­կից­ներ ու­նե­նալու պա­հան­ջարկ։ Եթէ մէկ կող­մէ Ռու­սաստան ան­հանգիստ է հա­րաւա­յին Կով­կա­սի մէջ իր սե­փական տա­րած­քը հա­մարած վայ­րե­րու հետզհե­տէ հե­ռացու­մէն, ան­դին Հա­յաս­տանն ալ ստի­պուած է մա­ծու­նը փչե­լով համ­տե­սելու։

Այս պայ­մաննե­րու տակ օրա­կար­գի կու գայ Ատրպէյ­ճա­նապատ­կան չորս գիւ­ղե­րու սե­փակա­նու­թե­նէն հրա­ժարե­լու անհրա­ժեշ­տութիւ­նը։

Փա­շինեանի իշ­խա­նու­թիւնը այս քայ­լին կը դի­մէ Ատրպէյ­ճա­նական սպառ­նա­լիք­նե­րու դի­մաց ան­զօր մնա­լու հե­տեւան­քով։

Իսկ որ­քա­նո՞վ կա­րելի է Ալիեւի առա­ւելա­պաշ­տութիւ­նը յա­գեց­նել։ Ահա­ւասիկ հար­ցադրում մը, որուն պա­տաս­խա­նը բա­ւակա­նին դժո­ւար կ՚երե­ւի բո­լորին հա­մար։

Այս պայ­մաննե­րու տակ է, որ Փա­շինեան կայ­ցե­լէ սոյն տա­րածքներ եւ փոր­ձէ հա­ւաս­տիաց­նել թէ ու­րիշ ել­քի ճար չէ մնա­ցած։

Այս մա­սին Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեան անակնկալ այ­ցե­լու­թիւն տո­ւած է Տա­ւու­շի մարզ։ Այ­ցե­լու­թեան մա­սին Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղովի «Հա­յաս­տան» խմբակ­ցութեան պատ­գա­մաւոր, Հ.Յ.Դ. Տա­ւու­շի Մար­զա­յին կո­միտէի ներ­կա­յացու­ցիչ Գառ­նիկ Դա­նիէլեան ըն­կե­րային ցան­ցի վրայ գրա­ռում կա­տարած է եւ նշած, որ Փա­շինեան Ոս­կե­պար հա­մայնքին մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցած է բնա­կիչ­նե­րուն հետ մարզպե­տին, Նո­յեմ­բե­րեան խո­շորա­ցուած հա­մայնքի ղե­կավա­րին եւ քա­նի մը գիւ­ղե­րու վար­չա­կան ղե­կավար­նե­րուն ներ­կա­յու­թեամբ։ Նշեալ հան­դի­պու­մին ներ­կայ չեն եղած զան­գո­ւածա­յին լրա­տուու­թեան ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը։ Հան­դի­պու­մին մաս­նա­կից մար­դոց ձեռ­քէն հա­ւաքած են հե­ռաձայննե­րը եւ այլ իրեր։ Անի­կա ան­ցած է թէժ մթնո­լոր­տի մէջ։ Ըստ Գառ­նիկ Դա­նիէլեանի, հան­դիպման ըն­թացքին վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեանը յայտնած է, որ 4 գիւ­ղե­րը պէտք է ան­յա­պաղ յանձնել Ատրպէյ­ճա­նին, այ­լա­պէս պա­տերազմ պի­տի ըլ­լայ, Ատրպէյ­ճա­նը ու­ժով պի­տի գրա­ւէ, իսկ մենք չենք կրնար դի­մակա­յել։ Հան­դի­պու­մին մաս­նա­կից­նե­րը հար­ցում ուղղած են, թէ ար­դեօք այդ գիւ­ղե­րուն յանձնու­մով Ատրպէյ­ճա­նին պի­տի չանցնի՞ նաեւ միջ­պե­տական ճամ­բան, ատոր իբ­րեւ հե­տեւանք ո՞ւր պի­տի յայտնո­ւին ատրպէյ­ճանցի­ները, եւ ար­դեօք երաշ­խա­ւորո­ւի՞ ատով, որ պա­տերազմ պի­տի չըլ­լայ։ Փա­շինեան պա­տաս­խա­նած է, որ չի կրնար երաշ­խա­ւորել, այլ կրնայ ըն­դա­մէնը յու­սալ, որ պի­տի չըլ­լայ պա­տերազմ եւ պի­տի փոր­ձէ այնպէս ընել, որ այդ ճա­նապարհնե­րը անվտանգ ըլ­լան։ Գառ­նիկ Դա­նիէլեան նաեւ գրած է, որ գիւ­ղա­ցինե­րը բա­ւական սուր հար­ցեր ուղղած են Փա­շինեանին փոր­ձե­լով հասկնալ, թէ, ի վեր­ջոյ, ատրպէյ­ճանցի­ները ո՞ւր կանգ պի­տի առ­նեն։ Փա­շինեան պա­տաս­խա­նած է, որ պի­տի աշ­խա­տին գո­յու­թիւն ու­նե­ցող ճամ­բա­ներուն փո­խարէն այ­լընտրան­քա­յին ճամ­բա­ներ կա­ռու­ցել եւ այլն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ