Տօն յարութեան, բայց ի՞նչ գինով

Կրկին կը թե­ւակո­խենք յա­րու­թեան խոր­հուրդը։ «Մա­հուամբ զմահ կո­խեաց», կամ ալ «Մահ չի­մացեալ մահ, մահ իմա­ցեալ ան­մա­հու­թիւն»։ Սուրբ Զատ­կի խորհրդով վեր­յի­շուած եր­կու խոր­հուրդ, մին հա­մաք­րիստո­նէական, իսկ միւ­սը ազ­գա­յին։ Թէեւ հա­մաք­րիստո­նէական կո­չուածն ալ իր կար­գին ու­նի քրիս­տո­նէու­թիւնը գե­րազան­ցող բնոյթ, եթէ յի­շենք Փիւ­նի­կի առաս­պե­լը, որ իւ­րա­քան­չիւր ան­գամ իր բռնկած փե­տուրնե­րէն կը վե­րակեն­դա­նանայ։

Մեզ՝ ակօ­սական­նե­րու հա­մար յա­տուկ նշա­նակու­թիւն ու­նի նաեւ Սուրբ Զատ­կի Տօ­նը, քա­նի որ թեր­թիս անդրա­նիկ հա­մարը լոյս տե­սած էր 1996 թո­ւի 5 Ապ­րի­լին, նոյն Զատ­կի օր։

Ս. Զատկի ընդառաջ, 28 Մարտին կը յիշատակենք նախ սիրելի Սարգիս Սերովբեանիը իր մահուան տարելիցի առիթով։

Հա­զիւ օրեր առաջ էր, որ տօ­նեցինք նաեւ Նեւ­րո­զը, նոյնպէս հե­թանո­սական շրջան­նե­րէ մեր օրե­րուն հա­սած վե­րածնման խորհրդով։ Եղա­նակը որ­քան ալ հեր­քէ, օրա­ցոյ­ցի հա­մարով թե­ւակո­խած ենք նոր գա­րուն եւ ըն­դա­ռաջ ենք շրջա­նային վար­չութիւննե­րու ընտրու­թեան։

Ընտրու­թիւն՝ որ իր օրի­նական սահ­մա­նումէն շատ աւե­լի ծան­րակշիռ նշա­նակու­թիւննե­րով պի­տի կա­յանայ։ Երկրի բո­լոր քա­ղաք­նե­րուն եւ աւան­նե­րուն, նոյ­նիսկ թա­ղերուն հա­մար կա­տարո­ւած ընտրու­թիւննե­րուն առանցքը կը կազ­մէ Պոլ­սոյ քա­ղաքա­պետի աթո­ռը։ Նոյնիսկ բո­վան­դակ երկրի տա­րած­քին յաղ­թա­նակով դուրս եկողն իսկ պար­տո­ւած պի­տի հա­մարուի, եթէ կորսնցնէ Իս­թանպու­լի քա­ղաքա­պետա­րանը։

Նա­խագահ Էր­տո­ղանի իշ­խա­նու­թիւնը իր բո­լոր լծակ­նե­րը շարժման են­թարկած է, այս մեծ քա­ղաքը նո­ւաճե­լու հա­մար։ Նա­խարա­րաց Խոր­հուրդի բո­լոր ան­դամնե­րը փո­ղոց իջած են մաս­նակցե­լու հա­մար իշ­խա­նութեան թեկ­նա­ծու Մու­րատ Քու­րումի նպաս­տող քա­րոզար­շա­ւին։

Դար­ձեալ Զատ­կի խոր­հուրդն է, որ մեզ կը թե­լադ­րէ այս պայ­քարն ալ ձո­ւամար­տի նմա­նու­թեամբ դի­տելու։ Եր­կու հաւ­կիթներ իրար պի­տի բա­խին եւ մենք Զատ­կի երե­կոյեան պի­տի տես­նենք թէ անոնցմէ որ մէ­կը ամուր դուրս եկած է այդ բա­խու­մէն, եւ որ մէ­կը ջար­դուփշուր։

Խնդիրն այն է թէ այս հրմշտու­քի մէջ մենք, հա­սարակ­ներս պի­տի տա­նինք գո­յացած վնա­սի հա­տու­ցումը, նոյ­նիսկ գար­նա­նամու­տի, այլ խօս­քով վե­րակեն­դա­նաց­ման օրերուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ