Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հօր Սուրբ Զատկի Պատգամը

Կեանքի մե­ծագոյն գիւ­տը այն է, որ մենք չենք այս կեան­քի տէ­րը, այլ որ­պէս շնորհք կը ստա­նանք զայն ան­տե­սանե­լի աղ­բիւրէ մը։ կա­թիլ մը կեանք շնոր­հո­ւած է մե­զի Կեան­քի Անսպառ Ով­կիանո­սէն։ Մա­հը ու­րիշ բան չէ, այլ սպա­ռու­մը այդ կա­թիլ մը ու­ժա­նիւ­թին։ Աս­տո­ւած Ի՛նքն է այդ Ով­կիանո­սը, Աղ­բիւրը եւ Պատ­ճա­ռը մեր կեան­քին։ Դժո­ւար ըլ­լա­լու չէ Իրեն հա­մար մեր ցամ­քած հո­գինե­րը վերստին արթնցնե­լը, ինչպէս սեր­մը կը ծլի երբ որ ծծէ անձրեւն իր մէջ։

Տիեզե­րական է մա­հուան ազ­դե­ցու­թիւնը եւ անոր սահ­մաննե­րը՝ ան­ծայրա­ծիր։ Պարզ է որ մա­հուան հետ հա­շուե­յար­դա­րի նստի­լը գե­րիվեր է մարդկա­յին կա­րողու­թե­նէն, ու նոյ­նիսկ երե­ւակա­յու­թեան սահ­մաննե­րը գե­րազան­ցող պայ­քար մը՝ բա­ցար­ձակ պար­տութեան են­թա­կայ։ Անոր ու­ժը կա­րելի է խա­փանել միայն Աս­տո­ւածա­յին մի­ջամ­տութեամբ։ Կե­նաց եւ մա­հուան խնդիր­նե­րուն մէջ վեր­ջին խօս­քը Աս­տուծոյ կը պատ­կա­նի։ Իսկ մե­զի կը մնայ հնա­զան­դութեամբ են­թարկո­ւիլ իր հայ­րա­կան տնօ­րինու­թեան։ Մար­դը ու­րիշ որե­ւէ ճար չու­նի բա­ցի հա­ւատ­քով ու յոյ­սով վստա­հելէ Աս­տուծոյ խոս­տումնե­րուն։

Մեր Տէ­րը Յի­սուս Քրիս­տոս «մեր մեղ­քե­րուն պատ­ճա­ռաւ մե­ռաւ, թա­ղուե­ցաւ եւ եր­րորդ օրը յա­րու­թիւն առաւ, ու երեւ­ցաւ Պետ­րո­սին եւ ապա տաս­նը­մէկ առա­քեալ­նե­րուն։ Յե­տոյ երեւ­ցաւ միատեղ խմբո­ւած հինգ հա­րիւ­րէ աւե­լի հե­տեւորդնե­րու... Այ­նուհե­տեւ երեւ­ցաւ Յա­կոբո­սին եւ ապա բո­լոր առա­քեալ­նե­րուն» (Ա. Կորն.15։3-7)

«Մա­հուամբ զմահ կո­խեաց եւ յա­րու­թեամբն իւ­րով մեզ զկեանս պար­գե­ւեաց»։

Ս. Զա­տիկի Յա­րու­թեան զօ­րու­թիւնը այս հա­ւատ­քով է որ կրնանք ստա­նալ։ Այս հա­ւատ­քին հիմք կը կազ­մէ այն հա­մոզու­մը, որ Աս­տո­ւած ու­նե­նալով կեան­քի եւ կեն­դա­նու­թեան լրիւ աղ­բիւրնե­րը իր իշ­խա­նու­թեան ներ­քեւ կրնայ շնոր­հել նո­րոգո­ւած կեանք անոր որուն կը կա­մենայ։ Արա­րած­նե­րը ոչին­չէն ստեղ­ծող Արա­րիչի հա­մար դժո­ւարին գործ մը պէտք չէ հա­մարել ննջե­ցեալ­նե­րուն մէջ նոր շունչ մը փչե­լով վերստին կեան­քի կո­չել զա­նոնք։ Մե­ռել­նե­րուն յա­րու­թիւն տալ արար­չա­գոր­ծութեան ամե­նէն փաս­տա­ցի եղե­լու­թիւնն է մեր աչ­քե­րուն առ­ջեւ կա­տարո­ւած ամէն գա­րուն։ Մա­հը մեզ ոչնչա­ցու­մի չի յանձներ, այլ խո­րունկ քու­նի մը թե­ւերուն՝ օր մը արթնցնե­լու պայ­մա­նով։ Քրիս­տոս եղաւ Անդրա­նիկը մե­ռել­նե­րէն արթնցող­նե­րուն, որ իշ­խա­նու­թիւն ու­նի այ­լեւս մա­հուան վրայ իր ու­զա­ծը արթնցնե­լու յա­ւիտե­նական կեան­քի հա­մար։ Այս մէ­կը յոյժ էական ու հե­տաքրքրա­շարժ նիւթ մըն է մտա­ծող միտ­քե­րուն հա­մար։ Պօ­ղոս Առա­քեալ իր մե­ծագոյն փա­փաքը ըլ­լա­լով կը հռչա­կէ. «ճանչնալ Տէրն մեր Յի­սուս Քրիս­տո­սը եւ Անոր Յա­րու­թեան զօ­րու­թիւնը» (Փի­լիպ.3։1-11)։

Որ­պէսզի ոեւէ մարդ չհպար­տա­նայ մա­հը յաղ­թա­հարած ըլ­լա­լու յա­ջողու­թեամբ, Աս­տո­ւած Ի՚նք որո­շեց լու­ծել այս հար­ցը Իր Որ­դիին՝ Տէր Յի­սուս Քրիս­տո­սի մի­ջոցաւ։ Իր դա­տարկ գե­րեզ­մա­նը մեր առ­ջեւ կը դրո­ւի որ­պէս եր­կընտրանք՝ փրկու­թեան կամ կորստեան։ Կամ պի­տի հա­ւատանք Աւե­տարա­նէն մե­զի փո­խան­ցո­ւած բա­րի լու­րին՝ «Քրիս­տոս Յա­րեաւ ի Մե­ռելոց», որ եր­կու հա­զար տա­րիներ հնչեց այս երկրա­գունտի չորս ծա­գերուն. կամ պի­տի մեր­ժենք որ Աս­տո­ւած յա­րու­թիւն տո­ւած է իր Օծեալին եւ օր մը անոր գե­րեզ­մա­նին պէս պի­տի պար­պէ աշ­խարհի բո­լոր գե­րեզ­մաննե­րը։ Եթէ ժխտենք այսպի­սի բա­րի լուր մը, կը դա­տապար­տենք մեր ան­ձե­րը կո­րուստի, ոչնչաց­ման եւ յա­ւիտե­նական անէծ­քի։ Եթէ մեր­ժենք մեզ հրա­ւիրող Աս­տո­ւածա­յին փրկա­րար Աջը, մա­հը կը շա­րու­նա­կէ թա­գաւո­րել մեր վրայ եւ մենք պի­տի շա­րու­նա­կենք դող­դո­ղալ անոր թանձր ստո­ւերին տակ։ Այսպի­սինե­րուն հա­մար մեր Տէ­րը իր ար­դար վճի­ռը ար­ձա­կած է. «Եթէ մէ­կը շա­հի ամ­բողջ աշ­խարհը, սա­կայն կորսնցնէ իր կեան­քը, ի՞նչ շա­հած կ՚ըլ­լայ» (Ղուկ. 9.25)։

Չորս օրո­ւայ մե­ռեալին՝ Ղա­զարո­սին քոյ­րը Մար­թան կ՛ափ­սո­սար Տէր Յի­սու­սին առ­ջեւ լաց լի­նելով ան­յուս տխրու­թեան մը մէջ մխրճո­ւած. «Տէր, եթէ հոս ըլ­լա­յիր, եղ­բայրս չէր մեռ­ներ»։ Տէր Յի­սուս Մար­թա­յին եւ մեր նա­յուածքնե­րը մա­հէն դէ­պի Աս­տո­ւած ուղղել կը փոր­ձէ որ­պէս ոս­կի բա­նալին՝ ամէն խնդրի լուծման։ «Ես իսկ եմ յա­րու­թիւն եւ կեանք. ով որ կը հա­ւատայ ին­ծի, թէ­պէտ մեռ­նի ալ, պի­տի ապ­րի. իսկ ով որ կեն­դա­նի է եւ կը հա­ւատայ ին­ծի՝ յա­ւիտեան պի­տի չմեռ­նի։ Կը հա­ւատա՞ս ասոր» (Յովհ.11։25)

Ահա՛ այս հա­ւատ­քով մեր հո­գինե­րուն վրայ կնիք կը ստա­նանք ար­դարնե­րու փառ­քի յա­րու­թեան ար­ժա­նանա­լու հա­մար։ «Որով­հե­տեւ կը հա­ւատանք Իրեն որ մե­ռել­նե­րէն յա­րու­ցա­նեց Յի­սու­սը, մեր Տէ­րը, որ Իր կեան­քը տո­ւաւ մեր յան­ցանքնե­րը ջնջե­լու հա­մար, եւ յա­րու­թիւն առաւ՝ մեզ ար­դա­րաց­նե­լու հա­մար» (Հռոմ.4։24-25)։

Յա­րու­թեան հրաշ­քը մէկ ան­գամ պա­տահե­ցաւ, սա­կայն Յա­րու­ցեալը մի՜շտ մե­զի հետ է։ Յա­րու­ցեալ Փրկչի ան­սա­սանե­լի խոս­տումն է մե­զի. «Ահա­ւասիկ ես ձե­զի հետ եմ բո­լոր օրե­րը՝ մին­չեւ աշ­խարհի վախ­ճա­նը» (Մատթ. 28.20)։ Ուստի Տէր Յի­սուս միայն պատ­մութեան կամ կրօ­նագի­տու­թեան գիր­քե­րու մէ­ջէն ու­սա­նելի պատ­մա­կան դէմ­քե­րէն մէ­կը չէ, այլ՝ կեն­դա­նի եւ կեն­դա­նաց­նող զօ­րու­թիւն մը։ Ինչպէս գա­րու­նը եւ գար­նան հրա­շալի ծաղ­կումը մի­միայն բա­նաս­տեղծնե­րէն չենք լսեր կամ նկար­նե­րէն չենք դի­տեր, այլ կրնանք շնչել ծա­ղիկ­նե­րու բուրմունքը, քա­ղել ծա­ռերու պտուղնե­րը՝ նոյնպէս Քրիս­տո­սի յա­րու­թեան զօ­րու­թիւնը հա­ւատա­ցեալ­նե­րու կեան­քին մէջ ներ­կայ է ընդմիշտ։

Այս հո­յակապ հա­ւատ­քի ներ­մուծած յոյ­սը ու­նինք մեր հո­գինե­րուն մէջ։ Յոյս մը, որ կը քա­ջալե­րէ մեզ դի­մագ­րա­ւելու կեան­քի բո­լոր դժո­ւարու­թիւննե­րը եւ ու­րախ երգ մը կը դնէ մեր շրթնե­րուն վրայ.

«Փա՜ռք յա­րու­թեան Քո, Տէ՜ր։ Ես ոչ դա­դարե­ցայց, Փրկիչ, փա­ռաւո­րել զՔեզ զա­մենայն աւուրս կեն­դա­նու­թեան իմոյ»։

ՔՐԻՍ­ՏՈՍ ՅԱ­ՐԵԱՒ Ի ՄԵ­ՌԵԼՈՑ

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍ­ՏՈ­ՍԻ

Հայ­րա­կան սի­րոյ ող­ջունիւ եւ աղօ­թիւք ի Քրիս­տոս

27 Մարտ 2024

ՍԱ­ՀԱԿ Բ. ՊԱՏ­ՐԻԱՐՔ

**

Սուրբ յա­րու­թեան տա­ղաւա­րին առ­թիւ շնոր­հա­ւորա­կան ըն­դունե­լու­թիւններ Պատ­րիար­քա­րանի մէջ

Քրիս­տո­սի հրա­շափառ Սուրբ Յա­րու­թեան Տա­ղաւա­րին առ­թիւ Ն.Ա.Տ. Սա­հակ Բ. Սրբա­զան Պատ­րիարք Հայ­րը շնոր­հա­ւորու­թիւննե­րը պի­տի ըն­դունի ըստ հե­տեւեալ ժա­մանա­կացոյ­ցի.

1 Ապ­րիլ 2024, եր­կուշաբ­թի Հա­մայնքա­յին ըն­դունե­լու­թիւն Յա­րու­թիւն Ամի­րա Պէզ­ճեան Սրա­հին մէջ ժա­մը 15.30-ին։

2 Ապ­րիլ 2024, երեք­շաբթի քոյր եկե­ղեցի­ներու հո­գեւոր պե­տերու եւ հա­մայնքա­պետե­րու ըն­դունե­լու­թիւն Պատ­րիար­քա­րանի դահ­լի­ճին մէջ ժա­մը 10.00-12.00-ի մի­ջեւ։

2 Ապ­րիլ 2024, երեք­շաբթի քա­ղաքա­պետու­թեանց եւ քա­ղաքա­կան դէմ­քե­րու, նաեւ ոչ-կա­ռավա­րական հաս­տա­տու­թեանց վար­չութեանց ըն­դունե­լու­թիւն Պատ­րիար­քա­րանի դահ­լի­ճին մէջ ժա­մը 13.00-16.00-ի մի­ջեւ։

3 Ապ­րիլ 2024, Չո­րեք­շաբթի Հա­մայնքա­յին ու թա­ղային մար­միննե­րու, վար­ժա­րան­նե­րու Տիկ­նանց յանձնա­խումբե­րու ան­դա­մու­հի­ներու

ըն­դունե­լու­թիւն Պատ­րիար­քա­րանի դահ­լի­ճին մէջ։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ